Ո՞ՒՐ Է ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ «ՍԻՐՏ»Ը. ԿԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆ ՃԻՇԴ ԳՆԱՀԱՏԵԼ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Ցաւալիօրէն Հայաստանի քաղաքական-հասարակական կեանքը մտած է փակուղի։ Փակուղի այն իմաստով, որ բոլոր հարթակներու վրայ գոյութիւն ունի մէկ մօտեցում, որն է արագօրէն հակազդել այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ մշակուող, քննարկուող, ձեւաւորուող օրակարգերուն, որոնք մօտիկ ապագային, ու շատ հաւանաբար, տարուին Ազգային ժողով, ուր ալ ստանան օրէնքի ուժ։

Ի դէպ, քննարկութեան դրուած թեմաները ունին առանձնակի նրբութիւն եւ կրնան շատ արագ հանդիսանալ հասարակութեան կարեւոր մէկ տոկոսի ուշադրութեան առարկան։ Անշուշտ Հայաստանի մէջ այսօր տիրող իրերամերժ վիճակներու միակ պատասխանատուն միայն իշխանութիւնները չեն, այլ երկրին եւ հասարակութեան մաս կազմող շերտեր, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով գոհ չեն գործող իշխանութիւններէն ու այս փուլին կը փորձեն ինչ որ չափով, ինչ որ առումով եւ ինչ որ ուժով հասարակութեան մէջ «ներկայութեան յայտ» ներկայացնել։

Տխուր է նաեւ, որ այսօր Հայաստանի մէջ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» օրերուն առկայ «սիրոյ մթնոլորտ»ը ընդհանրապէս չքացած է։ Ճիշդ է, որ մարդիկ սպասողական են, սակայն իշխանութենէն դուրս մնացած կողմեր կը փորձեն եւ պիտի փորձեն ամէն գնով խաղին մէջ մտնել ու ստեղծել այնպիսի իրավիճակ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ինքզինք ճնշուած զգայ կամ ալ լաւագոյն պարագային վերատեսութեան ենթարկէ իր քատրային քաղաքականութիւնը ու «գուրս»էն դուրս նետէ բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն «գլխացաւանք» կը պատճառեն իրեն, հետեւաբար նաեւ իր իշխանակարգին։

Թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կրնան ընթանալ իրերը. անշուշտ, որ պարզ չէ, սակայն աւելի քան յստակ է, թէ Հայաստանի ժողովուրդը տակաւին ու համբերատարօրէն կը շարունակէ սպասել, որ յեղափոխութենէն ետք «տնտեսական յեղափոխութիւն» խոստացած իշխանութիւնները կարողանան որոշ չափով դրական տեղաշարժ ստեղծել Հայաստանի մէջ։ Անշուշտ, որ այդ ակնկալութիւնները այնքան ալ անհասանելի, դժուարին, անիրագործելի ձեռքբերումներ չեն, սակայն աւելի քան պարզ է, թէ յեղափոխութենէն մէկ տարի վեց ամիս ետք երկրին մէջ եւ մինչեւ այս պահը դրական մեծ իրագործումներ տեղի չեն ունեցած։ Այստեղ անշուշտ կը ծագի հարց, մինչեւ ե՞րբ կրնայ սպասել Հայաստանի ժողովուրդը, եւ մինչեւ ո՞ւր կրնայ երկարիլ անոր համբերութեան պարանը։ Իշխանութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնը հիմնուած է երկկողմանի համակրանքի, յարգանքի եւ նոյնիսկ սիրոյ վրայ ու այդ բոլորը հաշուի առնելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ունեցած ժամանակը եւ առկայ խնդիրները այդ ժամանակամիջոցին մէջ լուծելու գլխաւոր պարտականութիւնը ունի ժամանակի լուրջ սահմանափակում։

Ժամացոյցը անշուշտ դրուած է ժողովուրդի դաստակին ու անոնք, որոնք կը նային այդ ժամանակի սլաքներուն, շատ լաւ գիտեն ու շատ լաւ հասկցած են, որ Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութիւն անփոխարինելի չէ, կարեւորը կամքն է ժողովուրդին, որուն գլխաւոր կիզակէտը անշուշտ աւելի բարօր, աւելի բարւոք եւ աւելի առողջ Հայաստան մը ստեղծելն է։

«ՀՈՒԶԱՆՔ ՈՒ ԶԱՆԳ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՄԸ, ՈՐ ԱՂՄՈՒԿ ՍՏԵՂԾԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Եթէ տրամաբանական մօտեցումով փորձենք արագօրէն քննել այն ոլորտները, որոնք այս օրերուն կրնան լուրջ խնդիրներ յարուցել Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն, ապա պիտի նշմարենք, որ ամենէն աւելի խոցելի են կրթական-մշակութային ոլորտները, որոնց մէջ տեղի կ՚ունենան բաւական լուրջ խմորումներ։ Ըստ ներկայ իշխանութիւններուն, միտուած են բարելաւել երկրի կրթական-մշակութային համակարգերը։

Այս առումով ալ եւ նպատակ ունենալով առաջ մղել կանանց պաշտպանութեան եւ իրաւունքներու պահպանման խնդիրները, օրերս Կրթութեան եւ մշակոյթի (ԿԳՄՍՆ) գանձատրուած է ապագայապաշտ յայտնի գրող Ազատ Վշտունիի գրչին պատկանող «ՀուԶանք ու զանգ» ներկայացումը, որու ընթացքին կանայք պարային կատարումներով կը ներկայացնեն կիներու ազատութիւնը գովերգող թատերական ներկայացում մը։ Ի դէպ, ներկայացումը կը կատարուէր անցեալ շաբաթ եւ այն տեղի կ՚ունենար Հանրապետութեան հրապարակի Մեթրոյի կայարանին կից։ Ներկայացման ընթացքին խումբ մը երիտասարդներ կը մօտենային պարի ելած երիտասարդուհիներուն եւ կը փորձէին արգելք հանդիսանալ անոնց ներկայացման, դէպքի վայր կը հասնէին ոստիկանները եւ ամէն պարագայի կը ստեղծուէր արուեստէն հեռու եւ արուեստին անյարիր մթնոլորտ մը։

Անշուշտ հեռու մնալով ծայրայեղութիւններու մէջ երթալէ՝ յստակ է, որ ներկայացումը կը քաղաքականացուէր ու նաեւ այդ ներկայացման դէմ հանդէս եղողները կը բարձրացնէին հին-նոր վարկած մը, որուն հիմամբ այսօրուան իշխանութիւնները ապազգային եւ նոյնիսկ հակազգային ծրագիրներ որդեգրող իշխանութիւններ են։ Անշուշտ պահելու համար լրագրութեան անաչառութեան կանոնը, պիտի ուզէի զերծ մնալ կարծր գնահատականներ տալէ նաեւ շեշտադրելով, որ Հայաստանի համար այսօր առաջնային չեն այս տիպի մօտեցումները։ Առաջնային չէ «Իսթանպուլեան պայմանադրութեան» քննարկումը, վարժարաններէ ներս «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասանիւթին հանուիլը ու նման մանր ու փոքրիկ օրակարգեր, որոնց ներկայացումը անպայմանօրէն կը վնասէ իշխանութիւններու ընդհանուր վարկին։

Հայաստանի իշխանութիւնները լաւ գիտեն, կամ առնուազն պարտաւոր են իմանալ, որ ո՛ւր է այսօրուան հասարակութեան «սիրտ»ը։ Ո՞ւր են հասարակութեան ցաւերը, տագնապները եւ ի՞նչ պարտաւոր են ընել բուժելու համար երկար տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ բոյն դրած տեսանելի եւ ոչ-տեսանելի բազմատեսակ ախտերն ու հիւանդութիւնները։

Եղած ներկայացումին, անկէ ետք ստեղծուած մթնոլորտին, ինչպէս նաեւ այդ տիպի ներկայացումներուն հետեւանքներուն կամ արուեստի ազատութիւնը սահմանելուն եւ անոր սահմանները գծելու մասին յաւելեալ յստակ պատկերացում մ՚ունենալու համար ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ վերջին օրերուն հայրենի մամուլին մէջ այդ առթիւ ներկայացուած քանի մը ուշագրաւ կարծիքներ։

ԼՐԱԳՐՈՂ ԱՆՈՒՇ ԴԱՇՏԵՆՑ

«ՀուԶանք ու զանգ»ը սկիզբէն դատապարտուած էր քաղաքականացման։ Քաղաքականացուիլը, գոնէ ինձ համար, սկիզբէն պարզ էր, երբ Երեւանի քաղաքապետարանի «Իմ քայլը» խմբակցութեան քարտուղար Յասմիկ Խաչունցը յայտարարեց, որ ներկայացումը 20-ականներու հայ ֆութուրիսթ (ապագայապաշտ) բանաստեղծներու ժամանակակից վերընթերցումն էր՝ միահիւսուած ժամանակակից պարի, ճարտարապետութեան եւ հանրային տարածքին մէջ մարմնի ներկայութեան ու «կնոջ մարմնի ազատագրման» մասին։ Հայաստանի մէջ օդը քաղաքականապէս շիկացած է․ տարբեր խումբեր ու անհատներ, կազմ ու պատրաստ, կը սպասեն հակազդելու, պենզին լեցնել-վառելու, արմատախիլ ընելու կամ հակառակը՝ օրհնելու ու խունկ վառելու։ Եւ այդ ամէնը՝ քաղաքական նպատակներով։

Այս մթնոլորտով ապրող Հայաստանի մէջ, շատ սպասելի էր, որ որպէս ազգային արժէքներ կրող ներկայացուցիչներու խումբ մը, «զէլիոնքա»ի* սրուակներով զինուած, պիտի երթար առճակատման, ձերբակալուելու հեռանկարով։ Նոյնքան տափակ ու քառակուսի էին կազմակերպիչներու բացատրութիւնները, թէ սոյն ներկայացումը որեւէ կապ ունի Սորոսի, սատանիզմի եւ «Իսթանպուլեան գոնվէնցիայի» հետ։ Ֆէյսպուքն ալ, ինչպէս եւ կը սպասուէր, «ծամեց» ներկայացումը ողջ շաբաթ-կիրակին։ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի ղեկավար Ռուբէն Բաբայեանը այն կարծիքին է, որ քննարկումը գեղագիտական դաշտէն տեղափոխուած էր քաղաքական ու աստուածաբանական հարթակ։

ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՌՈՒԲԷՆ ԲԱԲԱՅԵԱՆ

Այն, ինչ տեսած եմ, գեղարուեստական առումով, իմ վրայ շատ մեծ տպաւորութիւն չէ թողած, բայց այդ ոչ մէկ բան կը նշանակէ, որովհետեւ շատ ու շատ բան, որ դասական ձեւով կ՚ըլլայ ու կը ցուցադրուի հեռուստատեսութեամբ ու թատրոններով, եւս ինծի կրնայ հաճելի ըլլալ։ Յամենայնդէպս, կտրականապէս դէմ եմ որեւէ բան արգիլուելուն ու սուիններով ընդունուելուն։ Կը կարծեմ, թէ շատ աւելի արդիւնաւէտ կ՚ըլլար, եթէ խօսակցութիւնը դառնար գեղարուեստական մակարդակին շուրջ, նոյնիսկ մասնակիցներու հետ, որովհետեւ ես այնտեղ քիչ մը սիրողական մակարդակ տեսայ։ Գոնէ այն մասերը, որոնք ես տեսած եմ, այդպիսին էին։

ՆԿԱՐԻՉ ԳՐԻԳՈՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ

Ես չկարողացայ տեսնել ներկայացումը, բայց այն ինչ որ ըրին այդ երիտասարդները ճիշդ կ՚ընեն ու լաւ կ՚ընեն։ Ես, օրինակ, մերկ լուսանկարս ներկայացուցած եմ ցուցահանդէսի մը եւ երրորդ օրը հանած են ցուցահանդէսէն։ Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ լրատուամիջոցներու 90 տոկոսը նախկին ռեժիմի հետ կապ ունեցող մարդոց ձեռքն է, ու ամէն ինչէ կ՚ուզեն աղմուկ սարքել։ Ըսելով, թէ տեսէք, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչերու կը բերեն... սա՛ է եղածը։ Ի վերջոյ արուեստը ճաշակի հետ կապուած չէ։ Ճաշակ, անճաշակութիւն, այդ արուեստին չի վերաբերիր, կրնայ ըլլալ՝ տիզայնին, կրնայ ըլլալ՝ նորաձեւութեան։ Բայց ո՛չ արուեստին։ Չեմ տեսած, չեմ կրնար ըսել, բայց կարելի չէ ամէն ինչին միջամտել եւ հաջել։ Մեր մօտ աւելի յաճախ կը հաջեն։ Իւրաքանչիւր մարդ ազատ է ինչ-որ բան ընելու համար։ Եւ պարզապէս պէտք է հանդուրժել, եթէ իրենց ինչ-որ բան դուր չի գար։ Ինծի ալ շատ բան դուր չի գար։ Բայց կը հանդուրժեմ, չէ՞։ Նախորդ իշխանութիւններուն ալ 20 տարի դիմադրելով, հանդուրժելով ապրած ենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

ԾԱՆՕԹ՝ Գերադասած եմ «ՀուԶանք եւ զանգ»ի արեւելահայերէն գրելաոճը պահպանել։

* «Զէլիոնքա» կարգ մը մաշկային հիւանդութիւններ բուժելու համար օգտագործուող կանաչ գոյնի հեղուկ-դեղ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2019