ՀԻՆԷՆ ՄԵԶԻ

Խաչի ձեւով հիւսուած ձեռագործ մըն է ընդամէնը: Հին սովորութիւն մը բարի, պապենական. դէպի արմատներ խորասուզող զգացում մըն է նաեւ, դէպի ինքնութիւն, որ ահա այս գեղեցիկ ձեռագործ խաչին մէջ կը կենդանանայ կարծես:

Աշակերտուհիս հիւսած էր զայն ու որպէս յիշատակ նուիրած ինծի ճամբորդութեանս նախօրէին: Բայց հետաքրքրականը այն է, որ ի՞նչն էր արդեօք որ աշակերտուհիս մղած էր այս հին ձեռարուեստը սորվելու եւ հիւսելու: Ծնո՞ղքը, որ զաւկին մէջ նախասիրութիւն կ՚որոնէ ու ամէն ինչ կը փորձէ, որպէսզի յայտնուի զաւկին հակումը, բանի մը հանդէպ սէրը, մինչեւ որ յայտնուի շնորհքը անոր մէջ...:

Որքա՜ն գեղեցիկ հիւսած է ձագուկը Վանի գործով այս խաչը: Հալէպի Օգնութեան խաչի կեդրոնին մէջ տարիներ շարունակ աւանդուեցան Մարաշի, Վանի, Սվասի եւ այլ գաւառներու յատուկ ասեղնագործութիւն: Կեդրոնը որոնեց այս ձեռարուեստներուն ունակ կանայք ու զանոնք պահելու ու փոխանցելու նուիրեալ աշխատանքի մը ձեռնարկեց դասընթացքներ կազմակերպելով: Ձագուկը յաճախեց այդ կեդրոնը ու ահա գեղեցկութիւն մը յայտնագործած է ան իր մատղաշ մատիկներով:

Կը յիշեմ մեծ մայրս, որ երբ կը սորվեցնէր ինծի ձեռագործին միլը բռնել, հիւսել. նախ ան ալ խաչ մը հիւսել տուած էր: Խաչը կը կրէ մեր նախնիներուն օրհնանքը, աղօթքը, սկիզբ առած այս գործը օրհնեալ շարունակութեամբ մը աւարելու խորհուրդը:

Պահեր կ՚ըլլան, չէ՞, երբ կը թերթենք հինէն մնացած յուշեր, բան մը մեզ կը մղէ վերապրելու նախկինը, կանչ մը խուլ, ձայն մը անլսելի, թաքուն հաղորդակցութիւն մը մեզ կը տանի շա՜տ հեռուն: Ինքնութեան որոնումն է, որ մրափին մէջ գալարուող հին ու խորհրդաւոր ուժի մը նման երբեմն գլուխ ցցելով ու իր պահանջքը ներկայացնելով ձեւով մը, պատկերով մը կը սթափի ու կ՚ըսէ՝ «Ես հոս եմ»:

Ահա այս ձագուկին մատիկներով հիւսուած այս խաչը ներքին կանչին արդիւնքը չէ՞ միթէ, որ կեանք կ՚առնէ տասնամեակներ առաջ հիւսուած ձեռագործներու նմաններուն ընդմէջէն:

Կը թերթեմ համացանցը, կ՚որոնեմ հայկական ձեռագործներու մասին գրութիւններ, պատկերներ: Զարմանալի է, իւրաքանչիւր գաւառին հիւսուածքը միւսին չի նմանիր, իւրաքանչիւր գաւառին տարազը՝ նոյնպէս: Իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնութիւնը, դրոշմը, ամբողջ պաստառին մէջ յստակ պատկեր մը ինքնուրոյն:

Հայ գաւառական տարազները նոյնպէս ձեռագործներով զարդարուած են: Ո՛չ Սասնոյ հարսանեկան տարազը կը նմանի Մշոյ հարսանեկան տարազին, ո՛չ Արցախինը՝ Վանի տարազին... եւ այսպէս շարունակ: Ու դրոշմները կողք կողքի շարուելով կը հիւսեն միասնութիւն մը՝ «Հայ» անունը կրող:

Դրոշմներն են, որոնք դարեր շարունակ կ՚ապրին, կը վերապրին, կը գոյատեւեն, կը հաստատեն իրենց գոյութիւնը յայտնուելով յանկարծ մէկու մը յոխորտանքին մէջ՝ «Ես սասունցի եմ», միւսին՝ պարին, ուրիշին՝ տարազին:

Սակայն բոլոր գաւառներու տարազներուն վրայ նկատելի է միաւորող բան մը՝ խաչի երեւոյթը ձեռագործ հիւսուածքով: Անկախ ամէն ինչէ՝ գոյնէ, ձեւէ, զարդանախշերու տարբերութիւններէ, բոլորին վրայ անխտիր գոյ է խաչաձեւ հիւսուածք մը: Խաչը ի սկզբանէ ուղեկցած է մեզի, ինչպէս բոլոր վանքերուն ու սրբավայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող խաչքարերը:

Հարսանեկան տարազները նաեւ չար հոգիներէն պաշտպանող ուլունքներով հարուստ են: Հաւատքի անխօս լեզուն է ասիկա, անգիր փոխանցում մըն է նաեւ՝ ուլունքներով, հիւսուածքներով: Ինչու ոչ նաեւ հաւատքի հզօրութեան փոխանցում:

Ո՞ր ծնողքը չէ ունեցած հզօրութեան զգացումը, երբ իր զաւակը բեմին վրայ հայկական տարազով ու պարով ներկայացած է: Տարազ մը, որ նախնիներու տարազին նմանակն է, հինէն եկած հզօր գոյութիւն մը, որ ունի իր շարունակականութեան ձեւերը:

Մինչ պարը, պարը ունի իր իւրայատուկ լեզուն, անիկա պաշտամունք է, սէր է, յաղթանակ է, աւանդութիւն է, ծէս է, եւ մանաւանդ՝ կենցաղի անբաժան մէկ մասնիկն է, որ իւրաքանչիւր պարի ձեւով խորհուրդ մը կը փոխանցէ:

Աշակերտուհիիս այս յիշատակը ի՜նչ որոնումներու դուռ բացաւ...:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2018