ՄԻ՛ սպաններ

Աշ­խարհ կը տա­ռա­պի ի­րե­րա­մերժ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ։

Կ՚ապ­րինք աշ­խար­հի մը մէջ, ուր Ա­րե­ւելքն ու Ա­րեւ­մուտ­քը դա­րե­րով չկա­րո­ղա­ցան հասկ­նալ զի­րար։ Ա­րե­ւել­քը իր հին ու գրա­ւիչ մո­գա­կա­նու­թեամբ դեռ եւս կ՚ու­զէ ներ­կա­յա­նալ ա­րար աշ­խար­հի ա­ռաջ, որ­պէս քա­ղա­քակր­թու­թեանց ու կրօն­նե­րու օր­րա­նը, իսկ Ա­րեւ­մուտ­քը կը յո­խոր­տայ իր նո­րա­րա­րու­թեան ու ա­զա­տա­կա­նու­թեան քա­րոզ­չու­թեամբ։

Ա­րե­ւել­քէն ծնունդ ա­ռին աշ­խար­հի բո­լոր կրօն­նե­րը։ Հե­թա­նո­սու­թիւ­նը, վա­խի ազ­դե­ցու­թեան տակ, տի­րա­պե­տեց մար­դուն ու ա­նոր հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, իւ­րա­քան­չիւր ա­ղէ­տի դի­մաց զայն պաշտ­պա­նե­լու հա­մար կուռք մը եւ կամ չաս­տուած մը հնա­րե­լով։ Մով­սի­սա­կան կրօ­նը, ծնունդ ա­ռաւ Ա­րե­ւել­քի ա­ւազ­նե­րէն, հրեայ ժո­ղո­վուր­դին մի­ջո­ցաւ, ե­կաւ դաս­տիա­րա­կե­լու մարդ ա­րա­րա­ծը միաս­տուա­ծեան գե­րա­գոյն գա­ղա­փա­րով, թէ այս աշ­խար­հի բո­լոր ու­ժերն ու չաս­տ-ւած­նե­րը իս­կու­թեան մէջ մար­դու մտքին ծնունդն են եւ թէ ա­նոնք ա­մե­նա­զօր եւ ա­մե­նա­կա­րող չեն։ Կա՛յ երկն­քի մէջ զօ­րու­թիւն մը, որ կը կա­ռա­վա­րէ մարդ ա­րա­րա­ծի կեանքն ու ճա­կա­տա­գի­րը։ Այդ Աս­տուա­ծը, Մով­սէ­սի հետ ե­րես ե­րե­սի խօ­սած է եւ տուած ա­նոր Տաս­նա­բա­նեայ տախ­տակ­նե­րը, մարդ­կու­թեան տրուած ա­ռա­ջին օ­րի­նա­գի­րը։ Տաս­նա­բա­նեան դար­ձաւ աշ­խար­հի օ­րէնսգր­քե­րուն գլխա­ւորն ու ու­ղե­ցոյ­ցը, որն ընդգր­կեց ե՛ւ Ա­րե­ւել­քը, ե՛ւ Ա­րեւ­մուտ­քը։ Սա­կայն, Մով­սի­սա­կան կրօ­նի Աս­տուա­ծը սար­սա­փե­լի նա­խան­ձոտ եւ վրի­ժա­ռու Աս­տուած մըն էր եւ Ա­նոր օ­րէնք­նե­րը՝ դա­ժան ու խիստ։ Ա­նոր օ­րէնք­նե­րուն մէջ նե­րում չկար։ Տաս­նա­բա­նեան կը հրա­հան­գէր «Մի՛ սպան­ներ», եւ միա­ժա­մա­նակ, այդ նոյն հրեայ ժո­ղո­վուր­դը, յա­նուն այդ վրի­ժա­ռու Աս­տու­ծոյ, կը սպան­նէր ծերն ու ե­րի­տա­սար­դը, մա­նուկն ու կի­նե­րը, իր ճամ­բուն վրայ դէ­պի Խոս­տու­մի Եր­կիր։

Ազ­գե­րու եւ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի պատ­մու­թիւ­նը, ցաւ ի սիրտ, գրուած է ի­րենց տա­րած յաղ­թա­նակ­նե­րը շե­փո­րե­լով, մղուած պա­տե­րազմ­նե­րուն ու սպա­նու­թիւն­նե­րուն փա­ռա­ւոր տեսք մը տա­լով։

Աշ­խար­հի ա­րար­չու­թե­նէն ի վեր, Աս­տուած չէ ըն­դու­նած սպա­նու­թիւ­նը։ Վկայ Հին Կտա­կա­րա­նի Ծննդոց Գրքի պատ­մա­կա­նը Ա­բէ­լի ու Կա­յէ­նի մա­սին։ Կա­յէն զէնք չու­նէր, սա­կայն քա­րով մը նոյ­նիսկ կեան­քը խլեց իր եղ­բօր՝ Ա­բէ­լին։ Սա կը հա­մա­րուի աշ­խար­հի ա­ռաջ­նա­գոյն ո­ճի­րը։

Ի լրումն ժա­մա­նա­կի, կոյ­սի մը ար­գան­դին մէջ, մար­մին ա­ռաւ գթա­ռատ ու սի­րող Աս­տու­ծոյ Խօս­քը։ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը այս ան­գամ, երկն­քէն եւ կամ ամ­պի մը յե­տին չէր որ պի­տի խօ­սէր հա­մայն մարդ­կու­թեան հետ, այլ՝ ուղ­ղա­կի Յի­սուս Քրիս­տո­սի ան­ձին մի­ջո­ցաւ մարդ ա­րա­րա­ծին հետ, ե­րես-ե­րե­սի։

Ծնաւ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը Ա­րե­ւել­քի մէջ, քա­րո­զեց Սէր եւ Խա­ղա­ղու­թիւն։ Ա­նա­ռակ կին մը քար­կո­ծե­լու ե­կած նա­խան­ձախն­դիր մար­դոց, Յի­սուս ը­սաւ. «Ձեզ­մէ այն ան­մե­ղը՝ թող որ նե­տէ ա­ռա­ջին քա­րը»։ Յի­սուս Քրիս­տոս, Աս­տու­ծոյ ի­մաս­տու­թիւնն ու խօս­քը, հա­կա­ռակ էր պա­տե­րազ­մի եւ սպա­նու­թեան։ Ա­նոր քա­րոզ­չու­թիւ­նը սէր էր եւ խա­ղա­ղու­թիւն, եւ թէ սի­րով միայն կա­րե­լի էր յաղ­թա­հա­րել չա­րը։ Մեղ­քին ու սպա­նու­թեան վերջ մը տա­լու հա­մար, իր կեան­քը որ­պէս վեր­ջին զոհ զո­հա­բե­րեց Խա­չի վրայ։ Իր յա­րու­թեամբ յաղ­թա­հա­րեց մա­հը, ու վե­րա­դար­ձաւ եր­կինք՝ որ­պէս նոյն Աս­տու­ծոյ Խօս­քը, օ­րի­նա­կե­լի ապ­րե­լա­կերպ մը ու­սու­ցա­նե­լով մարդ ա­րա­րա­ծին։

Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի հե­տե­ւորդ­ներն ու Իր ա­շա­կերտ­նե­րը տա­րա­ծե­ցին Աս­տու­ծոյ Խօս­քը, սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն՝ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։ Սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն քա­րո­զե­լու հա­մար, Քրիս­տո­սի հե­տե­ւորդ­նե­րը մար­տի­րո­սա­ցան, սա­կայն, ի վեր­ջոյ, սէր եւ խա­ղա­ղու­թիւն քա­րո­զող այս կրօ­նը գտաւ իր տե­ղը մար­դոց սրտե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ եւ տա­րա­ծուե­ցաւ ա­մէն կողմ։

Սա­կայն, պա­տե­րազմ­ներն ու սպա­նու­թիւն­նե­րը չդադ­րե­ցան։ Ա­ւե­լի սոս­կա­ցան, երբ այս ան­գամ, նո­րէն Ա­րե­ւել­քի ա­ւազ­նե­րէն ծնունդ ա­ռաւ Մահ­մե­տա­կան կրօ­նը։ Այս կրօ­նի քա­րոզ­չու­թիւ­նը սու­րով եւ ա­րիւ­նով տա­րա­ծ-ւե­ցաւ։

Քրիս­տո­նէու­թիւնն ալ, միջ­նա­դա­րուն, սու­րով պար­տադ­րեց ուղ­ղա­փա­ռու­թիւ­նը, խլե­լով հա­զա­րա­ւոր կեան­քեր՝ վասն հա­ւա­տոյ։

Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին ու Երկ­րորդ պա­տե­րազմ­նե­րուն մի­լիո­նա­ւոր հո­գի­ներ սպան­նուե­ցան քա­ղա­քա­կան ինչ-ինչ նպա­տակ­նե­րու հա­մար։ Ու դեռ սպա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

21-րդ դա­րու սե­մին, կար­ծե­ցինք որ քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հը դար­ձած է հա­սուն իր տրա­մա­բա­նու­թեան մէջ, բայց նոյն այդ նո­րա­րա­րու­թեամբ յո­խոր­տա­ցող Ա­րեւ­մուտ­քէն ծնունդ ա­ռաւ «Սէ­քու­լա­րիզմ»ը։ Աշ­խար­հայ­նա­ցում ա­նուան տակ, որ իբր թէ կը մի­տէր կրօ­նը ան­ջա­տել պե­տու­թե­նէն, ու թոյլ տալ որ օ­րէն­քը իշ­խէ, ար­մա­տա­խիլ ը­նե­լով մար­դու ա­զա­տու­թիւ­նը կաշ­կան­դող բո­լոր կա­ղա­պար­նե­րը, մա­նա­ւանդ մեր­կաց­նե­լով ա­նոր հո­գին՝ Սի­րող ու Գթա­ռատ Աս­տու­ծոյ գա­ղա­փա­րէն։

Ի՞նչ ե­ղաւ։

Սէ­քու­լա­րիզ­մը դար­ձաւ ա­պակ­րօն կրօն մը, Ա­թէիզ­մի ու­րիշ ե­րե­սը, ո­րուն օր­կար­գի վրայ միայն մէկ նպա­տակ կար՝ չէ­զո­քաց­նել Քրիս­տո­նէա­կան բո­լոր ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, «թոյլ տա­լով» որ մարդ ա­րա­րա­ծը ապ­րի ա­ռանց նա­խա­պա­շա­րուած հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, կրօ­նա­կան ա­ռաս­պել­նե­րու։ Սէ­քու­լա­րիզ­մը ճնշեց ու դեռ կը ճնշէ Քրիս­տո­նէա­կան բո­լոր հո­սանք­ներն ու մա­նա­ւանդ Ե­կե­ղե­ցին, սա­կայն միւս կող­մէ թոյլ կու տայ ան­հա­ւատ­նե­րու սպա­նու­թիւն քա­րո­զող, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը չգնա­հա­տող կրօ­նի հե­տե­ւորդ­նե­րուն՝ զօ­րա­նա­լու, տա­րա­ծուե­լու, հաս­տա­տուե­լու եւ քա­րո­զե­լու ա­զա­տօ­րէն եւ ա­ռանց կաշ­կան­դու­մի։ Քիչ ը­սենք, դուք շա­տը հասկ­ցէք։

Սէ­քու­լա­րիզ­մի բե­րած օ­գու­տը մարդ­կու­թեան, ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ՝ սպա­նու­թիւն։ Սպա­նու­թիւն՝ բա­րո­յա­կան ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն։ Մարդ ա­րա­րա­ծի խղճմտան­քի սպա­նու­թիւն։ Խիղ­ճը, մեր նա­խա­հայ­րե­րը տե­սած են որ­պէս Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը մար­դու նե­րաշ­խար­հին մէջ։ Մար­դը խղճա­միտ է, երբ աս­տուա­ծա­վա­խու­թիւ­նը սեր­մա­նուած է ա­նոր հո­գիին մէջ։ Սէ­քու­լա­րիզ­մով՝ մարդ ա­րա­րա­ծը նոյն է, ինչ­պէս որ է ան­բան կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հը, բա­ցա­ռե­լով որ մար­դը բա­նա­ւոր կեն­դա­նի մըն է։ Վեր­ցու­ցէ՛ք Ա­րա­րիչ Աս­տու­ծոյ գա­ղա­փա­րը մար­դուն միտ­քէն, ու ա­հա կ՚ու­նե­նանք լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը ա­րա­ծող ոչ­խար­նե­րու, ո­րոնք ընդ­միշտ պի­տի հե­տե­ւին շատ մը պար­տադ­րող սահ­ման­նե­րուն մէջ մնա­լու։

Սէ­քու­լա­րիզ­մը ա­ռա­ւել եւս կը պար­տադ­րէ նոյն սե­ռի ա­մուս­նու­թիւն, լրբա­ցած բա­րո­յա­կա­նու­թիւն, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու նուաս­տա­ցում եւ կամ մշտա­կան զրկում։ Դեռ ի՞նչ ա­ւելց­նենք։

Այս օ­րե­րուս, հայ ու­սա­նող­ներ ու ծնող­ներ կան, Ա­րեւ­մուտ­քի այս ա­փե­րուն, թէեւ մեծ չեն քա­նա­կով, սա­կայն, դեռ կը յա­մա­ռին չէ­զո­քաց­նել եւ կամ վե­րաց­նել տալ հա­յե­րէն լե­զուի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւան­դու­մը՝ հայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս։

Ի՞նչ ը­նենք։

Աշ­խար­հի բո­լոր կրօն­նե­րէն միայն Քրիս­տո­նէու­թիւնն է, որ կը քա­րո­զէ մար­դոց մէջ հա­ճու­թիւն, սէր, խա­ղա­ղու­թիւն ու հան­դուր­ժո­ղու­թիւն։ Այս խօս­քը ա­ռաս­պել մը չէ՛, այլ ի­րա­կա­նու­թիւն։ Քրիս­տո­նէու­թիւնն է միակ կրօ­նը, որ այս օ­րե­րուս հա­լա­ծան­քի են­թար­կուած է, ե՛ւ Ա­րե­ւել­քէն, ե՛ւ Ա­րեւ­մուտ­քէն։

Ժա՛մն է, սթա­փուե­լու, արթ­նա­նա­լու։ Մի՛ սպան­նէք ձեր մէջ մարդ­կա­յին խիղճն ու հո­գին։ Վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցէ՛ք ձեր մէջ, ո՜վ քրիս­տո­նեա­ներ, Քրիս­տո­սի հա­ւատ­քը եւ Աս­տուա­ծա­վա­խու­թիւ­նը։ Ապ­րե­ցէ՛ք մար­դու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը վեր պա­հե­լով։ Հե­տե­ւե­ցէ՛ք ձեր խղճին, հո՛ն նստած է Աս­տուած։ Սի­րե­ցէ՛ք ձեր նմա­նը, ու գթա­ցէք ձեր նմա­նի ան­կա­րո­ղու­թեան ու խեղ­ճու­թեան վրայ։ Մի՛ սպան­նէք։

ԲԱԳ­ՐԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ՊԵՐ­ՃԷ­ՔԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017