ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչո՞ւ պէտք չէ չար մարդոց նախանձիլ:
Պատասխան. Առակաց 24-րդ գլուխին սկիզբը կը կարդանք. «Չար մարդոց մի՛ նախանձիր ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար. վասնզի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին» (Առ 24.1-2):
Նախանձը ինքնին մեղք է, առաւել եւս չար մարդոց նախանձիլը: Նախանձը, արդարեւ, մարդս սատանային կը հաւասարեցնէ: Յիշենք, Արուսեակը ինչո՞ւ համար իր պատիւէն ինկաւ եւ երկինքէն վտարուեցաւ, ան որ հրեշտակներուն մէջ գեղեցկագոյնն էր, ամենէն տգեղը դարձաւ, նախանձին պատճառով: Հետեւաբար, նախանձը մեզ սատանային կը նմանցնէ, այն ինչ՝ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր մէջ եղող Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան:
Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ. «Դուք՝ երկնային քաղաքացիութեան մարտիկներդ, ինչքան հնարաւոր է հեռո՛ւ փախէք նախանձէն, ինչքան հնարաւոր է ձեզմէ հեռո՛ւ վանեցէք մրցակցութիւնն ու նախանձը, որպէսզի սատանային հետ մէկտեղ չդատապարտուիք»: Տեսէ՛ք, նախանձը նոյնիսկ մեզ սատանային դատապարտակից կ՚ընէ, հետեւաբար, ինչքան հնարաւոր է, պէտք է հեռու մնանք նախանձէն:
Առաւել եւս չար մարդոց նախանձելէ պէտք է հեռու մնանք, որովհետեւ ինչպէս Առակացի իմաստուն հեղինակը կ՚ըսէ, անոնք՝ չար մարդիկը, մի միայն բռնութեան մասին կը մտածեն, իսկ բռնութիւնը հաւատքի կեանքով ապրող մարդոց համար անընդունելի երեւոյթ է: Աստուած, Ամենաբարին, չի՛ ստիպեր մեզի ո՛չ մէկ բան ընելու, ընդհակառակը, մեզ ազատ ձգած է՝ մեզի բանականութիւն ու կամք պարգեւելով: Այլ խօսքով, Աստուած մեր նկատմամբ բռնութիւն չի՛ գործեր Իրեն հետեւելու կամ Իր կամքով ապրելու համար: Մինչ սատանան, ամէն տեսակի բռնութիւններու կը դիմէ, մեզ կարենալ հեռացնելու համար Աստուծմէ, որպէսզի դատապարտակից ըլլանք իրեն: Ան իր այս գործը կը կատարէ, կամ կ՚իրագործէ չար մարդոց միջոցով, որոնք իրենք զիրենք յանձնած են սատանային: Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ ո՛չ միայն հեռու մնայ չար մարդոցմէ, այլ՝ չնախանձի ալ անոնց, ինչքան ալ անոնք այս աշխարհի արժեչափերով յաջողութեան, դիրքի ու հարստութեան հասած ըլլան:
Շատերս կ՚ունենանք այդ ապրումը, որով երբ տեսնենք չար մարդոց ունեցած յաջողութիւնը, կը նախանձինք, մեր սիրտին մէջ կը չարանանք, նոյնիսկ երբեմն զԱստուած կը մեղադրենք, ըսելով, ինչո՞ւ չի՛ միջամտեր, եւ այլն: Սուրբ Օգոստինոսը այս մասին կը գրէ. «“Նկատեցի մեղաւորները, եւ տեսայ, թէ անոնք խաղաղութեան մէջ են”: Ո՞ր խաղաղութեան. ժամանակաւոր, ոչ կատարեալ եւ աշխարհիկ խաղաղութեան: Տեսայ, թէ անոնք որոնք Աստուծոյ չեն ծառայեր կը ստանան այն բոլոր բաները, որ ես կը փափաքիմ ստանալ՝ ծառայելու համար Աստուծոյ, ոտքերս սայթաքեցան, նոյնիսկ քայելրս ալ պիտի սայթաքէին…:
Ուշադրութիւն դարձուցէք, այդ մարդիկը մեծամիտ են եւ անսանձ, նկատեց նաեւ, թէ այն եզը որ մորթուելու համար կը պատրաստուի՝ կ՚արտօնուի անոր ազատութեամբ մեղանչել, եւ ամէն ինչ կ՚աւերէ ու կը քանդէ, մինչեւ իր մորթուելու օրը գայ»:
Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ հեռու մնանք նախանձէ եւ չար մարդոց նախանձելէ, որովհետեւ անոնք՝ ինչպէս Սուրբ Օգոստինոսը կը նկարագրէ, մորթուելու տարուող եզերու նման են, կը մեղանչեն, չարութիւն կը գործեն, իրենք զիրենք կը պղծեն, այդպիսով իրենք զիրեանք յաւիտենական կորուստի դատապարտելով:
Աւարտենք, Պետրոս Շանշեանցի հետեւեալ հատուածով.
* Չար ցանկութեան հետ երկու կիրք կապուած է՝ ոխ եւ նախանձ, որոնք կը նեղեն մարդուն, երբ կը տեսնէ ուրիշներուն արտօնութիւնը, որմէ ինք զրկուած է: Ան կ՚ուրախանայ ուրիշներուն հանդիպած վնասին վրայ, եւ այս կիրքն է, որով սէրը ի սպառ բնաջինջ կ՚ըլլայ: Այս կիրքն է, որ մեզ ամէն տեսակի չարագործութեան կ՚ընտելացնէ: Այս կիրքով Կայէնը իր արդար եւ հարազատ եղբայրը՝ Աբէլը կը սպաննէ: Այս կիրքով Յակոբին որդիները իրենց անմեղ եղբայրը՝ Յովսէփը կը վաճառեն եւ Սաւուղը Դաւիթին դէմ կը զինուի: Այս կիրքն է, որ անմեղ Դանիէլը առիւծներուն գուբը կը ձգէ եւ մեր Փրկիչին խաչ կը հանէ, եւ այլն: Եթէ նախանձոտը ամէն ժամանակ այս տեսակ չարիք չի գործեր, պատճառը այն է, որ կա՛մ կարողութիւն չունի եւ կամ համարձակութիւն: Սակայն, նախանձը միշտ կը մաշէ նախանձոտին սիրտը եւ կը կրծէ անոր հոգեկան կենդանութիւնը: Նախանձոտը նոյնիսկ մեր Պարգեւատու Արարիչին դէմ կ՚ապստամբի: Ան նախանձոտին սիրտը նեղութեամբ եւ դառնութեամբ կը լեցնէ: Ան՝ Սողոմոնի ըսածին նման՝ ոսկորներուն փտտութիւն է (Առ 14.30): Նախանձը ամէն կերպով ամօթալի է, որովհետեւ իր առջեւ ո՛չ լաւութիւն ունի, ո՛չ ալ ինքն իր նկատմամբ ձգտողութիւն: Ան միայն չարութիւն կը խնդրէ եւ չարութիւն կը գտնէ ու բոլորովին սատանայական է, եւ այս սատանայական նախանձով էր, որ մահը աշխարհ մտաւ: Ի վերջոյ, նախանձը այնպիսի մեծ յանցանք է, որ խիստ մեծ դժուարութեամբ կ՚ուղղուի: Որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ նախանձը լոկ թուլութիւն կը համարեն, որպէս թէ հետեւանք չունի, կա՛մ չեն խոստովանիր իբրեւ պակասութիւն եւ կա՛մ չեն կարողանար սանձել. «Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու» (Գղ 5.26): Նախանձոտը կը նեղուի եւ կը տագնապի նաեւ այն ատեն, երբ կը տեսնէ, որ ուրիշները եւս ունին եւ կը վայելեն իր ունեցած արտօնութիւնը: Այսպէս, եբրայեցիները կը նախանձէին, երբ կը տեսնէին, որ Աստուած յայտնուած է հեթանոսներուն եւ Աւետարանը անոնց մէջ եւս կը քարոզուի: Նախանձը հակառակ է սիրոյ եւ հակառակ է արդարութեան. սակայն, մարդասէրը միշտ Մովսէս մարգարէի օրինակին կը հետեւի, որ կը փափաքէր, որպէսզի բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները մարգարէ ըլլային. «Երանի՜ թէ Տիրոջ բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային» (Թւ 11.29): Նախանձին աղբիւրը հպարտութիւնն ու չափազանց անձնասիրութիւնն է, որ կը թուլցնէ եւ երբեմն ալ ի սպառ կը խեղդէ բնական զգացողութիւնները եւ դէպի մեծամեծ յանցանքներ կ՚առաջնորդէ: Ո՞վ կրնայ նախանձին դիմադրել, կ՚ըսէ Սողոմոն Իմատունը. «Նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (Առ 27.4):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 119
Վաղարշապատ