ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 1 - ԴԷՊԻ ՆՈՐՔ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆՍ
Երկրորդ Մասիւէն Նորք Մարաշ պիտի երթամ, ամմօ Կայծակենց տունը, որուն մասին ոչ այստեղ, բայց անպայմա՛ն պիտի գրեմ։ Միակ ձեւը երթալու, որ կրնամ գլուխ հանել «տաքսի» առնելն է։
Եւ «տաքսի» մը կեցաւ։
-Նորք, եթէ կարելի է։
-Կարելի է, բայց Նորք ո՞րտեղ։
-Նորք հասնինք՝ ցոյց կու տամ։ Փողոցի անուն եւ այլն չեմ գիտեր։
-Ո՞ր ճանապարհով գնամ։
-Ինչո՞ւ, քանի՞ ճանապարհ կայ։
-Դէ լաւ, Քէասարով գնանք։
-Ինծի համար միեւնոյնն է, Քէասարով երթանք։
Ես ի՞նչ գիտնամ Քէասարը ճամբու անուն չէ, կամ ի՞նչ ճամբայ է։ Սովետական անուն մը կարծեցի։
Եւ Քէասարով ինքնաշարժը ճամբայ ելաւ…
Ժամը կէսօրէ ետք հինգի շուրջն էր, բայց որովհետեւ ձմեռ էր, արդէն մթննալ սկսած էր։ Յետոյ հայրենիքիս մէջ եմ՝ պաշտած Հայաստանիս, մութ թէ լոյս ինչ կարեւոր է։
Բայց… Տէր Աստուած մեր ինքնաշարժէն զատ ոչ միայն ուրիշ ինքնաշարժ չեմ տեսներ, այլեւ ճամբան ճամբայ չէ, քարքարոտ, ասֆալտ չկայ։ Ոչ մէկ կենդանի շունչ, եթէ մարդը դնէ մորթէ զիս՝ շուն մը անգամ չկայ, որ հաչէ։
Վախը ինկաւ փորս…
-Ներողութիւն վարպետ, այս Քէասարը ի՞նչ ճամբայ է…
-Բա չես տեսնում ճամբայ է, ո՛չ լեռ է ոչ ալ գետ…
-Կը տեսնեմ, բայց շատ ամայի է…
Պատուախնդիր վարորդը ինքնաշարժը կանգնեցուց, դարձաւ ինծի, ես սկսայ միտքէս «Հայր մեր»ը ըսել…
-Չես ամաչում, հօրդ չափ մարդ եմ, ծուռ մտքե՞ր ունես…
Թող իմ միտքս ծուռ ըլլար, միայն ինք ինծի շիտակ ամմօ Կայծակենց տունը հասցնէր…
Երկրորդ Մասիւի հանրակացարաններուն դիմացի կանգառը կեցած եմ։ Կեդրոն պիտի իջնեմ, հանրակառքը կը սպասեմ։
Եղբայրս Ամերիկա կ՚ուսանէր, հագուստներս՝ գլխարկով, պայուսակով, կօշիկով ամբողջ ինք կը բերէր։ Ճերմակ շատ գեղեցիկ հագուստ մըն էր հագածս, մէջքին կապոյտ շալ կապուած, կապոյտ կօշիկ, կապոյտ պայուսակ, կապոյտով ճերմակ գլխարկ, ես ալ քսան տարեկան։
Ետեւս երիտասարդ մը քիթին տակէն բաներ մը կը խօսի։ Երթալով ձայնը բարձրացաւ, յետոյ անդրադարձայ, որ խօսքերը ինծի ուղղուած են։
-Էս որտեղից ես եկել հեքիաթի աղջիկ…
-………
-Կարո՞ղ ա լեզու չունէք…
-………
-Ինչի՞ էք էդքան ձեւեր թափում…
Լուռ կեցած եմ, նոյնիսկ ետեւ չեմ դառնար։
Ալ յուսահատ երիտասարդը մօտեցաւ մէջքիս կապած շալը ցոյց տալով.
-Քուրօ ճան, կարո՞ղ ա մէջքդ ա ցաւում, դրա համար լեզուդ կապ ա ընկած…
-………
-Չէ՜, երեւի լեզուդ ա ցաւում՝ մէջքդ ես կապած…
Երուսաղէմ հազուադէպ ձիւն կու գայ։ Իսկ երբ գայ՝ դպրոցները կը փակուին, ճամբաները կը փակուին, կեանքը իր սովորականէն կը շեղի։ Մինչ այդ մենք՝ փոքրերս ամբողջ գիշերը կ՚աղօթենք եւ պատուհան կը վազենք ստուգելու ձիւն եկա՞ծ է թէ ոչ, որպէսզի դպրոց չերթանք։ Յետոյ ձիւնով խաղալը իր իւրայատուկ հաճոյքն ունի, երբ քանի մը տարին անգամ մը կը ձիւնէ։
Ուսանողական առաջին տարիս է Հայաստան։ Առտու մը արթնցայ՝ այս ինչ հրաշք՝ անծայրածիր ճերմակ կը տեսնեմ։ Մենք պիտի ըսէինք ծանր ձիւն եկած է։ Ուրախութենէս գիշերանոցով սենեակէս դուրս ելայ եւ սկսայ կարգով բոլոր սենեակներուն դռները զարնել. «Արթնցէք, դաս չկայ։ Ձիւն եկեր է, դաս չկայ»։
Ետեւ-ետեւի դռները բացուիլ սկսան, զարմացական հայեացքներով։
-Անուշիկ ի՞նչ պատահած է, ի՞նչ կայ։
-Ձիւն եկեր է, դաս չկայ…
-Բայց ինչո՞ւ դաս չկայ, եկեր է՝ եկեր է, յետոյ ի՞նչ…
-Ձիւն է, բարձր ձիւն, ճամբաները գոց են։
-Անուշիկ, հոս ամբողջ ձմեռը ձիւն կու գայ, ձիւնի երկիր է, առաջքը կ՚առնեն։
Պաղ ջուր մը թափուեցաւ վրաս… Ձիւնը ձգել՝ դա՞ս ընել…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024