ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ ԵՒ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2019 թուականին Լիբանանի տնտեսական տագնապի սրումէն ի վեր երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին՝ Ռիատ Սալամէիի անունը որպէս մեղաւոր դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։ Մինչ այդ, երկրի ելմտական համակարգի «մաէսթրօ», կառավարական գործարքներու եւ դրամափոխանակութեան վարպետ եւ Լիբանանի լիրայի թիւ մէկ հովանաւորը կը համարուի Սալամէ, որ հանդիսացաւ անբաղձալի տարր՝ մասնաւորապէս երկրի նախկին նախագահ զօրավար Միշել Աունի, Ժըպրան Պասիլի եւ անոնց համախոհներուն ու նուազ շեշտերով ալ քրիստոնեայ-ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Այս բոլորի կողքին նկատուեցաւ, որ ոչ բոլոր քաղաքական ուժերը կ՚ուզէին, որ Սալամէն դատուի, անոր դէմ մեղադրանքները քննուին ու աւարտին կա՛մ պատիժ ստանայ ու զրկուի իր բարձր պաշտօնէն եւ կամ ալ արդարացուի։ Այստեղ, անշուշտ, գոյութիւն ունի վարկած, թէ Սալամէն ո՛չ միայն ամերիկացիներու մարդն է, այլ երկար ժամանակ ապահոված է Լիբանանի «Հիզպուլլահ» կուսակցութեան դրամական հոսքերուն օրինականացումը։
Սալամէի մասին չփաստուած լուրերուն առընթեր երկրէն ներս տագնապը աւելիով կը սրէր, երբ Լիբանանի դրամատուները սկսած էին մերժել քաղաքացիներուն վերադարձնել տարիներու ընթացքին անոնց կուտակած աւանդները։ Գումարներ, որոնք միջին խաւի քաղաքացին կաթիլ առ կաթիլ յաջողած էր հաւաքել՝ ապահովելու համար իր թոշակառուի կեանքը։ Այս կէտին բացայայտ դարձաւ, թէ ինչ խաղի մէջ ինկած էին Լիբանանի դրամատուները, որոնք զանազան ճնշումներու ենթարկուելով, ստիպուած էին քաղաքացիներու պատկանող գումարները տրամադրել երկրի կառավարութեան, որ իր կարգին մտած էր գործարքներու եւ անհասկնալի գործառոյթներու մէջ, որոնք ծնունդ կու տային մեծ հարցականներու։
Այստեղ կը պարզուէր, թէ այս բոլորին առընթեր որքան պատասխանատու էր Ռիատ Սալամէն, որ խորքին մէջ կը համարուէր լիբանանեան լիրայի «աստուած պապան»։
Ան կառավարական համակարգ մտած էր շատ վաղ ու շնորհիւ իր անձին շուրջ ստեղծուած վստահութեան, կարողացած էր շահիլ Արաբական ծոցի երկիրներու բարեկամութիւնը ու դարձած էր նաեւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին ամենասերտ գործակիցներէն մին։
Ճիշդ է, որ իր պաշտօնին բերումով Սալամէ չունեցաւ քաղաքական յայտարարուած պատկանելիութիւն ու այդ մօտեցումը ան տարաւ մինչեւ վերջ հանրութեան լայն շրջանակներուն ներկայանալով՝ որպէս պետականամէտ կառավարիչ եւ Լիբանանի թղթադրամի թիւ մէկ տէրն ու պաշտպանը։ Բայց եկուր ու տես, որ այս դրոյթները մէկ գիշերուան մէջ իր դէմ շրջուեցան եւ Ֆրանսայէն սկսեալ մինչեւ Ինթերփոլը այսօր կը պահանջեն անոր գլուխը՝ զինք մեղադրելով որպէս գլխաւոր համակարգողը դրամալուացման մեծ գործարքներու, նաեւ կասկածելի գործունէութեան մը պատճառով, որուն տակ անպայման թաքնուած է քաղաքական երանգ։
Այստեղ կը ծագի հարց, թէ ի վերջոյ որո՞ւ կը ծառայէ Ռիատ Սալամէ երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական պառակտումը եւ տարակարծութիւնները իրավիճակը դարձուցած են գրեթէ անելանելի։
Այս հարցէն անդին, անշուշտ, գոյութիւն ունի այն վարկածը, որ Սալամէ կրնայ դառնալ ընդունելի քաւութեան նոխազ, որուն հետեւանքով ալ երկրի ելմտական պայքարները պիտի դադրեցուին ու Լիբանան պիտի անցնի բոլորովին նոր փուլ մը։
Բաց աստի, կ՚ըսուի նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ, բացի իր նիւթական մեծ աւանդներէն, Փարիզի կեդրոնին ու Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տիրացած յարկաբաժիններէն, Սալամէ տէրն է նաեւ երկրի տնտեսական շուկան մատներուն վրայ դարձնող «մոնոփոլ» համակարգին. համակարգ մը, որ իսկապէս անիշխանական դարձուց ամերիկեան տոլարի շուկան, որու հետեւանքով ալ լիբանանեան լիրան ինկաւ նահանջի խորխորատներուն մէջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ 1 ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանցիք կը վճարէին 1515 թղթոսկի, իսկ այսօր անոնք 1 ամերիկեան տոլար ունենալու համար պարտաւորուած են վճարել շուրջ 100 հազար լիրայի գումար. բան մը, որ աւելիով ծանրացուց անապահով խաւերու վիճակը ու ստեղծեց անորոշութեան շեշտերով առլցուն խոցելի ելմտական պատկեր մը։
Ի վերջոյ, ո՞վ է այսօրուան խաղին իսկական պատասխանատուն եւ արդեօք Ռիատ Սալամէի այդ նոյն խաղէն հեռացումով կամ պաշտօնավարման աւարտով (յառաջիկայ յուլիս ամսուան աւարտին) Լիբանան պիտի վերադառնա՞յ տնտեսական երբեմնի կայուն վիճակին։
Հարցումը բաւական բարդ է՝ մանաւանդ, որ երկրի տնտեսական հիմքերը եւ յատկապէս կառավարական ոլորտի դրամական կարողութիւնները կը գտնուին գրեթէ փլատակուած վիճակի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ երկրէն ներս ընկերային ցնցումները կրնան դառնալ անխուսափելի։
Հաշուի առնելով, որ Սալամէ ամէն գնով կը մերժէ մասնակցիլ Փարիզի ելմտական հարցերով դատարանին կողմէ իր դէմ բացուած դատավարութեան, աւելի քան յստակ է, որ քաղաքական ենթաշերտերով այս սուր պայքարին մէջ կապ ունին միջազգային մեծ խաղացողներ։
Անցեալին շատ կը խօսուէր, որ Սալամէ ամերիկեան խաղ մը յառաջ կը տանի։ Աւելի վերջ օրակարգի վրայ եկաւ, որ շնորհիւ իր ճարտարութեան, Սալամէ կարողացաւ «Հիզպուլլահ»ի շուրջ գործող դրամալուացման մեքենաներուն աշխատանքը օրինականացնել։ Իսկ երրորդ կարծիքն է, որ առկայ կացութեամբ Սալամէն պէտք է համարել թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ «Հիզպուլլահ»ի խաղադրոյքները հաւասար կերպով բաշխողը։
Մինչ Ֆրանսա-Ինթերփոլ եւ եւրոպական աւելի քան 15 տէրութիւններ կը պատրաստուին բերման հրամանագրեր հրապարակել Սալամէի դէմ, անդին ԱՄՆ-ն ու «Հիզպուլլահ»ը կը շարունակեն լուռ, բայց «ինքնավստահ» կերպով հետեւիլ զարգացումներուն։
Մարդ, որ իր գիտակցական կեանքի մեծագոյն տոկոսը անցուցած է Լիբանանի ելմտական մեծ խաղերը տնօրինելով ու երկրի տնտեսութիւնը մէկ խօսքով իր ափերուն մէջ պահելով, այսօր կրնայ բանատրկուիլ։ Եւ մարդ, որուն անունը հասած էր երկրի նախագահութեան սեմին, այսօր կը համարուի հալածեալ եւ մեղադրեալ Ինթերփոլի նման մեծ կառոյցի մը կողմէ։
Հարցադրումները շատ են, բայց հիմնական հարցումը կը շարունակէ մնալ այն, որ արդեօք «Ռիատ Սալամէի հարց»ի լուծումով պիտի փրկո՞ւի փոքրիկ Լիբանանը, կամ թէ պարզապէս քաղաքական արմատներով «Քաւութեան նոխազ մը եւս» խաղի մէկ արարն է, որ իր առուակներով պիտի թափի, «Լիբանանը ձախողած երկիր» անունով ներկայացող մեծ գետի ջուրերուն մէջ։
Աւարտին կարեւոր է շեշտադրել, որ Ռիատ Սալամէն ընդամէնը զոհ մըն է այն մեծ հասարակութեան, որ կը կոչուի «մեղաւոր իշխանութիւններ», որուն կարկառուն դէմքերը ո՛չ մէկ առիթով ապաշխարութեան մասին մտածած են, ո՛չ ալ կը պատրաստուին մտածել։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան