«Ապրուած Կեանքի Յուշեր»…
Նոր հրատարակուած գիրքը դարձեալ աշխատասեղանիս վրայ է։ Հեղինակը՝ մեր շատ սիրելի Յովնան Սրբազանն է։ Հետաքրքրական վերնագիր մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր յուշ իրօք ապրուած է եւ շատերուն տարբեր զգացումներ ապրեցուցած եւ առթած է։ Սրբազանը իր պարզ ու խորիմաստ գրիչով իր կեանքի փորձառութիւնը, ապրումները, յուշերը, մտորումները, յոյզերը եւ զգացումները թուղթին յանձնելով՝ զանոնք բաժնեկցած է իր ընթերցողներուն հետ։
Գիրքը Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բովանդակ կեանքը կը ներկայացնէ՝ մանկութենէն մինչեւ ուսանողութիւն, քահանայութենէն մինչեւ եպիսկոպոսութիւն, հովուական կեանքէն մինչեւ առաջնորդութիւն։ Ընթերցողը բանալով գիրքը, կը տեսնէ, թէ հայ պատանին ինչպէս իր քայլերը կ՚ուղղէ դէպի Եկեղեցի, կը տոգորուի հայրենիքի եւ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեամբ՝ իր համակ կեանքը ծառայութեամբ արժեւորելով ու իմաստաւորելով։
Բազմաթիւ են պատումները, բայց փորձենք հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնել գրքի ամենէն ուշագրաւ յուշերը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Սրբազան Հօր հոգիի մկրտարանն է։ Սրբազանը երբ առաջին անգամ ըլլալով իր քայլերը կ՚ուղղէ դէպի Սուրբ Էջիմածին, իսկոյն իր հոգին կը մկրտուի հայրենի արեւով ու շունչով։ «Վերջապէս կը հասնիմ Սբ. Էջմիածին: Մայրավանքին մէջ, ներշնչումներէ գինովցած, կը զգամ հոգիիս մկրտութիւնը: Ամէն տեղ կեանք կը տեսնեմ: Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան լոյսէն խմած հայու հոգին՝ իր ապրող ձայնը լսելի կը դառնար ամէն մէկու էութեան մէջ: Ուխտաւորներ, ամէն կողմէ, կը փութային մոմ վառել Սբ. էջմիածնի կամարներուն տակ ու մոմին մէջ խտացած լոյսին մէջ իրենց հոգին մկրտել: Վերջապէս կը հանդիպինք Ազգի Կաթողիկոսին, մեր շատ սիրելի Վազգէն Վեհափառին, որուն անձին մէջ կը գտնեմ իմ մտատիպարը: Իր անձին վեհութիւնը այդ վայրկեանին կը տպաւորէ զիս ու իմ հոգեկան գոհունակութիւնը կը հասնի իր ամենաբարձր կէտին, երբ 1980 թուականին, Յունիսի 8-ին, Սբ. Էջմիածնի Տօնին, ձեռնադրութիւն ու օծում կը ստանամ իր իսկ ձեռքով»: Սուրբ Էջմիածինը Սրբազան Հօր կեանքին մէջ ունեցած է եւ ունի ուղենշային մեծ դերակատարութիւն, որմէ վերստին ծնունդ առնելով՝ իր համակ կեանքը ընծայաբերած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ անոր ընդմէջէն հայ ազգին։
Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ուսումնատենչ անձ մը ըլլալով՝ փորձած է իմացապէս ինքզինք թրծել եւ զարգացնել։ Գիր ու գրականութեան «սիրահար» Սրբազանը, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է «Օքսֆորտ» համալսարանէն, ուր նոր մարդը կերտուած է, հոգին հաւատքի նոր զօրութեամբ սպառազինուած է, իսկ միտքը հարստացած է տարբեր գիտելիքներով։ Ահա թէ ի՛նչ կը կարդանք «Սուրբ Էջմիածնէն Օքսֆորտ» յօդուածին մէջ. «Ձեռնադրութենէ ամիսներ յետոյ, կեանքս նոր հունի մը մէջ մտաւ, չափէն աւելի տարբեր։ Չսպասուածին փորձառութիւնը՝ փորձութիւն մը եղաւ ինծի համար։ Կարծես ինծի հրամցուածը նաեւ հաւատքի ու համբերութեան տարողութիւնը կը կշռէր։ Երեք տարիներու ուսումնառութեանս տարիները հոգեւոր կեանքիս գուցէ ամենէն նշանակալից ու առանցքային նշանակութիւն ունեցող տարիները դարձան…։ Համալսարանական տարիներս ինծի իւրովի մօտեցումներ եւ հարուստ գիտելիքներ տուին՝ Եկեղեցին մեր կեանքով ու զոհողութիւններով ապահովագրուած Եկեղեցի դարձնելու համար։ …Կ՚ուզեմ յստակօրէն ընդգծել, որ այդ տարիներուն եղան հսկաներ, ինչպիսիք էին՝ Anthony Bloom, Michael Ramsey, Kalistos Ware, որոնց կեանքն ու խօսքը իրենց հետքը թողուցին իմ ներաշխարհիս մէջ»։
Ժամանակը Յովնան Սրբազանին համար այն «կտաւ»ն է, որուն վրայ մարդ արարածը իր կեանքի արուեստովը պատկեր մը կը դրոշմէ։ Սրբազանը այդ ժամանակ «կտաւ»ին վրայ բազմաթիւ երփներանգ ու ներդաշնակ պատկերներ գծած է։ Անոր համար ժամանակը եւ կեանքը իրարու հետ աղերսուած գործօններ են, ուր ժամանակը կը ներկայացուի դէպի կատարելագործութիւն ձգտող կեանքի յառաջխաղացք։
«Աստուծոյ սիրոյն անօթներն ենք»։ Այս խորագրով վերնագրած է Սրբազանը իր յուշերէն մին։ Ահա սոյն նախադասութեան մէջ պարփակուած է գիրքի բովանդակութիւնը եւ որուն մէջ միաժամանակ բնութագրուած է անոր տեսլապաշտ կեանքին իմաստն ու արժէքը։ Գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ Սրբազանը ինքզինք ընծայաբերելով Աստուծոյ, Եկեղեցիին եւ ազգին՝ փորձած է հասնիլ բոլորին, թէ՛ մեծին եւ թէ փոքրին, թէ՛ ծերունիին եւ թէ երիտասարդին։ «…Որքա՜ն կը նայիմ աշխարհի կեանքին, այնքա՜ն եւս իմ մէջս կը խորանայ այն համոզումը, որ Աստուծոյ սիրովը շաղախուած կեանքը սրբութիւն կը հաղորդէ, խաղաղութիւն կը ներշնչէ եւ ուրախութեան աղբիւրի մը կը վերածէ իր կեանքը»։ Սրբազանը սոյն յօդուածի աւարտին իր սրտաբուխ աղօթքը երկնաւոր Հօր ուղղելով՝ կ՚աղերսէ. «Քեզի կը բանամ իմ հոգիիս դռները, Տէր իմ Աստուած, այն հաստատ քաջութեամբ, որուն զգացողութիւնը ինծի հաղորդած է Շնորհալի Հայրապետին աղօթքի բառերը. «Քեզ յանձն առնում զանձն իմ»։ Քեզի կը կարդամ իմ հոգիիս թռիչքները, Տէր իմ Աստուած, այն անկեղծ ապրումներով, որոնք կը դրսեւորեն կեանքս ծառայութեամբ լեցնելու գիտակցութիւնը։ Եւ փառք կու տամ Քեզի, Տէր իմ Աստուած, որ ինծի հասնող աստուածային սիրոյ պատգամին ենթահողը ժողովուրդս է, որուն մէջ աստուածգիտութիւնը լոյսի նոր ճառագայթ մըն է դարձած»։
Իր գրքի վերջին բաժնով Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը երկխօսութեան մէջ կը մտնէ պատմութեան հերոսներուն հետ եւ անոնց անմեռ յիշատակը անգամ մը եւս իր հոգւոյն մէջ կը վերանորոգէ։ Անհատներ, որոնք իր մտատիպարներն են դարձած եւ իր կեանքը արմատապէս փոխած են։ Անոնք են՝ Վազգէն եւ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսները, Շնորհք եւ Թորգոմ Պատրիարքները, Արամ Խաչատուրեանն ու Ալեք Մանուկեանը, Շիրազն ու Սիլվա Կապուտիկեանը…։
Գրքի բովանդակ յուշերուն մէջ յաճախակի անդրադարձ կը կատարուի անմահանուն Վազգէն Կաթողիկոսին։ Վեհափառը Սրբազան Հօր հոգեւոր հայրն է։ Անոնց կապուածութիւնը կարելի չէ պարզ բառերով նկարագրել։ Վախճանեալ Վազգէն Կաթողիկոսի շիրիմին առջեւ կանգնած, աղօթք կատարելու ժամանակ Սրբազանը կ՚ըսէ. «Քու յիշատակիդ առջեւ ծնրադիր, քու խօսքդ իմ հաւատամքս է` Վեհափառ Հայրապետ, «զԱստուած փնտռելու ճանապարհին ես գտայ Ս. Էջմիածինը եւ խոնարհուեցի ճակատագրի առջեւ»»: Վազգէն Կաթողիկոսը Սրբազան Հօր համար իսկական հայր մըն էր, որուն ան որդիական ջերմ սիրով կապուած էր, նոյնքան եւ աւելի հայրական սիրոյ ու գուրգարանքի զգացումը կը տածէր Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Հօր նկատմամբ։ Ահա այս բառերով Սրբազանը իր զգացումները կ՚արտայայտէ իր հոգեւոր ծնողին նկատմամբ՝ ըսելով. «Քու հոգիդ, Վեհափառ Տէր, հոգւոյս մէջ առած կը շարունակեմ սիրել Սբ. Էջմիածինը, որուն խորհուրդին հաղորդակցութեան հրաւիրողը եղար դուն: Սերունդներու հոգիներուն մէջ արթուն պիտի մնայ յիշատակդ որպէս աննման Վեհափառը, որուն անձին մէջ արմատացած էր ճշմարիտ հայրենասիրութիւն, մարդասիրութիւն, բարութիւն եւ դեռ իրմէ այնքան լոյս ամբարած Վեհափառը, որ կը շարունակէ իր տիրական ներկայութեամբ առաջնորդել զիս Էջմիածնի լոյս հաւատքին»:
Ընթերցողը Յովնան Սրբազանին կէսդարեայ ապրումներու պարտէզին մէջ մտնելով՝ պիտի տեսնէ գիտակցուած կեանքի արգասիքները, որոնք ձեռք բերած է քրիստոնէական հաւատքով, ճիշդ աշխարհընկալումով եւ անկոտրում կամքով։ Իրօք ապրուած եւ արժեւորուած յուշեր են…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ