ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Զ.

ԲՆԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանումը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առանջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը: Բնական սննդատուութիւնը.- կնոջ կաթը, անոր յատկութիւնները, անոր զանազանութիւնը միւս կաթնատու կենդանիներուն կաթէն: Ի՞նչ դէպքերու մէջ մայրը պէտք չէ կերակրէ իր զաւակին: Ի՞նչ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի կնոջ կաթը զանազան պատճառներէ: Ծծմայրը եւ անոր ընտրութիւնը: Ծծմօր սնունդը եւ անոր առողջապահութիւնը: Դեղերուն ազդեցութիւնը: Կերակրումը կաթնատու կենդանիներու միջոցով: Լաւ սնուող երեխային յատկութիւնները:

Ծծմօր սնունդը. երեխայ մեծցնող կինը (մայրը թէ ծծմայրը) պէտք է որոշ սնունդ ընդունի, որովհետեւ բազմաթիւ ուտելիքներ կաթին վրայ կ՚ազդեն: Օրինակ, գիւղացի կինը, որ գիւղին մէջ գլխաւորաբար հացով ու բանջարեղէնով կը կերակրուի, աւելի ջրալի կաթ ունի, քան թէ քաղաքացիինը, ով սորված է միս ուտել: Ընդհանրապէս, ծծմայրը միատեսակ պէտք է կերակրուի ծծմայրութեան ամբողջ ընթացքին: Պէտք չէ մոռնալ, որ սպիտայի կերակուրները (միս, հաւկիթ…) կաթը կը թանձրացնեն. իսկ յայտնի է, որ թանձր կաթը երեխային կապութիւն կու տայ: Ասկէ կը հետեւի, որ ծիծ տուող կինը միսին հետ միասին պէտք է գործածէ նաեւ հացեղէն եւ կանաչեղէն, որոնք կաթը կը ջրիկացնեն եւ աւելի դիւրամարս կը դարձնեն: Նոյն նպատակով ծծմայրերուն խորհուրդ կու տանք բաց թէյ կամ անիսոնի թէյ (մէկ թէյի դգալ անիսոն կը դնեն երկու բաժակ եռման ջուրի մէջ եւ մէկ բաժակ կը խմեն, ծիծ տալէն մէկ ժամ առաջ): Ընդհանրապէս, կաթը շատցնելու, այսինքն՝ ջրիկացնելու համար, պէտք է ջուր, լեմոնի աղ, կաթ, թան եւ ուրիշ խմիչքներ գործածել, ինչպէս են բաց թէյը, ինչպէս նաեւ կաղամբ (թէ՛ եփած եւ թէ՛ թթու դրած), բողկ, ստեպղին, վարունգ, ծնեբեկ, բազուկ, սունկեր, կծու կանաչեղէն, պղպեղ: Սոխը, ստեպղինը, մանանեխը, շաղգամը իրենց մէջ այնպիսի նիւթեր կը պարունակեն, որ կաթին մէջ կ՚անցնին ու մանուկին փորացաւ կը պատճառեն: Ստնտու կնոջ կ՚արգիլուի նաեւ ծանրամարս իւղալի ձուկեր (օր. օրագուլ, օձաձուկ), խեցգետին եւ ամէն տեսակ թթու դրած եւ չորցուած ձուկեր, յետոյ խոզի, սագի եւ բադի միս, պանիր, հում մրգեղէններ (եփածը չափաւոր քանակութեամբ), լուբիա, սիսեռ, ոսպ, ձաւար (եթէ ծծմօր մարսողութիւնը վատ է) եւ առհասարակ ամէն տեսակ ծանրամարս կերակուրներ (փիլաւ) եւ ամէն տեսակ ոգելից խմիչքներ (օղի, լիքէօրներ, գարեջուր, գինի): Խմիչքի վարժուած կիները կրնան քիչ մը ջուրով գինի եւ թոյլ գարեջուր խմեն:

Դեղերուն ազդեցութիւնը. ծծմօր ընդունած շատ մը դեղերը կաթին մէջ կ՚անցնին եւ կրնան ուրեմն ազդել ծծկեր երեխային վրայ, հետեւաբար, առանց բժիշկի խորհուրդին կարելի չէ դեղեր ընդունիլ: Պառաւային զանազան խառնուրդներու մէջ, որոնք ժողովուրդը կը գործածէ՝ հաւատալով տգէտ պառաւ կիներու եւ հեքիմներուն, կան բազմաթիւ թունաւորիչ դեղեր, որոնք կրնան կաթի միջոցով թունաւորել երեխան: Ասիկա սարսափփելի վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, եւ մայրերը, եթէ իրենք զիրենք չեն խղճար, գոնէ թող իրենց զաւակներուն խղճան եւ պառաւական դեղեր երբեք չընդունին: Լուծողական աղերը (օր. անգլիական աղը), դառն լուծողական ջուրերը, որոնք մայրերը կը խմեն, լուծողութիւն կու տան նոյնպէս երեխային եւ առհասարակ ստամոքսի խանգարումներ կը յառաջացնեն: Այնպէս որ մայրերը եւ ծծմայրերը իբրեւ լուծողական պէտք է լաւորակ ձէթ ընդունին: բայց ամենէն վախնալիքը թմրեցուցիչ դեղերն են, մորֆիոն, օպիոն (խաշխաշի մէջ պարունակուած նիւթերը), որոնք կրնան թունաւորել մանուկը: Նոյնքան վախնալիք են անտիփիրինն ու ֆենացեթինը: Կաթին մէջ կ՚անցնի նաեւ խինան, սակայն քիչ քանակութեամբ:

Այս հանգամանքը միջոց կու տայ բժիշկներուն հիւանդ երեխաներուն դեղ տալ՝ մօր կաթին միջոցով: Այսպէս, սիֆիլիսով հիւանդ երեխաները կը բժշկեն մօր տալով սնդիկային դեղեր կամ իոտ: Նոյն նպատակով մօր նաեւ երկաթ, խինա կու տան:

Ծծմօր կենցաղը. մայրը երբեք պէտք չէ անսահման հաւատք ունենայ դէպի իր ծծմայրը: Ծծմօր կաթը յաճախ կը պակսի եւ ան ոչինչ կը յայտնէ երեխային մօր եւ կը շարունակէ ծիծ տալ: Դէպքեր կը պատահին, որ ան խաշխաշ կու տայ երեխային, որպէսզի ինք գիշերները կարենայ հանգիստ քնանալ: Մօր պարտքն է հետեւիլ, որ ծծմայրը ինքզինք եւ երեխան մաքուր պահէ, որոշուած ժամերուն ծիծ տայ, վնասակար բաներ չուտէ, անբարոյական կեանք չվարէ: Ծիծ տուող կինը պէտք է շարժում ունենայ, դուրս գայ, տան մէջ անգործ չնստի, բայց պէտք չէ նաեւ, որ յոգնածութեան հասնի: Առհասարակ, պէտք է ծծմայրը լաւ պահել, ոչինչ չխնայել անկէ, բայց պէտք է խիստ ըլլալ անոր հետ ու չվախնալ փոխելէն՝ եթէ անյարմար է:

Տնային կենդանիներու ծիծով կերակրումը. այս տեսակ կերակրումը թող վայրենի չթուի. Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ տեղեր կը գործածուի այն եւ յարմար կ՚ըլլայ մեր գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ: Փարիզի ու Եւրոպայի մէջ էշերէն կ՚օգտուին. երեխաներուն ուղղակի իշու ծիծը ծծել կու տան: Երեխան կը բռնեն կովի փորին տակը, պտուկը կը դնեն բերանը, եւ ան կը ծծէ: Այծին կարելի է կողքի վրայ պառկեցնել:

Լաւ սնուած երեխան կը գիրնայ, թեւերը, ոտքերը կը կլորնան, մաշկը կը ձգուի ու հարթ կը դառնայ, դէմքը ժպտուն, աչքերը փայլուն: Ան լաւ կը քնանայ, արթնցած ատեն չի՛ լար ու գիշերը մէկ կամ երկու անգամ միայն կ՚արթննայ՝ ծիծ ուտելու համար: Այն ինչ, վատ կամ քիչ սնունդ ստացող երեխան միշտ վատ կը քնանայ եւ ընդհանրապէս զուրկ է լաւ սնուող երեխային աշխուժութենէն եւ միշտ կը ճչայ: Առողջ երեխային կղկղանքը դեղնագոյն եւ միապաղաղ է (առանց գունդերու), թոյլ ձուածեղի նման է եւ հոտ չունի:

Առողջ երեխան օրական 3-4 անգամ դուրս կու գայ: Եթէ այս թիւը կը պակսի, այդ կը նշանակէ, որ ան կապութիւն ունի եւ հետեւաբար անոր կերած կաթը թանձր է: Իսկ եթէ աւելի յաճախ դուրս կու գայ, ան լուծ է: Երկու պարագաներուն ալ մայրը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր սեփական սնունդին վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023