ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՄՈՒԼՍԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

Անցեալ տարի այս օրերուն էր մօտաւորապէս, երբ ստիպուած եղայ սովորական յօդուածաշարքս ընդհատել եւ ընթերցողները իրազեկել Հայաստանի Ջերմուկ քաղաքի մօտ գտնուող Ամուլսար լերան շուրջ ընթացող զարգացումներուն մասին։

Տարիներ առաջ, դեռ նախորդ իշխանութիւններու օրօք, այդ լեռը փորել-քանդելու եւ տակը գտնուող ոսկին արտահանելու թոյլտուութիւն ստացած էր միջազգային ընկերութիւն մը՝ «Լիտիան Ինթըրնէյշընըլ» անունով։ Խնդիրը սակայն նոր շարժ ստացեր էր 2018-ի ապրիլ-մայիսին իրագործուած ժողովրդային ընդվզումէն եւ իշխանափոխութենէն ետք, երբ մօտակայ Ջերմուկ քաղաքի եւ Գնդեվազ գիւղի բնակիչները, օգտուելով քաղաքական փոփոխութեան առիթէն, փակած էին սար տանող ճամբաները եւ խոչընդոտած՝ շինարարական աշխատանքներու յառաջխաղացումը, խնդրելով նոր կառավարութենէն չեղարկել «Լիտիան»ին տրուած թոյլտուութիւնը եւ դադարեցնել հանքի շահագործումը։ Կարեւոր հանգամանք է այստեղ այն, որ նախորդ կառավարութիւնները օտարերկրեայ ընկերութեան հանքափորութեամբ զբաղելու իրաւունքը տուած էին անտեսելով Ջերմուկ քաղաքի բնակիչներու կարծիքը. զանոնք տարիներ շարունակ չէին ներառած «ազդակիր համայնք»ներու ցանկին մէջ, եւ նոյնիսկ ի վերջոյ ներառելէ ետք՝ չէին կազմակերպած հանրային քննարկումներ լսելու եւ նկատի առնելու համար անոնց կարծիքը։ Մինչդեռ ամենէն շատ վնասը կրողը իրենք եւ իրենց առողջարանային քաղաքը պիտի ըլլան։

Ամիսներ ետք, սակայն, կառավարութիւնը ետ կանգնած էր իր խոստումէն առ այն, որ բնապահպանական հնարաւոր վտանգներու բացայայտման պարագային՝ չեղեալ պիտի համարէ ընկերութեան տրուած իրաւունքը։ Ի պատասխան նոր կառավարութեան հանքը շահագործելու որոշման, ոտքի ելած էր հանրութեան իրաւատէր եւ աշխոյժ մէկ զանգուածը, կանգնած էր ջերմուկցիներու կողքին, եւ այդպիսով ձախողեցուցած հանքը բանալու ծրագիրը։ Այդ ամէնը ինծի ստիպած էր, որ գրեմ ու իրազեկեմ։ Իսկ հիմա, տարի մը անց, ինչո՞ւ դարձեալ կը գրեմ։

Այդ օրէն ի վեր հարցը մնացած էր առկախուած։ Ջերմուկցիները ամբողջ յաւելեալ տարի մը իրենց գործերն ու հանգիստը ձգած, փուշի վրայ նստած կը շարունակէին իրենց իրաւունքներու եւ մաքուր միջավայրի տէր կանգնիլ, սարը շրջափակած պահելով։ Կառավարութիւնը մինակ թողած էր զիրենք, փոխանակ տէր կանգնելու անոնց իրաւունքներուն։ Նոյնիսկ յատուկ անտեսած էր ընկերութեան տրուած թոյլտուութիւնը չեղեալ համարելու շարք մը հնարաւորութիւնները։ Այդ ընթացքին, ընկերութիւնը սնանկացած, յետոյ վերջերս վերաձեւակերպուած էր։ Նոր տէրերու անցնելէ ետք, այս անցնող յունիս 30-էն սկսեալ ընկերութիւնը անցաւ նոր յարձակողականի։ Նախ անակնկալ ձեւով տարածք ուղարկեց նոր ապահովական ընկերութիւն մը, որ չափազանց ռազմականացած ձեւով եւ կոպիտ բրտութեամբ, հրազէններով եւ մահակներով զինուած, ներխուժեց տարածք, սարսափ սփռելու եւ Ամուլսարի պահապաններուն ճնշելու ակնյայտ փորձով։ Օրեր անց, «Լիտիան»ի վարձած մէկ այլ ընկերութեան աշխատողներ ֆիզիքական յարձակում իրագործեցին պահապաններէն ոմանց վրայ։ Վերջապէս, օգոստոս 4-ի գիշերուայ ընթացքին, «Լիտիան»ի վարձած անվտանգութեան ընկերութիւնը հեռացուց Ամուլսարի պահապաններու դիրք-տնակներէն գլխաւորը, փոխարէնը զետեղելով իրը, այդ ալ համայնքային սեփականութիւն հանդիսացող հողի վրայ, այսինքն ապօրինաբար։ Ասոր ի տես՝ յորդեցաւ Ամուլսարի պահապաններու համբերութեան բաժակը, եւ կոչ ըրին անոնք հանրութեան՝ երթալու Ամուլսար եւ մասնակցելու բողոքի ցոյցերուն։ Մինչ այդ, բոլոր այս զարգացումներուն ի տես, կառավարող ուժը կը պահէր քար լռութիւն, յանցաւոր անգործութիւն։ Օգոստոս 4-ին, 5-ին եւ 6-ին տեղի ունեցան ցոյցեր. ոստիկանական ուժերու կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ բռնութիւն, ձերբակալութիւններ։

Այս իրավիճակին ի տես, օգոստոս 6-ին, մայրաքաղաք Երեւանի մէջ եւս տեղի ունեցան զօրակցական եւ բողոքի դրսեւորումներ, որոնք սակայն եկան բախելու կառավարութեան կոպիտ եւ հակաիրաւական միջամտութիւններուն։ Տխուր համոզումս այն է, որ կառավարող ուժը ինքն իրեն արտօնեց ոստիկանութիւնը օգտագործել որպես Ամուլսարի փրկութեան համար պայքարը ճնշելու գործիք։ Եղածը լիովին կարելի է բնութագրել որպէս քաղաքական ճնշում։

Կառավարական շէնքի դիմաց ընդամէնը 5-10 հոգիանոց խաղաղ եւ հակահամաճարակային բոլոր զգուշութիւնները պահող ցոյցը առաջին պահէն ու շատ արագ ցրելու հրահանգ կար ակնյայտօրէն։ Մարդիկը ձերբակալեցին, նոյնիսկ երբ սկսած էին հեռանալ վայրէն. ոստիկանութեան պատճառաբանութիւնը այն էր, թէ հաւաք կազմակերպելով կը խախտուէր համաճարակային պայմաններու մէջ հաւաքներու արգելքի կառավարական որոշումը։ Մինչդեռ եղածը ո՛չ թէ հաւաք էր, այլ ընդամէնը մի քանի անկախ մարդու իրարմէ մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնելու եւ խորհրդանշական կերպով բողոքի պատգամ փոխանցելու փորձ։ Իսկ մէկ շաբաթ առաջ ճիշդ նոյն վայրին մէջ «Լիտիան»ի աշխատակիցները ցոյց կազմակերպած էին, եւ այդ մէկը անցած էր անխափան, առնուազն 40 վայրկեան տեւողութեամբ, առանց որեւէ ոստիկանական միջամտութեան։ Ո՞ւր էր «օրէնքը»։

Մօտ մէկ ժամ անց, դարձեալ շատ արագ ձերբակալուեցան յանուն Ամուլսարի կազմակերպուած հեծանիւային երթի մասնակիցները, այնպէս մը, որ թոյլ չտրուի, որ կայանայ հանրութեան ոչ մէկ վտանգ ներկայացնող միջոցառումը։ Կրնա՞ք պատկերացնել. ընկերական խումբով հեծանիւով պտտիլը ընդունելի է, երբեք ալ արգիլուած չէ եղած այս օրերուն, բայց եթէ Ամուլսարի նիւթով է, ապա ուրեմն «արգիլուած հաւաք» է։ Աւելի՛ն, հեծանիւներն իսկ առգրաւուեցան. ա՛լ աւելին, ոստիկանութիւն տարուեցաւ հեծանիւներու «ձերբակալումը» նկարահանող քաղաքացի մը։

Այս բոլորի պատգամը մէկ էր կարծես. Ամուլսարի գծով ձայն չհանէ՛ք, չշարժի՛ք։ Գործիքը՝ ոստիկանութիւնը. հրահանգողը՝ բնականաբար կառավարութիւնը. պատճառը՝ հանրային դիմադրութենէն վախը։ Հաւաքներու արգելքի որոշումը, այսպէս, իր բացայայտ ընտրողական կիրառումով, ցաւալիօրէն կ՚օգտագործուի որպէս քաղաքական ճնշման գործիք։ Դեռ չխօսինք ինքնին օրէնքի անհեթեթութեան մասին. սրճարանի մէջ 10 հոգիով քիթ-քիթի նստիլը հաւաք չէ, ընդունելի է, բայց կառավարութեան շէնքի դիմաց 10 հոգիով իրարմէ հեռու կանգնիլը՝ աններելի մե՞ղք։ Ամենացաւալին այն է, որ այս հակաիրաւական գործընթացը կ՚իրականացուի այն մարդոց կողմէ, որոնք իշխանութեան հասած են նախկին փտած կառավարութիւններու կողմէ այսպիսի արատաւոր երեւոյթներու դէմ պայքարի ճամբով։

Յանուն Ամուլսարի փրկութեան պայքարը պիտի շարունակուի։ Հանրային ճնշման որպէս արդիւնք, այսօր «Լիտիան» ընկերութեան ապօրինաբար տեղադրած տնակները տեղափոխուեցան ներս՝ իրենց տարածք։ Հարցը չէ լուծուած սակայն, ու կը մնայ յուսալ, որ կառավարութիւնը շուտ կը գիտակցի իր բռնած ճամբու սխալականութեան, կը կանգնի իրաւազուրկ ջերմուկցիներու եւ Հայաստանի բնութեան, առողջութեան ու շահոյթ հետապնդող արտաքին ընկերութիւններու հանդէպ արժանապատիւ ինքնիշխանութեան գաղափարի կողքին։ Հակառակ պարագային, դարձեալ պիտի փրկուի Ամուլսարը, բայց յաւելեալ կորուստներով, որոնցմէ ամենասուղը հաւանաբար ժողովուրդ-կառավարութիւն ճեղքի լայնացումը ըլլայ։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Օգոստոս 7, Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020