ՄՈՍԿՈՒԱ «ԴԺԳՈՀ» Է ԴԱՄԱՍԿՈՍԷՆ… ՊԱՏՃԱՌԸ՝ ԱՖՐԻՆՆ Է

Անցեալ շաբաթ ռուս մէկէ աւելի պատասխանատուներ իրենց վրդովմունքը կ՚արտայայտէին Սուրիոյ կառավարութեան ցուցաբերած մօտեցումներուն մասին: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Աֆրինի դէպքերուն, ուր ըստ ռուսական աղբիւրներու, Պեշար Էսատի վարչակարգը «հլու եւ հնազանդ» չէր գտնուած եւ «խառնած էր» Աֆրինի համար նախատեսուած ծրագիրը: Յիշեցնեմ, որ Թուրքիոյ կողմէ անցեալ Յունուարի 20-ին կը յայտարարուէր «Ձիթենիի ճիւղ» խորագիրը կրող գործողութիւններու մասին, որուն հիմնական նպատակն էր 30 քիլօմեթր խորութեամբ ապահովական գօտի մը ստեղծել եւ մուտք գործել սուրիական Աֆրին քաղաքը, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին անցած էր քրտական ջոկատներու տիրապետութեան տակ: Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ, Երեքշաբթի 5 Մարտին, այս թեմայով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանաելով («Անատոլու» գործակալութեան համաձայն) յայտարարէր, թէ Աֆրինի կէսը անցած է թրքական ուժերու վերահսկողութեան տակ: Պոզտաղ նաեւ կ՚ըսէր, որ Թուրք զինեալ ուժերը իր տիրապետութեան տակ առած է Աֆրինի տարածքին մէջ եղող 112 գիւղեր, ինչպէս նաեւ գրաւած է ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող զինուորական 142 կէտեր: Այդ յայտարարութեան հետ զուգընթաց, Թուրքիոյ կառավարութեան կարգադրութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՚առաքուէին այն շրջանները, որոնք արդէն անցած են թրքական զօրքերու հսկողութեան ներքեւ։

Թուրքիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած յայտարարութեանց հիմքով, Աֆրինի դէմ սկիզբ առած գործողութիւնը պիտի շարունակուի: Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ այս նիւթին մասին կը խօսէր, կը յայտարարէր, որ Աֆրինի մէջ «ոչնչացուած ահաբեկիչներուն թիւը կը հասնի 2878-ի»: Նախագահ Էրտողան իր խօսքին մէջ նաեւ գործողութենէն ետ քաշուելու կամ դադար մը տալու մասին բնաւ չէր խօսեր։ Այս գործողութեան սկիզբէն ի վեր կարեւոր տեղ տրուեցաւ քարոզչական պատերազմին: Մինչ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ «լոպիինկ»ի սկզբունքով գործող քիւրտ համայնքներ գործի կը դնէին ամէն տեսակի քարոզչութիւն՝ եղածը դատապարտելու եւ միջազգային հանրութենէն հրադադարի մը հաստատումը իրականութիւն դարձնելու նպատակով, անդին պարզ կը դառնար, որ Անգարա առաձինն չէ այս պայքարին մէջ:

Ու այս առումով պէտք է անպայման հաշուի առնել Մոսկուայի տեսակէտը, առանց որուն կողմէ Անգարայի տրուած «կանաչ լոյս»ին, բարդ վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուէր գործողութիւններուն քաղաքական պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն դրած Թուրքիոյ կառավարութիւնը: Պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ Ռուսաստանի կեցուածքը կապ ունի Անգարա-Մոսկուա ռազմավարական համագործակցութեան հետ, յատկապէս որ այս փուլին կը գտնուի իր բարձրակէտին վրայ:

Այլ գետնի վրայ, Մոսկուա-Դամասկոս գիծին վրայ եղող շարժումներն ու նախանշանները սկսած են ցոյց տալ, որ Ռուսաստան այդքան ալ հանգիստ չէ Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ իր ունեցած «գործնական» կապերուն առընթեր: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի Դամասկոսի պահուածքին, որուն պատասխանատուները յատկապէս վերջին օրերուն բաւական «թէժ» յայտարարութիւններ կատարեցին: Օրինակ մը տալու համար պէտք է առանձնացնել Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի ըրած յայտարարութիւնը, որուն հիմնական թիրախը Անգարան էր:

Մոսկուա անշուշտ չ՚ակնկալեր, որ Էսատ-Անգարա յարաբերութիւնները արագօրէն բարելաւուին։ Սակայն իր սրտով ալ չէ, որ Էսատ մոռնալով երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ իրենց գլուխը ցցել փորձող իսլամամէտները՝ իր աչքերը դէպի Անգարա ուղղէ ու այդ առումով ալ մեղադրանքներ հասցագրէ Թուրքիոյ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ Էսատի վարչակարգին համար ալ քիւրտերը «աչքի լոյս» մը չեն: Ու անոնք օգտուելով Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն, փորձեցին հանրայնացնել քրտական «պետութիւն» մը ստեղծելու գաղափարը եւ շատ մը վայրերու եւ ճակատներու վրայ անոնք զէնք բարձրացուցին Սուրիոյ օրինական բանակին դէմ: Այդ բախումներուն ամենաթէժը տեղի ունեցած էր Սուրիոյ Հասիչէ քաղաքին մէջ (2016), ուր մէկ շաբաթ տեւած ծանր բախումներէ ետք Սուրիոյ կառավարութիւնը ստիպուած կ՚ըլլար «խնդրել» Մոսկուայի արագ միջամտութիւնը, վերջ տալու համար պատերազմական գործողութիւններուն:

Նուազ կարեւոր չեղան Հալէպի ծայրամասերուն պատահած դէպքերը, որոնց ընթացքին քրտական ջոկատներ «օգտուելով» շրջանէն ներս տիրող խառնաշփոթ դրութենէն, փորձեցին իրենց տիրապետութիւնը տարածել Հալէպի հիւսիսային աւաններուն մէջ: Ասոնք այն աւաններն են, որոնք այսօրերուն քրտական ջոկատներուն կողմէ կը փոխանցուին Սուրիոյ կառավարական ուժերուն: Այս առումով ալ տակաւին վաղ է ըսել, թէ ինչպիսի հունով պիտի ընթանան քիւրտ-սուրիական յարաբերութիւնները, սակայն ամէն պարագայի յստակ է, որ Դամասկոս «հաշտ» աչքով չի նայիր Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ գտնուող քրտական ուժերուն, որոնք կը փորձեն հանրութեան ներկայանալ՝ որպէս «ինքանավարութեան» մը տէր զինուորական փաղանգներ:

Յստակ է նաեւ, որ մէկ կողմէ սուրիական բանակին եւ միւս կողմէ ալ քրտական ջոկատներուն միջեւ գոյանալիք «շփման գիծեր»ու տարողութիւնը բաւականին մեծ է:

Այսպէս, այսօրուան դրութեամբ մեծ թիւով քրտական ուժեր կան Ռաքքայի, Տէր Զօրի եւ յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային գօտիներուն մէջ, ուր մինչեւ երէկ քիւրտերուն համար էական «երազ» կը համարուէր ստեղծել «Ռոժավա» անունով ինքնավար մարզ մը, որուն պետական կառոյցներուն, կառավարական շէնքերուն եւ վարժարաններու գագաթին պիտի ծածանէր միայն ու միայն քրտական դրօշակը:

Ու այս մօտեցումին համար է նաեւ, որ Դամասկոսի համար աներկբայօրէն նպատակայարմար չէր, որ քիւրտերը նման քայլի մը երթային: Այս նրբութիւնը լաւապէս ըմբռնելի էր ոչ միայն Մոսկուայի, այլ նաեւ՝ Անգարայի ու նոյնիսկ Թեհրանի համար:

ԷՆՍԱՐԻԻ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՏՈՒԱԾ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Անցեալ Կիրակի օր, Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս կը հասնէր Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դիւանագէտ Հիւսէյին Ժապէրի Էնսարին: Էնսարի կը հիւրընկալուէր Էսատի կողմէ եւ երկու կողմերը ընդլայնուած ձեւաչափով կ՚ունենային բազմակողմանի քննարկումներ: Բացի անկէ, որ Պեշար Էսատ այս հանդիպման աւարտին լրագրողներուն հետ խօսած ատեն (ինչպէս վերը նշեցինք) «սուր» սլաքներ կ՚ուղղէր Անգարայի ուղղութեամբ, իրանցի դիւանագէտը «պաղարիւն» յայտատարութիւն մը ընելով՝ կը հաւաստիացնէր, թէ իրենց համար շատ կենսական է, որ բոլոր հարցերուն առընչութեամբ քննարկումներ կատարեն դաշնակից Սուրիոյ հետ:

Մինչեւ հոս ամէն բան «սովորական» է, բայց եւ այնպէս, եթէ մանրազննին կերպով հետեւինք սուրիական բանակի ջոկատներուն նախ դէպի Աֆրին ուղղուելու ու ապա այդ որոշումէն հրաժարելու Դամասկոսի որոշումներուն, ապա բացայայտ կը դառնայ, որ Էսատի վարչակարգին մօտ ալ բան մը յստակ չէ:

Ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականին, ռուս բարձրաստիճան սպաներ յաջողած են նախնական համաձայնութեան մը ընդհանուր գիծերը գծել Թուրք զինեալ ուժերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, սակայն մետասաներորդ պահուն այդ «համաձայնութիւն»ը վիժած է:

Ռուս սպաներ այս առումով ալ ծանր մեղադրանքներ ուղղած են Դամասկոսին ու Մոսկուա-Դամասկոս թէժ գիծին համար «փութացած» են Թեհրանի օգնութեան, որ իր կարգին Էնսարին առաքած է Դամասկոս:

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ Աֆրինի մէջ բանակ չուղարկելու Դամասկոսի որոշումը կապ ունի այս վերջին զարգացումներուն հետ:

Դամասկոս դժգոհ չի կրնար պահել Մոսկուան, սակայն բացայայտ է, որ ռուսաստանեան կողմը դժգոհ է վերջին զարգացումներէն: Ու այս առումով ալ յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ռուսական կողմին «պատասխան»ը Դամասկոսին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 12, 2018