ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ընթրիքը պատրաստ, սեղանը լի ձուկով, գինիով ու հացով, իրենց Ուսուցիչին շուրջը խմբուած են տասներկուքը, կը ճաշակեն հրամցուածը եւ կը զրուցեն անցուդարձերու, եղածներու, ըլլալիքներու մասին ու յանկարծ Ուսուցիչին արտաբերած «մատնութեան» մասին արտայայտութիւնը կը քարացնէ բոլորը:

Պահը կը յաւերժանայ Վերածնունդի հռչակաւոր նկարիչներէն՝ Լէոնարտօ տա Վինչիի որմանկարին վրայ՝ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքի, Սանթա Մարիա Տելլա Կրացիէ վանքին միաբանական սեղանին պատին նկարուած, որուն ստեղծումը ինքնին պատմութիւն մըն է:

Կը պատմուի, որ որմանկարը արուեստագէտին կեանքէն տասնվեց տարի խլած է, ան մանաւանդ երկմտանքի մատնուած է Քրիստոսի եւ Յուդայի կերպարներուն դէմքերը նկարելու համար: Գրեթէ ամբողջացած պատկերէն կը բացակայէին նշեալ երկու դէմքերը, երբ նկարիչը, որոնումներուն ընթացքին, կը հանդիպի բարութիւն ու խոնարհութիւն յորդող դէմք ունեցող անձի մը եւ կը պատկերէ Քրիստոսը, իսկ Յուդայի դէմքին համար կը հանդիպի թափառաշրջիկի մը, որ բանտէն նոր արձակուած էր եւ դէմքը անօրէնութեան, կիրքերու կնիք եւ մեղքերու հետեւանք կը կրէր: Նկարիչին առաջարկին ընդառաջելէն ետք թափառաշրջիկը կ՚իմացնէ արուեստագէտին, որ զինք երկու տարի առաջ դարձեալ օգտագործած է Քրիստոսի դէմքը պատկերելու:

Խօսուն է նկարը, ուր առաքեալներուն ձեռքերը կարծես Յիսուսի խօսքերուն արձագանգն են եւ տարակուսանք կ՚արտայայտեն իրենց շարժունութեամբ, թէ ո՞վ է արդեօք որ պիտի մատնէ Տէրը: Առաքեալներէն Յովհաննէսը Յիսուսի ձախին՝ վշտէն քարացած վիճակ մը ունի, իսկ անմիջապէս կողքը՝ Պետրոս առաքեալը զայրոյթը դէմքին, ձեռքին դաշոյն մը, որուն յետսակողմը ուղղուած է Յուդային, կարծես կը բացատրուի Պետրոսի կասկածը Յուդայի նկատմամբ: Մինչ դաշոյնին Պետրոս առաքեալին ձեռքը գոյութիւնը կը բացատրէ մատնութենէն ետք Յիսուսի ձերբակալութեան եկած ոստիկաններէն մէկուն՝ Մաղկոս հարիւրապետին ականջը կտրողը ըլլալուն հանգամանքը: Յովհաննէսին եւ Պետրոսին միջեւ Յուդան է՝ ձեռքը քսակին: Պատմութիւն է նկարը ինքնին...:

Նկարը սակայն չէ ամբողջացած. Քրիստոսի եւ Յուդայի կերպարներուն վերջին վրձնահարուածները կը պակսին, նկարիչը թերեւս գեղարուեստի լեզուով չէ կրցած լիովին ներկայացնել Աստուածային անհուն սիրոյ եւ մարդկային ստորնութեան իր ընկալումը...:

***

Խաչեալ Քրիստոսը Գողգոթան խորհրդանշող փոքր բարձրութեան մը վրայ գամուած խաչին վրայ է. փոքր բարձրութեան մէջ դէմքը դէպի վեր, բերանաբաց գանկ մը կայ: Քրիստոսին դէմքը դէպի ձախ ինկած է եւ վշտացեալները կը գտնուին ձախին, իսկ աջին՝ գեղարդը ձեռքին Քրիստոսի կողը խրելու պատրաստ պաշտօնեան ու մի քանի դէմք, որոնք դարձեալ կարծես կը սպասեն, որ վստահ ըլլան Խաչեալին մահուան:

Աւանդուածին համաձայն Քրիստոս օրուան երրորդ ժամուն խաչ բարձրացաւ, այն ժամուն, երբ նախամարդը պատուիրանազանցութեամբ օձէն խաբուեցաւ եւ կերաւ արգիլուած պտուղը: Ադամի անկումը ահա նոյն ժամուն փոխարինուեցաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ, որով հատուցեց նախամարդուն եւ անոր բոլոր սերունդներուն վիճակուած մեղքին պատիժը եւ ողջ մարդկութեան մեղքերուն քաւութիւն շնորհեց:

Գրիգոր Տաթեւացիի Քրիստոսի ծննդեան նուիրուած քարոզներէն մէկուն մէջ կ՚աւանդուի, որ Ադամը Երուսաղէմի մէջ թաղուած է, երկրին կեդրոնը: Երբ Նոյը տապանը կը կառուցէր, Ադամի ոսկորները հանեց եւ իրեն հետ տարաւ, ապա ջրհեղեղէն ետք իր զաւակներուն բաժնեց սրբազան մասունքը եւ անոնց զանազան հողամասեր տրամադրեց: Ադամին գանկը, լաւագոյն հողամասին հետ, նուիրեց Սեմին եւ յետագային Գանկին թաղուած տեղը կոչուեցաւ Գողգոթա:

Խաչելութիւնը պատկերող Թորոս Ռոսլինի Մալաթիոյ աւետարանի մանրանկարը կը դիտեմ համացանցէն: Հայկական մանրանկարչութեան մէջ աւանդական թեմաներու նկատմամբ նոր հայեացք պարգեւող, հինը թարմացնող ու մանրանկարներու դէմքերուն ընդգծուած հոգեան լարուածութիւն, արտայայտիչ յուզականութիւն ու գունային տարբեր երանգաւորումով հարստացնող Թորոս Ռոսլինը սիւնազարդ էջերով ու պատկերագրութեան յստակ տարբերութեամբ ստեղծեց իւրայատուկ նոր ոճ մը հայական մանրանկարչութեան մէջ:

Ռոսլինի կերպարները կը կրեն կենդանի դէմքեր, խոր, տխուր, լուռ ու մռայլ են, սակայն անոնք հայեացքով կը հաղորդակցին եւ հանդիսաւոր իրավիճակներու խստութիւնը կը յստակացնեն իրենց խօսուն հայեացքներով: Ռոսլինի Քրիստոսը օժտուած է ոգեղէնի արտացոլման գեղեցկութեամբ, Անոր մեծութեան կը զուգակցի ազնուականութիւնը, ներքին ուժը եւ զսպուածութիւնը:

Գանկը գլուխը վեր, հողէն կը ծծէ Քրիստոսի վիրաւոր ոտքերէն հոսող արեան կաթիլներուն խոնաւութիւնը եւ այսպիսով, երկար սպասուած այս պահը ի վերջոյ հասած է եւ գանկին՝ Ադամին մեղքերուն ներում պարգեւած:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020