«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ԴԱՍԱՆԻՒԹԸ

10 նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Հանրային քննարկում» ծրագիրի հերթական յայտագիրը կը կրէր՝ «Կրթական բարեփոխումներ» խորագիրը, վերջին շրջանին Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող կարգ մը իրադարձութիւններու հետ, լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթերուն շուրջ: Ստորեւ, կը ներկայացնենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ՝ Գերշ. Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանին մտածումները, զորս ան յայտնած է այդ յայտագիրի ընթացքին:

«...Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը ուսումնական ծրագիրէն հանելու կամ չհանելու խնդիր դրուած չէ, այլ՝ պարզապէս կը քննարուի դասանիւթը մատուցելու մեթոտաբանութիւնը, որուն ես անձնապէս հարիւր տոկոսով համաձայն եմ: «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթի պարագային կան որոշակի խոցելի կէտեր, որոնց մասին պէտք է մտածել, խորհրդածել, քննարկել, ուսումնասիրել, վերլուծել, եւ ի վերջոյ սրբագրել ու աւելի զօրացնել: Եթէ այս տեսանկիւնէն կը նայինք այս հարցին, որեւէ հարց չեմ տեսներ, ընդհակառակը, ուրախ եմ, որ այսպիսի մօտեցում կայ այս դասանիւթին մասին:

Այստեղ կ՚ուզեմ յստակեցում մը կատարել, որ «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթը ըլլալով պատմական պլոքի մէկ բաժինը, սակայն այս դասանիւթը զուտ թուականներ, իրադարձութիւններ ու պատմական ենթաշերտեր չի պարունակեր: «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն»ը այն դասանիւթն է, որու միջոցով աշակերտը կը ճանչնայ իր արժէքային ինքնութեան կարեւոր կառոյցներէն մէկը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին: Դասանիւթին մէջ կայ ամբողջութիւն մը՝ տօներու, ծէսերու, պատմութեան, արժեհամակարգի, եւ այլն: Եթէ բանանք Աւագ Դպրոցի դասագիրքերուն մէջ պարունակուած բարոյագիտութեան, կամ ազգային մշակոյթի, կամ պետականութեան, կամ ազատութեան դրսեւորման մեկնաբանութեան հատուածները, այնտեղ պիտի նկատենք, որ այնտեղ պարզ ձեւով կ՚ուսուցանուի, թէ հայ երեխան ի՛նչպիսին պէտք է ըլլայ 21-րդ դարուն, ուշադիր եղէք, հա՛յ երեխան:

Համամարդկային արժէքներու տեսանկիւնէն, այս դասանիւթը երեխային համար լաւագոյն աղբիւրն է՝ իր գիտելիքները յստակեցնելու համար, որովհետեւ երեխան իր կեանքին մէջ ամէն քայլափոխի պիտի բախուի ընտրութեան, եւ առ այդ ան պէտք է լայն ճանաչում ունենայ՝ որպէսզի ընտրութիւնը ճիշդ ըլլայ: Չէ՞ որ մենք հանդուրժողութիւն, հաւասարութիւն կը քարոզենք. այս բոլորը ամփոփուած է այս դասանիւթի ուսումնական ծրագիրին մէջ:

«...Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասագիրքին մէջ յստակ կերպով դրուած է ի՞նչ է սխալը եւ ի՞նչ է մեղքը քրիստոնէական ընկալումով, ի՞նչ պատմութիւն ունի այդ մեղքը, ինչպէ՞ս հայացուած է այդ ընկալումը մեր նախնիներուն ապրած կեանքի ընթացքին. ի վերջոյ մենք քրիստոնէական հաւատքը ապրած ենք եւ այսօր այդ ապրուած փորձառութիւնը մենք խնդիր ունինք զայն մեր երիտասարդ սերունդին փոխանցելու, որպէսզի ան ո՛չ թէ մոռնայ հայկականը ու միջազգայինին վազէ, այլ՝ իմանայ, ծանօթանայ, ճանչնայ, գիտելիք ունենայ հայկականին մասին, ապա միայն վերցնէ միջազգայինը, համամարդկայինը, եւ իր ունեցած հայկականին իմացութեամբ մաղէ անցընէ եւ նոր միայն դարձնէ իրը:

Եթէ «Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն» դասանիւթին ներկայիս օգտագործուող չափորոշիչին մէջի բնութագրականը կարդանք, այո՛, մենք -մենք ըսելով նկատի ունինք Կրթութեան նախարարութիւնը- կը կարեւորենք 21-րդ դարու հայ նոր մարդու դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը, որ միաժամանակ բոլոր տեսակի կրօններու նկատմամբ հանդուրժող պէտք է ըլլայ. սակայն ի վերջոյ պէտք է ճանչնայ ինքն իր ինքնութիւնը. իր մականունը ինք իր հօրմէն եւ մօրմէն ժառանգած է, այդ մականունը պիտի ճանչնայ չէ՞, իր տոհմածառը պիտի իմանա՞յ կամ ոչ:

Այս դասանիւթին նպատակը միայն պատմական չէ, այլեւ միաժամանակ՝ դաստիարակչական, լուսաբանական ու ճանաչողական, որպէսզի երեխան կարողանայ հայ տեսակը իր ամբողջականութեան մէջ իմանալ ու ճանչնալ: Օրինակի համար, 11-րդ դասարանի դասագիրքին մէջ խաչքարերուն վերաբերող դասանիւթ կայ, ասիկա կրօնակա՞ն երեւոյթ է, թէ՞ մշակութային, թէ՞ ազգային: Եւ այս բոլորով հանդերձ, երեխան ի վերջոյ, երբ ապագային ուսման կամ ճամբորդութեան համար եւրոպական որեւէ երկիր մեկնի, նուազագոյնը պէտք է իմանայ ի՛նչ է իր ազգի կարեւոր, հոգեւոր մշակոյթին վերաբերող մէկ հատուածին մեկնաբանութիւնը. պիտի իմանա՞յ, թէ՞ ոչ. արդարեւ այս դասագիրքին մէջ գրուած է, ի՞նչ է խաչքարը, ինչպէ՞ս ձեւաւորուած է հայ ճարտարապետութիւնը, ինչպէ՞ս հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը հանգուցալուծում տուած է հայ ժողովրդական եւ ազգային էթնիք երաժշտութեան, եւ այլն:

Առ այդ, այն քննադատութիւնը որ յաճախ կը հնչէ, թէ միայն Հայ Եկեղեցի՞ն է. այո՛ միայն Հայ Եկեղեցին կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք էթնիք ազգ ենք, բայց եւ այնպէս, դասանիւթը յստակ կերպով կը սկսի պարզ գիտելիքներ տալ Աստուածաշունչի մասին -չնայած, որ շատ յաճախ այս կէտը կը մեկնաբանուի որպէս քարոզ, եւ այլն-, սակայն, նախ եկեղեցական կանոնականութեան իմաստով, Եկեղեցիէն դուրս, ոչ-հոգեւորականները չե՛ն կրնար քարոզել, ասիկա եկեղեցական իրաւական հարց է: Եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ թոյլ տալ, որ այդ քարոզչութիւնը իրականացնէ ոեւէ ուսուցիչ՝ դպրոցէն ներս. հետեւաբար, նման հարց՝ քարոզչութիւն իրականցնելու, չկա՛յ, եւ պէտք չէ շահագործել այս մէկը, քարոզչութեան հարց չկայ: Երեխան պարզապէս գիտելիքներ կը ստանայ քրիստոնէական ամբողջական արժեհամակարգին մասին, սկսած Ադամէն, հասնելով Նոյին, եւ այսպէս շարունակ: Այս առումով, օրինակ, Նոյին տապանը ո՞ւր հանգչած է. ի վերջոյ, այդ երեխան Արարատեան դաշտավայրին մէջ կ՚ապրի, եւ արդեօք պէտք չէ՞ գիտնայ, թէ Նոյին տապանը ո՞ւր հանգչած է, ո՞ր լերան վրայ:

Հարցում. Դուք կո՞ղմ էք Նախարարութեան այս նախաձեռնութեան՝ օրէնքի նախագիծին:

Պատասխան. Նախարարութիւնը եթէ չափորոշիչները կը մշակէ -Եկեղեցւոյ եւ դասանիւթի շահերէն մղուած-, մասնագէտներու մասնակցութեամբ, եւ ո՛չ թէ գաղտնի կերպով, ու Եկեղեցին յանկարծ լրատուամիջոցներէն իմանայ, թէ նախագիծը պատրաստ է եւ յառաջիկային պէտք է հաստատուի, եւ այլն, ճիշդ այս երեւոյթներն են, որոնք անհանգստութիւն կը պատճառեն: Ես կը կարծեմ, որ այդպիսի բան չի՛ կրնար ըլլալ:

...Եթէ մենք որեւէ մէկ բան կը հանենք, ենթադրելով թէ այդ հանուածին հաշիւին կրնայ ուրիշ բան մը զօրանալ, ինծի կը թուի, թէ այդ գործընթացը ճիշդ ճանապարհ չէ: Եկէք մենք զօրացնենք, եկէք մենք մեթոտաբանութիւնը վերանայինք, բովանդակութիւնը վերանայինք, ու երբ կը զօրացնենք, արդէն ուսուցիչներն ալ կը զօրացնենք վերապատրաստելով, այս բոլորէն ետք կրնանք քննարկել մնացեալ հարցերը:

...Որեւէ քննարկում՝ եթէ քննարկում է, ես կը կարծեմ, որ Եկեղեցին պատրաստ է այդ քննարկման, որեւէ տեսակի քննարկման. բայց եթէ այն պետական ռազմավարութիւն է, որ հայ տեսակը, հայ արժեհամակարգը եւ հայ քրիստոնէական նկարագիրը պէտք չէ որեւէ մէկ ձեւով շրջանցուի ու պէտք է յստակ ձեւով այս արժէքները պէտք է ըլլան մեր նպատակը. եւ մենք կը քննարկենք, թէ ի՛նչ ճանապարհով, ի՛նչ մեթոտներով այդ նպատակին պիտի հասնինք: Այստեղ ո՛չ մէկ հարց կայ: Ո՞վ է, որ պատմական որեւէ մէկ փուլ կը շրջանցէ:

Մենք որպէս հոգեւորականներ, օրինակի համար Տեառնընդառաջի տօնին եւ Սուրբ Խորանէն քարոզ կը խօսինք, երբ կը խօսինք Քրիստոսի Տաճար գալու մասին, միաժամանակ կը խօսինք ազգային աւանդութեան մասին, մենք չենք խօսի՞ր, որ այնտեղ մեր նախնիներէն տարրեր կան (կռապաշտութենէն), եթէ չենք խօսիր, հետեւաբար արդար չենք: Մենք երբ Վարդավառի Պատարագի ժամանակ կը խօսինք ջուրով զիրար սրսկելու մասին, չենք խօսի՞ր, որ այդ աւանդոյթը մեր նախնիներէն եկած հասած է մեզի, անշուշտ կը խօսինք:

...Շփոթմունք մը կայ: Մենք կը խօսինք դասանիւթը հանելու կամ չհանելու մասին, միաժամանակ կը խօսինք մեթոտաբանութեան մասին, ձեւի մասին: Դարձեալ կը կրկնեմ. եթէ Կրթութեան նախարարութիւնը, որ պետական ռազմավարութիւնը կը մշակէ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մեր Հայրենիքին, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ հայ պատանին, ինչպէս դպրոցէն ներս պէտք է կրթուի, դաստիարակուի ու սնունդ առնէ, ինչ դասանիւթեր պէտք է ուսումնասիրէ համակողմանիօրէն, որպէսզի ո՛չ միայն գիտելիք ստանայ, այլ՝ նաեւ արժեհամակարգային գիտելիք ստանայ, եւ արժեհամակարգով ձեւաւորուի, դաստիարակուի -այդ դաստիարակութեան կարեւոր հատուածը չմոռնանք-, հետեւաբար այդտեղ մեթոտներու, մշակումի ու մօտեցումներու առումով ո՛չ մէկ խնդիր կայ. ընդհակառակը, մենք մեր փորձառութեամբ կրնանք օժանդակել, օգնել ու մասնակցիլ այդ գործընթացին:

...Այո, մենք ուսուցիչներու խնդիր ունինք: Եթէ մենք մասնագէտներու մրցոյթ կը կազմակերպենք, այո՛, մենք խնդիր ունինք, որովհետեւ պատմաբանները կը դիմեն ու չեն յաջողիր, քանի որ համապատասխան վերապատրաստումներ չունին:

Հարցում. Այս հարցին մէջ ամենէն վտանգաւորը արդեօք այն չէ՞, որ մենք բուն օրէնքին մէջ եղած բոլոր խնդիրները մէկ կողմ ձգած ենք եւ այդ առումով քննարկում չկայ, ատոր փոխարէն ցոյց կ՚ընենք, ընկերային ցանցերով զիրար կ՚ուտենք, զիրար կը վիրաւորենք, զիրար կը մեղադրենք, հայ, հայեցի, եկեղեցի, այս բառերը առանձնացնելով ու հանելով: Արդեօք այս երեւոյթը կը նպաստէ՞ մեր կրթութեան եւ արդեօք այս երեւոյթը կը նպաստէ՞ հայեցի կրթութեան:

Պատասխան. Շատ վտանագաւոր երեւոյթ է, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ ներկայիս եւ շատ վտանագաւոր ուղղութեամբ կ՚ընթանանք: Կը կարծեմ, որ ճիշդ կ՚ըլլայ, որ թէ՛ Եկեղեցին, թէ՛ Նախարարութիւնը եւ թէ պատկան անձինք՝ ուսուցիչները, այս ալիքը, այս երեւոյթը դադրեցնեն, որովհետեւ ասիկա շատ վտանգաւոր քննարկում է: Մենք դպրոցներէն ներս իսկապէս խնդիրներ ունինք, հանրակրթութենէն ներս լուրջ խնդիրներ ունինք, հարցեր կան ու այդ հարցերը պէտք է յեղափոխական մօտեցումներով բարեփոխել: Բայց այդ բոլորը պէտք է ըլլայ քննարկումներով, պէտք է ըլլայ աշխատանքով, պէտք է ըլլայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ, եւ այնպէս չըլլայ, որ յանկարծ եթերէն բան մը յայտարարուի պաշտօնեայի մը կողմէ, որ այդ համակարգը [խօսքը Կրթութեան նախարարութեան մասին է] կը ներկայացնէ, ու ամբողջ հասարակաութիւնը սկսի հայ տեսակի, Եկեղեցւոյ եւ ծագումնաբանական հարցերու մասին քննարկումներ կատարէ, որովհետեւ այսօր գրեթէ բոլորը այդպիսի քննարկումներ կը կատարեն, ու կարծիքովս ճիշդ տեղ չենք երթար:

Այո՛, բարեփոխումներ պէտք է կատարել: Կրթութիւնը առանցքային ոլորտն է այն կարեւոր յեղափոխական մօտեցումներուն, որոնք 21-րդ դարուն հայ մարդը պիտի պատրաստէ, նոյն այդ գիտաարհետավարժական ամբողջական իր դրսեւորումներով, ու եթէ մենք դպրոցէն ներս չյաջողեցանք այդ մէկը տրամադրել երեխային իր նկարագիրով, իր ազատութեան ճշմարիտ սահմանները սահմանելով, -ազատութիւն չի՛ նշանակեր ամենաթողութիւն, ամէն ինչ կրնաս ընել- ուրեմն թերացած ենք:

Հանդուրժողութիւնն ու ազատութիւնը երկու կարեւոր արժէքներ են, որոնք միաժամանակ քրիստոնէական արժէքներ են, եւ Հայ Եկեղեցին համաքրիստոնէական մեծ ընտանիքին մէկ ճիւղն է, որ ազգայնացած է, մտած է հայ տեսակի, Հայ կենի մէջ ու այսօր կը դրսեւորուի իր պատմական յիշողութեամբ, իր անցեալով, ու ատիկա անքակտելի մէկ մասնիկն է հայ մարդուն, որովհետեւ այդ երեխան, այդ երիտասարդը, եթէ այդ տարրական գիտելիքները չունեցաւ իր ազգային տօներու, իր եկեղեցական տօներու, իր պատկանելիութեան, իր նկարագիրին, իր բարոյական նկարագիրին, իր արժէքներուն, իր մշակոյթին, եւ այլն, եւ այլն, այդ պարագային այդ երեխան կամ երիտասարդը ինչպէ՞ս պիտի շփուի աշխարհին հետ, ինչպէ՞ս պիտի շփուի այլ կրօններու հետ, ինչպէ՞ս պիտի շփուի այլ ազգերու ներկայացուցիչներու հետ:  

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019