ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐ ԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ ԴԱՐՁԱՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆ

Երբ անց­նող 28 Փետ­րուա­րին Ռու­սաս­տա­նի գե­րա­գոյն ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ո­րո­շում կ՚առ­նէր հե­ռաց­նե­լու իր «կա­րե­ւոր» հա­մա­րուած ու­ժե­րը Սու­րիա­յէն, բո­լո­րին կը թուէր, թէ պա­տե­րազ­մը մօ­տե­ցած է իր ա­ւար­տա­կան փու­լին:

Սա­կայն գետ­նի վրայ ե­ղած դէպ­քե­րը եւ Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը յօդս կը ցնդեց­նէին այդ տե­սա­կէ­տը:

Սիւն­նի աշ­խար­հին ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Ռիա­տի հո­վա­նին վա­յե­լող ու­ժե­րը, մտադ­-րած էին ա­մէն գնով ծանր հա­րուած տալ Պե­շար Է­սա­տի կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րուն՝ այս ան­գամ խա­ղին մէջ մտնե­լով Հա­լէ­պի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րու պա­տու­հա­նէն: Սու­րիոյ բա­նա­կը եւ ա­նոր կող­քին կռուող «Հիզ­պուլ­լահ»ը ծանր կո­րուստ­ներ կը կրէին Հա­լէ­պի մերձ ե­ղող «Ալ Իս» ա­ւա­նին մէջ: Մինչ «Ալ Ժա­զի­րա» կա­յա­նը կը խօ­սէր «Հիզ­պուլ­լահ»ի հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր ու­նե­նա­լու մա­սին, ան­դին «Հիզ­պուլ­լահ»ի ա­ռաջ­նորդ Հա­սան Նաս­րալ­լա 24 Յու­նի­սին պատ­կե­րասփ­ռուած ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին կը յայտ­նէր, թէ Յու­նիս ամսուան սկիզ­բէն ի վեր զո­հուած են կազ­մա­կեր­պու­թեան քսան­վեց զի­նեալ­ներ:

Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին մաս կը կազ­մէ նաեւ տե­ղե­կա­տուա­կան պայ­քա­րը եւ հա­կա­մար­տող կող­մե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը կը փոր­ձէ տե­ղե­կու­թիւն տալ, նկա­տի առ­նե­լով իր շա­հե­րը ու մա­նա­ւանդ այդ լրա­տուու­թեան ու­նե­նա­լիք ազ­դե­ցու­թիւ­նը գետ­նի վրայ գրան­ցուող դէպ­քե­րուն վրայ:

Նոյն ծի­րին մէջ պէտք է տե­ղադ­րել այս ան­գամ շիի մա­մու­լին եւ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած հա­ղոր­դում­նե­րը, ուր բա­ռա­ցիօ­րէն կ՚ը­սուի, թէ Յու­նիս ամ­սուան սկիզ­բէն ի վեր «չա­փա­ւո­րա­կան» ճանչ­ցուած խմբա­ւո­րում­նե­րու զո­հե­րուն թի­ւը գե­րա­զան­ցած է վեց հա­րիւ­րը:

Սու­րիան բզիկ-բզիկ ը­րած պա­տե­րազ­մը հա­սած է այն­պի­սի փուլ մը, որ դէպ­քե­րուն մա­սին ե­ղած լրա­տուու­թիւնն ան­գամ դրա­կան «շոք» ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուժ չու­նի:

 Ժը­նե­ւի ժո­ղով­նե­րը գրե­թէ դադ­րած են: Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի յա­տուկ բա­նագ­նաց Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րան «յոգ­նու­թեան» նշան­ներ ցոյց կու տայ եւ բա­նակ­ցու­թեան ճամ­բով դրա­կան տե­ղա­շարժ կա­տա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այս հանգ­րուա­նին չքա­ցած են:

Երբ կը լռէ բա­նակ­ցու­թեան լե­զուն, խօս­քը, դար­ձեալ ա­ռիթ կը տրուի թնդա­նօ­թին: Ու այս պրիս­մա­կէն դի­տե­լով կա­րե­լի է տես­նել, որ յա­ռա­ջի­կայ զի­նուո­րա­կան հիմ­նա­կան ճա­կա­տա­մար­տը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­լէ­պի մէջ:

Ի­րա­նի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կով Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ֆո­նին վրայ ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւն դար­ձած «Հիզ­պուլ­լահ»ն այս «ա­ւե­տիս»ը կը փո­խան­ցէ: Ա­նոր ա­ռաջ­նորդ Հա­սան Նաս­րալ­լան բա­ցէ ի բաց կը յայ­տա­րա­րէ, որ Հա­լէ­պի պա­տե­րազ­մը պի­տի ըլ­լայ կա­րե­ւո­րա­գոյն մարտ մը, որ պի­տի պսա­կուի ի­րենց կող­մի (Սու­րիոյ բա­նակ, «Հիզ­պուլ­լահ», ի­րա­նեան ջո­կատ­ներ) ան­յե­տաձ­գե­լի յաղ­թա­նա­կով: Ա­նոր հա­մար Հա­լէ­պի մէջ սկիզբ առ­նե­լիք պայ­քա­րը «մահ ու կե­նաց» պայ­քար է եւ իր կար­ծի­քով՝ Ռիատ եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պի­տի փոր­ձեն ա­մէն գնով տե­ղա­շարժ մը ը­նել Հա­լէ­պի մէջ:

Խօ­սե­լով ընդ­դի­մու­թեան մա­սին՝ պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ հա­կա­ռակ իր կրած ծանր հա­րուած­նե­րուն, Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թիւ­նը տա­կա­ւին հե­ռու է «տար­րա­լու­ծուե­լէ»: Հա­կա­ռակ «Ժայշ Ալ Իս­լամ»ի, «Ահ­րար Ալ Շամ»ի եւ «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած ներ­քին բա­խում­նե­րուն եւ դա­ւե­րուն, ընդ­դի­մու­թեան ջո­կատ­ներ կը շա­րու­նա­կեն ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի շուրջ:

Ինչ խօսք, որ հա­յու­թեան հա­մար եւս Հա­լէ­պը իր խորհր­դան­շա­կան դիրքն ու ի­մաս­տը ու­նի: Գաղտ­նիք ալ չէ, որ այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով Հա­լէ­պի մէջ մնա­ցած է ա­մե­նա­շա­տը ութ հա­զար հա­շուող հա­մայնք մը: Հոն գտնուող­նե­րէն շա­տեր անց­նող Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած ծանր հրթի­ռար­ձա­կում­նե­րէն ետք ու յոգ­նե­լով պա­տե­րազ­մի ծանր դրու­թե­նէն կը փոր­ձեն վերջ­նա­կա­նա­պէս լքել Հա­լէ­պը: Քիչ չէ թի­ւը այն հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնք ծանր պայ­ման­նե­րուն առ­ջեւ տե­ղի տա­լով եւ չու­զե­լով վերջ­նա­կա­նա­պէս լքել Հա­լէ­պը, ո­րո­շած են տե­ղա­փո­խուիլ Քե­սապ: Քե­սապ հաս­տա­տուած հա­լէ­պա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի քսա­նի: Կան նաեւ ու­րիշ­ներ, ո­րոնք նոյն­պէս հա­ւա­տա­լով Հա­լէ­պի մէջ ի­րադ­րու­թեան կա­յու­նաց­ման կամ առ­նուազն յոյս ու­նե­նե­լով, որ զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի դադ­րին, տե­ղա­փո­խուած են ծո­վե­զե­րեայ Թար­թուս քա­ղա­քը եւ նոյ­նիսկ ա­նոր շուրջ ե­ղող ա­ւան­ներ. օ­րի­նակ՝ «Մաշ­թալ Հը­լու» ա­ւա­նը: Հոն հաս­տա­տուած հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն թի­ւը կը հաս­նի հա­րիւրք­սա­նի (Թար­թուս եւ Մաշ­թալ Հը­լու միա­սին): Սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար այլ վէրք է հե­ռա­ւոր ա­փեր գաղ­թե­լու ե­րե­ւոյ­թը: Մինչ ան­ցեալ ա­միս­նե­րուն մեծ թի­ւով սու­րիա­հա­յեր կը գաղ­թէին դէ­պի Գա­նա­տա, այս օ­րե­րուն ա­նոնց կի­զա­կէ­տը դար­ձած է Աւստ­րա­լիան: Մե­ծա­թիւ հա­լէ­պա­հա­յեր ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պար­հով կը մեկ­նին Պէյ­րութ ու տեղ­ւոյն ՄԱԿ-ի փախս­տա­կան­նե­րու գրա­սե­նեա­կը դի­մե­լով կը ստա­նան հա­մա­պա­տաս­խան փաս­տա­թուղ­թեր: Ա­պա ա­նոնք կը դի­մեն Պէյ­րու­թի Աւստ­րա­լիոյ դես­պա­նա­տուն եւ կը սպա­սեն ի­րենց հեր­թին... Հա­լէ­պէն ստա­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հիմ­քով Աւստ­րա­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է մին­չեւ տա­րե­վերջ ըն­դու­նիլ եր­կու հա­զար փախս­տա­կան­ներ ու այդ գաղ­թա­կան­նե­րու մե­ծա­գոյն տո­կո­սը պէտք է ըլ­լան ան­դամ Սու­րիոյ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն, ո­րոնց­մէ են նաեւ հա­յե­րը:

Ե­թէ դէպ­քե­րը այս հու­նով ըն­թա­նան, ա­պա շատ հա­ւա­նա­կան է, որ յա­ռա­ջի­կայ մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին Հա­լէ­պի հա­յու­թեան մնա­ցած մասն ալ հե­ռա­նայ գա­ղու­թէն:

Տար­բեր ամ­պիոն­նե­րու ու մա­կար­դակ­նե­րու մտա­հո­գու­թեան ա­ռանցք հան­դի­սա­ցող հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը տար­բեր ձե­ւե­րով պի­տի «տար­րա­լու­ծուի» այլ գա­ղութ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Այս վի­ճա­կը պէտք չէ տե­ղադ­րել ժխտա­կան ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նի մը մէջ, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ Հա­լէ­պի հա­յու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ դժուար թէ ու­նե­նայ իր եր­բեմ­նի «փառ­քի օ­րեր»ը:

Այս ի­րադ­րու­թեան առ­ջեւ պա­տաս­խա­նա­տու են բո­լո­րը, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն հինգ տա­րիէ ի վեր ա­րիւ­նա­հո­սուող այս գա­ղու­թին հա­մար ի­րա­տե­սա­կան եւ ան­կեղծ ծրա­գիր­ներ չե­ղան:

Քննա­դա­տու­թիւն ը­նե­լու կամ ե­ղած բաց­թո­ղում­նե­րը պա­խա­րա­կե­լը բան չեն փո­խեր ի­րադ­րու­թե­նէն:

Այ­սօր ամ­բողջ գա­ղութ մը կը տե­ղա­հա­նուի ու ա­տոր դի­մաց, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր մեղ­քի բա­ժի­նը:

Ճիշդ է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը ան­կա­սե­լի է ու ճշմա­րիտ է նաեւ, որ մենք իբ­րեւ հա­յու­թիւն այդ պա­տե­րազ­մին դի­մաց գործ­նա­կան քայ­լեր առ­նե­լու ու­ժա­կան գոր­ծօն­ներ չու­նինք: Բայց այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ հա­յու­թիւ­նը իր տար­բեր խա­ւե­րով կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նէր այդ գա­ղու­թը դէ­պի Հա­յաս­տան տար­հա­նե­լու: Թե­րեւս ստեղ­ծե­լով առ­ժա­մեայ բնա­կու­թեան վայ­րեր ու սպա­սե­լով, որ տագ­նա­պը ձե­ւով մը փա­րա­տի:

Բայց չե­ղաւ այդ մէ­կը:

Ու այ­սօր այդ բո­լո­րին դի­մաց սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, որ­պէս գաղ­թա­կան դար­ձած գա­ղութ կ՚ապ­րի իր կեան­քի ա­մե­նէն դա­ժան օ­րե­րը:

Տխուր եւ մութ պատ­մու­թիւն­ներ կը հիւ­սուին մեր շուրջ: Մեծ ու վտան­գա­ւոր ա­լիք­նե­րէն փրկուած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ա­փէ-ափ կը զար­նուին եւ թա­խի­ծով կը գրեն ի­րենց նոր կեն­սագ­րու­թեան դա­ժա­նա­գոյն է­ջե­րը:

Ճշմար­տու­թիւն է նաեւ, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը Հա­լէ­պի, Դա­մաս­կո­սի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ գրե­թէ հա­րիւր տա­րիէ ի վեր ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար «մահ ու կե­նաց» պա­տե­րազմ մը չե­ղաւ: Այս խնդի­րը լուրջ վեր­լուծ­ման ար­ժա­նի է, ո­րով­հե­տեւ սու­րիա­հա­յու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը նա­խընտ­րեց թո­ղել ա­մէն ինչ եւ յա­նուն իր կեան­քի փրկու­թեան հե­ռա­նալ այդ քա­ղաք­նե­րէն:

Ոչ ոք այ­պա­նե­լի է:

Սու­րիոյ մէջ ե­ղող պա­տե­րազ­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­տե­րազ­մը չէ ու այս խօս­քին գլխա­ւոր ա­պա­ցոյ­ցը, ոչ թէ խօ­սուած ճա­ռերն ու քա­րոզ­ներն են, այլ շուրջ քա­ռա­սուն-յի­սուն հա­զար հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր գաղ­թա­կա­նի դժուար կեանք կը վա­րեն տար­բեր եր­կինք­նե­րու տակ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016