ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ... ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆԵՐ...
Տակաւին կը յիշեմ: Դամասկոսի Պետական համալսարանի ուսանողութեանս շրջանին էր ու ես հայկական վարժարանէ մը ներս, շաբաթական քանի մը պահ թուաբանութեան կամաւոր դասատու ալ էի:
Հաճելի չորեքշաբթի մըն էր: Աշակերտներուս խոստացած էի, որ եթէ «մէկ թիւով բաժանումը լաւ սորվի՛ք, շուտով երկու թիւովին պիտի անցնինք...»:
Ու անունիս պէս գիտէի, որ երկրորդ կարգի այդ հետաքրքիր քառասուն աչքերը, անհամբեր կը սպասէին այս նոր դասին: Դասարանը լուռ էր: Միայն դէպի նեղ թաղ նայող պատուհանէն, երբեմն արաբ դրացիներու զգուշաւոր ձայները կը հասնէին: Ուստի անցայ «գործիս»: Դարձայ դէպի գրատախտակ: Նախ ճերմակ կաւիճովս գրեցի հարիւրաւոր թիւս, բաւական մեծ: Ապա անոր կողքին բաժանումի մեծ նշանը կարմիր գոյն կաւիճով գծեցի: Կորովս բարձր էր, որովհետեւ նոր «բան» մը պիտի սորվեցնէի:
Գարնանային այդ օրերուն, թէեւ դասարանին դուռը միշտ բաց կը ձգէի, սակայն այսօր հոնկէ կարծես անժամանակ եւ նեղացուցիչ փսփսուք մը սկսած էր հասնիլ ականջիս: Յստակ գիտէի, թէ անկիւնը գրաւող երկու աշակերտները, անպայման առիթէն պիտի օգտուէին ու իրարու ըսելիք մը ունենալով պիտի փսփսային: Չփորձեցի անմիջապէս միջամտել, այլ գոհացայ քիչ մը ծանր արձագանգ ձգելու խորհրդաւորութիւնը տուող «ձայնե՛րը... լռութի՛ւն...» բացագանչել: Սակայն անօգուտ: Փսփսուքը անտանելի դառնալ սկսած էր: Ուստի վարժութիւնը չշարունակեցի ու բաւական լուրջ դէմքով դարձայ աշակերտներուն: Ամբողջ դասարանը դրան կողմը կը նայէր: Ինքնաբերաբար, ես ալ աչքերս հոն ուղղեցի: Ի՞նչ տեսնեմ, վարժարանի պատասխանատուներէն երկուքը, տնօրէնն ու նորեկ մը, արդէն դասարանի դրան սեմին անշարժ կեցած էին:
-Թերեւս պետական քննիչ.- մտքէս անցուցի եւ արագ մը «հրամմեցէ՛ք» ըսելով, եկուորները աշակերտներուն դիմացի շարքը առաջնորդեցի: Օտարը կամ հիւրը, որ հսկայ, հարուստի վայել լեցունութիւն մը ունէր հագուստին տակ, չճանչցայ: Նոյնիսկ «մերիններն» ալ զինք չներկայացուցին: Արդէն աշակերտներուն աչքերը ինձմէ առաջ անոր վրայ սկսած էին պտտիլ, սկսելով անոր քիչ մը բաց գոյն բաճկոնէն, ու անցնելով անոր փայլուն կօշիկներուն հասած էին սանտրուած մազերուն: Իսկ շատեր ալ, ինծի դառնալով, իրենց հետաքրքիր աչքերով, ինձմէ բացատրութիւն մը «կը մուրային»: Զգալի էր: Իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնող «բան» մը, խօսք մը, բառ մը կը խնդրէին:
-Ի՞նչ կը բացատրէ՛ք... պարոն.- առանց սովորական նախաբանի դասարանի լռութիւնը խզելով անմիջապէս խօսեցաւ երկուորը: Հայ էր: Ուրեմն պետական քննիչ մը չէր: Հանգստացայ: Ու իմ կարգիս, մանուկներու յատուկ խանդավառութեամբ մը իրեն մօտենալով, ըսի.- «երկու թիւով բաժանում»: Ըսի մէկ շունչով, հպարտ, աշխարհի մեծագոյն գիտութիւնը սորվեցնողի միամտութեամբ:
-Ինչու բազմապատկութիւն գիտե՞ն.- շուտով հարցուց այցելուն, վրաս խորամանկ եւ կեղծ ժպիտ մը նետելով:
Արագ մը, դարձեալ ինքնավստահ աշակերտի նման, երբ «այո»ս հազիւ ըսած էի, կրկին անոր ձայնը լսեցի.
-Ուրեմն կրնա՞նք հարցնել:
Ծօ՛, շաբաթներով բազմապատկութեան «թնճուկներ» քակած էի այս փոքր ուղեղներուն մէջ ու այսօր հասած «երկու թիւով բաժանումին», հարկա՞ւ պիտի գիտնային: Թէեւ քիչ մը վիրաւորական եւ նոյնքան ալ ծաղրական գտայ հիւրին իր այս մօտեցումը, սակայն ըսի.- «ազատ էք, հարցուցէ՛ք...»: Ուրիշ միջոց չունէի:
Ու նորեկը առանց ժամանակ կորսնցնելու, մատովը ցոյց տալով առաջին նստարանը գրաւող աշակերտին հարցուց.
-Պզտի՛կ տղայ, ըսէ՛ տեսնեմ, եօթը անգամ հինգ քանի՞ կ՚ընէ, հըըը՞...:
«Հը՜» մը եւս ըսաւ տնօրէնն ալ, որ ձեռքերը ծալլած կը փորձէր ինքն ալ հիւրին մօտենալ, երբ աշակերտին «չեմ գիտեր»ը զինք անշարժութեան մատնեց: Մեր այս «խելօքը», այնքան արագ իր տգիտութիւնը բացայայտած էր, որ նոյնիսկ առիթ չէր տուած քովինին, որ իրեն «օգնութեան» հասնէր: Ծանր կացութիւն: Նոյնքան ծանր վիճակ մը նաեւ ես սկսած էի ապրիլ:
Անձնասպաններ կան, որոնք գոնէ իրենց մինչեւ վերջին վայրկեանը, տակաւին կը մնան տարակուսանքի մէջ եւ միայն ամենէն տկար վայրկեանին, երբ ալ ուղեղը համոզուած է. կու տան իրենց կեանքին վերջը: Այս մէկը անոնցմէ չէր:
Դասարանը, այդ պատասխանին վրայ, անհանդարտ վիճակ մը ստացաւ: Հարցումը գիտցողներ օգնութեան հասնելու համար եւ կամ աւելի ճիշդ, հիւրի ներկայութեան իրենց գիտցածը երեւան հանելու միտումով, իրենց աչքերը իմ վրաս կեդրոնացուցած էին: Հիւրին «ո՞վ գիտէ»ն կու գար վերջնական գոհացում մը տալու բոլոր անհամբեր նայուածքներուն:
Մօտը նստողին վիճակուեցաւ «երեսունհինգ» ըսելը:
-Լա՛ւ, շատ լա՛ւ..., կրկին լսեցի հիւրին գնահատականը, որ «այսքան»ով չգոհանալով կը հարցնէր նոյն աշակերտին, իր «ճակատամարտը» շարունակել փորձող սպայի մը պէս.
-Կիպրոսի մէջ ալ երեսունհինգ կ՚ընէ՞...հը՞...:
Հիւրս իր այս հարցումէն ետք, արագ մը ինքզինք հաւաքել փորձեց: Փողկապը շտկեց դէմքին ժպիտ մըն ալ գծելով եւ ձեռքերը իրար շփելով, մօտս եկաւ եւ սպասեց պատասխանին, իր որսին նոր թակարդ մը պատրաստողի մը գոհունակութեամբ: Հաստատապէս ինք հասած էր իր «մուրազ»ին: Ցնցուեցայ: Ինծի պէս, իմ մեծ «խեղճերն» ալ: Ու այս ցնցումս քրտինք բերաւ ճակտիս:
Աստուա՜ծ իմ, ուրկէ՞ ո՜ւր այս Կիպրոսը... երկրորդ դասարան եւ Կիպրո՞ս... կը կրկնէի մտովի:
-Չեմ գիտեր պարոն.- ըսաւ հազիւ ութ տարեկանը նոր ամբողջացուցած այդ մանչը:
Ճիշդ էր, չէր գիտեր: Ամօթ չէ: Թերեւս նոր կը լսէր, որ աշխարհի վրայ այս օրերուն Կիպրոս մըն ալ կար: Յետոյ շատ հաւանաբար ալ Կիպրոսին ի՞նչ ըլլան նոյնիսկ թերեւս չէր լսած: Չէի կրնար միջամտել: Տագնապի մէջ էի արդէն: Հիմա գնդակը հիւրին կողմն էր: Դասարանը քարացած էր: Հաւանաբար կ՚ամչնային.- կը փորձէի ես զիս համոզել: Իրենց նստած տեղէն, աշակերտները տակաւին իրարու երես կը նայէին, թերեւս իրարմէ օգտուելու եւ շուտով լուծելու համար «Կիպրական» այս հանգոյցը:
Հիւրը չըսաւ ո՞վ գիտէ, այլ՝ նորէն փորձեց.
-Լաաա՜ււււ... ըսէ՛ք տեսնեմ... Պէյրութի մէջ ալ նոյնը կ՚ընէ՞.- ըսաւ անսովոր քմծիծաղ մը փակցնելով դէմքին:
Այսօր այս անծանօթը ի՞նչ կ՚ուզէր ինձմէ. Աստուած իմ:
Համոզիչ պատասխան մը չգտնելով, սկսայ դիտել դիմացս անկարգ շարուած քառասուն աչքերը, որոնք ձախէն աջ դառնալէ ետք, կը բարձրանային վեր դասարանի հին ու մաշած առաստաղի գերաններուն ու անկէ վար սահելով կ՚իյնային իմ աչքերուս մէջ:
Յանկարծ, ո՜վ հրաշք... սենեակին ամենէն անկիւնէն մատի մը վեր բարձրանալուն ուրուականը նշմարեցի: Նախ կասկածեցայ եւ երբ գիտցայ, որ իսկապէս մատ մըն էր, որ բարձրանալ կը փորձէր, փապուղիէն ներս լոյսը տեսնողի մը գոհունակութիւնը ունեցայ:
Ճշդեցի: Անմիջապէս գիտցայ: Մատին տէրը, երկրորդ տարին ըլլալով իր կարգը կրկնած աշակերտ մըն էր: Ճակատագրական պահ: «Խեղճը» հիմա ինք կ՚ուզէր պատասխանել: Ուրեմն «բան» մը գիտէր կամ գիտնալու էր: Իմ կարգիս, կարծես խեղդամահի մը նման գտած էի «օձ» մը, շիւղ մը ազատելու... սանկ ձեւով մը ուրախացայ:
-Ես գիտեմ, ե՛ս ըսեմ, պարո՛ն.- կը կրկնէր իմաստակը:
-Ըսէ՛ տեսնեմ, վերջապէս հիւրը նշմարելով աշակերտին առիթ տուաւ, որ խօսի:
-Պարո՛ն, այո՛, եօթը անգամ հինգ երեսունհինգ կ՚ընէ Պէյրութի մէջ ալ: Դասարանին սա «փրկիչ» աշակերտը ըսաւ շատ հաստատ եւ համարձակ:
-Ինչո՞ւ.- անմիջապէս ընդմիջեց հիւրը, նոյնիսկ ինծի զարմանք պատճառելով:
-Որովհետե՜ւ... որովհետե՛ւ... Պէյրութըըը պարոն... Դամասկոսի շատ մօտ է...:
Ժպիտս չորցաւ դէմքիս վրայ: Անծանօթ հիւրը երկար «քա՜հ-քա՜հ» մը բռցնելէ ետք, դառնալով ինծի, խօսքը շարունակեց.
-Եթէ այդպէս է. թո՛ղ ձեր պարոնը բացատրէ՛, թէ ինչո՞ւ... ցը՛...:
Ց՛ը ըսի, նաեւ ես, ատելութիւն մը խառնելով ձայնիս մէջ:
Եկայ... Տեսայ... Յաղթեցի...: Յանկարծ յիշեցի այս պատմական խօսքը: Ճիշդ էր, յաղթելու համար եկած էր կարծես մեր այս անծանօթը ու նոյն ձեւով ալ կը հեռանար:
Անմիջապէս դասարանի դուռը գոցեցի: Գարունը մնաց դուրսը, եկուորներուն մօտ, իսկ հո՛ս այս մերկ ու չոր սենեակի պատերէն ներս, երբ քրտնած ճակատով դէմքս աշակերտներուն դարձուցած էի, մթնոլորտը «ամպոտած» ըլլալ կը թուէր: Լուռ էին բոլորը, հրաբուխի մը ժայթքումէն առաջ պատահած աղէտալի լռութեամբ: Կը զգայի, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ինքզինք յանցաւոր նկատելով, գլխիկոր կը սպասէր գալիք վճիռին:
Յանցանք եւ յանցաւոր...:
Արդեօք յանցաւորը ե՞ս էի... թերեւս... ո՞վ գիտէ...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ