ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ժ.

ԹԷ Ի՞ՆՉ Է ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՀԸ

Խօսք. «Որովհետեւ կեանքս կու տամ՝ վերստին առնելու համար զայն» (Յհ 10.17):

Մեկնութիւն. չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ Իր աստուածային զօրութիւնը, ըստ այնմ. «Ես կը մեռցնեմ ու Ես՝ կ՚ապրեցնեմ» (Բ. Օր 32.39): Երկրորդ՝ կամաւոր չարչարանքներն ու յարութիւնը: Երրորդ՝ հրեաներուն տկարութիւնը կը յանդիմանէ: Չորրորդ՝ Իր մահէ բոլոր մարդոցմէ կը զանազանէ:

Հարցում. Քրիստոսի մահը ինչպէ՞ս կը զանազանուի բոլոր մարդոցմէ:

Պատասխան. չորսով. նախ՝ ինչպէս կ՚ըսէ. «Կեանքս կու տամ», այսինքն՝ հոգիս կը դնեմ մարմինէս դուրս եւ յարութեամբ [վերստին] կ՚առնեմ: Իսկ մարդիկ խօսքով չեն կրնար հոգիները հանել եւ ոչ ալ արգիլել՝ ելած ժամանակ ու ոչ ալ վերստին առնել, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]: Իսկ չգիտնալուն համար այն կ՚ըսէ, քանի որ ոմանք խաւարի մէջ կ՚ըսեն եւ ոմանք ալ՝ լոյսի, ոմանք՝ տանջանքի եւ ոմանք ալ հանգիստի: Եւ դարձեալ՝ թէեւ առհասարակ գիտենք, սակայն յատկապէս չենք գիտեր հոգիներուն տեղը:

Չորս բան Քրիստոս կը ճարտարապետէ մեր յարութեան ժամանակ. նախ՝ ապականած մարմինը անապական կը դարձնէ: Երկրորդ՝ զանազանուած մարմինները անխառն կը յարուցանէ: Երրորդ՝ հոգին ու մարմինը մէկի մէջ կը կապէ: Չորրորդ՝ ամէն տեղերէն եւ բոլոր մարդիկը կը յարուցանէ: Ու ասիկա կը կատարէ ակնթարթի մը ընթացքին:

Երկրորդ. դարձեալ Քրիստոսի մահը երեքով կը զանազանուի. նախ՝ բարձր ձայնով աղաղակեց (հմմտ. Մտ 27.50): Երկրորդ՝ գլուխը խոնարհեցուց (Յհ 29.30): Երրորդ՝ աչքերը փակեց, որովհետեւ մեռնելու ժամանակ իւրաքանչիւր մարդու ձայնը կը տկարանայ, գլուխը կը պնդանայ, իսկ աչքը՝ բաց կը մնայ:

Երրորդ. Քրիստոսի մահը տարբեր է այսպէս, որովհետեւ Ադամին մահը ներգործաբար եղաւ, իսկ բոլոր մարդոց մահը պարտաւորութիւն է ու ակամայ, իսկ Քրիստոսի մահը կամաւորաբար է, ո՛չ գործէ եւ ո՛չ ալ պարտաւորութենէ, քանի որ մեղքեր չունի:

Չորրորդ. յայտնի է հրաշքներէն, որ խաչելութենէն առաջ էր, երբ չէին կրնար ձեռք բարձրացնել Անոր վրայ, ինչպէս նաեւ խաչելութեան ընթացքին բոլոր հրաշքները:

Հարցում. ինչպէ՞ս էր, որ Քրիստոսի մահը կամաւորաբար էր:

Պատասխան. չորս պատճառով. ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ երկրորդ հատորին, համարին մէջ. նախ՝ որպէսզի Ինքզինք մահուան եւ կեանքին Տէր ցուցնէ, եւ ոչ թէ մահուան [իշխանութեան] տակ: Երկրորդ՝ հրեաներուն տկարութիւնը, քանի որ Իր կամքով չարչարուեցաւ: Երրորդ՝ որովհետեւ կամքով կատարեալ սէրը կը ցուցնէ: Չորրորդ՝ մեծամեծ հատուցումները, որոնցմով մարդիկ փրկուեցան:

Խօսք. «Վերստին առնելու համար զայն» (Յհ 10.17):

Մեկնութիւն. կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս Իր յատուկ զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ, որովհետեւ Ինքն Իրեն յարուցանեց, քանի որ Ի՛նքն էր յարուցիչ եւ Ի՛նքն էր յարուցեալ, ինչպէս խաչին վրայ, նոյն Ի՛նքն էր մեռած եւ կենդանի, ինչպէս Ի՛նքն է Պատարագ եւ Ի՛նք՝ կ՚ընդունի, եւ թէ Քրիստոս կամաւորապէս չարչարուեցաւ, ատոր համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ոչ ոք կրնայ կեանքս Ինձմէ խլել: Ես Իմ կամքովս կեանքս կու տամ» (Յհ 10.18):

Մեկնութիւն. ոչ ոք կը հանէ [կը խլէ], այսինքն՝ բռնութեամբ կը բաժնէ Իմ հոգիս Ինձմէ, եւ ասիկա պէտք չէ հասկնալ, թէ Քրիստոս չարչարանքներէն չմեռաւ, քանի որ եթէ կամենար, մէկ խօսքով կրնար չարչարողներուն կորուստի մատնել, այլ՝ պէտք է այն հասկնալ, թէ Քրիստոս կամաւորաբար եկաւ չարչարանքներուն եւ չարչարանքներէն մեռաւ:

Եւ որպէսզի ցուցնէ, թէ Քրիստոս ո՛չ թէ հարկաւորութենէ եւ ո՛չ ալ անկարողութենէն հոգին տուաւ, կ՚ըսէ.

Խօսք. «Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու» (Յհ 10.18):

Մեկնութիւն. ասով պէտք չէ իմանալ, թէ Քրիստոսի հոգին Բանէն բաժնուեցաւ, որովհետեւ Բանն Աստուածը մէ՛կ անգամ առաւ հոգին ու մարմինը եւ միաւորեց Իր Աստուածութեան, եւ այլեւս չբաժնուեցաւ անկէ, այդ պատճառով Քրիստոսի մարմին եւ հոգին իրարմէ բաժնուեցան մահուան ժամանակ, սակայն Աստուածութիւնը անբաժանելի մնաց մարմինէն՝ որ գերեզմանի մէջ [դրուեցաւ] եւ հոգիէն՝ որ դժոխք իջաւ, այլ պէտք է այն իմանալ, թէ հոգին ու մարմինը մահուան ժամանակ բաժնուեցան եւ յարութեամբ՝ միաւորուեցան:

Ու ատիկա անկարգ ու անսահման կերպով չըրաւ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Այս պատուէրը Հօրմէս ստացայ» (տե՛ս Յհ 10.18):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ Հօր հրամանով կեանքս կու տամ մահուան, եւ ո՛չ՝ պատահմամբ, եւ ո՛չ ալ հարկադրութեամբ, այլ՝ Հօր կամքով ու սահմանումով, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]: Ոմանք կը տարակուսին այս մասին, թէ՝ ո՛չ ոք հանեց զԻնք Իրմէ, նախ՝ որովհետեւ հրեաները խաչեցին ու սպաննեցին զԻնք:

Դարձեալ՝ քանի որ եթէ կամաւոր կերպով իր կեանքը տուաւ, ահա Ինքզինք սպաննող ու անձնատուր է:

Պատասխան. ասիկա է առաջինին լուծումը, որովհետեւ հրեաները չէին կրնար խաչել, ինչպէս տարբեր տեղեր, ուր չէր կամենար, անոնց մէջէն կ՚անհետանար, սակայն Քրիստոս Իր ազատ կամքով խաչուեցաւ ու ոգին հանեց [շունչը փչեց]: Իսկ երկրորդին, քանի որ թէեւ Իր կամքով Իր կեանքը տուաւ՝ ոչ ինչպէս ուրիշները, որոնք նախանձի պատճառով, կամ այլ պարագաներու բերումով տանջուելով դեւէն անձնատուր կ՚ըլլան, իսկ Քրիստոս մարդոց փրկութեան համար Իր կեանքը տուաւ:

Դարձեալ, վարդապետները կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս Ինքզինք չսպաննեց եւ ոչ ալ Իր մահուան մօտիկ պատաճառ եղաւ, թէեւ Իր մահուան պատճառ էր տիրական եւ իշխանական կամքով, ըստ չորս եղանակի. նախ՝ քանի որ իշխանութեամբ ընդունեց մեռնելուն հարկաւորութիւնը: Երկրորդ՝ որովհետեւ Իր անձը մահուան մատուցեց: Երրորդ՝ քանի որ իշխանութեամբ արտօնեց, որ չարչարէին զԻնք: Չորրորդ՝ արտօնեց, որ մահը յաջորդէ չարչարանքներուն, ուստի յայտնի է խօսքին բացատրութիւնը:

Երբ Քրիստոսի վարդապետութեան մասին ճառեց, հիմա կը ճառէ, թէ ի՞նչ գործ եղաւ վարդապետութենէն, այսինքն՝ թէ բարի մարդիկը հաւատքի մէջ հաստատուեցան, իսկ չարերը՝ խստացան չարութեան մէջ, որովհետեւ արհամարհեցին վարդապետութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Դարձեալ երկպառակութիւն ինկաւ» (Յհ 10.19):

Մեկնութիւն. անգամ մը երկպառակութիւն եղաւ, ինչպէս ըսաւ եօթներորդ գլուխին մէջ, այդ պատճառով դարձեալ կ՚ըսէ, եւ տե՛ս Մեկնիչէդ [Նանա], որ չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ անհաստատ միտք, երկրորդ՝ անհանճար խորհուրդ, երրորդ՝ խռոված հոգիներ, չորրորդ՝ բաժնուած կամք, որովհետեւ նախ երկպառակութիւն կ՚ըլլայ մտածմունքին մէջ, ապա՝ կամքին, ապա՝ խօսքին եւ ապա՝ գործին:

Խօսք. «Դեւ կայ Անոր ներսիդին եւ խենթացած» (Յհ 10.20):

Մեկնութիւն. չորս տեղ ասիկա ըսին. առաջին, որ ըսին. «Միթէ իւրովի՞ պիտի երթայ»: Միւսներն ալ յայտնի են, թէ սամարացի ըսին (Յհ 8.48): Ասոնք չարութեան մէջ խստացած էին, որովհետեւ Քրիստոսի սքանչելիքները կը համարէին սատանային զօրութեամբ կատարուած. նոյնպէս Քրիստոսի խօսքը, որ չէին իմանար՝ իբր դիւահարի կը համարէին, այդ պատճառով կ՚ըսէին. «Ինչո՞ւ համար կը լսէք անոր»:

Իսկ բարիները կ՚ըսէին.

Խօսք. «Ըսած խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն» (Յհ 10.21):

Մեկնութիւն. թէեւ դիւահարները նուրբ խօսքով եւ զարմանալի բաներ կը խօսին, սակայն նախ ներսը սուտը կը խառնեն: Երկրորդ՝ չար կամքին կ՚առաջնորդեն: Իսկ Քրիստոսի խօսքը նախ՝ ճշմարիտ էր, երկրորդ՝ յաւիտենական կեանք էր:

Ապա, ետքէն, սքանչելիքներուն համար կ՚ըսեն.

Խօսք. «Միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրի մը աչքերը բանալ» (Յհ 10.21):

Մեկնութիւն. իբրեւ ըսել, թէ՝ չի կրնար, որովհետեւ թէեւ դեւերը կրնան զարմանալի բաներ երեւցնել, ինչպէս գորտեր, որ փարաւոնի կախարդներով եղան, որ կերպն ու ձեւը կը փոխեն, սակայն ո՛չ էութիւնը (հմմտ. Ելք 7.7), եւ հրաշքներ չեն գործեր, որ գեր ի վեր է քան բնութիւնը, ինչպէս կոյրին լուսաւորութիւնը [աչքերուն բացուիլը], քանի որ դեւերը աչքերը կը շլացնեն, սակայն չե՛ն լուսաւորեր [բանան]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 98

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021