ԱՌԱՆՑ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԵՒ ԱՌԱՒԵԼ ԵՒՍ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՎ

Որքա՜ն դժուար է բարեկամի մը մարմնաւոր ներկայութենէն հեռանալ յաւիտենապէս, եթէ վարժուած էք զինք տեսնելու։ Որքա՜ն ցաւալի է բարեկամի մը կենդանի ձայնէն զրկուիլ, եթէ իր իւրաքանչիւր նախադասութիւնը նոր պատգամ մը կը պարունակէ։ Որքա՜ն տխրագին է բարեկամի մը կրակոտ աչքերը, անգամ մը եւս չտեսնելու գաղափարը նոյնիսկ։ Իսկ, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր շատ սիրելի հովուապետին՝ Մեսրոպ Պատրիարքին, բառերը որքա՜ն տկար կը մնան իր բացակայութիւնը բնութագրելու։ Դժուար, ցաւալի ու տխրագին իրականութիւնը, 8 մարտ 2019-ին, մեծ հարուածով թակեց մեր սրտի դռները։ Կեանքի իրողութիւնը անակնկալօրէն, բռնեց «Ամենապատիւ» Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռքէն եւ թողուց «Երանաշնորհ» Մեսրոպ Պատրիարքը։ Մեր սիրելի հոգեւոր պետը վախճանած էր, մեր զգացումները յուզումնախառն էին եւ բազում յիշատակներ կը տողանցէին մեր մօտ։ Կամայ եւ ակամայ սկսած էինք մեր տկար բառերը զօրացնել ջանալ, Մեսրոպ Պատրիարքի թողած յիշատակներով։ Բայց աւա՜ղ, տակաւին դառն էր մեր կսկիծը։

Թէկուզ տասը տարիներ, այս գաղափարը մեր մօտ եղած ըլլար, իր անշունչ մարմինը մեծապէս վիրաւորած էր բարեկամները, կարծէք իրենց սրտէն սուր մը անցած ըլլար։ Դիւրին չեղաւ հաշտուիլ այս իրողութեան հետ եւ դիւրին ալ պիտի չըլլայ, քանի Մեսրոպ Պատրիարք իր անսահման ձիրքերով դպած էր հազարաւոր անձանց սրտերուն եւ ձեռք ձգած՝ տեղ գրաւելու յաջողութիւնը։ Այլեւս առանց Մեսրոպ Պատրիարքի ըլլալու գաղափարը, իր ամենայն դառնութեամբ սկսած էր փորձել մեզ։ Ի՞նչ ըսել, ի՞նչ խօսիլ, ինչպէ՞ս արտայայտուիլ, քանի այլեւս որբացած հոգեւոր զաւակներ, առանց Մեսրոպ Պատրիարքի մնացած էինք։ Իր մասին խօսուած պահուն մեր աչքերը տամկանալ կը սկսէին, մելամաղձոտ անձեր դարձած էինք ի դիմաց այս դառն փորձառութեան։

Իսկ ես, ի մանկութենէ իր մօտ հասակ նետած, իր եղբօրորդին, որպէս հոգեւորական ներկայ կը գտնուէի իր մահուան սնարին մօտ։ Երբ վերջին անգամ իր հետ զրուցած էինք, ես իր փոքրիկ Արթունն էի, իսկ ան՝ Սրբազան Հայրիկը։ Իսկ այս տեսակցութիւնը աւելի յուզիչ էր եւ ես չէի գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է խօսիմ, քանի իմ զրուցակիցս՝ այս անգամ անշունչ մարմնով, անձայն ու խորհրդաւոր բաներ մը կը բացատրէր ինծի։ Երբ տեսայ, Պատրիարք Սըր-բազան Հօր անշունչ մարմինը, իր խորհուրդ խորին ձայնէն ազդուելով, պահ մը մտածել սկսայ սուրբգրային տողը. «Ելայ Հօրմէն եւ եկայ աշխարհ. Դարձեալ կը թողում աշխարհը եւ կ՚երթամ Հօրը» (Յովհ. 16.28)։ Իրապէս մեծ գործեր կատարելու համար աշխարհ եկած այս հսկայ հոգեւորականը, իր առաքելութիւնը կատարած ըլլալով այս աշխարհի մէջ, ճամբորդութեան ելած էր դէպի իր Երկնաւոր Հայրը։ Իր առաքելութեամբ մանուկ հասակէն եկեղեցւոյ վարժուած բազում սանիկներէն միոյն համար դժուարամարս էր այս իրողութիւնը։ Մեր հովուապետը չկար այլեւս եւ պիտի չլսէինք իր կայծակնանման կուռ ձայնը։ Շանթահարուած տրամադրութեամբ երբ իր դէմքը կը դիտէի, իր շուրջը գտնուող բազում հարազատներու նման չէի կրցած զսպել արցունքներս։ Բայց իր սորվեցուցած ոճով՝ երբ աղօթել սկսայ, իր սորվեցուցած Փրկիչը, արդէն իսկ ներգործել սկսած էր։ Այդ պահուն պահ մը կեցայ եւ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, Աստուած յիշեցուց բարեկամութեան երգը. «Անգին ընկեր իմ բարեկամ, Դու իմ սրտում ես յաւէտ, Ես ուր լինեմ, ուր էլ գնամ, Քայլում ես միշտ դու ինձ հետ»։ Այս երգի բառերով, զգացի թէ՝ մարմնապէս կը հեռանար մեր հոգեւոր առաջնորդը, անգին հարազատ հոգեւոր հայրը, բայց՝ իր թողած յիշատակները անվերջ ներկայ պիտի ըլլային մեր մօտ։ Ուր որ ալ ըլլար մեր սիրելի Սրբազան Հայրը, իր յիշատակները պիտի քալէին մեզի հետ եւ յիշատակներուն ընդմէջէն Մեսրոպ Պատրիարքի կենաց բնաբանը ներկայ պիտի ըլլար մեր մօտ։ Հետեւաբար, այլեւս առանց Մեսրոպ Պատրիարքի հետ ենք, բայց՝ իր յիշատակներով Ան առաւել եւս պիտի յիշեցնէ իր բարոյական ներկայութիւնը եւ մենք առաւել եւս պիտի ընթանանք Մեսրոպ Պատրիարքին հետ։

Ուրեմն առանց Մեսրոպ Պատրիարքի, առաւել եւս Մեսրոպ Պատրիարքով մեր կեանքը վարելու համար լաւ պիտի ըլլար, ճամբորդել դէպի անցեալ, մանկութիւն։ Ներկայ դարու անուրանալի ճշմարտութիւնն է թէ՝ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեամբ 1980-ական թուականներուն յայտնուեցաւ Մեսրոպ Հայր Սուրբը, երբ ես տակաւին ծնած իսկ չէի։ Իր յայտնութեամբ, Պոլսոյ եկեղեցական կեանքը նոր շունչ մը ստացած էր եւ այդ շունչին աղբիւրն է նախ Աստուած, իսկ հաւատարիմ սպասարկուն՝ Մեսրոպ Հայր Սուրբը։ Քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ հաստատուած նոր ուղին, նոր սերունդի մը կերտման նախաքայլերը դարձած էին այս երիտասարդ հոգեւորականի շնորհիւ։ Այդտեղէն ապագային պիտի հասնէին հոգեւորականներ, սարկաւագներ, դպիրներ եւ հաւատացեալներ։ Կարծէք, Աստուած Մեսրոպ Հայր Սուրբը որպէս երկնառաք հրեշտակ մը ղրկած էր մեր համայնքին։

Ծնունդիս յաջորդող տարիներուն, մանաւանդ Գնալը կղզիի վրայ ես ալ սկսայ իր հոգածութիւնը վայելել։ Մեսրոպ Սրբազան էր իր անունը, բայց Տէր Հօրս հետ ունեցած վաղեմի բարեկամութեան ապաւինելով, ես զինք ճանչած էի որպէս հօրեղբայր։ Երբ եկեղեցի կը մտնէի, շուրջս ինձ նման ուրիշ մանուկներ կային եւ մեր մօտ որպէս հսկիչ Սրբազան Հօր երէց ու երիտասարդ աշակերտները կը գտնուէին։ Սովորական էր այդ աշխատութիւնները, քանի մանկան մը համար իր առաջնահերթութիւնն է երջանկութիւնը, առանց նկատի ունենալու, թէ ինչ բանով կը զբաղի։ Թէ ինչպէ՞ս երջանիկ կ՚ըլլայինք։ Եկեղեցի պիտի երթայինք, պիտի տեսնէինք Սրբազան Հայրն ու աշակերտները, անառակութիւն պիտի ընէինք, պիտի մասնակցէինք դասերուն եւ նամանաւանդ պիտի սորվէինք Աւետարանն ու եկեղեցական երգերը։ Տարիներ այսպէս անցան, անթիւ յիշատակներով, որոնք Մեսրոպ Սրբազանի եւ մեր միջեւ եղած սերտ յարաբերութիւնը առաւել եւս ամրապնդեցին։ Ինծի նման շատերուն համար իր տեսչութեան սահմանները եղած էին վարժարան, իսկ եկեղեցին՝ երջանկութեան վայր։ Ճիշդ է, թէ Տէր Հօրս ցուցմունքներով եկեղեցւոյ մէջ շատ բան սորված եմ, բայց տարեկիցներով եկեղեցւոյ մէջ առաջին խաղը Սրբազան Հօր մօտ խաղացած եմ։ Արագընթաց վազած եմ, բարձրաձայն երգած եմ, երբեմն մագլցած եմ, ժամանակ եղած է, արարողութեան ընթացքին Մեսրոպ Պատրիարքի շուրջառին տակ կեցած, անձայն ու անշշուկ խաղս խաղացած եմ։ Երբ կը վերյիշեմ նման յիշատակներ, այսօր առաւել եւս կը հասկնամ, թէ ինչո՞ւ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը կարեւոր դերակատարներէն մին դարձած է հոգեւոր կեանքիս խմորումին մէջ։ Իր թելադրութեամբ սորվեցայ բուրվառ շարժել եւ իր հայրական ձեռքէն ստացայ ուրար կրելու արտօնութիւն։ Այսօր առաւել եւս կը տեսնեմ, թէ եկեղեցին խաղավայր դարձնող, խաղավայրը վարժարանի վերածող, վարժարանէ ալ մարդ կերտող Սրբազան մը ունեցած ենք։ Այս էր տարբերութիւնը Պատրիարք Սրբազան Հօր, որ շատեր հիացումով կը դիտէին իր առաքելութեան յաջողութիւնը։

Սիրելի Սրբազան Պատրիարք Հայր, քիչ մը անցեալի մէջ շրջելէ յետոյ, կամայ եւ ակամայ, կրկին վերադարձայ կեանքի իրողութեանց։ Անմոռանալի յիշատակներ, որոնցմով պիտի յիշատակուիք սերունդներ շարունակ։ «Նախ խնդրեցէք» երգին մէջ, սիրոյ սեղաններու հայադրոշմ երգերուն մէջ, Ս. Աւետարանի դաստիարակութեան մէջ միշտ ներկայ պիտի ըլլաք Դուք։ Բայց, այսօր պահն է հրաժեշտ առնելու, պահն է յուզուելու, պահն է սգալու, պահն է լալու եւ պահն է Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը հայցելու, քանի տակաւին չենք հաշտուած Ձերդ Ամենապատուութեան «Երանաշնորհ» ածականին։ Ողջո՜յն, երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հայր. Ողջո՜յն, Հայ Եկեղեցւոյ աշխոյժ վարդապետ. Ողջո՜յն, սերունդ մը կորստեան անդունդէն ազատող հերոսական հովիւ. Ահա, պահը եկաւ հրաժարելու այս աշխարհէն եւ հրաժեշտ առնելու մեզմէ։ Ձեզ յիշեցնող քաջ, լաւ քարոզիչ, ու աստուածապարգեւ ձիրքերով օծուն Յովհաննէս աւետարանիչ առաքեալի վկայութեան խօսքերը կրկնելով, կը վկայենք Ձեր մասին, քանի «Ձեր մասին լսեցինք, Ձեր ականատեսը եղանք եւ Ձեզի նայեցանք»։ Պատրիարք Հայր, ահա այս պատճառաւ է որ, առանց Ձեզի հետ ենք այլեւս, բայց առաւել եւս պիտի ըլլանք Ձեզմով։

Աստուած Ձեր հոգիին պարգեւէ խաղաղութիւն եւ արժանացնէ Ձեզ երկնային անթառամ պսակներուն, որպէս մրցանակ Ձեր եկեղեցանուէր ծառայութեան։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Քարոզիչ՝ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ

12 մարտ 2019, Գատըգիւղ

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2019