ՆՈՐ ՊԱՅՔԱՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ. ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐԸ «ՏԷՐ» ԵՒ «ԾԱՌԱՅ»

Մարսէլ Ղանէմ եւ իր «Թոլք շոու»ն «դատապարտեալ»ի աթոռին վրայ…

Անցեալ տարուան Նոյեմբերի կէսէն ասդին Լիբանանի ներքին օրակարգին մէջ նոր «տրամաթիք» թեմա մը աւելցած է: Խօսքը լիբանանցի յայտնի (ու գրեթէ ամենայայտնի) լրագրող Մարսէլ Ղանէմի մասին է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պաշտօնէն հրաժարելէն ետք իր շաբաթական «Քալամ ալ նաս» յայտագրին հրաւիրելով սէուտցի երկու լրագրողներ, առիթ կու տար, որ անոնք վիրաւորական խօսքեր հնչեցնէին Լիբանանի պետութեան ու նախագահին հասցէին:

Հարիրի, որ աւելի ուշ Փարիզի վրայով Պէյրութ կը ժամանէր քաղաքական նոր օրակարգ մը «բանալով», իր պաշտօնին կը վերադառնար ու կը վերըս-տանձնէր իր պաշտօնը:

Իսկ ինչ որ տեղի կ՚ունենար լրագրող Մարսէլ Ղանէմին ու LBCI կայանին դէմ, կը վերածուէր ձիւնագունդի եւ նոր տագնապի մը, առանց որուն ալ Լիբանանը ամբողջական անդորր եւ քաղաքական համերաշխութիւն ապրող երկիր մը չէ:

Օրին, երկրի Արդարադատութեան նախարար Սալիմ Ժըրայսաթի, որ «Քալամ ալ նաս» յայտագրի սփռումէն օր մը ետք յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս կու գար, կը յայտարարէր. «Պետութիւնը պիտի չկլլէ եղածը, որուն պատասխանատուները անպայման պիտի կանգնին դատարանին առջեւ»: Եւ իրօք բաւական երկար ձգձգումներէ ետք լրագրող Մարսէլ Ղանէմն ու LBCI հեռուստակայանի լուրերու բաժնի պատասխանատուն ու տնօրէն Փիէռ ալ Տահէր կը հասնէին Պէյրութի Արդարադատութեան պալատ, աւելի ուշ կանգնելու համար դատարանին դիմաց: Տահէր, որ այդ օր լրագրողներուն խօսելով կը փորձէր իրավիճակը բացատրել՝ կը վստահեցնէր, թէ ինք աւելի լաւ կը զգայ, եթէ նման խնդրայարոյց վիճակներու մէջ յայտնուի:

Տահէր կ՚ըսէր. «Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ ամէն գնով կը փորձեն մամուլի հարցերը ոճրային դատարան տանիլ, այդպէսով փորձելով ճնշումներ բանեցնել ո՛չ միայն մեր կայանին, այլ՝ ամբողջ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներուն վրայ»: Իր կարգին, քրիստոնեայ-մարոնի «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան առաջնորդ Սամի Ժըմայէլ, որ տասնեակ այլ գործիչներու կողքին Արդարադատութեան պալատ կը հասնէր, Ղանէմին ու առհասարակ մամուլի ազատութեան կողքին ըլլալու նպատակով կը յայտարարէր. «Եղածը պարզապէս մամուլը ենթարկելու հերթական փորձ մըն է: Մենք կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրեակին ու իշխանութիւնները այս փորձով նպատակ ունին ամէն գնով լռեցնել եւ վախցնել Լիբանանի սրբութիւն սրբոց համարուող մամուլի ազատութիւնները»: Իր կարգին, Ղանէմ, որ շնորհակալական կարճ խօսք մը արտասանեց՝ յայտարարեց, որ ինք ու իրեն զօրավիգ կանգնող LBCI կայանի պատասխանատուները պատրաստ են այս պայքարին մէջ մինչեւ վերջ երթալ, յիշեցնելով, թէ իրենք առաջին անգամը չէ, որ նման իրավիճակի մը առջեւ կը յայտնուին: Մեծ թիւով լրագրողներու, հասարարական գործիչներու, մամլոյ ծառայողներու եւ խմբագիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած առաջին դատական լսումը իր աւարտին կը հասնէր եւ կը յետաձգուէր յառաջիկայ 4 Փետրուարին, թղթատարական տուեալներու յայտարարագրումէն ու Ղանէմի փաստաբան՝ երեսփոխան Պութրոս Հարպի կարճ խօսքէն ետք:

ԻՆՉՈ՞Ւ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՄԱՐՍԷԼ ՂԱՆԷՄ

Լիբանանի լրատուական դաշտին ծանօթներ քաջ գիտեն, որ քրիստոնեայ-մարոնի Մարսէլ Ղանէմ լրագրողին պատկերասփիւռային «Թոլք շոու» ծրագիր մըն է, որ ընթացք առած է 1995 թուականին: «Քալամ ալ նաս» անունը կրող («Մարդոց խօսքերը») յայտագիրը, որ արդէն առանց ընդհատումի կը սփռուի 22 տարիէ ի վեր, յաջողած է դառնալ համալիբանանեան հարթակ մը, որուն ընթացքին բացի քաղաքականէ, Ղանէմ լոյս կը սփռէ երկիրը յուզող ամենատարբեր թեմաներու եւ նիւթերու մասին: Լրագրողը, որ նաեւ օժտուած է իր հիւրը «խօսեցնելու» եւ անկէ կարեւոր խօսք մը, միտք մը, տեղեկութիւն մը ու մանաւանդ նոր ու թարմ կեցուածք մը «կորզելու» յատկութեամբ՝ յաջողած է ստեղծել համակիրներու եւ հետեւորդներու մեծ շրջանակ մը, որուն ներգրաւուողներէն բազմաթիւներ յաճախ չեն կիսեր Ղանէմի քաղաքական կեցուածքները:

Անշուշտ, որ Ղանէմի վարած այս «Թի. Վի. շոու»ն նաեւ տնտեսական հոսքի մեծ աղբիւր է, տրուած ըլլալով, որ անոր սփռումին հետեւողներուն թիւը կը հասնի հարիւր հազարներու եւ յայտագիրը դադրած է լոկ լիբանանեան ծրագիր մը ըլլալէ ու տարածուած է նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհէն ներս: Այս բոլոր տուեալները իրարու միացնելէ ետք հասկնալի կը սկսի դառնալ, որ նոյն LBCI կայանի իրենց պատրաստած ու ներկայացուցած յայտագիրը «թիրախ» դարձնելու միտուած քաղաքականութիւնը որոշ հիմքեր ունի: Բնականաբար երկրի գլխաւոր իշխանութիւնը եւ յատկապէս նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն կը մերժէ այդ տեսակի վերագրումները ու տարբեր առիթներով ալ կը յայտարարէ, թէ իրենց համար մամուլի եւ խօսքի ազատութիւնը ո՛չ միայն սրբութիւններ են, այլ նաեւ կը համարուին Լիբանանը իր շըր-ջապատէն առանձնացնող ու տարբերող դրական ազդակներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱ՞Ն ԱՆԿԱԽ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐ

Լիբանանի լրատուական դաշտը շատ տարբեր չէ անոր շրջակայ երկիրներու իրավիճակէն: Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ մինչ Միջին Արեւելքի մէջ «ընդունուած» է այն երեւոյթը, որուն համաձայն լրատուական դաշտին մէջ կը գործեն իշխանական եւ ընդդիմադիր ամպիոններ, անդին Լիբանանի պարագային այդ ընդդիմադիր եւ իշխանական հասկացողութիւնները կը տարբերին: Զանգուածային լրատուամիջոցներու հիմնական ներկայացուցիչները կը ներկայանան «կուսակցականացուած» ընդհանուր պատկերով մը, առանց սակայն անտեսելու այն կայանները, որոնք կը փորձեն հանդէս գալ որպէս անկախ կայաններ:

Ու ինչպէս ամէնուրեք, երկրին մէջ ամենաշատ տարածում գտած լրատուական ծառայութիւնները պատկերասփիռի կայաններն են, որոնց միջոցաւ է նաեւ, որ կը վերահսկուի երկրի լրատուական ընդհանուր դաշտը:

Այսօրուան դրուածքով Լիբանանի մէջ կը գործեն հետեւեալ պատկերասփիւռի կայանները.

«Թելէ Լիպան», որ կը համարուի պետութեան գլխաւոր կայանը, սակայն իր թուլութեան հետեւանքով կը համար-ւի մրցակցութենէ դուրս եղող հեռուստակայան մը:

 - «Ֆիւչըր», որ կը համարուի չափաւորական սիւննիներու եւ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի, հետեւաբար նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի բանբերը:

- «Էն. Պի. Էն.», որ բանբերն է «Ամալ» շարժումին ու հետեւաբար նաեւ խոր-հըրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիին:

- «Էմ. Թի. Վի.», որ կը համարուի քը-րիստոնեաներու խօսքն ու ձայնը ներկայացնող կայան մը:

- «Ալ Մանար», որ «Հիզպուլլահ»ի բանբերն է:

- «Նիւ. Թի. Վի.», որ կը հմարուի երկրի ձախակողմեան թեւերու եւ ոչ իշխանական ուժերու համեմատաբար «անկախ» մէկ ամպիոնը:

- «Օ. Թի. Վի.», որ գործող նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի կուսակցութեան՝ «Ազգային ազատ հոսանք»ի բանբերն է:

- LBCI, որ կը գործէ «անկախ» հարթակ մը ներկայանալու սկզբունքով ու նաեւ պարզ քաղաքացիի շահերը պաշտ-պանողի դերով:

LBCI կայանը կը միաւորէ լրտաուական դաշտը

Լիբանանի լրատուական դաշտին մէջ ընթացք առած պայքարը կը շարունակուի: Մարսէլ Ղանէմն ու LBCI հեռուստակայանը կը շարունակեն յայտարարել, թէ իրենք քաղաքական կողմի մը թիրախն են ու իրենց ըսել կ՚ուզեն, թէ ամէն ճիգ պիտի գործադրեն նախքան յառաջիկայ Մայիսին կայացուելիք ընտրութիւնները «իր ձեռքին տակ» պահել ամբողջ լրատուական դաշտը: Իսկ անոնք, որոնք կը մեղադրուին նման մօտեցում մը ունենալով՝ յատկապէս երկրի քրիստոնեայ-մարոնի նախագահը կը մերժեն, իրենց ուղղուած այդ մեղադրանքը հաւաստելով, որ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն համար մամլոյ եւ խօսքի ազատութիւնը սրբութիւններ են:

Ամէն պարագայի գաղտնիք ալ չէ, որ այս պայքարին մէջ բացի խօսքի ազատութեան խնդրէն կայ, նաեւ գոյութիւն ունի մեծագումար ներդրումներու պայքարը, որ իր կարգին շատ յաճախ կ՚ունենայ արտաքին մղումներով յառաջ բերուած ծրագրեր եւ օրակարգեր:

LBCI-ը արհեստավարժ լրագրողներու բոյն մըն է: Ինչ խօսք՝ բոլորը գիտեն այդ մասին, սակայն որեւէ իշխանութեան համար ալ շատ հաճելի պիտի չըլլայ, որ նման յատկութիւններ եւ ներուժ ունեցող հեռուստակայան մը, առնուազն առ երեւոյթ «անկախ», ոչ ոքի հետ եւ ոչ մէկ խումբի պատկանող «խաղացող» մը ըլլայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 13, 2018