ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր յարութիւն առի։

Քաղաքը, ուր կը բնակիմ, Երեւանն է. արեւային քաղաք կ՚ըսեն։

Ճիշդ կ՚ըսեն, բայց ոչ լիակատար։ Ինչքան արեւային է մեր քաղաքը տարուայ մեծամասնութեան ընթացքին, այնքան ալ անարեւ կրնայ ըլլալ երբեմն, որոշ ձմեռներ։ Այս տարի այդպիսի ձմեռ մը վիճակուած է մեզի։ Շաբաթներէ ի վեր մշուշի հաստ պատ մը ծածկած է մեզ, երդիք հիւսած մեր վրայ, ու բաժնած, ամբողջովին կտրած է մեզ արեւէն։ Երբեմն միայն, հազուադէպ, քօղի ետին կ՚երեւայ արեւը որպէս լուսին, որպէս կլոր դեղին շրջանակ միայն, ամբողջովին զուրկ իր այրող, ջերմացնող, լուսաւորող բնոյթէն։

Եւ արեւայի՛ն քաղաքի բնակիչներուն համար, բնականաբար, անգա՛մ աւելի ծանր են արեգազուրկ օրերը, զորս քարշ կու տանք համբերատար, բայց յաճախ՝ անհամբեր։ Այդ անհամբեր օրերէն մէկն ալ ա՛յս օրն էր։ Արդէն յոգնած մոխրագոյնէն միապաղաղ, քաղաքէն դուրս նետուիլ ուզեցի։ Երթալ, ուրիշ բան մը, թէկուզ ուրի՛շ մոխրագոյն մը տեսնել գոնէ։ Տեղ մը երթալ, երթալ... Տեղեր։

Արագած լերան հարաւային լանջին գտնուող գիւղերէն մէկուն անունն է Տեղերը, յայտնի նաեւ Դգիր, Դըղըր, Դըղր, Դըղրի, Դիղիր, Դղեր, Դղըր, Դղըրի, Դղիր, Տեխեր անուններով։ Նոյնանուն գետին ու զայն խեղդող վիթխարի կիրճին աջ ափին, իր վանական կոթող համալիրով։ Տե՛ղ մը երթանք, Տեղե՛ր երթանք ուրեմն, եղաւ մտածումս, ու շարժեցայ։

Աշտարակ քաղաքը քիչ անց, սկսանք բարձրանալ Արագածն ի վեր։ Երեւանէն մինչեւ լանջեր, ամբողջ ճանապարհին, նոյն սպիտակն էր ու մոխիրը, տեղ-տեղ սրճագոյն ու սեւ ծառերով, վարդագոյն կամ հողագոյն տուներով ներկատուած։ Նման էր պարագան բարձունքին նաեւ, ուր, երթալով, մշուշն աւելի կը խտանար։ Նոյն սպիտակին մէջ գտնել կ՚ակնկալէի գիւղն ու վանքը նաեւ, ու կը մխիթարէի ինքզինքս մտածելով, որ գոնէ կոթող մը տեսած կ՚ըլլամ։ Մտքէս բացարձակապէս չէր անցներ, որ յարութիւն պիտի առնէի։

Յանկարծ արեւի շողեր ներկայացան։ Աչքերուս չէի հաւատար, բայց, այո, կը ճեղքէի՛նք երդիքը։ Եւ ահա, վայրկեանի մը մէջ անցանք ճերմակէն կապոյտին, փոխուեցաւ կարծես շարժանկարի տեսակը, սեւ-սպիտակը գունաւոր դարձաւ։ Խոտերն իսկապէս դեղին էին, ծառերը սրճագոյն, քարերն հողագոյն, երկինքը՝ ծով... արքայութեան էի հասեր։ Յարութիւն էի առեր։ Դիմացս՝ Տեղերի վանքն էր հնադարեայ, երկինքէն իջած քանդակ, միւս կողմը՝ ամպի ծով մը, որմէ ազատեր էի, իսկ հորիզոնին՝ Մասիսը ալեհեր...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021