ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

«Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.9)

Աշխարհի վրայ տարբեր տեսակի հարստութիւններ կան: Կայ նիւթական հարստութիւն: Կայ միտքի հարստութիւն: Կայ բարոյական հարստութիւն: Կայ հոգեւոր հարստութիւն, եւ այլն: Այս բոլոր տեսակի հարստութիւններուն հիմքը նոյն բանն է՝ հարստութիւն, սակայն մօտեցումները երբ տարբերին, հարստութեան հասկացողութիւնն ալ հետեւաբար կը տարբերի:

Մարդիկ յաճախ այս կամ այն մարդու հասցէին կ՚արտայայտուին ըսելով, թէ այս ինչ մարդը հարսուստ է՝ լաւ դրամ ունի, այն ինչ մարդը հակառակ աղքատ ըլլալուն, հոգիով հարուստ է: Այս ինչ մարդը հարուստ բարոյականութիւն ունի, այսինքն՝ առաքինութիւններով լեցուն է, իսկ այն ինչ մարդը միտքով հարուստ է, ունի փայլուն գաղափարներ, որոնցմով կը նպաստէ սերունդներու լաւ ու ճշգրիտ դաստիարակութեան:

Արդարեւ, որեւէ տեսակի հարստութիւն սակայն, Աստուծմէ տրուած է իւրաքանչիւր մարդու, այսինքն՝ եթէ ոեւէ մէկ մարդ տիրացած է հարստութեան, այդ հարստութեան աղբիւրը Աստուած Ինք է: Մարդ իր ունեցած բոլոր բաները՝ նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր կը պարտի Աստուծոյ առաջին հերթին, եւ երկրորդ՝ իր ծնողներուն, որոնք յաջողած են զինք լաւ ձեւով դաստիարակել: Խօսքը անշուշտ այն մարդոց մասին է, որոնք իրենց ունեցած հարստութիւնները ճիշդ ձեւով կ՚օգտագործեն:

Հոգեւոր առումով մարդուն ունեցած հարստութիւններուն միջեւ տարբերութիւններ կան: Այդ տարբերութիւնը յաճախ զգալի կը դառնայ, երբ կը գործածենք հոգեւոր՝ երկնային հարստութիւն եւ աշխարհիկ հարստութիւն: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խօսելով հարստութեան մասին, յատկապէս՝ աշխարհիկ, այսպէս կը թելադրէ Իր հետեւորդներուն. «Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին» (Ղկ 16.9):

Տէր Յիսուս կը թելադրէ մեզի աշխարհիկ հարստութիւնը գործածել «այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը» կարենանք շահիլ: Արդարեւ, ճշմարիտ քրիստոնեան, աւելին՝ Աստուծաշունչ կարդացող ճշմարիտ քրիստոնեան, շատ լաւ գիտէ, որ մենք՝ մարդիկս, ժամանակաւորապէս հանգրուանած ենք այս աշխարհին մէջ, եւ այն ինչ՝ որ այս աշխարհի օրէնքներուն համաձայն մեր սեփականութիւնը կը համարուի, խորքին մէջ ո՛չ թէ մեր սեփականութիւնն է, այլ՝ մեր խնամքին յանձնուած է, որոշ ժամանակամիջոցի մը համար: Սխալ է կարծել, որ մենք մեր սեփական կարողութիւններով կրնանք հարստութիւն դիզել, եթէ Աստուած արտօնած չըլլայ մեզի: Շատեր կրնան ըսել, լաւ, իսկ այն բազմաթիւ մարդիկը, որոնք անիրաւ ու անօրէն կերպով տիրացած են հարստութեան, դարձեա՞լ Աստուծոյ թոյլտուութեամբ եղած է: Պատասխանը Երանելի Յոբին մօտ է: Աստուած թոյլ տուաւ սատանային, որպէսզի փորձութեան մատնէ Յոբը: Նոյն կերպ ալ Աստուած ամէն ինչ տեսնող ու մարդոց իւրաքանչիւր շարժումն ու մտածումը գիտցող ըլլալով, կը տեսնէ բոլոր մարդոց գործածները, թոյլ կու տայ բոլորին, որովհետեւ մեզի ազատ կամք տուած է: Սակայն, պէտք է լաւ գիտնանք, թէ ո՛չ մէկ անիրաւութիւն եւ անօրէնութիւն անպատիժ կը մնայ:

Գալով մեր խնամքին յանձնուած հարստութեան, սեփականութեան եւ ամէն ինչին: Տիրոջ թելադրութիւնը յստակ է: Պէտք է մեր հարստութիւնը օգտագործենք, շահելու Աստուծոյ բարեկամութիւնը եւ յաւիտենական յարկեր ընդունման տոմսը ապահովելու համար:

Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիլ եւ յաւիտենական յարկերէն ներս ընդունման տոմսը ապահովել: Պատասխանը պարզ եւ դիւրաւ գործադրելի է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մր 12.31), եւ՝ «ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» (Մտ 9.13): Սիրել մեր ընկերը, որ է՝ մեր նմանը եւ ողորմութիւն գործել բոլորին ան-խըտիր: Այս երկուքը՝ սիրելն ու ողորմիլը ի՜նչ ուժեղ կերպով կը ներկայացնէ մեզի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը, որ կ՚ըսէ. «Ով որ միայն ինքն իրեն համար կ՚ապրի եւ ուրիշները կը քամահարէ, այդպիսին ի զուր կ՚ապրի, այդպիսին նոյնիսկ մարդ չէ, մեր ցեղէն չէ»: Թէ՛ սէրը եւ թէ ալ ողորմութիւնը մեր ունեցած հարստութիւններն են եւ զանոնք օգտագործելը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին կամեցողութեան ձգուած է: Այլեւս, մեզի կը մնայ զանոնք օգտագործելով Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիլն ու յաւիտենական յարկեր ընդունման տոմսը ապահովելը, կամ՝ հակառակը, թշնամանալ Աստուծոյ հետ եւ յաւիտենական դժոխքի տոմսը ապահովելը աշխարհիկ հարստութիւնը ժխտական կերպով օգտագործելով:

Աշխարհիկ հարստութիւն ունենալը շատ յաճախ մարդիկ սխալ կերպով կը թարգմանեն, ըսելով, թէ աշխարհիկ հարստութիւնը չարիքի բոյն է, փորձութիւններու բաց դուռ մըն է, ուրկէ միշտ փորձութիւններ կը մտնեն: Այս մօտեցումը այնքան ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ երբ աշխարհիկ հարստութիւնը ճիշդ կերպով օգտագործուի, ո՛չ թէ չարիքի բոյն, այլ՝ օրհնութեան ու բարիքի բոյն կը դառնայ, որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւած բոլոր բաները բարի են եւ անոնց մէջ խոտան բան չկայ, մարդուն կը մնայ իրեն տրուած բարիքներն ու շնորհները բարիին համար ծառայեցնելու եւ բարի նպատակներու համար օգտագործելու համար:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը խօսելով հարստութեան ինչութեան մասին եւ հարստանալու կերպերու մասին, այսպէս կը գրէ. «Ով որ կը ցանկայ հարուստ ըլլալ, միշտ ալ դրամի կարիք կը զգայ, իսկ ով որ չի՛ ցանկար հարուստ ըլլալ, միշտ ալ բաւարարութիւն կը ստանայ։ Ոչ թէ հարուստ ըլլալ, այլ` չցանկալ հարստանալ, ահաւասիկ թէ ի՛նչն է հարստութիւնը։ Օրինակի համար ըսեմ, հարուստ կայ, որ անխտիր բոլորին կը թալանէ եւ հարուստ ալ կայ, որ իր հարստութիւնը աղքատներուն կու տայ, մէկը հաւաքելով կը հարստանայ, միւսը` ծախսելով, մէկը հողը կը ցանէ, միւսը` երկինքը կը մշակէ»: Հայրապետին խօսքերէն կը հասկնանք, թէ ան, որ միշտ կը փափաքի հարստնալ, այդպիսին միշտ ալ կարօտ կը մնայ հարստութեան եւ երբեք չի հարստանար: Ան, որ միշտ կը փափաքի հարստնալ, այդպիսին աւելի ագահութեան կը ցանկայ եւ ոչ թէ հարստութեան, որովհետեւ այդպիսիին համար հարստութիւնը ոչ թէ միջոց է, այլ՝ նպատակ: Շարունակելով իր միտքը Հայրապետը, հակառակ կողմն ալ ցոյց կու տայ, ըսելով, թէ անոնք, որոնք չեն ցանկար հարստանալ, այդպիսիները միշտ ալ բաւարարութիւն կը գտնեն, որովհետեւ այդպիսիները իրենց ունեցածով գոհանալ գիտեն, իրենց ունեցածով Աստուծոյ կամքին մէջ մնալ գիտեն, իրենց ունեցած հարստութեամբ Աստուծոյ կամքը կատարել գիտեն, եւ եթէ յանկարծ այդպիսիները բազմաթիւ հարստութիւններու տէր դառնան, իրենց համար էական ոչ մէկ տարբերութիւն կ՚ըլլայ, որովհետեւ հարստանալը իրենց համար նպատակ չէ, այլ՝ Աստուծոյ հաճելի դառնալու, Աստուծոյ կամքը կատարելու միջոց պարզապէս: Աւելի՛ն, Ոսկեբերանի բառերով՝ «ոչ թէ հարուստ ըլլալ, այլ` չցանկալ հարստանալ, ահաւասիկ թէ ի՛նչն է հարստութիւնը». մարդ պէտք չէ ցանկայ հարուստ ըլլալ, այլ՝ պէտք է միշտ Աստուծմէ խնդրէ, որպէսզի Անոր կամքին հաւատարիմ ու հնազանդ մնայ, հաճելի ըլլայ Անոր, գործադրէ Անոր կամքը՝ սիրելով մարդոց, բարիք գործելով անոնց: Իսկ չցանկալ հարստութիւն կը նշանակէ վստահիլ Աստուծոյ, որովհետեւ Ան մեզմէ իւրաքանչիւրիս կարիքն ու պէտքը գիտէ, եւ պէտք եղած ժամանակ կու տայ մեզի այն՝ ինչ բանի կարիքը որ ունինք, կարեւորը սակայն, մենք վստահինք Անոր ողորմածութեան ու Հայրական խնամքին եւ սիրոյն:

Հայրապետը իր արտայայտած միտքի երկրով բաժինով ցոյց կու տայ մեզի հարստանալու կերպերը, թէ մարդ ինչպէս կրնայ հարստնալ կամ ինչ միջոցով կրնայ հարստութիւն ձեռք բերել: Այսպէս, Ոսկեբերան Հայրապետը կու տայ հետեւեալ օրինակը. «Հարուստ կայ, որ անխտիր բոլորին կը թալանէ եւ հարուստ ալ կայ, որ իր հարստութիւնը աղքատներուն կու տայ, մէկը հաւաքելով կը հարստանայ, միւսը` ծախսելով, մէկը հողը կը ցանէ, միւս` երկինքը կը մշակէ»։ Երկու տեսակի հարուստներու մասին կը խօսի, որով նաեւ ցոյց կու տայ հարստանալու կերպերը. առաջին օրինակը՝ հարստանալու ժխտական կերպն է, անարդար կերպով հարստանալու միջոցն է, որով մարդիկ անարդար կերպով իրենց նմաններուն իրաւունքները ոտնահարելով կը հարստանան, հարստութիւն կը դիզեն, եւ զայն կ՚օգտագործեն իրենց սեփական փուճ եւ սին հաճոյքներուն համար: Այդպիսիները, Հայրապետին որակումով՝ հողն է, որ կը ցանեն, այսինքն՝ ժամանակավրէպը, անցողիկն է, որ կը խնամեն, իսկ անղոցիկի վախճանը կորուստն ու փճացումն է: Երկրորդ օրինակը՝ հարստանալու դրական կերպն է, որով մարդիկ իրենց ունեցած հարստութենէն մաս եւ բաժին կը հանեն իրենց նմաններուն, օգնելով, կարեկցելով, բաժնելով բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին օգնութեան: Այդպիսիները, իրենց տալով ա՛լ աւելի կը հարստանան, որովհետեւ այդպիսիներուն Աստուած աւելիով կու տայ, քանի որ այդպիսիները Աստուծոյ նմանութիւնն է, որ կը փորձեն բերել աշխարհի վրայ: Աստուած, որ ամէն հարստութիւններու Թագաւորն է, առանց կարիք զգալու այս ամբողջ տիեզերքը ստեղծեց եւ զայն յանձնեց մարդու խնամքին որպէս ձրի պարգեւ, այսինքն կարիքը չունէր այդ ընելու, բայց Իր ունեցած սիրոյ պատճառով կատարեց: Նոյնն է այստեղ այն հարուստներուն պարագան, որոնք իրենց ունեցուածքէն մաս եւ բաժին կը հանեն իրենց նմաններուն, առանց որեւէ մէկ պարտադրանքի: Իսկ այդպիսիները՝ Հայրապետին որակումով, երկինքն է, որ կը մշակեն, որով կը շահին «Աստուծոյ բարեկամութիւնը», որովհետեւ իրենց աշխարհիկ հարստութիւնը ճիշդ կերպով կ՚օգտագործեն, մէկի տեղ՝ երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր շահելով:

Ամփոփելով, մեզի յանձնուած ամէն բան պէտք է օգտագործենք՝ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահելու եւ յաւիտենական յարկերէն ներս ընդունման տոմսը ապահովելու համար, այլ խօսքով մեզի ձրիաբար շնորհուած հարստութիւնը պէտք է մի միայն Աստուծոյ փառքին համար ծառայեցնենք, այսինքն՝ բարիք գործենք: Միւս կողմէ ալ, մարդ պէտք է միշտ հետամուտ ըլլայ հոգեւոր եւ բարոյական հարստութիւնները ձեռք ձգելու, որովհետեւ եթէ այդ հարստութիւնները ունի՝ նիւթական հարստութիւնը իրեն համար պարզապէս օրհնութիւն կը դառնայ:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018