ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԳՏԱՒ ԻՐ ՍԷՐԸ
Հայաստան տեղափոխուած իւրաքանչիւր հայրենադարձ իր պատմութիւնը ունի: Ատոնք տարբեր են ու ինքնատիպ, ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ծնած ու մեծցած հայերը, որոնց Հայաստան բերած են նման, միեւնոյն ժամանակ այնքան տարբեր ճանապարհներ:
«Հայերն այսօր»ի ստորեւ ներկայացուած պատմութեան հերոսը յորդանանահայ Կարօ Սերպեկեանն է:
Հայաստան վերադառնալը միշտ մտքիս մէջ եղած է...
Կարօ Սերպեկեան Յորդանանի մէջ տաս տարի հաշ-ւապահ աշխատած է, նաեւ՝ երաժշտութեամբ զբաղած (ճազ խումբի մէջ նուագած), ձայնագրութեան ար-ւեստանոցին մէջ տարբեր աշխատանքներ կատարած:
Ծնած ու ապրած է հայրենիքէն հեռու, սակայն Հայաստան վերադառնալը միշտ Կարոյի մտքին մէջ եղած է՝ դառնալով երազանք, որ ամէն կերպ ձգտած է իրականութիւն դարձնել:
Որպէս զբօսաշրջիկ՝ Հայաստան առաջին անգամ երկու շաբաթով եկած է 2007 թուականին: 2014 թուականին բախտ վիճակուած է այս անգամ բարեկամի մը հարսանիքին ներկայ գտնուելու:
Մինչ հայրենադարձուիլը՝ համացանցի միջոցով աշխատանքային փնտռտուքներու մէջ եղած է, քանի որ որոշած էր անձնական գործ դնել եւ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ:
Ի հարկէ, անոր ճանապարհին դժուարութիւններ յայտնուած են. չէ՞ որ իրեն համար Հայաստանը, այնուամենայնիւ, անծանօթ երկիր մըն էր: Ան ծանօթ չէր մարդոց մտածելակերպին, գործող օրէնքներն ու գործարար դաշտը չէր գիտեր, բայց, այդուհանդերձ, չէ ընկրկած...
«Դէպի Հայք» հիմնադրամի ծրագիրը եղած է վառուող այն ջահը, որուն հետքերով Հայաստան եկած է:
«Դէպի Հայք» ծրագրին մասնակցած է այն յոյսով, որ պիտի կարենայ կապուիլ Հայաստանին, աշխատանքային, մասնագիտական փորձ ունենայ, նոր ընկերական շրջապատ ձեւաւորէ՝ ոտքի վրայ ամուր կանգնելով Մայր հողին: Վեց ամիս տեսած է «Դէպի Հայք»ի կամաւորական ծրագիրը, որուն ընթացքին աշխատած է Երեւանի եւ Արցախի մէջ:
Հայրս օդակայանի ամբողջ ճանապարհին զիս կը համոզէր ետ վերադառնալ...
Հայրենադարձուելու միտքը Կարոյի հարազատներն ու ընկերները «խենթ» ու համարձակ քայլ համարած են: Հիմնականին մէջ երկու քոյրերը քաջալերած են: Մայրը Աստուծոյ կամքին ձգած է տղուն որոշումը, իսկ հայրը ըսած է, որ ան տնօրինէ իր կեանքը: Սակայն ամբողջ ճանապարհին՝ մինչեւ օդակայան հասնիլը, փորձած է համոզել ետ վերադառնալ, սակայն Կարօն չէ «յանձնուած»:
«Ծնողքիս անհանգստութիւնը ինչ-որ տեղ հասկնալի էր ինծի համար։ Յորդանանի մէջ կայացած էի, աշխատանք ունէի եւ յանկարծ այդ ամէնը ձգելով՝ անյայտութեան ուղիով կ՚որոշեմ Հայաստան գալ՝ նոր էջով կեանքիս սկսելու», անկեղծութեամբ կ՚ըսէ Կարօն՝ աւելցնելով, որ հոգիի ձայնին հետեւած է եւ Աստուած Հայաստան գալու ճանապահը բացած է իր առջեւ։ Կը զգար, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ:
Միանգամէն սիրահարուեցայ Արցախին...
Կարօն նպատակ ունէր ապրելու Երեւանի կամ Դիլիջանի մէջ: Սակայն մտադրութիւնը հիմնովին փոխ-ւած է, երբ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի չորս շաբթը-ւան կամաւորական ծրագիրով Արցախ գացած է:
Սփիւռքահայ երիտասարդը երբեք չէր այցելած Արցախ, ուստի յանկարծ համաձայնած է երթալ, սակայն մտքէն երբեք չէր անցած, որ Արցախի մէջ խոր արմատներ պիտի դնէր:
Կարօն շատ հաւնած է Ղարաբաղը. իւրատեսակ հարազատ եւ հոգեւոր միջավայր ստեղծուած է շուրջը այն աստիճանի, որ մտածած է Արցախի մէջ որեւէ գործի նախաձեռնել:
Երեւան գալով՝ գինետուներէն մէկուն մէջ հանդիպած է իր ընկերներէն մէկուն՝ զբօսավար Նաիրա Իսրայէլեանին եւ երկուստեք քննարկման արդիւնքով՝ որոշած են Արցախի մէջ սրճարան բանալ:
«Մուկլիմանդիլ» սրճարանի բացումը շառաչուն ապտակ էր ազէրիներուն...
«Մուկլիմանդիլ» ղարաբաղեան բարբառով սարդոստայն կը նշանակէ: Այսինքն՝ կը ցանկանք իւրատեսակ ցանց ստեղծել Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայերուն միջեւ, որպէսզի մարդիկ գան եւ իրենց հանգիստը անցընեն գեղատեսիլ Ստեփանակերտի գողտ-րիկ անկիւնի մը մէջ: Սրճարանը նաեւ իր դռները կը բանայ օտարերկրացիներու առջեւ, որուն միջոցով հնարաւորութիւն կը ստեղծուի աշխարհի մակարդակով Արցախը աւելի ճանաչելի դարձնել:
Սրճարանի մտերմիկ մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենան բազմապիսի ձեռնարկներ՝ գիրքերու շնորհահանդէսներ, պարի դասընթացներ, քննարկումներ, դասախօսութիւններ, ֆիլմի դիտումներ եւ այլն:
Սրճարանի բացումը նախատեսուած էր 2016 թուականի Ապրիլին, սակայն յայտնի դէպքերէն յետոյ ան բացուեցաւ Մայիսի 16-ին: Ինչպէս կը վստահեցնէ Կարօն, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն յետոյ հակառակ Արցախի մէջ տիրող ճնշող իրավիճակին՝ ժողովուրդին կողմէ զարմանալիօրէն ջերմ ընդունելութեան արժանացած են, որ շատ յուզած է զիրենք:
«Սրճարանի բացումը նաեւ շառաչուն ապտակ էր՝ ուղղուած ազէրիներուն: Կ՚ուզէինք ցոյց տալ, որ թշնամին մեզի ծունկի չի կրնար բերել, որքան ալ փորձէ սահմանին սադրիչ գործողութիւններ իրականացնել, մենք աւելի կը համախմբուինք՝ հզօրացնելու Հայաստանն ու Արցախը», նշեց Կարօն:
Հայրենադարձութիւնը ամենամեծ պարգեւը տուաւ՝ իմ բախտս գտայ Մայր հայրենիքի մէջ...
Կարօն անհուն ուրախութեամբ կը խօսի այն մասին, որ հայրենադարձութիւնը իրեն ամենամեծ պարգեւը տուած է, իր բախտը գտած է Մայր հայրենիքի մէջ:
Սովորական օր մըն էր, նոյնիսկ յստակ կը յիշէ՝ Չորեքշաբթի, երբ զբօսավար Սիւզաննա Շահնազարեան Երեւանէն զբօսաշրջիկներու խումբ մը բերած էր սըր-ճարան:
Իրարու հետ ծանօթանալէ ետք, կողքի սեղաններուն մօտ նստած երիտասարդներուն հետ ուրախ ընկերախումբ կազմելով՝ սկսած են զրուցել, նուագել եւ ուրախ ժամանակ անցընել: Այդ հանդիպումն ալ պատճառ դարձած է, որ անոնց միջեւ զգացում մը ծնի: Մտերմանալէ ետք հրաժեշտի ժամանակ Սիւզաննան Կարոյին ըսած է, որ երբ Երեւան գայ, տեղեակ պահէ իրեն, որպէսզի հանդիպին եւ զրուցեն:
«Սիւզաննան մասնագիտութեամբ սրտաբան է եւ ան յաջողեցաւ «սիրտս գողնալ» (ծիծաղելով): Եւ տասն օր յետոյ Երեւան գալով՝ յիշեցի Սիւզաննայի ըսածը եւ զանգահարեցի իրեն...», ժպիտով պատմեց Կարօն:
Կարօն ու Սիւզաննան արմատներով Ղարաբաղէն են եւ գուցէ արեան կանչն է զանոնք, նախախնամութեան շնորհիւ, Ղարաբաղ հասցուցած, որպէսզի այնտեղ անոնք սիրահարին իրարու, ամուսնանան ու հայկական գեղեցիկ ընտանիք կազմեն:
Նշենք, որ երիտասարդ զոյգը վերջերս նշանուած է եւ ամառը կը պատրաստուին ամուսնանալ:
Կարոյին հանդիպելով՝ հրաժարեցայ հեռանալ Հայաստանէն
«Կարօն պարզապէս երկրորդ ընտրութեան հնարաւորութիւն չտուաւ, ան սէր խոստովանեցաւ եւ ըսաւ՝ որքան անհրաժեշտ է, կը սպասէ պատասխանիս: Ի հարկէ, մարդկային այլ յատկանիշներով եւ քայլերով ալ գրաւեց ուշադրութիւնս. շատ գեղեցիկ ռոմանթիկ առաջարկութիւն ըրած է (իրարու նայելով՝ կը ծիծաղին):
Աշխատանքի բերումով պարբերաբար շփուելով սփիւռքահայերու հետ՝ առանձնայատուկ վերաբերմունք ունեցած եմ անոնց նկատմամբ: Միշտ հիացած եմ սփիւռքահայերու հայրենասիրութեամբ ու ազգային պատկանելիութեան վառ դրսեւորումով:
Ի վերջոյ, Կարոյին հանդիպելով՝ հրաժարեցայ հեռանալ Հայաստանէն. արտերկրէ աշխատանքային տարբեր առաջարկներ ունէի, բայց Կարօն աչքերս բացաւ՝ ըսելով. «Մի՛ երթար, կեցի՛ր Հայաստանի մէջ եւ գնահատէ՛ ունեցածդ», ըսաւ Սիւզաննան:
Հայաստանը ինծի համար միլիոն անգամ Ամերիկա կ՚արժէ
Կարօն Հայաստանէն հեռացող մարդոց խորհուրդ կու տայ սթափ ուղեղով մտածել՝ արդեօք ճի՞շդ կը վառուին, թէ՞ ոչ, կրկին միայն այդ քայլին դիմեն:
Հայաստանի մէջ, ի հարկէ, դժուարութիւններ կան, բայց, ինչպէս Կարօն խորհուրդ կու տայ, պէտք է հասկնալ, ուր որ ալ երթան՝ այդ դժուարութիւններուն պիտի բախին:
Ան «Green card» ստացած է, քանի մը անգամ գացած է Ամերիկա, տեսած է ամերիկեան շքեղ կեանքն ու հիմա առանց մէկ վայրկեան տատանելու՝ կ՚ըսէ, որ Հայաստանը իրեն համար միլիոն անգամ Ամերիկա կ՚արժէ՝ իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Մաքուր օդը, համեղ ուտելիքներն ու քաղցրահամ միրգերը երբեք չես գտներ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Հայ նոր սերունդը շատ խելացի ու կազմակերպուած է: Միանշանակ կրնանք յոյս դնել անոնց վրայ. մեր երիտասարդներուն շնորհիւ՝ Հայաստանի ապագան լուսաւոր պիտի ըլլայ: Մնանք ու շէնացնենք Հայաստան աշխարհը», լաւատեսական տրամադրութեամբ զրոյցը ամփոփեց Կարօ Սերպեկեան:
ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան