ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԼԵԿՕ՞
Մարդիկ զանազան պատճառներով, մանաւանդ վերջին տասնամեակներուն, ճնշուած եւ ընկճուած են: Ձերբազատելու համար զանազան միջոցներ ու ձեւեր կը փնտռուին: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթը այս առընչութեամբ վերջերս հրապարակած է հետաքրքրական յօդուած մը: Ընկերային ցանցերուն մէջ նոյնպէս կան չափահասներու կարծիքներ:
*
ԼԵԿՈՆ ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱՅ ՔԵԶԻ ՕԳՆԵԼ՝ ՊԱՏ ՄԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Ծնողներ օրական մինչեւ վեց անգամ ընկճուած կը զգան իրենց զաւակներուն պահանջներուն պատճառով: Այս մասին կը նշէ վերջերս հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը:
Շատ ալ զարմանալի վիճակագրութիւն մը չէ: Սակայն գիտական ապացոյցներու կուտակումը ցոյց կու տայ, որ մեր երեխաներու գիրքերէն ջ մը առնելը կրնայ օգնել մեզի՝ աւելի լաւ յաղթահարելու համար ճնշուածութիւնը:
Հաւատաք, թէ ոչ, ժայռ մագլցիլը, երգելը եւ լեկոներով տուներ կառուցելը կ՚ըսուի, որ արդիւնաւէտ են չափահասներու համար, մեղմացնելու ճնշուածութիւնը:
Լուրը ճիշդ ժամանակին հրապարակուեցաւ, որովհետեւ լեկոյի բոլորովին նոր հաւաքածոները ստեղծուած յատկապէս չափահասներու համար՝ Ֆորմա անունով, պիտի սկսին վաճառուիլ Կաղանդէն առաջ:
Բայց կերպընկալէ կտորները իսկապէս կրնա՞ն օգնել՝ պայքարելու համար ընկճուածութեան եւ հոգեկան-մտային առողջութեան անընդհատ աճող խնդիրին դէմ: Կամ պարզապէս խորամանկ առեւտուր է:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԼՈՒՐՋ ԽԱՂԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՄԻՏՔ ԿԱՌՈՒՑԵԼ
Լեկոն կը սկսի վաճառել չափահասներու համար իրենց նոր հաւաքածոն՝ իբրեւ ամէնօրեայ ճնշումներէ փախչելու միջոց: «Լեկոյի խորանարդներով կառուցելը կը նուազեցնէ ընկճուածութիւնը եւ կը բարելաւէ ձեր զգացողութիւնը: Ատիկա ձեւով մը «եոկա է՝ խորանարդներով», կամ՝ ատոր նման բան մը, կը պնդեն անոնք ծանուցումին մէջ:
Լեկոն, ակներեւ է, յայտնաբերած է երկու ամենէն կարեւոր ժամանակակից միտումներ: Առաջինը՝ ցանկութիւնն է ժամանցի, որ թոյլ կու տայ մեզի օգտագործել մեր ձեռքերը, նոյնպէս մեր երեւակայութիւնը՝ սմարթֆոններու եւ համակարգիչներու գերակշռող կեանքին դէմ ակներեւ հակադարձը: Ասիկա լաւ լուր մըն է՝ նկատի առնելով այն, որ վիրաբոյժ մը վերջերս դժգոհութիւն կը յայտնէր, որ իր ուսանողներուն մեծ հմտութիւնը կը տուժէ պէտք եղածէն աւելի արհեստագիտութիւններու վստահելու պատճառով: Երկրորդը ընկճուածութիւնը եւ ճնշուածութիւնը նուազեցնելու միջոցներու որոնումն է. ի՞նչ կրնանք ընել, մեզ ամէն օր խանգարող այս խոչընդոտներէն զերծ մնալու համար:
Լեկոյով խաղալը կրնա՞յ ատիկա ընել:
Իրականութեան մէջ՝ կրնա՛յ եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ: Թայուանցի մասնագէտները այս տարեսկիզբին հրատարակուած ուսումնասիրութեան մը ընթացքին խումբ մը աշխատակիցներէ խնդրած են մասնակցիլ «Լեկօ-հիմքի վրայ աշխատավայրին մէջ ճնշուածութիւնները մեղմացնելու սեմինարին»:
Ուսումնասիրութեան մասնակցած մարդիկ տրամադրութեան, ընկճուածութեան մասին հոգեբանական հարցումներու պատասխանեցին «լուրջ խաղերով» զբաղելէ առաջ եւ ետք:
Երկու ժամուան ընթացքին զանոնք խրախուսեցին՝ օգտագործելու իրենց երեւակայութիւնը լեկոյով բաներ մը կառուցելու համար, ապա իրենց կառուցածը օգտագործել իրարու պատմելու համար:
Սեմինարին մասնակցիլը չնուազեցուց բազմաթիւ ճնշուածութիւնները, սակայն անմիջական դրական ազդեցութիւն ունեցաւ քանի մը անհանգստութեանց վրայ:
Ասիկա շատ աւելի լայն եւ լուրջ խաղային շարժումին մէկ մասն է. կիրարկել խաղային մօտեցում՝ խնդրի լուծման մէջ, ստեղծագործական հանդիպումները խաղերու վերածելով: Ստեղծելով զուարճալի միջավայր, ուր մարդիկ կրնան կիսել գաղափարները, անոնք աւելի նուազ պրկուած, «դատուած» կը զգան, եւ աւելի հաւանական է, որ գաղափարները արտայայտեն կամաւոր:
Յոյս կայ, որ նաքաութի ազդեցութիւնը կը բարելաւէ արտադրողականութիւնը եւ կը նուազեցնէ ընկճուածութիւնը:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐԸ Կ՚ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ ԼԵԿՈՆ՝ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԸՆԿՃՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ
Լեկոյով խաղալը կրնայ օգտակար ըլլալ մտային-հոգեկան քու բարեկեցութեանդ: Ընդունիլը, թէ դուն չափահաս ես, որ կը խաղայ լեկոյով, այլեւս ամօթալի բացայայտում մը չէ, ինչ որ տասնամեակներ առաջ կ՚ըլլար:
Ներկայիս կան լեկոյի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ հաւաքածոներ, որոնք, առարկայի եւ գինի առումով պատրաստուած են չափահասներու համար:
Փոքր կերպընկալէ կտորները շօշափելու ուրախութիւնը պարտադիր չէ, որ քիչ մը ժամավաճառութիւն նկատուի:
Լեկոներով խաղացող բազմաթիւ չափահասներ կը պնդեն, որ այդ խաղը իրենց իսկապէս կ՚օգնէ հանգստանալու եւ որոշ պարագաներու՝ մտային առողջութեան:
Ճէյմս Մահետի 31-ամեայ ուսուցիչ մըն է, որ լեկոն վայելած էր, երբ փոքր էր, բայց երբ պատանի եղած է, ամչցած է ատոնցմով խաղալ եւ լեկոները պահարանի մը մէջ լքած է:
Բայց երբ ողբերգութիւնը հարուածեց, ան լեկոյին վերադարձաւ, որպէսզի պայքարի ընկճուածութեան դէմ:
«Ես եւ կինս կորսնցուցինք երկու երեխայ: Ատիկա շատ ուժգին հարուածեց զիս եւ ես իսկապէս ծանր ընկճուածութիւն եւ ճնշուածութիւն ունէի: Ես աշխատանքային օրուան ընթացքին կրնայի ինքզինքս պահել, բայց երբ տուն կը վերադառնայի, պէտք էր անպայման բան մը ընէի մնացեալ ժամանակս լեցնելու համար», կ՚ըսէ Ճէյմս Մահետի եւ կը շարունակէ. «Մտածեցի, որ թերեւս պէտք է քանի մը լեկօ առնեմ եւ փորձեմ բաներ մը կառուցել, թերեւս այդ ձեւով միտքս այլ բաներու վրայ կ՚աշխատի: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Երբ ես լեկոյով կը զբաղէի, ընկճուածութիւնը ամբողջովին չէր անհետանար, բայց ատիկա որոշապէս օգնեց քիչ մը դադար առնելու»:
Ճէյմս Մահետի կ՚աւելցնէ. «Եւ այսպէս, լեկոյով որոշ բաներ կազմելէ, կառուցելէ ետք որոշեցի կառուցել լեկոյի իմ սեփական կտորներս, որոնցմով կազմեցի Հազարամեակի խոշոր բազէն: Ես ատիկա զետեղեցի սուրճի սեղանին վրայ: Իսկապէս սկսայ հաճոյք առնել, երբ իմ սեփական իրերս կառուցեցի, որովհետեւ ատոր մէջ աւելի կը կորսուիմ, կը մոռնամ ամէն բան եւ իսկապէս կը վայելեմ»:
Մահետի յետագային հանդիպեցաւ առցանց համակիրներու՝ իր փոքր բարեգործական խումբով անոնց օգնելու համար, սակայն լեկօ կառուցելը սովորաբար աւելի շատ անձնական հաճոյք մնաց:
«Ես մարզանքի ուսուցիչ եմ, ուրեմն մարզական լաւ վիճակի մէջ եմ: Բաւական ընկերային յարաբերութիւններ կ՚ունենամ, երբ մարզական խաղեր կը խաղամ, սակայն այդ պահերուն իսկապէս հանգիստի ժամանակ չէք ունենար», կը բացատրէ ան:
«Երբ ես իսկապէս կը տառապէի, շատ վատ էր, լեկոն աստուածաշնչային բան մը եղաւ: Ես ամբողջ օրը աշխատանքի ընթացքին կը պայքարէի, տուն կու գայի՝ կը պայքարէի բոլոր ընելիքներուս դէմ, յետոյ գիշերը կը հասնէր, կը նստէի եւ երկու-երեք ժամ պայքար չէր ըլլար: Ուրեմն, կը կարծեմ, որ ոեւէ անձ, որ հոգեկան առողջութեան մասին խորհուրդ կ՚ուզէ, լեկոյով զբաղիլը լաւ բան մըն է», կ՚աւելցնէ ան:
Լեկոյի չափահաս բոլոր համակիրները այսպիսի պատմութիւններ չունին: Շատեր ամէնօրեայ աղմուկէն փախուստի համար կը զբաղին լեկոյով:
29-ամեայ Փիթըր Մորտեքա օրուան ընթացքին դատաւոր է, բայց գիշերը լեկոյով կը զբաղի:
«Իմ աշխատանքս բարձր կեդրոնացում կը պահանջէ եւ շատ պրկուած ու ճնշիչ է», կը խոստովանի ան: «Այնպէս որ, հաճելի է պարզապէս բան մը ընել, բոլորովին տարբեր բան մը: Ես քիչ մը կատարելապաշտ եմ, ուրեմն հաճելի է ունենալ այնպիսի բան մը, որ ձեռքերովդ կ՚ընես եւ անիկա շատ մեծ ճշգրտութեան վրայ հիմնուած է»:
Ան կ՚աւելցնէ. «Լաւ է, որ իմ աշխատանքէս ամբողջովին տարբեր կայ բան մը, որուն ընթացքին ես այնքան ալ չեմ մտածեր, բայց կրնամ իսկապէս կեդրոնանալ եւ մոռնալ ամէն բանի մասին»:
Ժաք Տոպէյ՝ 29 տարեկան աշխատաւոր մը, ըսաւ, որ ինք լեկոյին վերադարձած է «Աստղերու պատերազմ» շարժապատկերին միջոցով:
«Կինս ինծի «Աստղերու պատերազմ»ի օրացոյցի լեկօ գնեց: Դեկտեմբերի ընթացքին ամէն օր՝ փոքր բաներ, եւ ան յստակ կը տեսնէր, որ ես իսկապէս հաճոյք կ՚առնէի: Ուրեմն այդ տարուան Կաղանդին բաւական լեկօ ունեցայ: Ինծի յատկապէս հաճելի կը թուէին փոքրիկ կերպարները եւ ես սկսայ հաւաքածոյ կազմել, ապա՝ զբաղիլ լեկոներով», կ՚աւելցնէ ան:
Այնտեղէն Տոպէյ սկսաւ փորձարկել իր սեփական բնօրինակներուն կառուցումը եւ, ի վերջոյ, սկսաւ մասնակցիլ լեկոյի համակիրներու ձեռնարկներուն եւ համագործակցիլ ուրիշներու հետ՝ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու համար:
«Ես անդամ եմ Ֆերի Պրիքս բարեգործական կազմակերպութեան, որ լեկօ կը նուիրէ երեխաներու հիւանդանոցներուն», կ՚ըսէ ան եւ կը շարունակէ. «Եւ ես սկսայ օգնել անոնց դրամահաւաքին եւ այլ աշխատանքներու մէջ: Ատիկա ինծի համար հիմնական փոփոխութիւն մըն էր: Կը կարծեմ, որ շատ յաճախ մարդիկ քիչ մը վատ պատկերացումներ ունին չափահասներու հաւաքածոներու մասին: Անոնք կը կարծեն, թէ չափահասները մարդիկ են, որոնք չեն ուզեր, որ երեխաները խաղալիք ունենան, եւ կ՚ուզեն, որ ատոնք չպահուին: Բայց ես կը կարծեմ, որ լեկոյի համակիրները դէմ են այդ տեսակէտին, եւ ատիկա ինծի համար իսկապէս լաւ միջոց է բան մը վերադարձնելու», կը բացատրէ ան:
Տան Ճարվիս բեռնատարի 37-ամեայ վարորդ մըն է եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ լեկոյով առարկաներ կառուցողներէն ամենէն յարգուածներէն մէկը:
Տան մէջ երեք երեխաներու ներկայութեան պատճառով, ան լեկոյով կը զբաղի վերնատան մէջ, ուր մեծ հաւաքածոյ մը ունի:
«Երբ առաջին անգամ լեկոյին վերադարձայ, ես առանձին կ՚ապրէի տան մէջ: Ընկեր մը ինծի բերաւ մօրը վերնատան մէջ գտած լեկոյի տուփ մը, որպէսզի ես զբաղիմ, հաճելի ժամանց մը ունենամ: Ես միշտ հաճոյք կ՚առնէի շինարարական նիւթերէ: Այսպէսով, ես ստացայ իմ ուզածս, ապա յայտնաբերեցի առցանց հանրութիւնը եւ լեկոյի զանգուածային աշխարհը»:
Անոնց նման՝ Ճարվիս սկսաւ լեկոյի սարքեր գնել, բայց աստիճանաբար սկսաւ կեդրոնանալ իր սեփական նմոյշներուն վրայ եւ զանոնք ցուցահանդէսներու ներկայացնել:
«Ես միշտ եղած եմ բաւական ստեղծագործ, երբ ես երեխայ էի, խաղալիքներ օգտագորելով՝ քարայրներ եւ այդպիսի տեսարաններ կը շինէի: Այնպէս որ, մէջս միշտ բան մը եղած է», կ՚ըսէ Ճարվիս:
«Նոյնիսկ հիմա կինս կ՚ըսէ, որ չափահասի մը համար ես դեռ մանկունակ եմ, որովհետեւ երեւակայութիւնս եւ ստեղծագործելու կարողութիւնս տակաւին բաւական ուժեղ են: Այդպէս կ՚ըսէ, որովհետեւ կինս կը ճանչնայ ինծի տարեկից բազմաթիւ տղամարդիկ, որոնք կորսնցուցած են այդ կարողութիւնները»:
Ըստ Ճարվիսի, իր լեկօ «Աստղերու պատերազմ» հաւաքածոն շուրջ 300 շարք ունի, բայց այժմ ինք աւելի շատ հետաքրքըր-ւած է իր ստեղծագործութիւնները կառուցելով, առանց հետեւելու ուղեցոյցներու:
Ատիկա ընելու համար ան պէտք է մեծաքանակ լեկօ ունենայ: Ան կ՚ըսէ, որ այժմ ունի մէկէն մէկուկէս միլիոն կտորներ, որոնց ընդհանուր արժէքը 20-25 հազար տոլար է:
Ինչպէս միւսները, Ճարվիս եւս կը խորհի, որ լեկոյով զբաղիլը միջոց մըն է՝ հանգստանալու եւ որակաւոր վայելք մը ունենալու:
«Հիմնականին մէջ ես կը ստեղծեմ եւ կը կառուցեմ, որովհետեւ ատիկա իմ փախուստս է: Ես վերնատուն կ՚երթամ, աշխարհի բոլոր դժուարութիւնները կը մոռնամ եւ ամբողջովին կը հանգստանամ», կ՚ըսէ Ճարվիս: Ան կ՚աւելցնէ. «Եթէ օրուան մէջ ծանր եւ լարուած աշխատանք մը ունենամ եւ տուն վերադառնալով՝ տեսնեմ, որ երեխաները կը վազեն, կը պոռան, կը պատահի, որ իսկապէս ընկճուիմ: Միայն այն ատեն լաւ կ՚ըլլայ, երբ բոլորը կը քնանան, ձայն չի մնար եւ ես քանի մը ժամ լեկոյով բան մը կը կառուցեմ: Այդ պարագային առաւօտեան կարթննամ բոլորովին թարմ ու երջանիկ»:
Տոպէյ կ՚ըսէ, որ հանգստանալու համար լաւագոյն ժամանցը լեկոյով բան մը կազմելն է:
«Ատկէ ես հաճոյք կ՚առնեմ, կառուցողական է: Կը կարծեմ, որ կան բազմաթիւ զբաղումներ, որոնք մարդիկը կը հանգըս-տացնեն, բայց իմ տարիքիս բազմաթիւ անձերու համար ատիկա վիտէօ-խաղերը կամ այդպիսի բաներն են: Յաճախ չես զգար, որ բան մը ետ կ՚առնես քու ըրածէդ: Մինչ երբ լեկոյով բան մը կը կառուցես, աւարտելէ ետք շօշափելի բան մը կը մնայ քեզի, կը դիտես եւ կրկին կը վայելես եւ կը գնահատես ըրածդ: Ատիկա իսկապէս քեզ բանի մը վրայ կը կեդրոնացնէ», կ՚ըսէ ան եւ կը շարունակէ.
«Դուք կրնաք առնել պարզ շարք մը, որ կարելի է կառուցել հինգ վայրկեանէն եւ ատոր ետին ունենալ շարժապատկեր կամ այլ բան մը: Կամ դուք կրնաք աւելի մեծ շարքով մը զբաղիլ եւ իսկապէս երկար ժամանակով մխրճուիլ ատոր մէջ: Եւ գոյութիւն ունին այնպիսի թեքնիկներ, հնարամտութիւններ, որոնց համար կը սկսիք մտածել, թէ ատոնք ինչպէ՛ս կրնաք ուրիշ տեղ կիրարկել: Այս ձեւով կը տարուիք, կը մոռնաք ձեր հարցերը եւ նոյնպէս ատկէ ետք ձեզի բան մը կը մնայ»:
«Ես բախտաւոր եմ, իմ կինս լեկոյով զբաղող է: Ոչ այնքան, որքան ես, բայց ան Հերի Փոթըրի մեծ համակիր է: Այսպէսով Հերի Փոթըրի բնաբանը լեկոյով կառուցելը կը նշանակէ, որ… մենք նախապէս այցելած ենք լեկոյի վաճառատուն եւ գնած՝ գրեթէ բոլոր շարքերէն երկուքական օրինակ: Ուրեմն մենք կը մտածենք միասնաբար կառուցել Հոկուարթսէն քանի մը հատուածներ: Այնպէս որ, այդ ճակատին վրայ բաւական լաւ է»:
Տոպէյ խօսելով իր հաւաքածոյին մասին՝ ըսաւ. «Եթէ ոեւէ մէկը ինծի ըսէ, որ այս տարիքիս լեկոյով զբաղիլս քիչ մը տարօրինակ է, անոր կ՚ըսեմ, որ ես այս մէկը գնած եմ 15 սթերլինի եւ կրնամ ատիկա վաճառել 60-ի, եթէ ուզեմ»:
«Բայց ես այլեւս ատոր դրամական արժէքին չեմ նայիր: Ես կ՚անդրադառամ, որ իրականութեան մէջ դրամական արժէքը նշանակութիւն չունի: Լեկոյէն այլապէս իմ ստացածս է կարեւորը: Ես հաճոյք կ՚առնեմ անկէ, կը վայելեմ, ատիկա կ՚օգնէ ինծի հանգստանալու եւ շատ արժէքներ ստանալու: Ատիկա ստեղծագործական բան մըն է, որ նոյնպէս կ՚օգնէ ձեզի՝ մաքրելու ձեր միտքը»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ