ԻՐԱՊԱՇՏ ԵՒ ԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ
Իրապաշտութիւնը շատերու համար հաճելի բառ մըն է, շատերու համար ոչ այնքան, իսկ որոշ տոկոսի մը համար նոյնիսկ անընդունելի եւ տաղտկալի:
Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ կը կրկնեն, թէ աս կամ ան մարդը իրապաշտ մտածող է, իրապաշտ գրող է, իրապաշտ խորհող է, իրապաշտ գործիչ է, իրապաշտ ղեկավար է, կամ իրապաշտութեան ջատագով է, իրապաշտութեան կրող է, եւ այլն, եւ այլն:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ իրապաշտ է կամ իրապաշտութեան ջատագով:
Դիմենք մեր բառարաններուն:
Հայր Անդրանիկ Վարդապետ Կռանեանը, իր «Բառգիրք հայերէն լեզուի» բառարանին մէջ սապէս կը բացատրէ.
Իրապաշտ. «Իրականութեան առարկայականօրէն մերձեցող (անհատ): Կեանքը իրական գոյներով արտայայտող (գրիչ)»:
Իրապաշտութիւն. «Մտքի կամ արուեստի դրութիւն, որ իրականութիւնը կ՚ընկալէ առանց գաղափարական այլակերպումի»:
«Հայոց լեզուի նոր բառարան»ին (1992) մէջ (կազմողներ՝ Գնէլ Արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան) կը կարդանք.
Իրապաշտ. «Իրապաշտութեան վարդապետութեան՝ դպրոցին հետեւող, որ բնութիւնը եւ իրերը կը ներկայացնէ այնպէ՛ս, ինչպէս որ են՝ առանց երեւակայութեան (ֆրնս. réaliste, որ հայերէն լեզուի մէջ ալ կը գործածուի): Ածականը՝ իրապաշտական=ռէալիստական: Հկնշ. բանապաշտ (ֆրնս. rationaliste, idéaliste)»:
Իրապաշտութիւն. «Միջնադարեան սքոլաստիկ փիլիսոփայութիւն՝ վարդապետութիւն, որ ընդհանուր գաղափարները՝ հասկացողութիւնները կը նկատէր իրական գոյացութիւններ՝ էակներ. 2. գրական եւ արուեստի ուղղութիւն՝ դպրոց, որ բնութիւնը եւ իրերը կը ներկայացնէ այնպէ՛ս, ինչպէս որ են (ֆրնս. réalisme, որ հայերէն լեզուի մէջ ալ կը գործածուի): Հկնշ. բանապաշտութիւն (rationalisme, idéalisme)»:
«Հայոց լեզուի նոր բառարան»ին (1968) մէջ (կազմողներ՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Հրանդ Գանգրունի եւ Փարամազ Կ. Տօնիկեան) կը կարդանք.
Իրապաշտութիւն. «Արուեստի դպրոց՝ որ կը դաւանի կեանքի իրականութիւնը ներկայացնել՝ վերարտադրել՝ առանց ծածկելու անոր տգեղ, անհաճոյ կողմերը: Որպէս կեանքի փիլիսոփայութիւն՝ կը նշանակէ չտարուիլ երեւակայութեան կամ սիրտի ճամբով՝ այլ բառով գաղափարապաշտութեամբ, այլ կապուիլ թանձրացեալ՝ շօշափելի իրականութիւններուն (ֆրնս. réalisme)»:
Հայր Պետրոս Վարդապետ Ճիզմէճեան, իր «Հայերէն աշխարհաբար լեզուի լիակատար բառարան»ին մէջ այսպէս կը բացատրէ.
Իրապաշտ. «Իրականութեան ճշմարտութեան հետեւող, սիրող: Կուսակից, կողմնակից իրապաշտութեան, իմաստասիրութեան, գրականութեան, արուեստի մէջ»:
Իրապաշտութիւն. «Իրականութեան հետեւող, սիրող: Իմաստասիրական վարդապետութիւն, որ կը նայի ընդհանուր գաղափարներուն իբր իրական էակներու (ֆրնս. réalisme)»:
Գրեթէ յստակ դարձաւ ընթերցողին իրապաշտ-իրապաշտութիւն բառերուն իմաստը:
Եթէ ուզենք սակայն աւելի պարզ կերպով բացատրութիւն տալ իրապաշտ ածականին, կ՚ունենանք հետեւեալը. մարդ կամ ոեւէ անհատ, որ զինք շրջապատող իրադարձութիւններուն եւ իրողութիւններուն հետ կը վարուի ու զանոնք կ՚ընկալէ իրատեսական կերպով, այլ խօսքով՝ իրերուն կու տայ իրենց ճի՛շդ անուանումը՝ առանց աւելորդ գունաւրումներու:
Այսօր սակայն, ցաւ ի սիրտ նուազած է իրապաշտներուն թիւը մեր ընկերութենէն ներս: Անհասկնալի պատճառներու բերումով մեր ընկերութիւնը աւելի դարձած է կեղծիքի սիրահար, քան՝ իրականութեան: Այսօր, մեր ընկերութենէն ներս լոլոզելով խօսողները շա՜տ աւելի յարգի են, քան իրապաշտներն ու ճշմարտախօսները: Մէկ խօսքով, այսօրուան մեր ընկերութիւնը կեղծիքին, սուտին, մակերեսայնութեան աւելի տեղ կու տայ, քան ճշմարիտինշ, իրականին:
Այս երեւոյթը դժբախտաբար շատ աւելի տարածում գտած է յատկապէս բարձր պաշտօններ զբաղեցնողներուն մօտ. օրինակ՝ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, կուսակցութիւններու, կառոյցներու ղեկավարներուն մօտ, որոնք փորձելով զիրենք շրջապատող ամէն բան քօղարկել, կը փորձեն իրենց աթոռները պահպանել, առանց նուազագոյն տրամաբանութիւնը ունենալու, թէ այդ աթոռները չե՛ն որ մարդը ՄԱՐԴ կը դարձնեն, կամ տուեալ մարդուն հեղինակութիւն կը շնորհեն, այլ՝ մարդն է, որ իր նստած աթոռին, կամ ղեկավարած կազմակերպութեան, հաստատութեան, կուսակցութեան կամ կառոյցին հեղինակութիւն կը բերէ եւ դիրքերը կը զօրացնէ: Պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ մարդուն նկարագիրն ու գործն են, որ կը բարձրացնեն անոր վարկը եւ տեղը ընկերութենէն ներս:
Շատեր կրնան ըսել, թէ այս ապականած եւ նիւթականացած ընկերութենէն ներս ի՞նչ խօսք հեղինակութեան, նկարագիրի, վարկի, եւ այլնի մասին: Առաջին հայեացքով իրաւացի՛ է նման մօտեցում, բայց երբ մեր մտածումով մէկ աստիճան կը բարձրանանք դէպի բարոյականը ու հոգեւորը, տարբեր մօտեցում կը ցուցաբերենք: Ինչո՞ւ. պարզապէս այն պատճառով, որ մարդ նիւթ չէ, այլ՝ հոգեւոր էակ, իսկ հոգեւոր էակին համար ինչքան ալ էական ըլլայ նիւթի անհրաժեշտութիւնը իր գոյութիւնը պահպանելու համար, սակայն նիւթը երբեք նպատակ չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ լոկ միջոց մը՝ հասնելու համար նպատակին:
Իսկ ի՞նչ է հոգեւոր այս էակին՝ մարդուն նպատակը այս կեանքին մէջ: Իրագործել իր կոչումը: Մարդ արարածը, որպէսզի կարողանայ իր կոչումը իրագործել, առաջին հերթին պէտք է իրապաշտ ըլլայ ինքն իր հետ, այսինքն՝ իրեն առընչուող եւ զինք շրջապատող բոլոր իրադարձութիւններուն եւ իրողութիւններուն նայի այնպէս՝ ինչպէս որ կան, առանց փորձելու ծածկել, ձեւափոխել, գունաւորել, այլ՝ նայիլ եւ ընդունիլ ամէն ինչ այնպէս՝ ինչպէս որ կայ, գոյութիւն ունի: Երկրորդ հերթին, մարդ պէտք է նկարագիր ունենայ՝ առողջ նկարագիր, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ իրապաշտութեան վրայ: Նկարագրի պարագային մարդ եթէ փորձէ այլ կերպ մօտենալ, ինչ ալ փորձէ ընել, ի զուր է, որովհետեւ կեղծիքի վրայ հիմնուած որեւէ բան չի՛ կրնար երկար ժամանակ գոյատեւել: Իսկ նկարագիրը կը կերտուի փոքր տարիքէն սկսեալ: Չափահասութեան տարիքին հասնելէ ետք, դժուար թէ կարելի ըլլայ արդէն իսկ կազմուած նկարագիրը փոխել: Կ՚ուզե՞նք, որ մեր երեխաները լաւ եւ առողջ նկարագիրի տէր մարդիկ ըլլան, ուրեմն անոնց փոքր տարիքէն պէտք է սկսինք կերտել անոնց նկարագիրը:
Այս ուղղութեամբ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան այսպէս կը թելադրէ մատղաշ սերունդին. «Ջանացէք մաքուր նկարագիր մը շինել ձեր մանուկ կեանքին մէջ, ստախօսութենէ միշտ զգուշացէք. այն՝ մարդոց կեանքն ու բարոյականը աւրող, զինքը ստորնացնող գլխաւոր ու ամենամեծ մեղքն է. շատախօսութիւն, զրպարտութիւն մի՛ ընէք ձեր ընկերներուն մասին, այդ տեսակ վարմունքը՝ ձեզ ատելի պիտի ընէ ո՛չ միայն ձեր հասակակիցներուն, այլեւ ապագային մեծ չարախօսողներ, զրպարտիչներ պիտի ճանչցուիք. լաւ գիտնալու էք, որ ստախօսները, զրպարտիչները մարդոց քով, ընտանիքներու մէջ ո՛չ վարկ ունին եւ ո՛չ պատիւ, եւ ո՛չ մէկ տեղ»: Ազդու եւ շինիչ թելադրութիւն: Եթէ պահ մը վերեւի տողերուն մէջ արձանագրուածները համեմատականի դնենք այսօրուան նիւթականացած մարդոց հետ, ինչքա՜ն չարախօսներ, զրպարտիչներ, ատելութիւն սերմանողներ, ստախօսներ, շատախօսներ պիտի յայտնուին մեր տեսադաշտին մէջ: Մարդիկ, որոնք իրենց ամէն ինչը կառուցած են կեղծիքի վրայ, որ օրին մէկը փուլ պիտի գայ եւ փորձանք պիտի բերէ իրենց գլուխին, եթէ ո՛չ այս կեանքի մէջ, ապա՝ հանդերձեալին մէջ, ուր Արդար Դատաւորը իւրաքանչիւրս պիտի դատէ իր եղածին համեմատ, եւ այդ ժամանակ սուտն ու կեղծիքը, շատախօսութիւնն ու զրպարտութիւնը ո՛չ մէկ օգտակարութիւն պիտի ունենան, ընդհակառակն՝ իրենք իսկ պիտի ըլլան մեր դատաւորները:
Վերը նշեցի, թէ մարդ կոչում ունի այս կեանքի մէջ եւ ըսի՝ որպէսզի կարողանայ այդ կոչումը իրագործել, պէտք է իրապաշտ ըլլայ: Մարդ արարածին համար իրապաշտ մարդու գերագոյն Տիպարը, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն է, որ Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Իր քարոզներուն եւ ուսուցումներուն միջոցով իրապաշտութեան բազմաթիւ օրինակներ ու դասեր տուաւ, որոնցմէ պիտի բաւարարուիմ երկու օրինակ ներկայացնել այստեղ:
Առաջինը. երբ Յիսուսի աշակերտները խնդրեցին Իրմէ, որ իրենց աղօթել սորվեցնէ, անոնց սորվեցուց «Հայր մեր» աղօթքը, որ յետագային կոչուեցաւ՝ «Տէրունական»: Տէրունական աղօթքին մէջ ի շարս բազմաթիւ կարեւոր կէտերու, մեր Տէրը սորվեցուց մեզի աղօթել նաեւ՝ «ներէ՛ մեր յանցանքներուն, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են» (Մտ 6.12): Մեր Տիրոջ համար, որ մեր սիրոյն համար մարդացած էր, այսինքն՝ մեր նման մարդ եղած էր, այս բառերը լոկ բառեր չէին, զորս արտասանած է, այլ Ինք այդ բառերուն կրողն է, որովհետեւ երբ աւետարանները կը կարդանք, այնտեղ քանի-քանի տեղ կը հանդիպինք մեր Տիրոջ հետեւեալ արտայայտութեան՝ «ներուած ըլլան քեզի քու մեղքերդ»: Իսկ ամենէն կարեւոր եւ ազդու օրինակը, խաչին վրայէն մեր Տիրոջ արտասանած հետեւեալ խօսքերն էին, որոնք ուղղուած էին զԻնք խաչողներուն՝ մարդկութեան՝ «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ 23.34): Այսպիսով, մեր Տէրը Իր եւ Իր խօսքերուն ճշմարտացիութիւնն էր, որ ցոյց կու տար, որով կու գար մեզի սորվեցնելու, թէ որեւէ խօսք, ուսուցում, քարոզ, ինչ որ կը խօսինք, պէտք է մեր խօսածներուն տէրը ըլլանք, որովհետեւ կրնայ յառաջիկայ մեր կեանքի տարիներու ընթացքին յայտնուինք այնպիսի իրաիճակի մէջ, ուր պիտի փաստուի մեր եւ մեր խօսքերուն ճշմարտացիութիւնը:
Երկրորդ օրինակը. մեր Տիրոջ խօսած «Փարիսեցին եւ մաքսաւորը» առակին մէջ է որ կը տեսնենք: Արդարեւ, առակին մէջ մեր Տէրը կը պատմէ, թէ ինչպէս փարիսեցին ու մաքսաւորը տաճար կ՚երթան աղօթելու: Փարիսեցին աղօթքի կանգնելով կը սկսի իր ըրածներն ու չըրածները պատմել ու նկարագրել, ինչպէս նաեւ ինքզինք վերադաս համարել իր կողքը ծունկի եկած մաքսաւորէն, մինչ, մաքսաւորը, որ լաւապէս գիտէր իր ով ըլլալը, տաճարին մէկ անկիւնը քաշուած ու ծունկի եկած հետեւեալը կը խնդրէր Աստուծմէ. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերուն» (Ղկ 18.13):
Մեր Տէրը Իր այս առակով դարձեալ կը սորվեցնէ մեզի, որ պէտք է մենք մեր անձերուն հետ անկեղծ ըլլանք, այլ խօսքով՝ պէտք է իրապաշտ ըլլանք մեր ներքին մարդուն հետ, որպէսզի յաջողինք Աստուծոյ աչքին հաճելի ըլլալ: Այսօր, դժբախտաբար, մարդիկ ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց պատասխանատուներուն, իրենց ղեկավարներուն հաճելի ըլլան, նոյնիսկ երբեմն կը համաձայնին անոնց կօշիկներն անգամ լիզել, բայց այդպիսիները կը մոռնան, որ իրենց վարձատրութիւնը այդ իսկ է, այսինքն՝ իրենց վարձատրութիւնը այս աշխարհի մէջ է, որ կը ստանան, սակայն էականը ո՛չ թէ այս աշխարհի վարձատրութիւնն է, այլ՝ հանդերձեալի:
Մարդիկ, իրապա՛շտ եղէք, ինչքան ալ ծիծաղին ձեր վրայ, միեւնոյնն է, մնացէ՛ք իրապաշտ:
Մարդիկ, իրապա՛շտ եղէք, ինչքան ալ ծաղրեն ձեզ, միեւնոյնն է, մնացէ՛ք իրապաշտ:
Մարդիկ, իրապա՛շտ եղէք, ինչքան ալ անարգեն ձեզ, միեւնոյնն է, մնացէ՛ք իրապաշտ:
Մարդիկ, իրապա՛շտ եղէք, ինչպիսին որ էր մեր Տէրը, որովհետեւ ինչքան ալ մարդիկը յաջողինք խաբել, միեւնոյնն է, զԻնք երբեք չենք կրնար խաբել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ, 9 Ապրիլ 2018