ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մեր գրութեան շարունակութեան կրնանք առանձնացնել քանի մը համաշխարհային լրատուութիւն-մետիա գօտիները՝ առանց որոշ դասակարգման մը բանեցմամբ, բնականաբար, ակամայ ընդունելով ամերիկեան մետիայի գերակայութիւնն ու ուժականութիւնը։ Այդ գօտիներով կրնանք պատկերացում մը կազմել թէ՛ համաշխարհային ու տեղական հանրային կարծիքի կազմումին մասին եւ թէ միեւնոյն ժամանակ միջազգային ու տեղական քաղաքականութիւններու եւ իրադարձութիւններու վերծանման, թարգմանութեան ու ներկայացման եղանակներուն, գործընթացներուն վերաբերեալ:

- Առաջինը՝ եւրոպական մետիան է, որ մէկ պլոք կը կազմէ եւ կրնայ համարուիլ միջազգայնօրէն ամենահաւասարակշռուածն ու պատասխանատուն՝ Եւրոմիութեան արժէքներէն մեկնած: Եւրոպականը՝ մանաւանդ ներկայիս, ուղղակիօրէն կը հակադրուի ռուսականին հետ եւ ձեւով մը սերտօրէն աղերսուած է ամերիկեանին, գանատականին, աւստրալականին եւ զարգացած միւս երկիրներու մետիաներուն հետ: Այստեղ առանց զատորոշելու անգլիականը, որ այսպէս ըսած, աւելի համարկուած, ամբողջացուած ու ամբողջացնողն է ամերիկեանին, կը տեսնուի որպէս եւրոպականի մաս: Եւրոպականն ու անգլիականը աշխարհի ամենահարուստ, զարգացած ու մասնագիտացած մետիաներն են:

- Երկրորդը՝ միջին-արեւելեան, ափրիկեան ու ասիական մետիաներն են: Անոնց ամենամեծ ու յայտնի թեւերը՝ իսրայէլեանն ու արաբականն են, որոնք իրարու դէմ են մեծամասնաբար կամ երեւութապէս (հակառակ կարգ մը արաբական ճիւղաւորմներով մետիայի լաւ յարաբերութիւններուն իսրայէլեանին հետ): Բնականաբար, արաբականը իսրայէլեանի բաղդատմամբ ծաւալով շատ աւելի մեծ է եւ ճիւղաւորուած: Արաբականը որ առաւելապէս կը գործէ Արաբական ծոցի երկիրներու հովանաւորութեան տակ, ունի ելմտական մեծ կարողութիւններ՝ նոյն այդ երկիրներու հարուստ եկամուտներուն վրայ յենուելով:

Ասիական (յատկապէս չինականը) ու ափրիկեան մետիաները, իրենց կարգին, ճիւղաւորումներ ունին եւ յաճախ կը մրցակցին իրարու հետ: Ռուսականը, օրինակ, կրնայ մտնել ասիականին մէջ եւ որ իր զարգացուածութեամբ եւ հնարաւորութիւններով աւելի յետամնաց է եւրոպականէն, ամերիկեանէն եւ նոյնիսկ տեղ մըն ալ արաբականէն:

- Երրորդը՝ ամերիկեան մետիան է, որ ամենագերակայ եւ այսպէս ըսած ուղղորդիչն է համաշախարհին մետիային: Հակառակ ամերիկեան մետիայի ամենահասանելիութեան եւ ամենամեծ կարողականութեան, տակաւին պաշտօնապէս ամէնուն կողմէ ընդհունելի չէ (ռուսականի եւ արաբականի, լատին-ամերիկեան եւ չինականի հետ մասամբ հակամարտութիւններու պատճառով)։ Բայց եւ այնպէս, ամերիկեան մետիայի ոգին կը մնայ ամենաազատականը եւ հոս է իր յաջողութեան գաղտնիքը, հակառակ պարագային արդի աշխարհը կը վերածուէր նոր մեծ սովետական բռնատիրական կեղծ մետիայով համակարգի մը կամ գերճնշուածութեանց տանող իրականութիւններու: Այս մէկը չի դրժեր ամերիկեան մետիայի իտէալական չըլլալը, այլ պարզապէս յարաբերակցութեանց մէջ վեր կը հանէ ամերիկեան մետիայի ուժը եւ ձեւով մը ազատական շունչը: Այստեղ ամենակարեւորը այն է, թէ ընկերային մետիայի եւ այսպէս ըսած՝ համաշխարհային ժողովրդային մակարդակով, ամենօրեայ մշակոյթի եւ ընկերաբանութեան բնագաւառներով ամերիկեան մետիան գրեթէ մենաշնորհում, ուղղորդում, տիրակալութիւն ու ընդունելութիւն ունի բոլորին, նոյնիսկ անոր քաղաքականութեան դէմ եղողներուն կողմէ։ Արդարեւ, այս բոլորի կողքին պէտք է անդրադառնալ ամերիկեան մետիայի աջակից ու որոնող իրողութեան՝ մշակոյթի, արուեստի եւ ընկերաբանութեան մակարդականերով՝ Հոլիվուտին:

Պէտք է արդար ըլլալ նշելու, որ արդի աշխարհի մէջ մետիան ուժ ունի, որովհետեւ ԱՄՆ զարգացուց մետիա հասկացողութիւնը՝ հնարելով պետական ու հատուածային հաստատութիւններու կողքին անձնական հաղորդակցութեան մեծանուն ցանցեր, որոնք ո՛չ միայն մարդիկը կապեցին իրարու եւ իրագործեցին համաշխարհայնացումը, այլեւ տեղեկատուական մեծ աղբիւներու վերածուեցան՝ վեր հանելով անհատի ներդրումը միջազգային քաղաքականութեան եւ յարաբերութիւններու մէջ:

Լրատուութիւնը-մետիան ներկայ դարու արդի երեւոյթներուն թարգմանն է եւ, միեւնոյն ժամանակ, զայն կրնանք համարել թէ՛ արդիականութեան-նորաձեւութեան-նորարարութեան զարկը շօշափող գործիք եւ թէ արդիականութիւն ներկայացնող-արտադրող միջոց:

Ներկայ դարուն մետիայի դերը մեծ է եւ անդադար ու արագ զարգացող ոլորտ է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շար. Գ. եւ վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024