ԺԱՄԱԴՐՈՒԹՒԻՆ՝ ՔԱՍԻՄԻ ՀԵՏ
Ինչքան թուղթեր կային անոր դարակներուն մէջ։ Տոմսեր, նշմարներ, սլաքներ, երախտիքի խօսքեր, ճամբորդութենէ հաւաքուած կարճ տպաւորութիւններ ու... մարդիկ։
Լրագրողը մարդուն համար կը գրէ։
Լրագրողը դարուն համար կը գրէ։
Անկախ իր նախասիրութիւններէն, իր ահէն, իր մեծ վախերէն ու դէպի հեռուն հայող աչքերէն՝ մեծ տարաժամերու մէջէն քալելով եւ ձեռքը պահած թաց մելան հոսող գրիչին վրայ…
Կ՚ըսեն, որ այդ օրերուն, երբ Պոլիսը արեւմտահայ լրագրութեան մեծ պարտէզն էր ու շատ էին գրող-մրողները, նոյն այդ գրողներէն շատեր, որոնք երբեք ալ գրող չդարձան, իրենց կաղամարին ջուր կը խառնէին։
Թանկ էր մելանը եւ խնայողութիւն ընել պէտք էր։
Թանկ էր գրողին կեանքը, պէտք էր ջուր խառնել, որպէսզի բոլոր իրականութիւնները մարդոց սիրտը օդը չհանէին։
Թանկ էր ապրուստը, թանկ շատ թանկ էր թերթ պահելը ու ատոր համար պէտք էր մեծ միջոցներու դիմել՝ մտնելու համար Պոլսոյ մեծ ու փոքր դռներէն ներս։
Լրագրութիւնը փուճ էր շատերուն համար, այսօր ալ լրագրութիւնը շատ-շատերու համար «էժանագին մի բան է», որ կրնայ իր ուղեցոյց-յարացոյցը փոխել եւ տանիլ մեզ, նետել ափէ-ափ, թշնամիներու եւ թշնամութեան գերին դարձնել, նախասիրութիւններու եւ բամբասանքի որջը ձգել եւ աւարտին ալ մեզ ի սպառ ջնջել այս ամբողջ պատմութենէն։
Միսաք Գօչունեան անոնցմէ մէկը չէր։ Ապահովաբար չէր, շատեր կը քննադատեն զինք, իր գրած «Կրակին մէջէն» վէպին համար, որ իբրեւ թէ գեղարուեստական առումով մեծ ձախողութիւն մըն է։
Անդին ձգեմ գրականութեան «ֆիասքօ»ները ու վեր հանեմ լրագրող մարդուն իրական արժէքը։ Լրագրող, որուն գրած խմբագրականները ցայսօր ալ կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը, իրենց ոգին ու շահեկանութիւնը։
Քասիմ վստահօրէն նոյն խնդիրը դրած էր իր առջեւ եւ նոյն հարցումին փորձած էր պատասխանել։
Ինչո՞ւ գրել, ինչո՞ւ լրագրութեամբ զբաղիլ, ինչո՞ւ կառչիլ գիրէն, երբ շուրջդ ամէն ինչ կը թաւալի ու կրնայ իյնալ։ Ինչո՞ւ ապրիլ ու մշտապէս մնալ գիրի աքցանին մէջ, երբ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ իրենց փրկութիւնը ուրիշ տեղերու մէջ կը տեսնեն։
Քասիմ սովորական լրագրող մը չէր, «ղազէթաճի» մը չէր, իր անձնական հաշիւները լուծելու, կամ անհատի հանգստութիւնը ապահովելու համար ճամբայ ելած մէկը չէր։
Անոր ամբողջ պատմութիւնը, երազներէն հասնող եւ մինչեւ սեւ պեխերուն ամենածայրը հասնող նուիրումը մեծ էջ մըն է այսօր մեզի ու բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց գլուխը կը ծռեն՝ մտնելու համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ երախտաւորներու սենեակին մէջ։ Սենեակ, որ յետոյ մեծ մեծնար, կը դառնար խմբագրատուն, ապահով վայր՝ երբ անձրեւները կը զարնեն, երբ փոթորիկ է ամէն տեղ եւ ամէն տեսակի քամիներ կը փչեն... Այդ փոքրիկ սենեակներուն, ուր իր ճամբան կը գտնէր մեծ երազի, մեծ երազներու ճանապարհորդութիւնը, կար ու դեռ ալ կայ Քասիմի սիրտէն փշուր մը։
Աղօթքի մատեաններէն սնունդ առնող ու խարազանող, բայց երբեք չսպաննող խմբագրական գիրի ասքերէն նախադասութիւն մը, նօթ մը գալիք արեւոտ օրերուն համար եւ ամենահրաշալին՝ աղօթքի մրմունջ մը, որ պահուած էր Սարգիս եւ Միսաք Գօչունեաններու խրամատի բարձին տակ։
Այս մարդիկ ալ խրամատ ունեցան, այս մարդիկ ալ կռուեցան ու կռիւ տարին իրենց ոճով, գիր շարեցին, թերթ տպեցին, տոմս գրեցին ու ամենավսեմը գործերուն՝ Նարեկ աղօթամատեանը արեւմտահայերէնի վերածեցին։
Ինծի համար մէկ ամբողջութիւն են այս եղբայրները. սիրոյ եւ աղօթքի եղբարք, որոնց վերջին բառերուն շիթը կաթիլ առ կաթիլ կը մտնէ իմ թոքերուս մէջ, երբ կը հասնիմ Ֆէրիգիւղի մէկ անկիւնը ծուարած խմբագրատան փողոցը։
Այն պահուն է, որ սիրտս կը մեծնայ, բոլոր ուրախութիւններս կը պարզեմ եւ ամբողջ կամքս ու ջիղերս կը պրկեմ, չէ՞ որ նորէն պիտի նայիմ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններու աչքերուն։ Չէ՞ որ նորէն պիտի զգամ անոնց արեւոտ ստուերին իմաստը, չէ՞ որ պիտի լեցուիմ ու զինուիմ անոնց բառերով, անոնց դպրոցէն դաս մը պիտի առնեմ, խմեմ անոնց ջուրէն, պատառ մը հաց կիսեմ անոնց հետ... ու յետոյ ալ ժամ մտնեմ եւ աղօթք մը ըսեմ։
Պոլիսը վսեմ սպասումներու ժամանակն է, որմէ կ՚անցնին մեր բոլոր ընդհանրութիւնները, մեր մեծութիւնը, մեր ջիղը, մեր վաղուան սպասումն ու լինելութիւնը։
Քասիմ իր ձեռքերը պարզած մեզ կը կանչէ, մեր աղօթքին համար բառեր պատրաստած է, որ երբեք չդաւաճանենք իր ըմբռնումներուն, լաւին համար գրենք, լաւ լուր տանք աշխարհին, բարի լուր բերենք մարդոց, սիրենք ամբողջը, պահենք մեր սիրտը լաւ օրերուն համար եւ ճամբայ բանանք մեր սպասումներուն ու երազին։
Ամէն անգամ, որ Քասիմ կը մօտենար իր կաղամարին, գրիչը կը տանէր այդ թաց մելանի սրուակին, նոյն հարցն է, որ կը յղէր ու այսօր ալ նոյն հարցն է, որ կ՚արձակէ...
Գուցէ բոլոր կարապները ետ դառնան, բայց գիրը յիշատակող ու վառ պիտի ճախրէ հեռուներէն ետ դառնալու պէս։
Սա հաւատամք է, լրագրութեան ձեռքէն բռնելով երթալու համար մինչեւ խորհուրդներու մեծ տունը եւ աղօթելու համար, նոյն Նարեկի բառերով, վէրքերը սպի դարձնելու համար եւ հայելու ապագային, որ այսօր մշուշի մէջ է, դուրս հանելու մեր հոգիները մշուշէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024