ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԱՆՑԵԱԼ, ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՆԵՐԿԱՅ, ՆԵՐԿԱՅԷՆ ԱՊԱԳԱՅ
Իսկապէս երանութեան արժանի են ան կամ անոնք, որոնք այսպէս կամ այնպէս առընչութիւն մը կամ կապ մը կրցած են հաստատել այնպիսի մեծութիւններու հետ, որոնք թէեւ ֆիզիքապէս դարեր առաջ ապրած, գործած ու անցած են, բայց հոգեպէս եւ իրենց կատարած գործով կը շարունակեն ողջ մնալ ազգերու ու ժողովուրդներու ամէնօրեայ յիշողութեան մէջ: Միւս կողմէ, ամէն մարդու տրուած չէ կամ ամէն մարդ, հակառակ կատարած փորձերուն, չի՛ կրնար յաջողիլ իր անունը, իր գործը առընչել տուեալ անձին հետ, որուն նկատմամբ յարգանք ու սէր կը տածէ: Ձախողելու հիմնական պատճառն է՝ այդ փորձի ետին հետապնդուող շահու մը կամ բարի համբաւ ձեռք ձգելու նկրտումի մը ըլլալը: Իսկ յաջողութեան գլխաւորագոյն բանալին է՝ տուեալ անձին նկատմամբ անվերապահ սէրն ու յարգանքը, նուիրուածութիւնը եւ այդ տուեալ անձին կատարած գործին խոր գիտակցումն ու արժեւորումը:
Այդ յաջող փորձերէն մէկը եղած է անցեալ դարասկիզբին Պոլսոյ մէջ Քասիմի՝ Միսաք Գօչունեանի կատարածը: Փորձ մը, որ իր անունը ամրօրէն պիտի կապէր մեր ժողովուրդի մեծագոյն սուրբերէն՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անուան ու ամենէն կարեւոր գործին՝ «Մատեան ողբերգութեան»ին հետ: Փորձ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով Մեծն Սուրբին ամբողջութեամբ բարբառիլ պիտի տար արեւմտահայերէնով՝ արդի հայերէնով, զայն հասանելի դարձնելու համար հնարաւորինս բազմաթիւ հայորդիներու, որոնք սկսած էին գրաբարէն հեռանալ ու խորանալ այդօրեայ լեզուին մէջ: Փորձ մը, որ ամենէն կարեւոր խարիսխը պիտի դառնար յետագայ բոլոր արեւմտահայերէն թարգմանութիւններուն: Ի վերջոյ փորձ մը, որ Սուրբ Նարեկացին աւելի ճանաչելի պիտի դարձնէր ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի զաւակներուն, այլեւ՝ օտարներուն եւս:
Ինչպէս նշեցի, Միսաք Գօչունեան Նարեկ Աղօթամատեանի արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը կատարած է անցեալ դարասկիզբին, սակայն այդ աշխատութիւնը ի ուրախութիւն շատ շատերու՝ այս օրերուն հասանելի դարձած է նաեւ մերօրեայ ժողովուրդի զաւակներուն: Արդարեւ, 2018 թուականին, Միսաք Գօչունեանի արժանաւոր ժառանգի՝ Արա Գօչունեանի ջանքերով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը վերահրատարակած է Քասիմի թարգմանութիւնը:
Առ այդ, 2 մարտ 2020-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս տեղի ունեցաւ վերոնշեալ վերահրատարակութեան շնորհանդէսը: Ձեռնարկի աւարտին, Պոլսոյ Ամենապատիւ պատրիարք Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան սիրտի գոհունակութիւնը յայտնեց տարուած աշխատանքին համար՝ նկատել տալով, որ այսօր Քասիմի արժէքաւոր թարգմանութիւնը Պոլսոյ սահմաններէն դուրս եկած է եւ արդէն իսկ մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրութեան տակ է։ Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը նաեւ իր խօսքը ուղղելով «օրուան հերոսին՝ մեր սիրելի Արային» դրուատեց զինք ու շնորհաւորեց, որ չէ՛ ձգած իր գերդաստանին պատկանող այս հարստութեան գրադարաններու դարակներուն վրայ մնալը:
Շնորհանդէսի ամենէն տպաւորիչ պահն էր, երբ Պատրիարք Հայրը խօսքին մէջ աղօթքին կ՚անդրադառնար. տեղ մը գրեթէ կ՚արտայայտէր այն միտքը, թէ մենք շատ յաճախ կ՚աղօթենք, սակայն հակառակ մեր կամքին՝ մեր աղօթքները կարճ կ՚ըլլան, բայց կ՚ուզենք, որ երկար աղօթենք: Այդ պահերուն է, ահա, որ Նարեկացիի Աղօթամատեանը օգնութեան կը հասնի մեզի...:
Տիար Արա Գօչունեան նախնիին կատարած գործը կրկին անգամ լոյս աշխարհ բերելով՝ այդ օգնութիւնն է, այդ նպաստն է, որ կը բերէ իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալի եւ ընդհանրապէս իւրաքանչիւր հայորդիի համար, որովհետեւ Սուրբ Նարեկացիի Աղօթամատեանը համազգային հարստութիւն ու արժէք է:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին մեզմէ շուրջ տասն դարեր առաջ գրի առած է իր Աղօթամատեանը: Դարերու ընթացքին՝ յատկապէս տպագրութեան գիւտէն ետք, տարբեր վայրերու մէջ «Մատեան ողբերգութեան»ը լոյս տեսած է: Անցեալ դարասկիզբին Քասիմը՝ Միսաք Գօչունեանն ալ իր լուման՝ նորովի աշխարհաբար-արեւմտահայերէնով, փորձած է նետել այդ գործին մէջ ու յաջողած է: Իր այդ յաջողութեամբ անցեալին հետ սերտօրէն կապած է ինքզինք: Այսօր, իր արժանի յաջորդը՝ Արան, այս անգամ մօտիկ անցեալին հետ իր կապը սերտացնելով՝ սերտացած է նաեւ հեռաւոր անցեալին հետ, ներկան ապրող ու ներկայով դէպի ապագայ սլացող:
Երանի՜ անոր, որուն անունը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անուան հետ առընչուած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 մարտ 2020, Վաղարշապատ