13 ԱՊՐԻԼԷՆ ԵՏՔ. ՍՈՒՐԻԱՆ ՄՏԱԾ Է «ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԵԼ»ՈՒ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ
Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն եւեթ տարբեր մակարդակներու վրայ խօսակցութիւններ եղան այն մասին, թէ «Արեւմտեան պլոք»ը՝ գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, պիտի հարուածէ Սուրիան:
Ռուսաստանի զինեալ ուժերուն ու յատկապէս օդուժին կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն շնորհիւ Սուրիան կը մտնէր նոր փուլ: Մինչ այդ հանգրուանը՝ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ «իմարաթ»ներ ստեղծած ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն») կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումը կարողացած էր վախի ու սարսափի մթնոլորտ մը կերտել եւ իր ազդեցութեան գօտիները տարածել մինչեւ Յորդանանի եւ Լիբանանի սահմանային գօտիներ:
Արագ, դիպուկ եւ տեղին գրոհներով ռուսական բանակը եւ բաւական կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ յաջողեցաւ ԻՇԻՊ-ին տալ մահացու հարուածներ: Անշուշտ այդ գործողութիւններուն ընթացքին նմանատիպ գրոհներով հանդէս կու գար «Արեւմտեան պլոք»ը, որուն ղեկավարութիւնը Մոսկուայի տուած վճռական որոշումէն առաջ ալ մտած էր այդ «խաղ»ին մէջ, հանրայնացնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքար տանելու լոզունգը, որ սակայն չէր ունենար ազդեցիկութիւնը՝ ռուսաստանեան կողմին առած քայլերուն:
Այս առումով ալ եթէ հաշուի առնենք մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիան հարուածելու «խիստ միտումներ»ը, ապա յստակ կը դառնայ, որ այդ «ախորժակներ»ը ջուրի երես կ՚ելլէին ճիշդ այդ հանգրուանին, երբ գետնի վրայ անվիճելիօրէն կ՚ամրագրուէր այն փաստը, թէ սուրիական բանակը սկսած էր վերատիրանալ այն տարածքներուն, որոնք կը համարուէին ԻՇԻՊ-ի եւ անոր «եղբայրներ»ուն համար «նուիրականացուած» տարածքներ:
Բնական է, որ տակաւին ժամանակ պիտի ունենանք վերլուծելու եւ հասկնալու համար ԻՇԻՊ կոչուած եւ իսլամամէտ ընկալումներով գործող «տապալուած» խմբաւորումին ստեղծման ու ապա գործունէութեան ելակէտերը։ Բայց եւ այնպէս, եթէ արագ վերլուծութիւն մը կատարենք, ապա մեզի համար յստակ պիտի դառնայ, որ ԻՇԻՊ-ի կրած պարտութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Սուրիան հարուածելու «ժամկէտ»ը երբեք պատահական չէ:
ԳՐՈՀ՝ «ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՒ ԽԵԼԱՑԻ» ՀՐԹԻՌՆԵՐՈՎ
Գեղեցիկ եւ խելացի… Պարզապէս այդ բառերով իր հրթիռները նկարագրելէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կատարէր իր տուած «խոստում»ը եւ աւելի քան հարիւր հրթիռներ կ՚արձակուէին Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսի եւ Հոմսի կարգ մը զինուորական կեդրոններուն վրայ:
Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա, որոնք նոյնպէս կը մասնակցէին այս գործողութեան, կը հաստատէին արարքը, իսկ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ իր կառավարութեան քայլը արդարացնելու միտումով՝ կը խօսէր նոր յայտնաբերուած «յոյժ գաղտնի» տեղեկագրերու մասին, ըստ որոնց, Պեշար Էսատի վարչակարգը պատասխանատու է Կութայի մէջ գործուած քիմիական յարձակումէն:
Ի դէպ, սպառնալիքներու պատերազմը սկիզբ կ՚առնէր Կութայի մէջ եղած քիմիական յարձակումէն ետք, որ ըստ արեւմտեան եռեակին, կատարուած էր Սուրիոյ կառավարութեան ձեռամբ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի սուրիական կողմին. ապա յարձակումէն ժամեր անց (14 Ապրիլի առաւօտուն) կը հրապարակուէր Սուրիոյ բանակին կողմէ հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուէր, թէ սուրիական բանակը աջողած էր «խանգարել» խելացի հրթիռներուն ուղղութիւնը եւ վար առնել անոնցմէ տասներեքը: Սուրիոյ բանակը չէր թաքցներ, որ աւելի քան հարիւր հրթիռներու թիրախ դարձած էին Հոմսի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող տարրալուծարան եւ զինուորական համալիր մը, իսկ Պարզա աւանին մէջ նոյնպէս թիրախ դարձած էր բանակին պատկանող կեդրոնատեղի մը:
Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն եւ հակառակ իրագործուած գրոհին, իրենք պիտի շարունակէին պայքարիլ ահաբեկիչներուն դէմ՝ հաւաստելով, որ Շաբաթ լուսադէմին եղած յարձակումներուն հետեւանքով չեն արձանագրուած մարդկային կորուստներ:
Քաղաքական առումով եղած յարձակումը կ՚արժանանար տարաբնոյթ գնահատականներու։ Այսպէս, մինչ Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գերատեսչութիւնները խստօրէն կը դատապարտէին եղածը, անդին Անգարա յարձակումը կը համարէր տեղին եւ անհրաժեշտ զինուորական քայլ մը:
Իր կարգին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կը նշէր, որ պատահարը միջազգային յարաբերութեանց վրայ պիտի ունենայ ծանր եւ աւերիչ հետեւանքներ: Ուշագրաւը այն է, որ ընկերային ցանցերու վրայ սուրիացի մէկէ աւելի օգտատէրեր անդրադառնալով Արեւմուտքի սանձազերծած հարուածներուն՝ դիտել տուին, որ եղածը ոչինչ պիտի փոխէր իրականութիւններէն, զայն համարելով անիմաստ փորձ մը եւ գրառելով՝ լեռը ծնաւ մուկ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈՒԼԸ ԿԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ
Սուրիոյ մէջ պայքարը կը շարունակուի ու չէ բացառուած, որ զինուորական այս գրոհէն ետք կողմերը քաղաքական բանակցութիւններու նոր փուլի մը սկսին:
Ի՞նչ շահեցաւ Արեւմուտքը այս հարուածէն եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ ռուսական կողմին արձագանգը. պարզ պիտի դառնայ յառաջիկային։ Ուշագրաւը այն է, որ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ այս առաւօտ սովորականին պէս գնաց Թըշրինի իր նստավայրը, ուրկէ հետեւելու եւ անհրաժեշտ ցուցմունքները տալու համար իր օգնականներուն, այն պահուն, երբ ամերիկեան The Conservation վերլուծական հանդէսը կը գրէր, որ եթէ Էսատ իշխանութենէն հեռացուի, ապա Սուրիան պիտի յայտնուի անվերահսկելի քաոսի մը մէջ: Ամէն պարագայի տակ սկսաւ բացայայտ դառնալ, որ Արեւմուտքի եւ յատկապէս նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ գործի դրուած «խելացի եւ գեղեցիկ» հրթիռները բան փոխելու կամ Սուրիոյ տագնապին լուծում բերելու ներուժը չունին: Այդ հրթիռներուն նպատակն է Միջին Արեւելքի մեծ աւազան վերադարձնել Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, որոնք յատկապէս վերջին փուլին յայտնուած էին «խաղէն դուրս» վիճակի մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐԸ
Վերջին շաբաթներուն սուրիական օրակարգը գրեթէ դուրս կու գար միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութենէն: Թէեւ Դամասկոսի հարաւային ծայրամասերուն մէջ Սուրիոյ բանակը բաւական յաջողակ գործողութիւններ կը կատարէր, այս անգամ թիրախ դարձնելով ԻՇԻՊ-ի գլխաւոր կեդրոն համարուող «Ալ Եարմուք» գաղթակայանը, բայց ընդհանրապէս սուրիական հիմնահարցը կը մղուէր յետին բլան:
Այս «լռութիւն»ը պայմանաւորուած է ոչ միայն «արեւմտեան պլոք»ի տակաւին Սուրիոյ վերաբերեալ յստակ ծրագիր մը չունենալուն, այլ Միացեալ Նահանգներ նպատակ չունի ներկայ փուլին Սուրիոյ մէջ լուծումներ յառաջացնելու մտադրութեամբ մօտենալ առկայ խնդիրներուն:
Եթէ հաշուի առնենք, որ գետնի վրայ ընթացող զարգացումները ցոյց կու տան, թէ այսօր Սուրիոյ մէջ գլխաւոր տագնապը ԻՇԻՊ-ը չէ, ապա յստակ կը դառնայ նաեւ, որ Սուրիոյ բանակին ունեցած յառաջխաղացումները ընդհանրապէս արեւմտեան կողմին համար տանելի չեն:
Կայ նաեւ Մոսկուայի տեսակէտը եւ բացայայտ պայքարը, որպէսզի Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերը սեղանի մը շուրջ նստին ու բանակցին. գտնելու համար հասարակաց յայտարար մը, որով կրնան լուծուիլ առկայ բոլոր հարցերը։ Այս առումով ալ մեր մտքին մէջ թարմ է տակաւին, երբ հազարաւոր սուրիացիներ երկրի ամենատարբեր խաւերէն Մոսկուա մեկնեցան (Յունուարին), մասնակից դառնալու համար երկխօսութեան համաժողովի: Այդ ժողովէն առաջ ալ Մոսկուա մեծ ճիգեր գործադրեց իրականացնելու համար Աստանայի ժողովները, որոնք նոյնպէս դրական մեծ արդիւնքներու չյանգեցան:
Սուրիոյ մէջ տագնապին «մասնակից» եւ ըսելիք ունեցող սիւննի կողմը, որ ռազմական առումով բաւական մեծ նահանջի մէջ է, իր հովանաւորներուն շնորհիւ կը փորձէ ամէն գնով «ջուրի երես» մնալ ու իր կամքը պարտադրել ընթացող գործընթացներուն: Ճիշդ է, որ Մոսկուա չի պատրաստուիր ամբողջական կերպով ջրբաժանի փուլի մը հասնիլ սիւննիներուն հետ, բայց եւ այնպէս սուրիական տագնապին երկարաձգումն ու քաղաքական լուծումներու փուլին յետաձգումը իրենց վատ ազդեցութիւնը կ՚ունենան նիւթական «մեծ զոհողութիւններ»ով Սուրիա տեղակայուած ռուսական ստորաբաժանումներուն:
Սիւննի աշխարհը, որ Արեւմուտքին հետ «շատ բարձր» մակարդակի յարաբերութեանց մէջ է, այսօր անցած է նոր մակարդակի խաղի: Այդ մէկը անշուշտ ժամանակ շահելու, խուսանաւելու, մերթ ընդ մերթ արեւմտեան ուժերուն յենլով «անակնկալ» հարուածներ տալու խաղն է: Ու յայտնի է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ 13 Ապրիլին տեղի ունեցած մարտական գրոհը պէտք է տեղադրել այս շրջանագծին մէջ:
Այս բոլորը նկատի ունենալէ ետք՝ բացայայտ կը դառնայ, որ սուրիացիք դեռ անորոշ ժամանակով պիտի շարունակեն «տառապիլ» եւ ապրիլ կիսապատերազմեան առօրեայով:
Հիմա ժամանակի խաղին դէմ ալ յաղթելու փուլն ու հարցումը, որ կ՚ուղղուի այս օրերուն, այն է, թէ արդեօք ԻՇԻՊ-ին «գլուխ ելած» Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի կարողանա՞յ յաջողութեամբ անցնիլ քաղաքական խուսանաւման եւ ժամանակ վատնելու այս ժամանակահատուածը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան