ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐՍԷԼԸ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐԷ ԶՈՒՐԿ ՇՐՋԱՆ ԴԱՐՁԱՒ. ԵՂԱԾԸ ԱՐՏԱՔԻՆ «ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ»Ի ՄԸ ԱՐԴԻՒՆՔՆ Է
«Ալ Նուսրա» ճակատը, անցեալ տարուան Օգոստոսին ազատ կ՚արձակէր լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի հինգ զինեալներ, որոնք գերեվարուած էին Սուրիոյ մէջ: Անոնց ազատ արձակումը կը կատարուէր նախօրօք եղած համաձայնութեամբ, որուն գլխաւոր կէտերէն մին էր «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համակիրներուն Արսէլէն տարհանումը դէպի Իտլիպ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս սիւնակի ընթերցողները լաւ գիտեն, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանային հատուածին մերձակայ Արսէլ աւանը դարձած էր ահաբեկչական խմբաւորումներու «բոյն»: Լիբանանի ընդհանուր անվտանգութեան սպառնացող ԻՇԻՊ-ի եւ «Ալ Նուսրա» ճակատի հարիւրաւոր զինեալներ (զինեալներէն առաջ ու անոնց զուգահեռ Արսէլ աւանի կեդրոնական գօտիին մէջ բնակութիւն կը հաստատէին հազարաւոր սուրիացի փախստականներ, որոնց մեծամասնութիւնը բնականաբար կը պատկանէին սիւննի համայնքին, ու դէմ ըլլալով սուրիական վարչակարգին, հեռացած էին երկրէն) «կը դիրքաւորուէին» բաւական դժուարանցանելի ու գրեթէ «անառիկ» լեռնային հատուածներուն մէջ: Անոնց դիրքը կը համարուէր նպատակայարմար, որպէսզի կարողանային կապ հաստատել Սուրիոյ տարածքներուն մէջ կռուող իրենց «գաղափարակից» միւս խմբաւորումներուն հետ:
Բացի այս տուեալներէն, նոյն այդ խմբաւորումները բաւական լուրջ ընդհանուրմներ կ՚ունենային լիբանանեան բանակի ստորաբաժանումներուն հետ, նոյնիսկ կը փորձէին լիբանանցի զինուորներ գերեվարելով՝ նոր «խաղաքարտ» մը աւելցնել տեղի ունեցող ընդհանուր զարգացումներուն վրայ: Զինեալները իրենց արարքներով եւ գործելաոճով կը դառնային իրական պատուհաս։ Լիբանանի վերջին երեք տարիներու ընդհանուր օրագրութեան հետեւող ոեւէ վերլուծաբանի համար աւելի քան պարզ է, թէ մայրաքաղաք Պէյրութի տարբեր շրջաններու մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումներուն հրահանգները ուղղակի կը տրուէին Արսէլի բարձունքներուն վրայ եղող «Ալ Նուսրա» եւ ԻՇԻՊ-ի ղեկավարներուն կողմէ։
Շուրջ տասն օր տեւած մարտերէն յետոյ «Հիզպուլլահ» կ՚արձանագրէր «յաղթանակ» մը եւ Արսէլ շրջանը ամբողջութեամբ կը ձերբազատաուէր ահաբեկիչ տարրերէն: Ճիշդ է, որ տեղի ունեցածը դրական նոր էջ մը կը բանար Լիբանանին համար, բայց նոյնիսկ այս պարգային երկրի ներքին քաղաքական տեսարանին վրայ աւելի քան յստակ կը դառնար, որ «Հիզպուլլահ»ի շահած «յաղթանակ»ը, եթէ տիրական իմաստ կը ստանար ահաբեկիչներուն շրջանէն ընդմիշտ հեռացումով, սակայն նոյն այդ յաղթանակը բաւարար ներուժ չունէր երկիրն ու յատկապէս քաղաքական կողմերը միաւորելու:
«Հիզպուլլահ»ի դէմ առկայ դժգոհութիւնը կապուած է ոչ միայն վերջինիս Սուրիոյ պատերազմին մասնկացութեամբ, որուն դէմ են Լիբանանի սիւննի համայնքի ղեկավարները, այլ նաեւ շիի կազմակերպութեան յատկապէս վերջին տարիներուն ներկայացուցած ուժն ու ռազմավարութիւնը տարբեր գործօններու բերումով որոշ ուժերու կողմէ կը համարուի «ներքին սպառնալիք»: Թէ ինչքանով ճիշդ է այդ հաշուարկը, ցարդ յստակ չէ։ Սակայն բացայայտ է, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ եղած «Հիզպուլլահ»ի դէմ հանդէս եղող կողմերուն քաղաքական արեւելումները տեղ մը իրար կը համընկնին Արեւմուտքի ու յատկապէս ԱՄՆ-ի Թել Աւիւի ունեցած ըմբռնումներուն հետ: «Հիզպուլլահ» կը հանդիսանայ հատման գիծ մը, մէկ կողմէ այն ուժերուն, որոնք իրենք զիրենք մօտ կը զգան Դամասկոս-Թեհրան-Մոսկուա առանցքին եւ միւս կողմէ անոնց, որոնք լուռ եւ ոչ բացայայտ մօտեցում մը ունին հանդէպ Ռիատի, Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի: Բաւական բարդ եւ բաւական վտանգաւոր համարուած այս բաժանումի ընդհանուր կանոնները «կը կառավարուին» արտաքին ազդեցիկ ուժերուն կողմէ սահմանուած «կարմիր գիծեր»ով ու այդ «կանոններու»ն շնորհիւ է նաեւ, որ Լիբանան կը շարունակէ պահպանել իր ներքին կայունութիւնը:
Ամէն պարագայի շատ յստակ է, որ Արսէլի դէպքերը եւ այդ շրջանին մէջ «Հիզպուլլահ»ի արձանագրած յաղթանակը կը համարուի այդ գծուած «կարմիր գիծեր»ու խախտման կարեւոր առիթ մը: Բնականաբար եղած դէպքերը պատահական չեն ու «Ալ Նուսրա»ի այդ շրջանէն հեռանալու փաստը կապ ունի նաեւ արտաքին տարբեր գործօններու հասունացումով։ Այդ գործօններու ամենէն հիմնական տնօրինողներէն են Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Անգարան: Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտական գործողութիւնները եւ յատկապէս վերջին ամիսներուն երեւան եկած փոխհամաձայնութեան ընդհանուր մթնոլորտը կապ ունի Համպուրկի մէջ կայացած «G20» ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած Թրամփ-Փութին անդրանիկ հանդիպման հետ, որուն գլխաւոր, եթէ ոչ գլխաւորագոյն նիւթը Սուրիոյ տագնապն էր: Յստակ է նաեւ, որ այսօր Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներն ու փոխհամաձայնութիւնները անմիջական կապ ունին այդ ժողովին առնուած որոշումներուն հետ, որոնք սկսած են դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով իրականութիւն դառնալ:
Հետեւաբար պէտք է նկատել նաեւ, որ «Ալ Նուսրա»ին Լիբանանէն հեռանալու դէպքը անմիջական կապ ունի այդ ժողովէն ետք ընթացք առած քուլիսային հանդիպումներուն հետ, որոնց կապակցութեամբ կարեւոր դեր ունի Անգարան, որուն վերապահութիւնները եւ նոյնիսկ «Ալ Նուսրա»ի ղեկավար Ապու Մալլէք Ալ Թալլիին քաղաքական ապաստան չտալու որոշումը բացարձակ նշան է, որ «Ալ Նուսրա»ն նօսրացնելու դիպուածը միայն «Հիզպուլլահ»ին պատկանող «ձեռքբերում» մը չէ:
Թէ ի՛նչ խորութեամբ կամ ինչ հաշուարկներով տեղի ունեցան այս դէպքերը, դեռ վաղ է սահմանել կամ վերլուծել, սակայն շատ յստակ է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացք առած է նոր գործընթաց մը, որուն «հաւանական» պտուղները տեսանելի կրնան ըլլալ յառաջիկայ ամիսներուն:
Այս հատուածը աւարտելով եւ վերադառնալով ներլիբանանեան տարակարծութիւններուն, պէտք է անպայման շեշտադրել Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի ընդհանուր կեցուածքները։ Ան հակառակ երկրի պետութեան ու պետական մարմիններուն անփոխարինելիութեան մասին շեշտեր կը բարձրաձայնէր, բայց եւ այնպէս «Ալ Նուսրա»ի տարհանումը, հետեւաբար «Հիզպուլլահ»ի տարած «յաղթանակ»ը կը համարէր մեծ իրագործում մը:
Հակառակ այս «յառաջացած» կեցուածքին, շատ բնական է, որ Լիբանանի մէջ լսելի ըլլան «Հիզպուլլահ»ի ու անոր դիրքորոշման կամ կերտած իրագործումներուն դէմ վերապահութեամբ արտայայտուող կողմեր: Ճիշդ է, որ այդ կողմերուն ամենէն ծայրայեղ համարուող ձայները կը պատկանին քրիստոնէական թեւին, սակայն այդ կողմերը գետնի վրայ ազդեցութիւն մը գործելու ուժը եւ կամքը չունին: Յստակ է նաեւ, որ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի «նարնջագոյն» (նարնջագոյնը՝ Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք»ի դրօշին գոյնն է) կուսակցութիւնը իր ամբողջական հաւարատմութիւնը յայտնած է «Հիզպուլլահ»ին ու այդ արարքով է նաեւ, որ շիի-քրիստոնեայ համաձայնութեան մը հիմքերով այս երկու կարեւոր կողմերը յաջողած են ստեղծել քաղաքական եւ ռազմավարական հիմքերով զօրեղ եւ անբեկանելի դաշինք մը, որ այս պահուն կը համարուի երկրի ամենաշատ տարածում ունեցող քաղաքական դաշինքը:
Դաշինք մը, որուն երկու առաջնորդները՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլա ու երկրի նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն կարեւոր եւ անփոխարինելի ներկայութիւն են։ Անոնց շնորհիւ է նաեւ, որ Լիբանանի երկու կարեւոր համայնքներու մեծամասնութիւնը կազմող այդ ուժերը այսօր կը հանդիսանան երկրի քաղաքական օրակարգը ձեւաւորող առանցքային ուժեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան