ԱՐՑԱԽԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿՄՏԱՆՔ. ԿՈՂՄԵՐԸ ՊԻՏԻ ՈՐԴԵԳՐԵ՞Ն «Ո՛Չ ՅԱՂԹԱՆԱԿ, ՈՉ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Մինչ այս տողերը թուղթին կու տամ, Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ դարձեալ կը հրթիռակոծուի։ Կը հրթիռակոծուին նաեւ Շուշին, Մարտակերտը ու ամենակարեւորն է, որ շաբաթ կէսօրին յայտարարուած հրադադարը դարձեալ յայտնուած է փլուզելու վտանգին առջեւ։

Անցեալ երեք օրերուն միակ դրական կէտն էր, որ Արցախի հակամարտութեան այս փուլին իր «մասնակցութիւն»ը ունեցաւ Ռուսաստան, որու դիւանագիտութեան առաջին դէմքը երկարատեւ բանակցութիւններ իրականացուց մէկ կողմէ Հայաստանի, իսկ միւս կողմէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ուշագրաւը միայն բանակցութեանց երկարատեւ ըլլալը չէր, այլեւ՝ հակառակ մի քանի անգամ մեզի համար անծանօթ պատճառներով ընդհատուելուն, ռուսական կողմը կարողացաւ յաջողութեան մը հասնիլ եւ այդ մէկը, անշուշտ, նշանաւորուեցաւ եռօրեայ հրադադարով մը, որուն տրուեցաւ «մարդասիրական հրադադար» ընդհանուր վերնագիրը։ Սակայն անոր մէջ կային քաղաքական եւ խորհրդանշական մի քանի կարեւոր պատգամներ։ Նախ՝ այս ձեւաչափով տեղի ունեցած բանակցային գործընթացը արար աշխարհին ցոյց կու տար, որ Կովկասի «տէրն ու տիրականը» Ռուսաստանն է, Հայաստանի «մեծ ախբարիկ»ը եւ Ատրպէյճանի «հին բարեկամ»ը։ Բաց աստի, կար նաեւ աշխարհէն Մոսկուային ուղարկուած պատգամին ամբողջական յանձնառութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս բոլորս գիտենք, աշխարհի միւս կարեւոր տէրութիւնները՝ գլխաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, վերջին ժամանակներուն մէկէ աւելի հարթակներու վրայ յայտարարած էին, որ Կովկասի խնդիրներուն լուծման հիմնական բանալին կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինի ձեռքը։ ԱՄՆ-ի համար, բնականաբար, շատ ալ ուրախալի պիտի չըլլար, որ Արցախի հիմնախնդրի լուծումը տեղի ունենար բացառապէս ռուսական «գետնի» մը վրայ կամ ուղղակիօրէն ռուսաստանեան ճիգերով եւ ընդգծուած ծրագրով մը, սակայն, աւելի քան յայտնի էր, որ յատկապէս վերջին տարիներուն ԱՄՆ ինչ-ինչ պատճառներով կորսնցուցած էր իր հետաքրքրութիւնը Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Սա, անշուշտ, ունի շահապաշտ պատճառաբանութիւններ, սակայն, այդ բոլորէն անդին կան ԱՄՆ-ի այսօրուան հիմնախնդիրները, որոնց ամենէն էականներն են քորոնաժահրի տագնապը եւ նախագահական ընտրութիւններու մեծ օրակարգը, որու դռներու շեմին ենք։

Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի ընդհանուր կեցուածքին՝ աւելի քան պարզ սկսած է դառնալ, որ ան չի բացառեր Թուրքիոյ հետ նոր լարումներու ժամանակաշրջան մը։ Այստեղ հիմնարար նախադրեալն է Թուրքիոյ այսօրուան մօտեցումը Կովկասի հետ կապուած։ Եթէ մօտաւոր անցեալին Անգարա կարողացաւ զանազան գործօններ ի մի բերելով խուսափիլ Մոսկուայի հետ մեծ եւ անկանխատեսելի բախումէ մը, ապա այսօր այդ վտանգը օր ըստ օրէ կ՚աճի ու կը մեծնայ՝ յատկապէս եթէ հաշուի առնենք բանակցային ընդհանուր գործընթացէն Անգարան հեռու պահելու Մոսկուայի կողմէ հնչած առաջադրանքը։ Չէր բացառուեր, որ նոյնինքն Վլատմիր Փութին յենլով մօտաւոր անցեալի համագործակցութեան ընդհանուր ոգիին՝ տեղ մը, չափով մը ընդունէր, որ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնը մասնակից դառնար Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին հետ կապուած բանակցային սեղանին, սակայն այդ բոլոր միտումները այսօր այլեւս չկան։ Սա յայտնի կը դառնայ, երբ կշիռքի վրայ դնենք Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնները։ Լաւրով կը խօսէր ո՛չ միայն իր ղեկավարած նախարարութեան անունով, այլեւ՝ միով բանիւ բանբերն էր Փութինի եւ անոր՝ «Արցախի բանակցութիւնները պէտք է տարուին Մինսքեան խմբակի ձեւաչափով» արտայայտութիւնը, կարծիքն ու վճռական խօսքն էր նոյնպէս Փութինի։ Յայտնի է, որ ռուսական կողմը անհանգիստ է. անհանգիստ է ո՛չ միայն Անգարայի կողմէ Պաքուին նեցուկ կանգնելու վերաբերեալ յայտարարութիւններէն, որոնք, անշուշտ, նոր չեն, այլեւ ու մանաւանդ, անհանգիստ է վարձկաններու  խմբաւորումներու խնդրէն, որոնք կրնան շատ լուրջ սպառնալիք դառնալ Մոսկուայի համար։

Անշուշտ, այստեղ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը՝ գետին կ՚իյնայ ու փշուր-փշուր կը դառնայ կարգ մը վերլուծաբաններու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այն վարկածը, ըստ որու Անգարա Սուրիոյ Իտլիպին վերաբերեալ որոշ պայմանաւորուածութիւններ ունի Մոսկուայի հետ եւ ներկայ զարգացումները ինչ-որ տեղ կապ ունին այդ թաքուն պայմանաւորուածութիւններուն հետ։ Եթէ տեղ մը ընդունինք, թէ վերջին ժամանակներուն տարածքաշրջանային ամենախրթին խնդիրներու վերաբերեալ Մոսկուա եւ Անգարա կարողացան միասին հանդէս գալով կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովել, ապա ներկայ պարագան բոլորովին տարբեր է։ Արդարեւ, անոր մէջ էական դեր ու կշիռ կը ներկայացնեն երկար տարիներու վաղեմութեամբ Արցախի հիմնահարցն ու այդ խնդրին մէջ Պաքուի այսօրուան իշխանութիւններուն ներկայութիւնը։ Այս բոլորը ինչ-ինչ պատճառներով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը մխրճուին սխալ քաղաքական եւ անվտանգային դիրքորոշումներ ստանալու մեծ ու վտանգալից թակարդին մէջ։

Ատրպէյճանի նախագահին համար էական էր մէկ բան. ռազմական արագ գործողութիւն մը կատարել, ապա անցնիլ բանակցային գործընթացի, խօսիլ ռուսներուն հետ, յետոյ ալ ապահովել տկարացած եւ վիրաւոր հայկական կողմին մասնակցութիւնը ու առիթը չփախցնել խօսելու համար պահանջուած զիջումներու մասին։ Այս վարկածը արդէն այսօր չկայ։ Պատերազմի օրերը արդէն մեր ետին են։ Ցարդ հայկական կողմը, հակառակ զանազան առումներով անակնկալի մատնուած ըլլալուն, կարողացաւ ուղիղ կեցուածքով մը դիմակայել, ապա «անկոտրում» հասակով ալ մասնակցիլ Մոսկուայի վերջին բանակցութիւններուն։ Այլ խօսք, որ հայկական կողմին համար շատ ալ ցանկալի էր՝ արագօրէն հրադադարի հաստատուիլը։ Սակայն, պատմութեան համար պէտք է արձանագրենք, որ հակառակ Ատրպէյճանի կրակի տարողականութեան ու մեծ կշռին՝ հայկական ուժերը կարողացան «տակէն դուրս գալ» եւ ձեւով մը առաւելութեան միաւոր մը «խլել» Ատրպէյճանէն։

Անշուշտ, այս բոլորը տակաւին կախում պիտի ունենան յառաջիկայ օրերու զարգացումներէն ու այն ժամանակ յստակ պիտի ըլլայ, թէ առաւելութիւնը նժարի ո՛ր կողմը պիտի թեքի՝ մասնաւորապէս, որ կողմերը շատ լաւ կը հասկնան, թէ այսօր իրենց համար կարեւոր գործօն մըն է ժամանակը, նաեւ լաւապէս գիտեն, թէ երկարատեւ պատերազմի մը պարագային երբեք պիտի չըլլան յաղթողներ, այլեւ՝ բոլորն ալ դատապարտուած պիտի ըլլան մեծ պարտութեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2020