ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Չար վկայութիւնը մե՞ղք է:

Պատասխան. Անշուշտ, որ մեղք է: Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ՚ընէ» (Առ 19.28): Հոն ուր չարութիւն կայ, այնտեղ ո՛չ մէկ լաւ բան կարելի է գտնել, որովհետեւ չարն ու բարին, վատն ու լաւը իրարու հետ չե՛ն կրնան միատեղուիլ: Չար վկայութիւն տալը մեղք է տակաւին անով, որ երբ մարդ չար վկայութիւն կու տայ, այդպիսիով ինքն իր վրայ մեղքերու շարան մը կը բերէ, որ սկիզբ կ՚առնէ չար վկայութեամբ եւ երթալով կ՚աճի, մեծ ժառի մը վերածուելով, որ քանդելը դժուար կ՚ըլլայ այլեւս մարդուն համար: Հետեւաբար, պէտք է հեռու մնալ չար վկայութենէ, որպէսզի մեղքին առիթ չտանք մեր մէջ մտնելուն:

Յաճախ, մարդիկ կը կարծեն, թէ իրենք վկայութիւն կու տան յօգուտ իրենց մէկ ազգականին, կամ մտերիմ ընկերոջ, կամ դրացիին, այդպիսիով իրենք զիրենք կը փորձեն արդարացնել: Բայց չէ՞ որ այդպիսով ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը ծածուկ կը մնայ եւ անմեղ մէկը կը դատապարտուի: Չէ՞ որ ազգականի, մտերիմ ընկերոջ կամ դրացիի մը առկայութիւնը, չի՛ նշանակեր որ ճշմարտութիւնը պէտք է խեղաթիւրել: Այդպէս վարուելով, ո՛չ միայն անձը ինքն իրեն վնաս կը պատաճառէ, ի՛նք եւս մեղքի ճիրաններուն մէջ կ՚իյնայ, այլ՝ առիթ կու տայ անոր՝ որուն ի նպաստ վկայութիւն տուաւ, ա՛լ աւելի խորասուզուի մեղքին մէջ:

Հետեւաբար, հեռո՛ւ պէտք է մնալ սուտ կամ չար վկայութիւն տալէ, եւ բաւարարուիլ միմիայն ճշմարտութիւնը ըսելէ, ի՛նչ ալ ըլլան այդ վկայութեան հետեւանքները:

Հ. Յաճախ կը հանդիպին մարդոց, որոնք սրբութիւնները, աւանդութիւնները, եկեղեցին, եկեղեցականները, հաւատքը եւ զԱստուած կը ծաղրեն. այդպիսիներու մասին Աստուածաշունչը բան կ՚ըսէ՞:

Պ. Ճիշդ մատնանշում: Դժբախտաբար, այսօրուան նիւթականացած աշխարհը մարդս վերածած է մեքենայի մը՝ անշունչ եւ անտարբեր, անզգամ եւ անհոգ: Այդ վիճակը մարդս մղած է ու կը մղէ ամէն տեսակի սրբութիւն, արժէք, սկզբունք ու համոզում ոտնակոխելու եւ անցնելու: Դժբախտաբար, հոգեւոր ոլորտն ալ այդ ոտնակոխումէն զերծ չի՛ մնար: Աւելի ցաւալին այն է, որ ոմանք իրենց համարձակութիւնը կը հասցնեն այն աստիճանի, որ նոյնիսկ կը սկսին զԱստուած ծաղրել:

Լսե՛նք թէ Առակագիրը ի՜նչ կ՚ըսէ այդպիսիներու մասին. «Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ» (Առ 19.29):

Պարզ եւ յստակ է. բոլոր անոնք որոնք կը ծաղրեն, դատապարտութեան պիտի ենթարկուին:

Հարցնենք. ո՞վ կը ծաղրէ: Պատասխանը պարզ է. անմիտ ու տգէտ մարդը, որու մասին, դարձեալ Սողոմոն Իմաստուն կ՚ըսէ, թէ՝ «անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են» (Առ 19.29):

Այդպիսիները, իրենք զիրենք անտարբերութեան, անհոգութեան եւ նիւթին գերին դարձնելով, կը մոռնան, աւելի ճիշդ կ՚անգիտանան, որ իրենց այդ ծաղրանքը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրէ, այսինքն՝ անոնք կրնան ծաղրել այնքան ատեն, որ տակաւին կ՚ապրին, գոյութիւն ունին, սակայն այդ ծաղրանքին հետեւանք եղող դատապարտութիւնն ու կռնակին համար պատրաստուած ծեծը յաւիտենական են, ինչ բանէ պիտի չկրնան խուսափիլ, եթէ այսօր իսկ չզղջան, չդառնան իրենց չար ճամբաներէն ու ապաշխարեն իրենց մեղքերուն համար:

Մարդ պէտք է զգուշանայ, որպէսզի Վերջին դատաստանին ներկայանայ մաքրուած ու արդարացած, որովհետեւ, այդ օրը, ինչպէս Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը ներկայացնէ, «ամէն ինչ գերազանցապէս զարմանալի պիտի ըլլայ, լեցուն՝ սարսափով ու դողով: Նոյնիսկ հրեշտակները պիտի վախնան այդ օրը: Ո՛չ միայն հրեշտակները, այլեւ Հրեշտակապետները, Աթոռները, Տէրութիւնները, Պետութիւնները եւ Զօրութիւնները: Կը կարդանք. “Երկնային մարմինները պիտի սասանին” (Մտ 24.29), որովհետեւ իրենց ծառայակիցներէն կը պահանջուի որպէսզի երկրի վրայ իրենց կեանքի մասին հաշիւ ներկայացնեն: Եթէ քաղաք մը դատապարտութեան ենթարկուէր այս աշխարհի կառավարիչներուն դիմաց, ապա բոլոր մարդիկ կը վախնային, նոյնիսկ անոնք, որոնք վտանգէն զերծ են, հապա ինչքան աւելին, եթէ ամբողջ աշխարհը կանչուի այնպիսի Դատաւորի մը մօտ, որ վկաներու եւ ապացոյցներու կարիք չունի, որովհետեւ առանց այս ամէն ինչին, գործերն ու բառերը կը վկայակոչէ, որ կը տեսնեն բոլոր անոնք որոնք մեղքեր կը գործեն եւ բոլոր անոնք որոնք կ՚անգիտանան այդ բանին: Արդարեւ, բնակա՞ն չէ, որ բոլոր զօրութիւնները ապշին ու սարսափին»:

Սաղմոսագիր մարգարէն կը գրէ. «Երանի անոր, որ ամբարիշտ մարդոց խորհուրդին չի հետեւիր, մեղաւորներու ապրելակերպը չ՚ընդօրինակեր եւ զԱստուած ծաղրողներուն հետ ընկերութիւն չ՚ըներ. այլ՝ հաճոյք կ՚առնէ Տիրոջ Օրէնքէն, եւ Անոր Օրէնքը կը սերտէ գիշեր ու ցերեկ» (Սղ 1.1-2)։ Մարդ հեռու պէտք է մնայ զԱստուած ծաղրողներէն: Անշուշտ հեռու պիտի մնայ, երբ տեսնէ որ անուղղելի են անոնք, այսինքն՝ իր խորհուրդները, իր կեանքի օրինակը դրական ազդեցութիւն չե՛ն գործեր անոնց վրայ, ընդհակառակը իրենց չարութեան, ամբարշտութեան ու ծաղրին մէջ աւելի կը խորանան, այդ պարագային, պէտք է հեռանայ անոնցմէ եւ շարունակէ հաճոյք առնել Տիրոջ Օրէնքէն ու գիշեր ցերեկ Աստուծոյ Օրէնքը սերտէ եւ աշխատի գործադրել զայն, այսինքն՝ ապրիլ այդ Օրէնքով:

Ուրիշ տեղ մը Դաւիթ թագաւոր դիմելով Աստուծոյ, կը խնդրէ Անկէ, որպէսզի զԻնք ծաղրողներուն դէմ ելլէ, երբ կ՚ըսէ. «Ե՜լ, ո՜վ Աստուած, դուն քու դատդ պաշտպանէ, տե՛ս թէ ի՛նչպէս անմիտ մարդիկ կը ծաղրեն քեզ օրն ի բուն։ Մի՛ մոռնար քեզի հակառակողներուն կանչուըռտուքը, այն մշտական աղմուկը որ կը բարձրացնեն քեզի դէմ ելլողները» (Սղ 74.22-23)։

Երջանկայիշտակ Շնուտա Գ. Հայրապետը խօսելով Տէր Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ, ինչպէս Անոր քացախ տուին՝ ջուրի փոխարէն, այսպէս կը գրէ. «Քրիստոս "ծարաւ եմ" ըսաւ, ամբողջացնելու համար մարգարէութիւնները, եւ յայտարարելու համար, թէ մարդկութեան փրկագինը վճարուած էր: Այսուհետեւ, մարդկութիւնը կրնար հանգստանալ:

Սակայն մեղանչող մարդկութիւնը ծաղրեց Տէրը այն պահուն, երբ Ան մեր փրկագինը կը վճարէր: Ջուրի փոխարէն քացախ տուին Անոր, կրկնապատկելու համար Անոր ցաւերը:

Եղբայրնե՛ր, արդեօք մե՞նք ալ նոյն բանը կ՚ընենք այսօր: Ամէն անգամ որ Տէրը ծարաւի մեր փրկութեան համար, եւ ուզէ մեր մէջ Իր տնկած որթատունկէն ըմպել, ի՞նչ կը հրամացնենք Անոր: Մեր չար սովորութիւններով, անհոգ ու դատարկ զբաղումներով քացա՞խ կը հրամցնենք Անոր:

Եղբա՛յրս, ե՛տ քաշէ այդ գեղարդը Քրիստոսի բերանէն: Հեռացո՛ւր Անոր շրթներէն քացախով լեցուն սպունգը: Զղջա՛ քեզ Սիրողը վիրաւորելուդ համար, եւ զղջման արժանի գործե՛ր կատարէ:

Եթէ լսես Տէրը "ծարաւ եմ" կ՚ըսէ, պատասխանէ Անոր. "Ես, որ իմ մեղքերուս պատճառով կոկորդ չորցուցի, երանի՜ կարենամ արցունքներովս ծարաւդ փարատել: Երանի՜ հարուածես իմ քարացած սիրտիս, որպէսզի անկէ Քու ծարաւդ յագեցնող ջուր ցայտէ"»:

Հետեւաբար, զգուշանանք այսօր եւս մեր մեղքերով՝ անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ եւ նիւթապաշտութեամբ զԱստուած ծաղրելէ, ընդհակառակը, ծունկի գանք Անոր դիմաց ու խնդրենք Անոր օգնականութիւնը մեր պանդխտութեան տարիներուն համար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 81

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024