ԿԸ ՀԱՍՆԻ՞ՆՔ ԴԱՐԱՎԵՐՋ ԿԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ ԴԱՐԱՎԵՐՋ ԵՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ

Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ լաւատեսութիւն, ոչ միամտութիւն: Նախ մտածելու առաքինութիւն, հռոմէացիներու virtusը, հոգեկան քաջութիւն: Հայելիին մէջ նայելու պէս:

Մեկուսացումը եթէ հոգեընկճում չծնի, կը ծնի իմաստութեան յածումներ:

Դրամի միջազգային կայսրութեան եւ արհեստագիտական բազմազանութեան ցանցին մէջ բռնուած, իմաստնանալու անցքերը կը խցուին: Պարտադրուած մեկուսացումը, ինչպէս այսօր, շատերու մօտ կը յառաջացնէ դատումներ եւ հարցադրումներ ընելու, վաղուան մասին մտածելու փորձութիւններ: Այս բարիքն է պսակաձեւ ժահրին, քորոնավիրուսին:

Մարդը միշտ ընթացած է հարցումներով, անոնց պատասխանները եղած են յառաջդիմութեան, դժուարութիւններու յաղթահարման, պարզ կամ բարդ խնդիրներու լուծման շարժիչ: Հարցականներ. մոլորակին վրայ մեր ներկայութիւնը խնդիր է, մարդկութիւնը տեւաբար հարցապնդած է բնութիւնը եւ շրջապատը, լուծումներ եւ պատասխաններ ծնունդ տուած են նոր հարցումներու: Այս եղած է գիտութեան ուղին: Նաեւ՝ լայն առումով բարոյականի ուղին, այսինքն մարդոց յարաբերութիւններու, զորս կը կոչենք ընկերային կեանք, կազմակերպութիւն, ընտանիքէն մինչեւ պետութիւններ, կրօններ:

Խորագրի հարցումը կը վերաբերի մարդուն ընդհանրապէս, մարդոց: Աշխարհը ահուդողի մատնած պսակաձեւ ժահրը անհատը եւ ղեկավարութիւնները պիտի մղէ՞ մտածելու, նաեւ երբ ան յաղթահարուած ըլլայ: Հասարակ տեղիք դարձած է կրկնել, որ համավարակէն առաջուան եւ վերջի ժամանակները տարբեր պիտի ըլլա՞ն: Քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ այս հարցումը կը կրկնեն: Պիտի հասկնա՞նք, որ քաղաքակրթութիւնը եւ անոր հունով եկած կարեւոր եւ մանաւանդ անկարեւոր նուաճումները խախտած են բնութեան կարգը:

Ամենէն պարզ թուացող եւ տեսանելի հարցը մոլորակի յարաճուն բնակչութեան յարաճուն սնունդի պահանջի մատակարարումն է: Մոլորակը ըլլալով այն ինչ որ է, ի վիճակի պիտի ըլլա՞յ կերակրելու տասը միլիառ մարդ, թերեւս տասներկու, տասնհինգ: Անոր հնարաւորութիւնները անսահման չեն:

Մթնոլորտի ջերմութեան աճի հետեւանքով, հետզհետէ աւելի սուր կերպով պիտի կանգնինք ջրային ըմպելի պաշարներու խնդրին դիմաց: Արդէն աշխարհի բնակչութեան քառորդը կը տառապի ջուրի պակասէ: Նոյն սպառնական խնդիրը կը դրուի նաեւ ուժանիւթի պարագային: Նաւթային հարստութիւնները դատապարտուած են սպառելու: Մթնոլորտի յարաճուն ապականումը սպառնալիք է: Եթէ ներկայ կշռոյթով շարունակենք արտադրել-սպառել-ապականել, բնութիւնը եւ մոլորակը անկարող պիտի ըլլան իրենք զիրենք մաքրելու: Մեծ գիտնական ըլլալու կարիք չկայ երեւակայելու համար հետեւանքները ընդհանրապէս կեանքի համար, ոչ միայն մարդոց:

Դիմակայելու համար նոր ժամանակները, ազգեր, ժողովուրդներ եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը, տոկալու եւ տեւելու համար ստիպուած պիտի ըլլան, այսօր արդէն ստիպուած են, վերատեսութեան ենթարկելու արտադրութեան, սպառման եւ բաշխումի խնդիրները, այսինքն իրաւ համակեցութեան նոր արժէքներ պէտք է միջամտեն: Պարզապէս, մարդիկ, մեծեր եւ պզտիկներ, պիտի գիտակցին, որ ժամանակները պիտի դիմաւորենք միասնաբար, բոլորով եւ բոլորին համար: Հաւանօրէն բնութեան պաշտպանութիւնը քաղաքականութեան գլխաւոր օրակարգը պիտի ըլլայ, քանի որ նոյն այդ բնութեամբ կը պայմանաւորի կեանքը, ապրողներու, հետեւաբար՝ մարդուն գոյութիւնը:

Տնտեսականի գերիշխանութիւնը եւ անոր պարտադրած կառավարումը չեն կրնար նոյն ձեւով շարունակուիլ: Ուրկէ՝ հարցումը.

Մարդկութիւնը ինչպէ՞ս պիտի հասնի դարավերջ:

Այդ ընդհանրապէս մարդկութեան ընթացքին մէջ, ինչպէ՞ս՝ Հայաստան եւ Հայութիւն պիտի հասնին դարավերջ:

Հայաստանը երկիր է, աշխարհագրութիւն, ան հայութեամբ կամ առանց հայութեան պիտի հասնի դարավերջ: Աւելի պարզ ձեւով, հարցը հետեւեալն է.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը ինչպէ՞ս պիտի հասնի դարավերջ:

Այս համայն հայութեան խնդիրն է, եթէ, ներսը եւ դուրսը, մեր ամբոխահաճոյ եւ շքեղութիւն խօսքերը իրաւ բովանդակութիւն ունին:

Համայն հայութեան ըմբռնում չզարգացաւ ցարդ, հայաստանակեդրոն ըմբռնումի զուգահեռ, զարգացան եւ այդպէս ալ կը շարունակուին սփիւռքակեդրոններու ըմբռնումներ, թրքական, միջին-արեւելեան, ֆրանսական-եւրոպական, ամերիկեան: Իւրաքանչիւրը այս կեդրոններէն զարգացուցած է քաղաքական, գաղափարանական տեսութիւն մը, որ, ըստ իր ըմբռնումներուն, հետեւաբար հետեւած քաղաքականութեան, պիտի առաջնորդէ հայոց հարցի լուծման, զոր պէտք չէ շփոթել ԺԹ դարուն սկսած եւ շարունակուող հայկական հարցին հետ:

Այսինքն, ցարդ չունեցանք համապարփակ տեսիլք մը հայութեան լինելութեան մասին, (devenir): Ունեցանք ամենէն անհեթեթ եւ անիմաստ սահմանում մը, համաշխարհային ազգը, ամբոխավարական արտայայտութիւն մը, արդարացնելու համար մեր բազմաբնոյթ լքումները. լեզուի կորուստ, հայրենիքի կորուստ, ինքնանպատակ դարձող սփիւռք(ներ): Վերջինի ամենադիպուկ եւ բոլորին հաճելի բանաձեւումը տուաւ սիրուած երգիչ մը. 100 տոկոսով հայ 100 տոկոսով ֆրանսացի… եթէ երկիր եւ քաղաք փոխենք, կրնանք ըսել 100 տոկոսով հայ 100 տոկոսով եգիպտացի, 100 տոկոսով հայ 100 տոկոսով թուրք, 100 տոկոսով հայ 100 տոկոսով քամչաթքացի…

Չափազանցութիւն թող չհամարուի, բայց կը շարունակենք խառն եւ հետզհետէ աւելի խառնուող եւ սպառնալիքներու ենթակայ աշխարհին մէջ նաւարկել առանց կողմնացոյցի:

Օրին, վերանկախացած Հայաստանի մէջ ծնունդ առին մինչեւ եօթանասուն կուսակցութիւններ: Անհեթեթութիւն՝ որ բոլորովին չէ անհետացած: Նոյնը՝ տարտղնուող սփիւռք(ներ)ի պարագային, որ ցարդ չկրցաւ ստեղծել միացնող, ինքնութիւն պահելու հետամտող եւ իրաւունքի պաշտպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն: Յաճախ կ՚ըսենք, զանազան առիթներով, ճահճացում, բայց չենք խօսիր խորքային պատճառներու մասին, քանի որ հիմնահարցերուն կը մօտենանք անհատապաշտական-փերեզակային կամ ժամանակավրէպ հետաքրքրութիւններով, անմիջականը չկարենալով զատորոշել հեռանկարայինէ:

Անմիջական մտմտուքները, շահախնդրութիւնները եւ քէները յաղթահարող ղեկավարութիւնը, եւ ընդհանրապէս ժողովուրդը, կրնան գալիք սերունդներուն համար ապագայ կերտել: Ինչպէս ըսած է Ժան Ժորէս, «Պատմութիւնը մարդոց կ՚ուսուցանէ մեծ գործերու դժուարութիւնը եւ իրականացումներու դանդաղութիւնը, բայց կ՚արդարացնէ անյաղթ յոյսը»:

Ձախողութիւններու դիմաց կանգնողները, ինքնարդարացման ճապկումներով, անելի կ՚առաջնորդեն իրենք զիրենք եւ իրենց հետեւորդները: Եւ կեանքի եւ քաղաքական հրապարակի վրայ կը սկսի ինքնախաբէութեան լեզուագարութեան թարանթելլան: Նոյն Ժան Ժորէսն է որ կ՚ըսէ. «Երբ մարդիկ չեն կրնար իրողութիւնները փոխել, կը փոխեն բառերը»:

Հայութիւն-Հայաստանը ինչպէ՞ս պիտի հասնի դարավերջ: «Լաւ ապրելու իրաւունք»է, «Սալէմի վհուկները» բեմադրելէ, ժողովուրդի մէկ կէսը միւսին դէմ կռիւի հանելէ, եւ դեռ նոյն այդ ժողովուրդը կոտորակներու վերածելէ անդին նայող տեսիլք պէտք է ունենալ եւ այդ տեսիլքով՝ առաջնորդութիւն:

Ո՞վ, որոնք եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնեն մոգական աշխարհայեացքը եւ զայն փոխանցեն համայն ազգին, որպէսզի հասնինք դարավերջ եւ անկէ անդին:

Հիմնական պատասխանատուութիւնը միայն ներկան տնտեսել չէ:

Իսկ այսօր մենք ունի՞նք անմիջական ներկայէն անդին նայող ճշմարիտ տեսիլք:

Հարցում էր:

Եւ ինչպէս ըսած է մեծ իմաստասէր Կարլ Եասփերզ, «Իմաստասիրութեան մէջ հարցումները աւելի էական են քան պատասխանները, եւ իւրաքանչիւր պատասխան կը դառնայ նոր հարցում»: Այդպէս է նաեւ ամէն մակարադակի ղեկավարումներու պարագային:

Ինչո՞ւ մեր ժողովուրդին հետ պիտի չխօսինք անսեթեւեթ հարցումներու շուրջ, գտնելու համար անոնց անսեթեւեթ պատասխանները:

Որպէսզի օր մը մեր մասին չխօսուի որպէս անցեալ:

Յ․ ՊԱԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020