ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԻՆ

«Պզտիկ քա­ղաք մը ու մէջն ալ քիչ մարդ կար, եւ ա­նոր վրայ մեծ թա­գա­ւոր մը ե­կաւ ու զա­նի­կա պա­շա­րեց եւ ա­նոր դէմ մեծ պատ­նէշ­ներ շի­նեց։ Ու ա­նոր մէջ աղ­քատ ի­մաս­տուն մը գտնուե­ցաւ, եւ ա­նի­կա իր ի­մաս­տու­թիւ­նով քա­ղա­քը ա­զա­տեց, բայց այս աղ­քատ մար­դը բնաւ յի­շող մը չե­ղաւ» (Ժո­ղո­վո­ղի 9:14-15):

«Յի­շող մը չե­ղաւ»... բայց ո՞վ գի­տէ քա­նի­նե՛ր որ­դեգ­րե­ցին այդ ա­զա­տագ­րու­մը: Այդ­պէս է կա­նո­նը բնա­կան, դժբախ­տա­բար: Ա­հա թէ ո՛ւր է ա­պե­րախ­տու­թեան ար­մա­տը: Երբ ա­պե­րախ­տը խոս­տո­վա­նի, ինք­զինք վար­կա­բե­կած կ՚ըլ­լայ, իր ներ­քին «ես»ը չ՚ար­տօ­ներ այլ ար­ժէք՝ ի բացա­ռեալ իր­մէ: Կայ ինք ու միայն ինք, ու գոր­ծա­ծուած բա­ռե­րուն ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կ՚եր­թայ «ես» բա­ռին, թէեւ հո­լով­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին քե­րա­կա­նա­կան գիր­քե­րու մէջ, իբ­րեւ «դուն» եւ «ան»...։­

Ու­րիշ է ի հար­կէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, որ կ՚ը­սէ «ոչ թէ ես, այլ Ք­­րիս­տոս կ՚ապ­րի մէջս»:

Այ­սինքն՝ ինք գո­յու­թիւն չու­նի. պար­պը-ւած ինք իր­մէ որ­պէս­զի լե­ցուի Տի­րոջ­մով...։­

Այս­պէս հա­սուն եւ խո­նարհ­նե­րուն հա­մար այս է տե­սան­կիւ­նը: Հայ­տը­նի մէկ ֆիլ­մին մէջ, երբ Մե­սա­յեան նուա­գուե­ցաւ ու վեր­ջա­ւո­րու­թեան բուռն ծա­փող­ջիւն­նե- րով ժո­ղո­վուր­դը դէ­պի իր կող­մը կը նա­յէր, ինք՝ ցու­ցա­մա­տը դէ­պի վեր կ­­՚ուղ­ղէր, ը­սել ու­զե­լով ձե­ւով մը՝ «ոչ թէ ես, այլ վերն է... վե­րէն ե­կած է ներշն­չու­մը»: Մինչ­դեռ մար­դոց ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար «ես»ն է նա­խա­պա­տիւ. ար­դէն ա­մենէն շատ գոր­ծա­ծուած բառն է «լու­մա»յէն ա­ռաջ կամ՝ հա­ւա­սար ա­նոր...։­

Ինչ եւ է...։­

Իսկ ա­պե­րախ­տու­թիւ­նը հա­կա­ռակ բե­ւե­ռի կը պատ­կա­նի: Ինչ որ դրա­կան պա­տա­հած է, ինք է տէ­րը, հնա­րի­չը, ստեղ­ծի­չը...։

­Սա­կայն յստակ է, թէ մարդ ա­րա­րա­ծը կ­­՚ըն­թա­նայ իր սո­վո­րա­կան հու­նով ու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, իր կեն­դա­նա­կան նկա­րա­գիրին շղթա­նե­րով, հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րէ ի վեր. իսկ ե­թէ կան փո­փո­խու­թիւն­ներ, ա­ւե­լի ձե­ւա­կան են եւ փրփրա­յին, քան խոր­քա­յին, հա­կա­ռակ մարդ­կայ­նա­կա­նու­թիւն ջամ­բող բազ­մա­թիւ փի­լի­սո­փա­նե­րու, ըն­կե­րա­բան­նե­րու եւ կրօ­նա­կան­նե­րու շար­քին: Ա­նոնք կը մնան գիր­քե­րու մէջ...։­

Ու գործ­նա­կա­նը հե­տե­ւեալն է.-

Ես եմ որ կամ... ես եմ միա­կը ու լա­ւա­գոյ­նը...

Ու կա­րա­ւա­նը մարդ­կա­յին կը քա­լէ ու քա­լէ...

«Եւ յի­շող մը չե­ղաւ»:

Ա­հա, յի­շե­ցինք, ան­ծա­նօթ ար­ժա­նա­ւո­րը:

Փառք այդ­պի­սի­նե­րուն:
Ծա­նօթ­նե­րը ան­թիւ են ու ան­հա­մար: Կեց­ցէն ա­մէնն ալ:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016