Սեւ օր մը Մենչըսթըրի համար

Երկուշաբթի, Մայիսի 22-ը, սեւ օր մը եղաւ Մենչըսթըր քաղաքին համար: Լարուած ականներ պայթեցնող ու ապա իր ձեռքերուն մէջ եղած նռնակը պայթեցնելու պատրաստուող ահաբեկիչը տեղն ու տեղը կը սպաննուէր:

Ահաբեկչական գրոհին հետեւանքով կը զոհուէին 23 անձեր (ահաբեկիչը ներառեալ), որոնց մէջ կային մեծ թիւով անչափահասներ: Ահաբեկիչին թիրախը քաղաքի յայտնի վայրերէն մարզասը-րահն էր, ուր ամերիկացի յայտնի փոփ-աստղ Արիանա Կրանտէն կու տար երաժշտական համերգ մը: Ան լեղապատառ ձեւով լրագրողներուն հետ խօսելով կը յայտարարէր, որ պատահածը բոլորին կողմէ անընդունելի եւ դատապարտելի դէպք մըն է, բայց հակառակ ահաբեկչական արարքին, ինք պատրաստ է վերադառնալ Մենչըսթըր ու սարքել նոր համերգ մը: Կրանտէ բառացիօրէն կ՚ըսէր. «Ես կը վերադառնամ անհաւատալի քաջ քաղաք Մենչըսթըր՝ երկրպագուներուս հետ ըլլալու, ինչպէս նաեւ զոհերու յիշատակին նուիրուած եւ անոնց ընտանիքներու աջակցութեան համար բարեգործական համերգ մը տալու նպատակով»:

Տարբեր առիթներով սպառնալիքներու թիրախ դարձած Մեծն Բրիտանիոյ հասարկութիւնը ենթարկուած էր ծանր ցնցումի մը: Այդ երկրին մէջ ամենածանր ահաբեկչութիւնը տեղի ունեցած էր տասներկու տարի առաջ, 7 Յուլիս 2005 թուականին, երբ չորս ահաբեկիչներ յարձակում մը կ՚իրականացնէին մայրաքաղաք Լոնտոնի մեթրոյի խճողուած կայարաններէն մէկուն մէջ, պատճառ դառնալով յիսուն անձերու սպանութեան: Դէպքին հետեւանքով կը վիրաւորուէին 700 քաղաքացիներ եւ որոշ ժամանակի մը համար երկրին մէջ կը յայտարարուէր «պարէտային ժամ»:

Եւրոպայի տարածքին ահաբեկչական գործողութիւնները սկսած են երեւելի աճ արձանագրել: Վերլուծաբանները այս ահաբեկչական գրոհները կը փոխառընչեն Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ յատկապէս մինչեւ այս պահը շարունակուող սուրիական պատերազմի զարգացումներուն հետ: Թէեւ թերի պիտի ըլլայ ըսել, որ Պրիւքսելի, Սթոքհոլմի, Պերլինի եւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն գլխաւոր պատճառը Միջին Արեւելքը արիւնահեղ ըրած իրադարձութիւններն են, սակայն այս մօտեցման մէջ կան որոշ ճշմարտութիւններ:

Յարձակումէն ժամեր անց ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) հանդէս կու գար կարճ հաղորդագրութեամբ՝ յայտնելով, որ տեղի ունեցած գրոհի հիմնական նպատակը մեծ թիւով զոհեր պատճառելն էր: Ըստ յայտարարութեան՝ ԻՇԻՊ-ի զինեալը յաջողած էր հատել երկրի ապահովական մարմիններուն ստեղծած համակարգը եւ «ներս» թափանցելով հասնիլ իր նպատակին:

Ահաբեկչութիւնը բողոքի լայն ալիք կը բարձրաձնէր, ու երկրի վարչապետ Թերեզա Մէյի կողքին հերթաբար դատապարտման խօսքերով հանդէս կու գային Փարիզի, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր մակարդակի գործիչներ: Այդ յայտարարութիւններուն մէջ կարմիր թելի պէս երեւելի կը դառնար, որ Արեւմտուքի գործիչներուն համար կար կարեւոր կէտ մը, որուն համաձայն բրիտանացիներուն կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել եւրոպացիներուն համար ընկճուիլը արգիլուած է:

Մինչ ԻՇԻՊ կը յոխորտար, որ կարողացած է մեծ թիւով անմեղ մարդոց կեանքը խլել, անդին Մեծն Բրիտանիոյ եւ Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը «երդում կ՚ընէին» եւ կը խօսէին իրենց կեանքը բնականոն հունով շարունակելու եւ անդրդուելի մնալու մասին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մենչըսթըր քաղաքը կը համարուի Մեծն Բրիտանիոյ հայկական ամենէն հին բնակավայրերէն մին: Ահաբեկչական դէպքէն վերջ Անգլիոյ Թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեանի բարեխնամ օգնութեամբ յաջողեցայ կապ հաստատել Մենչըսթըր հաստատուած հայ երաժիշտ Արթուր Պոպիկեանին հետ: Պոպիկեան, որ ծնած է Հայաստան եւ տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած Անգլիոյ մէջ, լուրջ մտավախութիւն յայտնեց առհասարակ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: Ան յայտնեց, որ դէպքին օրը խուճապային տրամադրութիւն կը տիրէր ամբողջ քաղաքին մէջ:

Արթուր Պոպիկեանի խօսքերով՝ «Անգլիոյ մէջ այժմ բաւական շատ են իսլամամէտները եւ մահմետական կրօնի ներկայացուցիչները։ Մենչըսթըրի հայկական եկեղեցիէն քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է անոնց թաղամասը՝ Ռաշոմը: ԻՇԻՊ-ի բոլոր ներկայացուցիչները կը ֆինանսաւորուին կամ կը սնուին կարգ մը արաբական երկիրներէ, նաեւ Արեւմուտքի իշխանութիւններու եւ  գաղտնի ծառայութիւններու կողմէ: Մենչըսթըրի մէջ վերջերս տեղի ունեցած դէպքի մասին հետեւեալը պարզուած է. պայթումի հեղինակի եղբայրը եւ ընկերները դիմած են ոստիկանութիւն՝ զգուշացնելով, որ իրենց եղբօր մօտ տարօրինակ վարք կը նկատ-ւի, բայց հետաքրքական է, որ  ոստիկանութիւնը համապատասխան քայլեր չէ ըրած այդ ուղղութեամբ: Այս է անհանգստացնողը: Դէպքի ժամանակ ես կը գտնուէի քաղաքի կեդրոնը, բայց ոչ համերգասրահին մէջ, սակայն ականատես եղայ, թէ ինչպէս ոստիկանութեան եւ շտապօգնութեան ինքնաշարժները կը շտապեն դէպքի վայր: Բոլորը կը պոռային, կ՚ըսէին, որ պայթում որոտացած է: Տակաւին յայտնի չէր, թէ ինչ կը կատարուի, բայց տանգնապն ու խուճապը  կը մեծնային:   Վախի մթնոլորտ մը կար այն ծնողներուն մօտ, որոնց երախաները կը գտնուէին համերգասրահէն ներս, իսկ իրենք՝ դուրսը: Խուճապը պահպանուեցաւ ու աւելի նկատելի դարձաւ երկրորդ օրը, երբ ոստիկանութիւնը քաղաքի կեդրոնական հրապարակէն տարհանեց մարդիկը՝ ըսելով, որ այդ տարածքին մէջ տեղադրուած է երկրորդ ռումբ մը: Մենչըսթըրի հայ համայնքի անդամներ չտուժեցին դէպքին պատճառով: Իմ կարծիքով, աշխարհը այսօր դարձած է անապահով, իսկ Եւրոպան քանդելու միտումները սկսած են դառնալ երեւալի։ Բան մը, որ անհանգստացնող երեւոյթ է: Այժմ Մեն-չըսթըրի մէջ իրավիճակը հանգիստ է, մարդիկ խուճապի կամ տագնապի մէջ չեն, եւ նոյնիսկ ահաբեկչութեան գիշերը մարդիկ փողոցներով կը քալէին ու կը պոռային, որ իրենց կենսասիրութիւնն ու ապրելու կամքը հնարաւոր չէ կոտրել»:

Առիթէն օգտուելով Պոպիկեանին հարց տուի նաեւ տեղւոյն հայկական համայնքին մասին: Այս առումով ան ըսաւ. «Մենչըսթըրի հայկական համայնքը փոքրաթիւ է, բայց կազմակերպուած: Կայ հայկական եկեղեցի՝ Ս. Երրորդութիւն անունով, որուն կից կը գործէ նաեւ կիրակնօրեայ հայկական դպրոց մը, ուր ամսուան մէջ երկու անգամ տեղի կ՚ունենան հայերէնի դասաւանդութիւններ: Տեղաբնակ հայ հոգեւորականի մը բացակայութեան պատճառով պատարագները տեղի կ՚ունենան ամսուան մէջ միայն մէկ անգամ»:

ՍԱԼՄԱՆ ԱՊԱՏԻԻ ՄԱՍԻՆ

Մենչըսթըրի մէջ եղած ահաբեկչութիւնը կու գար յաւելեալ լոյս սփռելու Միջին Արեւելքի «թէժ կէտեր»էն դէպի եւրոպական երկիրներ «ետդարձ»ի քարտէսի մը մասին: Ինչպէս մամուլէն յայտնի կը դառնար, որ Մենչըսթըրի մէջ ահաբեկչութիւն կատարած 22-ամեայ երիտասարդը վերջին տարիներուն բազմաթիւ անգամներ մեկնած է Լիպիա եւ չէ բացառուած, որ ան «սրբազան պատերազմ»ի մասնակցելու համար նոյնպէս հասած է Սուրիա: Թէեւ այս առումով յստակ տուեալներ չեն հրապարակուած, սակայն բացորոշ է, որ լիպիացի արմատներ ունեցող Սալման Ապատին եղած է յարափոփոխ ու վերջին շրջանին տարօրինակ վարք ունեցող երիտասրդ մը: Բրիտանական The Independent պարբերականը, որ Մենչըսթըրի ահաբեկչութեան մասին բաւական ծաւալուն նիւթ մը հրապարակած է, կը յայտնէ, որ մինչ Սալման տարօրինակութիւններով լեցուն անձ մըն էր, անդին անոր եղբայրը՝ Իսմայիլ եղած է «անգլիական միջավայր»ին յարմարող եւ բնական վարքով երիտասարդ մը: Կը խօսուի, որ ահաբեկչական յարձակումէն ամիսներ առաջ Սալման տարբեր առիթներով իր ընկերներուն հետ զրուցելով դրական կարծիք յայտնած է անձնասպանութիւն գործելու մասին:

Այս բոլորին մէջ կրօնական պատերազմի մը մասնկացիլը կամ սալաֆիստ ըմբռնումներու ճանապարհով նման արարքի մը երթալը բաւարար ցուցանիշներ չեն անհատի մը ահաբեկչական արարք կատարելու որոշումը հասկնալու համար: Ու շատ բնական է, որ այս առումով եւս կան, գոյութիւն ունին շատ աւելի խորքային պատճառներ:

Այդ պատճառներէն կարելի է նշել ահաբեկիչ տարրին որեւէ պատերազմի մը մասնակցութեան ընթացքին ունեցած հոգեկան ցնցումները, մահը, արիւնը, բռնութիւնը ու նման տասնեակ հանգամանքներ, որոնք զինք կը դարձնեն հասարակութեան «հիւանդ» մէկ տարրը: Ու զարմանալիօրէն նոյն զինեալին պատերզամի դաշտէն վերադառնալը ու այս անգամ «պարապութեան» մը մէջ յայտնուիլը զինք կը մղեն, Մանչեսթըրի ահաբեկչութեան նման ծայրայեղական եւ դաժան արարքներ գործելու:

Զինեալը, որ նման քայլի կը դիմէ՝ կը յայտարարէ իր պարտութիւնը: Պատերազմի ամենէն ահագնակերպ տեսարանները ապրած այդ երիտասարդը, որ սուտ խոստումներու, դրամի եւ խոստացուած դրախտի համար Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ «մահուան տափաստաններ»ը կը հասնի, կը նախազգայ իր խաբուած ըլլալը ու իր «երկիր»ը վերադառնալով իր հասարկութենէն օտարուելու թակարդին մէջ իյնալով՝ կը նախընտրէ արիւնալի ստորագրութիւն մը նետելով վերջ տալ իր եւ տասնեակ մարդոց կեանքին:

Որքան ալ խօսուի ահաբեկչութեան կանխարգիլման միջոցներու արդիականացման եւ ապահովական մեթոտներու կատարելագործման մասին, միեւնոյնն է, անհնար է ահաբեկչութեան արմատները կտրել, առանց խորքային լուծումներուն առջեւ ճանապարհ մը բանալը:

Ի վերջոյ Սալման Ապատի մէկն է անոնցմէ, որոնք կուրօրէն զինուորագրուած եւ պատրաստ են զոհը դառնալ իրենց ուղեղներուն մէջ «սնուցուած» գաղափարներուն: Եւ այդ գաղափարները վստահօրէն հեռու են դարաւոր քաղաքակրթութիւն կերտած իսլամի եւ իսլամութեան հասկացութիւններէն ու հաւատքէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017