ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՈՐՈՆԵԼՈՎ «ԻՆՉՈ՞Ւ»ՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Մեր ազգային կեանքին մէջ որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կան, նոյնքան ալ կան մտահոգիչ հարցեր ու խնդիրներ։ Տարիներէ ի վեր կը գրենք ու կը պայքարինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ գետին գտած դատապարտելի տխուր երեւոյթներու մասին։

Ինչո՞ւ կը նահանջէ հայոց լեզուն․

Ինչո՞ւ կը փակուին հայկական վարժարանները, կը վաճառուին մեր դպրութեան կեդրոնները։

Որքան մելան հոսեցաւ ու դեռ կը հոսի մամուլի էջերուն մէջ, առաջքը առնելու այս աղէտին, սակայն իրականութենէն ոչինչ փոխուած է։

Որովհետեւ մեր ազգային կեանքէն ներս նիւթապաշտութիւնը, դրամին ուժը դարձած է գերիշխող, կրցած է փոխել արժեչափերը, կրցած է խաթարել մարդկային բարոյական չափանիշները, եւ ազգային հարցերու նկատմամբ մարդոց հայեացքը։

Ահա թէ ինչու մարդիկ իրենց փառասիրութիւնը գոհացնելու համար պատրաստ են հաճոյակատարութիւններ ընելու, նոյնիսկ ի գին ազգային կարեւոր ու կենսական հարցերուն։ Առանց անդրադառնալու, թէ անհատականէն վեր կայ ազգային ու հաւաքական մտածողութիւնը։

Հարցեր ու մտահոգութիւններ, կ՚ալեկոծեն մեր հասարակական կեանքը եւ կը պահանջեն որոնել դրդապատճառները, որպէսզի կարենանք ժամանակի պահանջներուն համաձայն հնարաւոր միջոցներ որդեգրել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ

«Լեզուն ամենանուրբ երեւոյթներից է, սիրողականութիւն չի հանդուրժում, կամայականութիւններ չի հանդուրժում»։

Յաճախ կը խօսինք գրական-լեզուական չափանիշներու մասին, բայց միշտ կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ։ Հայոց լեզուի խնդիրը պէտք է դիտել ե՛ւ լեզուական ե՛ւ հասարակական տեսանկիւնէն։

Այսօր հայերէնի մաքրութիւնը, հայերէնի էական հարցերու պարզաբանումը, լեզուական կարեւոր խնդիրներու արծարծումը, անհրաժեշտ է առաջքը առնելու օրաւուր աճող ու տարածուող լեզուական կարգ ու կանոնի անտեսումին։

Այս առումով կան հիմնական կարեւոր նախադրեալներ․-

Առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ, թէ հայեցի լեզուամտածողութիւնը սոսկ ներքին ունակութիւն չէ, այլ նաեւ սկզբունք է ու դաւանանք։

Իսկ լեզուի մաքրութեան պահանջը՝ հայեցի լեզուամտածողութեան հարազատ մնալու պահանջ է։

Լեզուական կայուն չափանիշներու անհրաժեշտութիւնը։

Եթէ մամուլը, հրատարակչութիւնը, որդեգրեն կայուն չափանիշներ, ամէն ինչ չգրուի ու չտպագրուի, կարելի է առաջքը առնել լեզուին սպառնացող վտանգին։

Քանի որ գրական ու լեզուագիտական կայուն չափանիշներ չկան, կը հրատարակուին բազմաթիւ գիրքեր ու գրքոյկներ, հրապարակ կ՚իջնեն լեզուական ու քերականական սխալներով գրութիւններ։

Դժբախտաբար այս ուղղութեամբ քննադատական դիտողութեան մասին ոչ մէկ խօսք կարելի է ըսել։ Որովհետեւ ոչ ոք կը կասկածի իր ուժերուն, որպէսզի ձգտի ինքզինք աւելի կատարելագործել։ Ոչ ոք կ՚ընդունի, թէ կարգին չի գիտեր իր մայրենի լեզուն, ծանօթ չէ հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան ու զինք շրջապատող կեանքին։

Այս գործը պիտի հետապնդեն հայոց լեզուի հարցով մտահոգ, հայութեան հոգերով ապրող մտաւորականներ, գիտնականներ ու լեզուի մասնագէտներ, որոնց ուսերուն վրայ կը ծանրանայ հայերէնի զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծելու գործը։

Որպէսզի մեր լեզուական մշակոյթը մնայ պատշաճ բարձրութեան վրայ։

Երբ կը խօսինք լեզուի մշակման ուղիներ որոնելու մասին, պէտք է կարեւորել հիմնական հարց մը։ Բացատրել թէ ի՞նչի հետեւանք է մայրենի լեզուի հանդէպ եղած անտարբերութիւնը, եւ ինչ պէտք է ընել այս վիճակէն դուրս գալու համար։

Այսինքն անդրադառնալ այդ թերութիւնները նպաստող ու քաջալերող պատճառներուն, եւ անոնց առաջքը առնել։ Ինչպէս՝ նկատելի թերութիւններ են մէկ կողմէն սահմանափակ լեզուամտածողութիւնը, միւս կողմէն արհեստական լեզուամտածողութիւնը։

Սահմանափակ լեզուամտածողութիւն կ՚ըսենք այն առումով, որ հայերէնը ունի հարուստ բառապաշար եւ արտայայտչական լայն հնարաւորութիւն։ Սակայն չենք փորձեր օգտուիլ այդ հնարաւորութիւններէն։

Արհեստական լեզուամտածողութիւն, կը նշանակէ խօսքի աղաւաղում, որ լեզուի նուազ իմացութեան արդիւնքն է։

Այսինքն՝ ժողովրդական լեզուն իր առանձնայատուկ շարադասութիւնով եւ արտայայտչական ձեւերով կը կրէ ուրիշ լեզուի մը ազդեցութիւնը։

Այդ լեզուին խօսակցական հնչերանգին ազդեցութեամբ, խօսքը կ՚արտայայտուի օտար լեզուի բառացի թարգմանութեամբ։

Եւ կամ օտար բառերու տեղի եւ անտեղի գործածութեամբ, որ կ՚աղաւաղէ խօսակցական լեզուին իմաստը։

Մեր երիտասարդութիւնը մայրենի լեզուի ուսուցմամբ շահագրգռելու եւ հետաքրքրելու համար, հարկաւոր է ուղղախօսութեան գործնական մատչելի մեթոտներ կիրառել։

Որովհետեւ՝ հայոց լեզուն սիրելու, եւ ճիշդ խօսելու համար, պէտք է լաւ ճանչնալ լեզուն, ծանօթանալ լեզուի պատմութեան, լեզուի անցած փուլերուն, հնչիւններուն, բառերուն եւ քերականական երեւոյթներուն։

ՈՐՊԷՍԶԻ ՉՆԱՀԱՆՋԷ ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻՆ՝ ՊԷՏՔ Է ՃԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ

Ի՞նչի հետեւանք է մեր հասարակութեան մէջ հայերէնի հանդէպ տիրող անտարբերութիւնը։ Յիշենք հիմնական դրդապատճառները։

1- Որովհետեւ կը խօսինք, կը գրենք, բայց չենք ճանչնար մեր լեզուն։

2- Չենք գիտակցիր, թէ ինչ հարստութիւն կտակած է մեզի Մեսրոպ Մաշտոցը։

3-  Որովհետեւ ստորակայութեան բարդոյթէն մղուած, կը գերադասենք մանուկ տարիքէն օտար լեզուի ուսուցումը։ Առանց անդրադառնալու, որ մանուկին մօտ կը խաթարենք մայրենիի լեզուամտածողութիւնն ու հնչերանգը։

4- Հարկաւոր է գիտակցիլ՝ թէ հայերէնը աշխարհի հարուստ լեզուներէն մէկն է։

Հայերէնը հարուստ է ոչ միայն իր լեզուական կառուցուածքով, արտայայտչական լայն հնարաւորութիւններով, հնչիւնական համակարգին հարազատ իր այբուբենով, բառապաշարով, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի իր ճոխ գրականութիւններով։

Չմոռնանք, որ հայոց լեզուի հարստութիւնը կը հաստատէ քաղաքակիրթ ազգերու շարքին կանգնելու մեր արդար իրաւունքը։

Այս առումով, կ՚ուզենք շեշտել անհերքելի իրողութիւնը, թէ լեզուն սիրելու եւ արժեւորելու համար պէտք է լաւ ճանչնալ լեզուն, թափանցել լեզուի առանձնայատկութիւններուն եւ գաղտնիքներուն մէջ։

Եթէ ըսենք օտարները աւելի լաւ ճանչցած են մեր լեզուն եւ մեր պատմութիւնը, սխալած չենք ըլլար։ Այդ մասին կը խօսին հայագիտութեան բնագաւառէն ներս անոնց կատարած ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները, հայոց լեզուի արժանիքները բացայայտող անոնց անվերապահ բարձր գնահատանքը։

Ահա թէ ինչու աշխարհահռչակ լեզուաբաններ յայտնաբերելով հայերէնի լեզուական արժանիքները, չեն վարանած խոստովանելու եւ ընդգծելու հայերէնի առաւելութիւնները։

Յիշենք ֆրանսացի գիտնականներէն, Փարիզի Սորպոնի համալսարանի, Արեւելեան կենդանի լեզուներու դպրոցի, Հայագիտական ամպիոնի անցեալի դասախօսներէն՝ Անթուան Մեյէն։ Երբ կը համեմատէր հարուստ ֆրանսերէնը հայերէնին հետ չէր վարաներ ըսելու՝ թէ «ֆրանսերէնը շատ բանով կը զիջի հայերէնին»։

Մինչ Ֆրետերիք Ֆէյտին (որուն աշակերտելու բախտը ունեցած եմ), այն հայագէտն էր, որ բուռն ու հզօր թափով օտար աշակերտներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն, սէր եւ հիացմունք կ՚արթնցնէր հայոց լեզուին հանդէպ։ Պաշտամունքի հասնող այդ սէրը զինք դարձուցած էր հայերէնի եւ գրաբարի սիրահար մը, երբեմն նոյնիսկ ստուերի մէջ ձգելով հարուստ ֆրանսերէնը։

Հայերէնի մասին իր բարձր գնահատանքն ու սքանչացումը արտայայտելով կ՚ըսէր․-

«Իմ գիտցած լեզուներուն մէջ, հայերէնը բացառիկ է․․․

«Զարմանալի մասնաւոր շնորհ ունեցող լեզու է հայերէնը, որ այսօր իսկ զօրութիւն ունի ազատօրէն եւ ստոյգ արտայայտելու գիտական խստորոշ միտքը, փիլիսոփայական գաղափարները, եւ բանաստեղծական նրբին, բազմերանգ կիսաստուերները միաժամանակ»։

«Կեանքիս ամէն մէկ վայրկեանը, նուիրուած է հայերէնի ուսումնասիրութեան, զբաղումներուս գլխաւոր նիւթը, մէկն ու միակը՝ հայերէնն է, գրաբարը, եւ հայոց բարբառները»։

Ֆրանսացի հայագէտին ոգեշունչ վկայութիւնները, իրաւունք կու տային ինծի ըլլալ հպարտ ու հարուստ իմ հայութիւնով։

Եւ միթէ՞ ֆրանսացի հայագէտին խօսքերը պատգամ մը չէ ուղղուած մեր սերունդներուն։

Որպէսզի անոնք գիտակցին ու ճանչնան մեր լեզուին ունեցած հարստութիւնը, մեր դարաւոր պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Չմոռնան՝ որ հայոց լեզուն հայու հոգեբանութեան հարազատ արտայայտութիւնն է։

Հայոց լեզուն, սերունդներուն ազգային նկարագիր, հոգեբանութիւն ու մտածողութիւն ներարկող, ազգային ոգիին մղիչ ուժն է։

Եւ մեր լինելութեան ու յարատեւութեան գրաւականն է։

Որովհետեւ՝ առանց հայոց դպրութեան, առանց հայոց պատմութեան, հայը չէր ըլլար հայ, Հայաստանը՝ Հայաստան․․․։

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019