ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Յառաջիկայ կիրակի 14 ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ մեր ժողովուրդին մօտ յայտնի է Ծաղկազարդ անունով: Ծաղկազարդը այլ ժողովուրդներու մօտ ծանօթ է Արմաւենեաց օր անունով: Այս յիշատակումը միշտ Ս. Յարութեան տօնին նախորդող կիրակի օրը կը կատարուի:

Դարեր շարունակ Հայ եւ Ընդհանրական եկեղեցիներու սրբազան հայրերը իրենց քարոզներով, ճառերով եւ գրութիւններով անդրադարձած են այս տօնին: Այստեղ, գրաբարէն թարգմանաբար ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ մեր Եկեղեցւոյ հայրապետներէն՝ Սահակ Գ. Ձորափորեցիի (677-703) եւ Զաքարիա Ա. Ձագեցիի (855-876) գրութիւններէն բաժիններ Ծաղկազարդի մասին:

Սահակ Գ. Ձորափորեցի.

«Աւետաբեր եւ տիեզերական տօն է այս ու տէրունական տօներուն գերազանցը. բերկրալի եւ մեծախորհուրդ, պանծալի բոլոր փառաբանող երկնաբիւր բանակներուն կողմէ։ Որուն համար երկինքը, երկիրն ու ծովը բերկրալով կը խնդան, երկրի չորս տարրերքին ստեղծումին հետ, երբ բարեխառն կլիման առատ բերքի շունչ կը փչէ։ Աստղերը՝ մաքրափայլ եւ յստակ, իւրաքանչիւրին տեղը գեղանկարուած։ Լուսինը՝ կամարաձեւ ըլլալով, արեգակի նման ամբողջ գիշերը կը լուսաւորէ, եւ արեգակը՝ երբ հասարակաց գիծին վրայ հասնի իր թեւերը կը տարածէ երկինքին ու երկրին մէջ։ Ծովը՝ վրդոված բարձր ալիքներով եւ ոլորապտոյտ շարժումներով լուռ կը մնայ։ Երկիրը ձմեռնային սգաւորութիւնը ձգելով, գարնան վերանորոգումը կ՚ապրի, բուրաստանները խնամող օդէն գեղեցկատարած, գագաթներէն կը բերեն զանազան տեսակի ծաղիկներու հոտեր եւ համեր։ Սողունները՝ գետինը թաքնուած եւ քարայրներու ու ծերպերու մէջ պահուըտած, օրուան փառահեղութիւնը զգալով, իւրաքանչիւրը իր ձայնով, հերթաբար իրենց թաքստոցներէն դուրս ելլելով ու երգելով կը յայտարարեն օրուան վայելչութիւնը։ Իսկ ծովային կենդանիներուն վտառները, լսելով վտառապետին ձայնը, իրենց կը միանան ապաստաններէն եւ խորութենէն խմբովին վեր բարձրանալով, կը լեցնեն երկիրն ու ջուրերը, եւ բազմաձայն հնչումներով ու գոյնզգոյն տեսակներով, տիւ եւ գիշեր գոհաբանութիւն կը վերառաքեն»:

«...Թագաւորներուն մեծը եւ երաժիշտներուն գերազանցը՝ Դաւիթ, գրաւոր աւանդութիւններուն հաւատարիմ Մարգարէն եւ բարբարոս ազգը տանջողը, պատերազմներուն միշտ յաղթողը եւ հսկաները ոչըն-չացնողը. խաւարած Իսրայէլի ճրագը եւ արարիչ Հօր կամակիցը, մարմնացեալ Բանին նախահայրը եւ Ս. Աստուածածինի տոհմին ցեղապետը, եւ նահապետական տուներու օրէնքով նախահայրը, քահանաներուն պարագլուխը եւ Աստուծոյ մասին խօսողը, սերովբէներուն բարեբանակիցը եւ մարգարէական հոգիով այսօրուան օրը նախագուշակողը, փառահեղօրէն խօսեցաւ մեզի ըսելով. «Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան, Տիրոջ առջեւ, վասնզի կու գայ» (Սղ. 98.8-9)։ Ճշմարիտ է այն խօսքը. որովհետեւ ամէն ինչի պարագլուխները նախ պէտք է ուրախանան աւետաբեր լուրով. զօրքին մէջ՝ զօրավարները, հօտին մէջ՝ հօտապետները, նաւուն մէջ՝ նաւապետները։ Այսպէս ալ, Արարիչը հողեղէն բնութիւնը առնելով, բարձր ալիքները եւ հողեղէն բլուրները հողեղէնին ազգակցութեամբ կ՚ուրախանան. եւ վեցօրեայքի փառաբանութենէն աւելի կը բերկրին. որովհետեւ իւրաքնչիւր հողեղէն իր բնութեան բերումով ունի ազգակցութիւն մարդոց եւ լեռներու»:

 ««Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց։ Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին։ Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ» (Մտ. 21.6-7)։ Որո՞նց կրնանք նմանցնել գացող երկու աշակերտները։ Առաքելական երկու խումբերուն. եօթանասուն երկու աշակերտները՝ որոնք ղրկեց նախքան Իր աստուածային յարութիւնը. եւ տասներկուքը՝ որոնք յարութենէն ետք ղրկեց փչելով անոնց վրայ Ս. Հոգին, ըսելով. «Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք» (Մտ. 28.19)։ Իսկ կենդանին եւ աւանակը կը խորհրդանշեն նորահաւատները՝ Հրեաներն ու Հեթանոսները, որոնք ընդունելով Անոր (Քրիստոսի) վարդապետութիւնը, Եկեղեցւոյ մարմին եւ անդամ եղան։ Վերարկուները կենդանիներուն վրայ դնելը կը խորհրդանշէ՝ հոգին ու մարմինը մաքրելը, որու մէջ կը բնակէր ու կը հանգչէր Աստուածորդին։

«Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ» (Մտ. 21.8)։ Ժողովուրդէն շատերը մարդկութիւնը կը խորհրդանշէ, որոնք մարմնական ցանկութիւններուն յանցանքները կը խոստովանին Աստուածորդիին առջեւ, բացայայտօրէն խոստովանելով զանոնք։ Իսկ ճանապարհի ընթացքին Հրէաստանէն եւ Գալիլիայէն Յիսուսին հետեւիլը (ախտաւորներու), պատուիրանազանցութեան համեմատ, կը խորհրդանշէ յանցանքներուն ներումը ճարտարութեամբ։ «Ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ» (Մտ. 21.8)։ Ա՛ս ալ պատահաբար չէ, այլ՝ աստուածային գալստեան արժանաւորապէս մասնակցութիւնը. որովհետեւ փրկութիւնը ամբողջ տիեզերքին համար պիտի կատարէր (Քրիստոս), եւ մարդոց սին բաներուն հնազանդութիւնը պիտի փոխէր աստուածային հնազանդութեան։ Երկրին եւ ծովուն համար՝ որպէսզի ճանչնան ու մեծացուցանեն իրենց Աստուածը. ինչպէս նաեւ ծառերուն եւ ծաղիկներուն՝ որպէսզի ճանչնան իրենց գոյացուցիչը եւ գովեն զԻնք։

«Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր Իրեն, կ՚աղաղակէր.-

«Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,

Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։

Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին» (Սղ. 118.25-26, Մտ. 21.9)։

Առջեւէն կամ կը հետեւէր ըսելով կը հասկնանք հոգեւորներու երկու խումբերը՝ մարգարէներն ու քահանաները, որոնք նախքան Բանին մարմնանալը մարգարէացան Անոր գալուստին մասին։ Իսկ ետեւի ժողովուրդը կը խորհրդանշէ առաքեալները եւ Ս. Եկեղեցւոյ անդամները, որոնք Իր ետեւէն երթալով, զԻնք որպէս Դաւիթի Որդի կը խոստովանին, որ անբաժան մնաց Հօր հետ եւ Կոյսէն ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ առանց մեղքի։ Այս մէկը անդադար կը խոստովանին երկու ժողովարանները՝ առաքեալներուն խումբը Ս. Եկեղեցւոյ հետ միասին»:

Զաքարիա Ա. Ձագեցի Կաթողիկոս.

««Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթափգէ, Ձիթենեաց լերան կողին» (Մտ 21.1)։ Երէկ, Տէրը Բեթանիա եկաւ եւ Ղազարոսը կենագործեց գերեզմանէն. իսկ այսօր, կու գայ եւ Երուսաղէմ կը մտնէ։ Անցեալ օր, Մարիամն ու Մարթան կը զուարճացնէր իրենց եղբօր նորոգման համար. իսկ այսօր, կաթնկեր տղաքը օրհնաբանութեան շարժեց (մղեց)։ Անցեալ օր, հաւաքուած հրեաները կը հիացնէր, աստուածաբար վերակոչելով Ղազարոսը գերեզմանէն. իսկ այսօր, ամբողջ Երուսաղէմը կը դղրդեցնէ եւ օրհնաբանութեան կը յորդորէ։ Երէկ, մահուան իշխանութիւնը կը լուծէր եւ կամակոր իշխանը իր լեգէոն զօրքերով կը վրդովեցնէր. իսկ այսօր, քահանաները տարակուսանքի կը մատնէ եւ փարիսեցիները կը վտանգէ, դպիրները կը յիմարեցնէ, բազմաթիւ եւ զանազան աստուածակերտ հրաշքներով եւ արուեստներով, զորս կը գործէ։ Որովհետեւ այս Միաշաբաթին ստեղծեց աշխարհի չորս նիւթերը՝ հողը, ջուրը, հուրը եւ օդը, որովհետեւ այս մէկը Միաշաբաթին պատկերն է, որուն ընթացքին Արարիչին խորհրդածութիւնը սկիզբ կ՚առ-նէ բաղկացնելու այս զգալի եւ նիւթեղէն աշխարհը։

Այսօր, Արմաւենեաց (Ծաղկազարդի) այս մեծ օրը, առաջին դարուն նախատիպն է, որուն ընթացքին գործուեցաւ այս բանը. Ադամի դրախտէն վտարուելէն երեսուն տարի ետք Կայէնը ծնաւ, որմէ ետք անոր քոյրը՝ Կասման։ Երեսուն տարի ետք ալ Աբէլը ծնաւ, որմէ ետք անոր քոյրը՝ Աբուսաքը եւ երեսուն տարի ետք Կայէնը Աբէլը սպաննեց։

Ադամն ու Եւան հարիւր քսան տարի սուգ ըրին եւ հինգ հարիւր տարի ետք Կայէնին որդիները իրենց չարութեան մէջ աճեցան. ինն հարիւր երեսուներորդ տարին, Աստուած Սեթին ցեղը փափկութեան դրախտին դիմաց փոխադրեց եւ Կայէնին որդիները բնակեցան դաշտին մէջ, ուր Կայէն Աբէլը սպաննեց։ Եւ Յաբեթի քառասուներրորդ տարին, առաջի դարը լրացաւ։

Իսկ այսօր, Տէրը Երուսաղէմ եկաւ աշխարհին մեղքերը վերցնելու համար, ինչպէս վերը դրինք, թէ ասիկա արարչութեան առաջին օրուան պատկերն է։ Որովհետեւ հոն, երկրի տարրերուն գոյանալուն ժամանակ, երկրի անդունդներուն վրայ խաւար եղաւ եւ Աստուծոյ հրամանով խաւարակուլ եւ ստուերահալած լոյսը տարածուելով անդունդները լուսաւորեց, եւ լոյսին (ցերեկին) եւ գիշերին սպառելովը առաջին օրը եղաւ, ժամանակներու սկիզբ եւ օրերու պատճառ (ըլլալով)։ Արդ, սուրբ լուսաւորութեան օրը ինք անձամբ գալով, տարուէ տարի պտղաբերելով, տօնական եւ փրկաւէտ շնորհները իբրեւ ընծայ կը մատուցէ։ Տէրը Երուսաղէմ գալով, սկիզբ կը դնէ վերստին փրկագործելու եւ նորագործելու արարածները. որու համար Մարգարէն կը վերագոչէ. «Այսօր Տիրոջ յաղթանակի օրն է. եկէք ցնծանք եւ ուրախանանք» (Սղ. 118.24)։ Դարձեալ կ՚ըսէ. «Մեր Տէր Աստուածը երեւցաւ մեզի. եկէք ուրախութեամբ տօնախմբենք» (Հմմտ. Սղ. 118.27), եւ «Անտառին ծառերը թող որ ցնծութեամբ երգեն Տիրոջ առջեւ, որ կու գայ» (Սղ. 96.12-13)։

Այսօր, մեր Տէրը սկիզբ դրաւ փրկագործելու տիեզերքը առաջին գլորումէն, նոյն պատկերին դարձեալ վերանորոգելով եւ ճարտարապետելով աւելի հրաշափառ փայլակերպելով քան առաջինը»:

«...Այսօր, երկինքն ու երկիրը նորոգուեցան, որովհետեւ Ան որ անցեալին հուրի բորբոքումով Սինա լերան վրայ ճառագայթներով կը փայլէր եւ հրաշափառապէս ցոլալով եբրայական բանակին կ՚երեւար, այսօր Ձիթենեաց լեռը եկաւ եւ աւանակի (վրայ նստած) Երուսաղէմ քաղաքը կը մտնէ։ Այսօր Երուսաղէմը երկինք եղաւ, աւանակը՝ Քերովբէական աթոռ, Եբրայեցի ծերերն ու մանուկները՝ հանդիսակից հրեշտակներուն, որոնց հետ պարելով եւ գեղապանծ ուրախութեամբ մարմնացեալ Բանը կ՚օրհներգեն եւ իրենց վերարկուները տարածելով ճանապարհին վրայ Իսրայէլի Աստուծոյն ոտքերուն պատուանդան կ՚ըլլան՝ գոհարազարդ շափիւղային փոխարէն, որ լերան վրայ Աստուծոյ ոտքերուն տակ տեսաւ Մովսէս, երբ հրաման ստացաւ (սուրբ) վրանը կազմելու։

Այսօր, արմաւենիի ոստեր կ՚ընծայուին Անոր, որուն ամբողջ Լիբանանը եւ բոլոր չորքոտանիները բաւական պիտի չըլլային իբրեւ ողջակէզ։

Այսօր, Ձիթենեաց լեռը, երկինքներու երկիրը եղաւ, որովհետեւ իր վրայ կեցան այն ոտքերը, որ կոխելով ջախջախեցին կամակոր վիշապին գլուխը, յորդահոս ջուրերուն վրայ։

Այսօր, արեգակը ոսկեճաճանչ ճառագայթներով լուսազարդելով, միջօրէն կը պայծառացնէ, հեռու ձգելով ձմեռնային սառնապատ եղանակները, նոյն հունի մէջ նետելով, ժամագիւտին նոյն նպատակը կ՚անդրանցնի եւ ընթանալով հասարակածին կը հասնի եւ ջահաւորելով աշխարհը կը լուսաւորէ։

Այսօր, լուսինը մաքուր փայլելով, լիալուսին վիճակով, Արեւելքէն ծագելով լեռներուն եւ բարձրաբերձ գագաթներուն վրայ, արտափայլելով (մթութիւնը կը ջահաւորէ)։

Այսօր, աստղերուն բարեյարմար խումբերը հրճուալի ձեւով կը փայլին սառնամանային օդի բռնութենէն եւ հիւսիսային խստութենէն ազատելով ու միանալով հարաւային բարեխառն օդին, գեղեցկայարմար ձեւով հիւսիսէն հարաւ կը շրջին։

Այսօր, ջինջ աղբիւրները առողջութիւն կը բխին, զայն բոլոր կենսաւորներուն պարգեւելով, որոնք ծարաւ մօտենալով կը զովանան մշտահոս բխումէն։

Այսօր, բոլոր դաշտերը զարդափայլելով կը պայծառանան տեսակ-տեսակ ծաղիկներով, պաճուճուած՝ հրաշալի եւ վայելուչ տեսքով։

Այսօր, ծովը խաղաղելով, եզերքի ալիքները միաւորուելով, նաւորդներուն բարեձեւ եւ հեզ մկանները կը պատրաստեն եւ խաղաղ նաւահանգիստը կը ղրկեն։

Այսօր, գետերը կը հանդարտին (ալիքներու) խրոխտ եւ փքացեալ յարձակումէն եւ ճանապարհ կը պատրաստեն մարդկային ցեղին։

Այսօր, իբրեւ հոգեւոր եւ մարմնաւոր գարուններ ձերբազատուինք ձմեռնային տխրութենէն եւ Քրիստոս-Նաւահանգիստին ապաւինինք ու Քրիստոսի դիմաց ելլենք, եւ փոխանակ վերարկուներու, մեր մարմինները մաքրենք եւ արմաւենիի ոստերուն փոխարէն, մեր ինչքերը աղքատներուն սերմանենք, որպէսզի հանդերձեալ բարիքներուն արժանի ըլլանք, եւ բոլորս ալ կարենանք հասնիլ անոնց, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը, որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019