ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ. ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՐՋԱՓՈՒԼԻ ՄԸ ՍԿԻԶԲԸ՝ ՄԵԾ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ
Լիբանանցիներուն համար յիշարժան էր անցեալ հինգշաբթի օրը։ Երկու տարուան սպասումէ ետք, անոնք վերջապէս ունեցան նոր նախագահ մը, որ արդէն կը վայելէ երկրի մեծամասնութեան զօրակցութիւնը։ Խօսքը, անշուշտ, զօրավար Ժոզէֆ Աունի մասին է, որ կարողացաւ իր անուան շուրջ համախմբել ո՛չ միայն երկրի քաղաքական ուժերու մեծամասնութիւնը, այլեւ ապահովել տարածաշրջանային կարեւորագոյն խաղացողներու նեցուկն ու զօրակցութիւնը։
Երկու փուլով կայացած ընտրական նիստի աւարտին Աուն ստացաւ 99 քուէ եւ դարձաւ Լիբանանի 14-րդ նախագահը։ Առաջին նիստը տապալեցաւ, որովհետեւ զօրավարը 86 քուէի փոխարէն շահած էր 71 քուէ։ Անդին, երկրորդ նիստին՝ առաջինին սպիտակ քուէարկած երկու ուժեր արտայայտեցին իրենց համամտութիւնը ու ան ստացաւ 99 քուէ։ Այդ երկու ուժերը՝ երկրի երկու շիի բաղկացուցիչներն էին՝ «Հիզպուլլահ» կազմակերպութիւնը եւ «Ամալ» շարժումը։ Երկրորդի առաջնորդը՝ Նեպիհ Պըրրի, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի խորհրդարանի նախագահն է (գրեթէ ամենէն երկարակեաց քաղաքական գործիչը), ինչպէս միշտ, կը նախագահէր նաեւ ընտրական նիստին։ Պըրրի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանի ներքին քաղաքական հիմնական գործընթացներու մաէսթրոն է, անցեալ շուրջ քառասուն տարիներուն հանդիսացած է տիրական ներկայութիւն։ Աւելին, ան կը համարուի առնուազն վերջին չորս նախագահներու՝ Էլիաս Հըրաուիի, Էմիլ Լահուտի, Միշէլ Սըլէյմանի, Միշէլ Աունի գլխաւոր «կնքահայր»ը։ Պըրրի կարողացած է այդ մէկը իրականացնել՝ յենելով իր արտաքին կապերուն ու գործի դնելով Էսատի վարչախումբի ամենավստահելի գործիչներէն մին ըլլալու հանգամանքը։ Ի դէպ, օրերս տեղի ունեցած ընտրութիւնը մեծ առումով կը տարբերի անցեալիններէն։ Նախ անոր համար, որ երկրին մէջ կը տիրէ քաղաքական նոր իրադրութիւն մը ու ապա անոր համար, որ տարածաշրջանի մէջ մեծ դերակատարութեան տէր ուժերը նոյնը չեն, ինչ որ էին անցեալին։ Խօսքը, անշուշտ, Իրանի մասին է, որ անցեալ առնուազն քսան տարիներուն կը համարուէր Լիբանանի մէջ վեթոյի իրաւասութեան տէր քաղաքական ներկայութիւն։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Սուրիոյ մասին, որ երկար փուլերով համարուած է Լիբանանի հովանաւոր երկիր եւ օգտուելով այդ առանձնաշնորհումներէն՝ ամեհի ճնշումներ բանեցուցած է ամբողջ Լիբանանի վրայ։ Ի հարկէ, Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն առաջ, երբ Պեշար Էսատ պարտաւորուած եղաւ իր զօրքերը քաշել Լիբանանէն, այդ ժամանակ արդէն Սուրիոյ հոգատար վերաբերմունքը եւ ազդեցութիւնը նօսրացաւ, բայց, այդ մէկը երբեք բաւարար չեղաւ, որ Սուրիան առիթաւորուի եւ փորձէ ինչ-ինչ հաշիւներով միջամտել Լիբանանի ներքին գործերուն։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրագրութիւնը լաւ իմացողներուն համար շատ յստակ է, թէ Սուրիան եւ յատկապէս՝ Էսատի վարչախումբը ինչ մակարդակի ժխտական եւ չարաղէտ դեր ունեցած է այս երկրին մէջ։ Հակառակ անոր, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին փուլին Սուրիոյ ուժերը Լիբանան մուտք գործեցին՝ պահպանելու քրիստոնեայ հատուածները պաղեստինցիներէն, որոնք կը փորձէին նոր Պաղեստին մը կերտել Լիբանանի մէջ։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք, հիմա յստակ է արդէն, որ Լիբանան ու անոր հետ Մերձաւոր Արեւելքի այդ ամբողջ աւազանը ամբողջութեամբ նոր փուլ մը պիտի մտնէ։ Այս փուլին համար մեծ եւ համոզիչ դեր կատարած են Սէուտական Արաբիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Ասոր կողքին ալ բախտորոշ եղան, անշուշտ, «Հիզպուլլահ»ի թուլացումն ու Պեշար Էսատի անկումը։
Վերադառնալով նախագահի ընտրութեան, ապա հարկ է նշել, որ Ժոզէֆ Աուն ընտրական նիստի աւարտին անմիջապէս ժամանեց խորհրդարան, ուր ունեցաւ կարեւոր ելոյթ մը։ Ան ուշագրաւ միտքեր արտայայտեց՝ որպէս նորընտիր նախագահ եւ յստակ է, անշուշտ, որ այդ տիպի ելոյթով մը հանդէս եկողը նախ եւ առաջ կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի ամբողջական նեցուկը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Աուն բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան հետ եւ այդ կապի ամրացումը աւելիով շեշտուեցաւ նաեւ այն օրերուն, երբ երկիրը յայտնուեցաւ տնտեսական փլուզման մեծ բովերուն մէջ։ Այդ ժամանակներուն Աուն ո՛չ միայն միասնական պահեց բանակը, այլեւ հեռու մնաց զայն ներքին պառակտումի գործիք մը դարձնելու փորձութենէն։ Իր լռութեամբ ան քննադատեց «Հիզպուլլահ»ի վարքը, բայց, երբեք շիի համայնքի թշնամին չդարձաւ։ Այսօր, ի հարկէ, ան հանդէս կու գայ բոլորովին նոր բառապաշարով մը, որու առանցքային ու ամենակարեւոր մասը յատկացուած է Լիբանանի մէջ առկայ ապօրինի զէնքի խնդիրը կարգաւորելու հարցին։ Բարդ ճանապարհ մը կը սպասէ զօրավարին ու լիբանանցիներուն։ Աունի խօսքերը համարուեցան հրաշքի համազօր, որովհետեւ ան ո՛չ միայն փայփայեց կեդրոնական եւ ձիգ պետական համակարգ մը կերտելու առաջադրանքը, այլ անտեսեց Լիբանանը՝ որպէս դիմադրող ուժ ներկայացնելու դրուածքը, ինչ որ այսօր արդէն կը համարուի սպառած մօտեցում մը։ Պետական շահ, պետականութեան ամրացում եւ ամենակարեւորը՝ բոլոր ուժերը պետական շղարշի ներքոյ հաւաքելու կոչ։ Սա ինքնին մարտահրաւէր մըն է՝ մանաւանդ անոնց համար, որոնք մինչեւ վերջերս կը հաւատային ու դեռ ալ կ՚ուզեն հաւատացնել, թէ իրենք կրնան պետութեան դերը ստանձնել։ Տեսանք, թէ ինչ հարուածներ ստացաւ Լիբանան՝ պարզապէս անոր համար, որ յատկապէս շիի տարրը ամէն բան ի գործ դրաւ միացնելու համար Լիբանանի խնդիրները Կազզէի եւ Պաղեստինի հարցը։ Ան բարոյապէս պաշտպանելէ անդին՝ փորձեց խառնել Նեթանիյահուի մեղուաբոյնը։ Իբրեւ հետեւանք՝ Լիբանանի հարաւի մեծ մասը, նաեւ Պէյրութի հարաւային շրջանները աւերակ դարձան, բնակիչները մնացին անօթեւան։
Այս բոլորը հաշուի առնելով խօսեցաւ Լիբանանի նոր նախագահը՝ հաւաստիացնելով, որ պետութիւնը պիտի վերանայի իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ բացառիկ յարաբերութիւններ պիտի մշակէ արաբական աշխարհին հետ, որ այսօր ալ պատրաստ է նեցուկ կանգնիլ՝ «Մայրիներու երկրին»։
Ինչ խօսք, որ նախագահ Աունի ընտրութիւնը ոգեւորութեամբ դիմաւորուեցաւ, բայց, հարց է, թէ այդ ոգեւորութիւնը ինչքա՞ն կրնայ տեւել կամ ինչպէ՞ս կրնայ ձեւափոխուիլ, եթէ Աուն չկարողանայ իրականացնել իր առաջադրանքներուն հիմնական մասը։
Այս հարցումը միշտ ալ կը տրուի Լիբանանի նման երկրի մը պարագային, որու ներքին օրակարգերու լուծումը կախուած է մանաւանդ՝ տարածաշրջանային գործօններէ եւ մեծ տէրութեանց շահերէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան