35 ՏԱՐՈՒԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ. «ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՍՊԱՆԴԸ»

Պէյրութի սրտին գտնուող հայկական թաղամաս՝ Պուրճ Համուտը յայտնի է ոսկիի առեւտրականներու մեծ ցանցով եւ ցայսօր ալ կը համարուի այդ արհեստին գլխաւոր կեդրոններէն մին։ Նախքան ոսկերչութեան արհեստին մէջ հմուտ դառնալը՝ լիբանանահայութեան կարեւոր տոկոսը ինքզինք նուիրած է զանազան արհեստներու, բայց եւ այնպէս, ամենէն աւելի հայերը աչքի զարկած են կօշկակարութեան հանդէպ իրենց յատուկ հետաքրքրութեամբ եւ ապա հմտութեամբ։ Մինչեւ պատերազմին սկսիլը, Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ կարեւոր ներկայութիւն եղած են հայերը, որոնք շնորհիւ իրենց ճարտար մօտեցումներուն, ունեցած են նոյնիսկ իրենց յատուկ շուկան, որ կոչուած է «Հայերու շուկայ», արաբերէնով՝ «Սուք ալ արման»։ Իսկ պատերազմի առաջին տարիներուն եւ քաղաքի բաժանումով սկիզբ առած շրջաններու եւ բնակավայրերու տարանջատումով՝ հայութիւնը իր ունեցած «տնտեսութեան» կարեւոր մէկ բաժինը կարողացած է փոխադրել Պուրճ Համուտի շրջան, ուր կօշկակարութեան, հագուստի, շապկագործութեան կողքին կամաց-կամաց առաջատար սկսած է դառնալ ոսկերչական արհեստը։ Հայկական միջավայրին մէջ հասակ առնող նոր սերունդներն ալ՝ որոնցմէ շատ-շատերը ինչ-ինչ պայմաններու բերումով զրկուած են իրենց ուսումը շարունակելու հնարաւորութենէն, իրենք զիրենք «նետած» են այդ արհեստին մէջ, հաւատալով ու վստահ ըլլալով, որ այդ արհեստին շնորհիւ պիտի կարողանան կերտել փայլուն ապագայ եւ «ոսկի» արհեստը ձեռք առնելէ ետք ալ ստեղծել՝ բարւոք կեանք մը վարելու հիմնական յենարանները։ Բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնք եղած են ամենահամեստ խաւի զաւակները, կարողացած են հասնիլ երեւելի բարձունքներու։ Արհեստով ընթացք առած եւ ապա ադամանդի ու ոսկիի առեւտուրին մէջ իրենք զիրենք պարտադրած հայ երիտասարդներէն շատեր արհեստը առեւտուրին միախառնելով՝ դարձած են Լիբանանի ոսկերչական ոլորտի ամենահռչակաւոր ու ամենայարգուած անհատականութիւնները։

Այս բոլորը պատմեցի հասնելու համար այս օրուան նիւթիս, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի ամենատագնապալի տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած «Պուրճ Համուտի սպանդ»ի պատմութեան, որուն գլխաւոր զոհերը եւ դահիճները հայեր են։

Բազմաթիւ հայեր, որոնք զերոյէն դարձած են բոլորի կողմէ սիրուած ու յարգուած արհեստաւորներ ու վաճառականներ, իսկ միւս կողմէ հայեր, որոնք իրենց ձեռքերը թաթխելով անվնաս մարդոց արեան մէջ, դարձած են Լիբանանի ապահովական մարմիններու որոնման տակ գտնուող յանցագործներ։

Մէկ պատմութիւն, երկու տեսակի հայեր։ Մէկ սպանդ, զոհերու մէկ տեսակ եւ անհասկնալի յանցագործներու խմբակ մը, որուն անդամները երեք հայ եղբայրներ են։

«Պուրճ Համուտի սպանդ»ը դեռ մինչեւ հիմա ալ, որպէս տխուր վերյուշ կը շարունակէ մնալ լիբանանահայերու մտքերուն մէջ. ոճիր, որ ցնցեց ո՛չ միայն լիբանանահայութիւնը, այլաւ՝ ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը։

35 տարի առաջ Լիբանանի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ տեղի ունեցած սպանդի երեք հեղինակներէն երկուքը ձերբակալուած են։ Այս մասին վերջերս գրեց «Ալ Արապիա» կայքը՝ յղում կատարելով սպանական «Իլ մունտօ» կայքին։ Աղբիւրը կը հաղորդէր, որ Նահապետեան եղբայրները՝ որոնք ոճիրին հեղինակը կը համարուէին, երկար ժամանակէ ի վեր բնակութիւն հաստատած էին Աւստրիոյ մէջ եւ յարգուած քաղաքացիներ էին։ Անոնք կարողացած են այդ երկրին մէջ կայք հաստատել՝ ոճիրէն անմիջապէս ետք ձերբակալուելէ եւ ապա Ռումիյէի բանտ տարուելէ ու հոնկէ ալ խոյս տալէ ետք։ Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ ամենամեծ թալանի հեղինակները կարողացած են Աւստրիա ապրիլ՝ շնորհիւ ինքնութեան փաստաթուղթերու կեղծման։

Լրատու աղբիւրը, որ չէր յայտներ ձերբակալուած երկու եղբայրներուն՝ Ռաֆֆի Եւ Փանոս Նահապետեաններու գտնուած վայրը, կը նշէր նաեւ, որ կը շարունակէ անյայտ մնալ հասցէն Հրաչ Նահապտեանի, որ կը համարուի սպանդի գլխաւոր հեղինակը։

1985 թուականի մարտի 28-ին տեղի ունեցած սպանդին զոհ գացած էին հինգ անձեր, որոնց գլխաւորն էր լիբանանահայ յայտնի ոսկերիչ եւ գործարար Հրանդ Քիւրքճեան (այդ օրերուն 60 տարեկան), որ Լիբանանի ոսկերչական շրջանակներուն մէջ ծանօթ էր «Լուլու Հրանդ» ծածկանունով։

Դէպքին ընթացքին զոհուած էին Հրանդ Քիւրքճեանի չորս պաշտօնեաները՝ Հանի Զամմար (28 տարեկան), Մարիա Հաննա Մըխայէլ (32 տարեկան), Խաթուն Թէքէեան (27 տարեկան) եւ Աւետիս Պոյաճեան (60 տարեկան):

Յառաջիկայ մարտի 28-ին իր լրումին պիտի հասնի 35-րդ տարելիցը «Պուրճ Համուտի սպանդ»ին՝ որուն զոհ գացին հինգ անձեր եւ որուն երեք մասնակիցները ձերբակալուեցան Լիբանանի ոստիկանութեան կողմէ, դատապարտուեցան մահուան, սակայն մինչ այդ յաջողեցան փախուստի դիմել բանտէն եւ յանցագործներէն երկուքը օրեր առաջ ձերբակալուած էին։

ԱՒԱԶԱԿԱՅԻՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

1985 թուականի մարտի 28-ին, Լիբանանի հայաշատ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ, գոհարեղէնի եւ ոսկերչական իրերու առքուվաճառքի «Middle East Diamond» ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակը ենթարկուեցաւ զինեալ աւազակային յարձակման, որու ընթացքին յարձակման մասնակիցները սպաննեցին այնտեղ գտնուող հինգ անձերը եւ կողոպտելէ ետք մօտաւորապէս 20 միլիոն լիբանանեան ոսկիի արժողութեամբ ոսկեղէն եւ թանկարժէք քարեր, դիմեցին փախուստի:

Խմբային այս ոճիրին զոհերն էին յարձակման ենթարկուած ընկերութեան տէրն ու տնօրէնը՝ Հրանդ Քիւրքճեան (60 տարեկան, Լիբանանի ոսկերչական շրջանակներուն մէջ ծանօթ «Լուլու Հրանդ» անունով), եւ չորս պաշտօնեաներ՝ Հանի Զամմար (28 տարեկան), Մարիա Հաննա Մըխայէլ (32 տարեկան), Խաթուն Թէքէեան (27 տարեկան) եւ Աւետիս Պոյաճեան (60 տարեկան):

Ոստիկանութիւնը սպաննուածներուն արնաշաղախ դիակները յայտնաբերեց ոճիրի վայրին մէջ: Ոճիրը մեծապէս ցնցեց Լիբանանի պետական շրջանակներն ու հանրութիւնը եւ մամուլին կողմէ ստացաւ «Պուրճ Համուտի սպանդ» անուանումը: Այն համարուեցաւ մինչ այդ «Լիբանանի պատմութեան մէջ ամենամեծ եւ ամենավայրագ աւազակային յարձակումը»:

ՈՃՐԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Յարուցուած քրէական գործի շրջանակներէն ներս կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով, որուն մասնակցեցան Լիբանանի իրաւապահ գրեթէ բոլոր ծառայութիւններու աշխատակիցներ, նոյն թուականի ապրիլի 12-ին Պէյրութի Զոքաք էլ Պլաթ թաղամասին մէջ նախ յայտնաբերուեցան եւ ձերբակալուեցան յարձակման մէջ կասկածեալ երկու անձեր՝ Ռաֆֆի Ասատուր Նահապետեան (25 տարեկան) եւ Փանոս Ասատուր Նահապետեան (27 տարեկան): Ձերբակալման պահուն կասկածեալներուն մօտ յայտնաբերուեցաւ Հրանդ Քիւրքճեանի հաստատութեան պատկանող գոհարեղէն եւ ոսկեղէն՝ 3172 կրամ 18 քարաթնոց ոսկի, 495 կրամ ադամանդ՝ 2400 քարաթ, 3244 ամերիկեան տոլար եւ թանկարժէք քարեր՝ մօտաւորապէս 700 հազար տոլար արժողութեամբ: Յափշտակուած իրերուն ընդհանուր արժէքը օրին կը կազմէր շուրջ 20 միլիոն լիբանանեան ոսկի, օրուան համարժէքը՝ 232.558 ամերիկեան տոլար: Ձերբակալեալները խոստովանեցան, որ գողօնը ծրարներու մէջ կը տեղաւորէին՝ եւրոպական երկիր մը փախչելու եւ այնտեղ վաճառելու նպատակով։ Իսկ ապրիլի 17-ին Կիպրոսի մէջ կը ձերբակալուէր յարձակման մէջ կասկածեալ երրորդ անձը՝ Հրաչ Ասատուր Նահապետեանը, որ Կիպրոսի իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնուեցաւ Լիբանանի իրաւապահ մարմիններուն:

ՈՃԻՐԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Աւազակային յարձակման երեք մասնակիցները՝ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները եղբայրներ են: Անոնք առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ էին թիրախ դարձած հաստատութեան տնօրէնին՝ Հրանդ Քիւրքճեանի հետ, որուն պատուէրով կը կատարէին ոսկերչական աշխատանքներ իրենց սեփական արհեստանոցին մէջ: Քննչական գործողութիւններով ձեռք բերուած իրեղէն փաստերը, ականատեսներու վկայութիւնները եւ ինչպէս նախաքննութեան ընթացքին, նոյնպէս ալ դատարանին մէջ մեղադրեալներու խոստովանական ցուցմունքները հաստատեցին, որ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները աւազակային յարձակումը կատարած են շահադիտական նպատակներով, այն է՝ տիրանալ հաստատութեան մէջ գտնուող նիւթական հարստութիւններուն: Անոնք տուին խոստովանական ցուցմունք այն մասին, որ յաջողած էին անարգել եւ դիւրութեամբ մուտք գործել թիրախ ընտրուած հաստատութիւն, շահագործելով այն հանգամանքը, որ գործի բերումով բազմիցս գտնուած են այնտեղ, հետեւաբար՝ իրենց մուտքը նախապէս որեւէ ձեւով կասկածելի չէ համարուած դուռը բացող պաշտօնեային կողմէ: Անոնք ցուցմունք տուին նաեւ այն մասին, որ սպաննած են հաստատութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերը՝ քօղարկելու համար իրենց հետքը, որովհետեւ բոլոր սպաննուածները ծանօթ էին իրենց, հետեւաբար, որեւէ մէկուն ողջ մնալու պարագային, իրենց ինքնութիւնը պիտի բացայայտուէր: Հրաչ Նահապետեան տուաւ ցուցմունք այն մասին, որ բոլոր հինգ անձերը ինք սպաննած է ատրճանակով, որուն ամրացուած էր խլացուցիչ:

ՈՃՐԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒՆ ՓԱԽՈՒՍՏԸ

Նախքան խմբային այս ոճիրի քննութեան աւարտը, մեղադրեալներ Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները 1987 թուականին, ցարդ անյայտ մնացած պայմաններու մէջ, յաջողեցան փախուստ տալ Լիբանանի Ռումիէ բանտէն, ուր կը պահուէին քննութեան ամբողջ ընթացքին: Անոնք մինչ այսօր չեն յայտնաբերուած եւ կը գտնուին միջազգային հետախուզման մէջ:

ՎՃԻՌԸ

Լիբանանի դատարանը 1994 թուականի դեկտեմբերի 10-ին, Ռաֆֆի, Փանոս եւ Հրաչ Նահապետեանները ի բացակայութեան դատապարտեց ծանրագոյն պատիժի՝ մահուան, ապա հիմնուելով Ընդհանուր ներման թիւ 84/91 օրէնքին վրայ, պատիժները փոխեց ցմահ բանտարկութեան՝ տաժանակիր աշխատանքով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021