ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ «Կ՚ԱՍՖԱԼԹԱՊԱՏԷ» ԴԷՊԻ ՌԱՔՔԱ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ. ԱՐԴԵՕ՞Ք

Ինչ­պէս նա­խա­տե­սած էինք («Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջին Ա­րե­ւելք Վե­րա­դար­ձը … Եւ Ան­գա­րա­ն» Տես­նել ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ՝ 23 Յու­նուար 2017-ի թի­ւը կամ թեր­թի կայ­քէ­ջի «Հար­թա­կ» բա­ժի­նը), որ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր փուլ մը կը թե­ւա­կո­խեն:

Անց­նող Օ­գոս­տո­սին Սու­րիա մուտք գոր­ծած թրքա­կան բա­նա­կա­յին ու­ժե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր ժա­մա­նակ­ներ են: «Եփ­րա­տի վա­հա­ն» (սկիզբ ա­ռած՝ 24 Օ­գոս­տոս 2016-ին) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող ու­ժե­րը, ո­րոնք անց­նող վեց ա­միս­նե­րուն կը գտնուէին «սպա­սո­ղա­կա­ն» վի­ճա­կի մէջ, այ­սօր մօ­տե­ցած են Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում) կա­րե­ւոր կեդ­րո­նա­տե­ղի­նե­րէն մին հա­մա­րուող սու­րիա­կան Էլ Պա­պ քա­ղա­քը ու չի բա­ցա­ռուիր, որ Թուր­քիոյ սահ­մա­նին մօ­տիկ ե­ղող այդ ամ­բողջ շրջա­նը անց­նի թրքա­կան բա­նա­կի տի­րա­պե­տու­թեան տակ:

Երբ կը խօ­սինք Սու­րիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րուող զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին, պէտք է լա­ւա­պէս ըմբռ­նենք, որ գետ­նի վրայ շար­ժում­նե­րը, կամ այս պա­րա­գա­յին թրքա­կան բա­նա­կին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը ամ­րագ­րուած է քա­ղա­քա­կան «կա­նաչ լոյ­ս­»ով:

Բա­ւա­կան նուրբ, յա­ճախ հա­կա­սա­կան, մերթ թշնա­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով «բեռ­նա­ւո­րուա­ծ» Թուր­քիա-Սու­րիա «բա­խու­մ­»ը եւս ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կ՚ազ­դուի այս բո­լո­րէն:

Մինչ մին­չեւ ե­րէկ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սատ իր երկ­րի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ խօսք առ­նե­լով (2016 թուա­կա­նի ամ­րան) Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հին դէմ ծանր մե­ղադ­րանք­նե­րով հան­դէս կու գար, այ­սօր սա­կայն պատ­կե­րը կտրա­կա­նա­պէս փո­խուած է:

Մինչ տար­բեր մա­կար­դա­կի թուրք եւ սու­րիա­ցի պաշ­տօ­նա­տար­ներ կը շա­րու­նա­կեն ի­րա­րու դէմ «ա­ւե­լի մեղ­մ» մե­ղադ­րանք­նե­րով հան­դէս գալ, ան­դին եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը՝ Րէ­ճէպ Թա­յյիպ Էր­տո­ղան եւ Պե­շար Է­սատ «կը նա­խընտ­րե­ն» լուռ մնալ:

Այս պատ­կե­րին վրայ գաղտ­նիք ալ չէ, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ լի­բա­նա­նեան «Ալ Սա­ֆի­ր» օ­րա­թեր­թի (այժմ փա­կուած) յօ­դուա­ծա­գիր Մու­համ­մէտ Պա­լլու­թի տուած տե­ղե­կու­թիւ­նը (ո­րուն մա­սին ա­ւե­լի վերջ ա­ռըն­չուող կող­մե­րը հեր­քում­ներ տուին) հե­ռու չէր ճշմար­տու­թե­նէ: Պալ­լութ կը գրէր, որ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին կա­րե­ւոր ճի­գեր կը գոր­ծադ­րէ իր մօտ «մէկ­տե­ղե­լու» հա­մար Էր­տո­ղանն ու Է­սա­տը: Ճիշդ է, որ այդ օ­րե­րուն ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի սուր էր, բայց փաստ է նաեւ, որ շրջա­նա­յին մեծ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րու են­թար­կուող սու­րիա­կան տագ­նա­պը բաց է բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ:

Այս ա­ռու­մով պէտք է կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել նաեւ, որ մին­չեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը՝ Մոս­կուա յա­ջո­ղած էր կա­րե­ւոր քայ­լեր առ­նել Սու­րիոյ մէջ: Նախ սե­ղա­նին վրայ դնե­լով քա­ղա­քա­կան ծրագ­րի մը ու­րուա­գի­ծը ու ա­պա ա­նոր հա­մըն­թաց Սու­րիոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն քա­ղաք հա­մա­րուող Հա­լէ­պը դարձ­նե­լով «ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րէ զուրկ քա­ղա­ք» մը:

Ան­շուշտ այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուէին շրջա­նին մէջ Մոս­կուա­յի հա­մար «հիմ­նա­րա­ր» դեր ու­նե­ցող Թեհ­րա­նի եւ Ան­գա­րա­յի «սեր­տ» հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Երբ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ Սպի­տակ տու­ն կը ժա­մա­նէր, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հար­ցե­րով զբա­ղող վեր­լու­ծա­բան­նե­րը օ­րա­կարգ կը դարձ­նէին հարց մը: Թէ ի՞նչ հուն պի­տի ստա­նան Ո­ւա­շինկ­թըն-Ան­գա­րա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, տրուած ըլ­լա­լով նաեւ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­­կին նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա այս թղթած­ը-րա­րին ա­ռըն­թեր բա­ւա­կան կտրուկ ձե­ւա­կեր­պում­ներ ը­նե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հաս­ցու­ցած էր փա­կու­ղի:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը վեր­լու­ծող­նե­րուն հա­մար Թրամ­փի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան սկիզ­բը բա­ւա­կան «քրի­թի­ք» փուլ մը կը հա­մա­րուէր: Ա­ւե­լի՛ն. Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 45-րդ նա­խա­գա­հի ա­ռա­ջին քայ­լե­րը պի­տի դառ­նա­յին «ցու­ցի­չ»՝ ա­նոր հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար: Ու հա­կա­ռակ շրջան ը­նող տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն իր գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սին հրա­պա­րա­կած «տխրահռ­չա­կ» օ­րի­նագ­ծէն ետք, Թրամփ «ա­ւան­դա­կա­ն» հա­մա­րուած քայ­լով մը կը փոր­ձէր շօ­շա­փել Ան­գա­րա­յի բազ­կե­րա­կը:

Դրա­կան նա­խան­շան­ներ ստա­նա­լէ ետք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հը 45 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը կ՚ու­նե­նար Թուր­քիոյ Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին հետ:

Թուր­քիոյ իշ­խա­նա­մերձ «Տէյ­լի Սա­պա­հ» պար­բե­րա­կա­նի յօ­դուա­ծա­գիր՝ Պուր­հա­նետ­տին Տու­րան իր Հինգ­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ հրա­պա­րա­կած յօ­դուա­ծով կ՚անդ­րա­դառ­նար այդ հե­ռա­խօ­սա­կա­պին՝ նշե­լով նաեւ, որ Թրամ­փի այս քայ­լը կը մի­տէր եւ կը յա­ջո­ղէր «ջեր­մու­թիւ­ն» հա­ղոր­դել, մինչ այդ բա­ւա­կան «սա­ռա­ծ» վի­ճակ ու­նե­ցող Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Տու­րա­նի կար­ծի­քով՝ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին յա­ջո­ղած ըլ­լա­լուն կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­պա­ցոյ­ցը պէտք է հա­մա­րել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կեդ­րո­նա­կան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան՝ CIA-ի տնօ­րէն՝ Մայք Փոմ­փէո­յի Ան­գա­րա տուած այ­ցը, որ կը կա­յա­նար Հինգ­շաբ­թի օր:

Շա­տեր նման այ­ցե­րու մա­սին խօ­սե­լով ե­ղա­ծը կը հա­մա­րեն շատ «սո­վո­րա­կան» եւ սպա­սուած այ­ցե­լու­թիւն­ներ, բայց խոր­քին մէջ այդ­պէս չէ:

Նախ ի մտի պէտք է ու­նե­նալ այ­ցե­լող կող­մին «մա­կար­դա­կ­»ը, պաշ­տօ­նը եւ «ա­ռա­քե­լու­թիւ­ն­»ը: Ու ա­պա լոյ­սին բե­րել այ­ցին «ժամ­կէտ»ը:

Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ Փոմ­փէո­յի այս այ­ցը յա­տուկ «պատ­գա­մ»­ներ եւ ի­մաստ­ներ ու­նի, ո­րոնց մա­սին կա­րե­լի է գրել այլ ա­ռի­թով:

Կա­րե­ւո­րը այն է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այս ա­րագ «կար­գադ­րու­թիւն­նե­րո­վ» կը փոր­ձէ ա­մէն գնով իր նախ­կին հու­նին վե­րա­դարձ­նել Ան­գա­րա­յի հետ կա­պերն ու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ վերս­տին «մա­նե­լ» տեղ մը կտրուած «կար­միր թե­լ­»ը:

«Կար­միր թե­լ­»ը, ո­րուն կ՚ակ­նար­կեմ Թուր­քիոյ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ ու­նե­ցած ա­ւե­լի քան վաթ­սուն տա­րուան (Թուր­քիա ՆԱ­ԹՕ-ին ան­դա­մակ­ցած է 18 Փետ­ըր-ւար 1952 թուա­կա­նին) յա­րա­բե­րու­թիւնն է, որ հա­կա­ռակ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ապ­րած «ցնցում­նե­րու»ն՝ մնա­ցած է այ­լընտ­րանք մօ­տե­ցում մը եր­կու կող­մե­րուն հա­մար:

Բնա­կան է նաեւ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ իր կրած ծանր հա­րուած­նե­րէն եւ «ընկր­կու­մ»է­ն ետք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պի­տի փոր­ձէ ա­մէն գնով այդ գե­տի­նը վեր­դառ­նալ՝ այս ան­գամ յե­ն­­լով թրքա­կան «ող­նա­յա­ր­»ին վրայ:

Ճիշդ է, որ եր­կու կո­ղմե­րուն մի­ջեւ կան բա­ւա­կա­նին խնդրա­յա­րոյց թղթած­րար­ներ, ո­րոնց ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի ար­տա­յանձ­նու­մը, քիւրտ «ա­հա­բեկ­չա­կա­ն» խմբա­ւո­րում­նե­րու եւ տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցերն են, սա­կայն ա­սոնց­մէ ան­դին կայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջին Ա­րե­ւելք «նոր վե­րա­դար­ձ­»ը, ո­րուն հիմ­նա­կան բա­նա­լին Ի­ՇԻՊ-ի դէմ միա­ցեալ պայ­քարն է:

Ան­գա­րա իր կար­գին կա­րե­ւոր պա­հանջ­ներ ու­նի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն: Այս ա­ռու­մով հիմ­նա­կան պա­հան­ջը եւ եր­կու կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թեանց ա­ռըն­թեր հիմ­նա­կան «խան­գա­րի­չ» տար­րը քիւրտ զի­նեալ­ներն են: Այս­տեղ հա­շուի պէտք է առ­նել, որ հա­կա­ռակ Ան­գա­րա­յի կող­մէ բարձ­րա­ցուած «աղ­մու­կ­»ին, ա­մե­րի­կա­ցիք շա­րու­նա­կե­ցին «աշ­խոյ­ժ» կեր­պով զէնք մա­տա­կա­րա­րել Սու­րիոյ մէջ կռուող քրդա­կան ջո­կատ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ԵՓԿ-ին:

Ու այս հար­ցին ա­ռըն­թեր է նաեւ, եր­կու կող­մե­րը պի­տի փոր­ձեն վե­րա­կեր­տել մօ­տիկ ան­ցեա­լին «փայ­լու­ն» ո­րա­կուող եւ վստա­հու­թեան վրայ հիմ­նուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Ա­մե­րի­կա­ցի «նո­ր» պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու քայ­լե­րը սկսած են ցոյց տալ, որ ա­նոնց հա­մար Սու­րիոյ մէջ ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար, որ­պէս խա­ղա­քարտ օգ­տա­գոր­ծուող քրդա­կան զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը ա­ռա­ջուան նման «պէտք չե­ն»: Տա­կա­ւին յստակ չէ, թէ ինչ դա­սա­ւո­րում­ներ պի­տի կա­տա­րուին կա­պուած Սու­րիոյ այն շրջան­նե­րուն, ո­րոնք կը գտնուին քրդա­կան ջո­կատ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Բայց եւ այն­պէս, գետ­նի վրայ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րը սկսած են ցոյց տալ, որ Ո­ւա­շինկ­թըն-Ան­գա­րա «նո­ր» մեր­ձեց­ման լոյ­սին տակ ներ­կայ պա­հու տուեալ­նե­րով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն ստանձ­նե­լու դե­րով հան­դէս պի­տի գայ Թուր­քիոյ բա­նա­կը:

Այս մա­սին կը խօ­սին ըն­թա­ցող մար­տե­րը Էլ Պա­պ ա­ւա­նին շուրջ, ուր վեր­ջին օ­րե­րուն եւ բա­ւա­կան ա­րա­գօ­րէն թրքա­կան ու­ժե­րը կա­րո­ղա­ցան լայ­նա­ծա­ւալ տա­րածք­ներ գրա­ւել: Ըստ AFP-ի ռազ­մա­կան մեկ­նա­բա­նին, Ի­ՇԻՊ մաս­նա­ւո­րա­պէս Էլ Պա­պի մէջ յայտ­նուած է բա­ւա­կա­նին խրթին վի­ճա­կի մը մէջ եւ կրնանք ը­սել, որ խմբա­ւոր­ման այդ շրջան­նե­րու մէջ գո­յու­թիւ­նը «վտան­գուա­ծ» է: Այս զար­գա­ցում­նե­րուն հա­մա­հունչ ա­նընդ­հատ կը խօ­սուի այս ան­գամ դէ­պի Ռաք­քա քա­ղաք ար­շա­ւան­քի մը մա­սին, որ Մու­սու­լէն ետք կը հա­մա­րուի Ի­ՇԻՊ-ի հիմ­նա­կան քա­ղա­քը՝ մայ­րա­քա­ղա­քը:

Չի բա­ցա­ռուիր, որ Ան­գա­րա-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մէն ետք նոյն ըն­թաց­քը ու­նե­նան բա­ւա­կան «մեծ քննու­թե­նէ» ան­ցած Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն կա­պե­րը, ո­րոնք ե­թէ վե­րագտ­նեն ան­ցեա­լի ի­րենց «փայլ­ք­»ը, ա­պա շատ մը առ­կախ մնա­ցած հար­ցեր կը ստա­նան ի­րենց պա­տաս­խան­նե­րը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017