ԱԿՆԱՐԿ - 13 - «ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ»Ի ՀԱԳՈՒՍՏՈՎ ՄԱՐԴԱՀԱՃՈՅ ԳԱՅԼԵՐ

Անցեալ շաբթուան մեր Ակնարկը կը կրէր «Արժէքներէ դատարկուած» խորագիրը, ուր մեր ընդվզումը յայտնած էինք, մեր ունեցած անտարբերութեան գրեթէ ամէն բանի նկատամամբ, որ առընչութիւն ունի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ, եւ առաւելաբար ծանրացած էինք հոգեւոր գետնին, նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբաթ՝ Աւագ շաբաթն էր:

Մեր գրութեան մէջ ի մասնաւորի անդրադարձած էինք Աւագ ուրբաթ օրուան, որ այս տարի կը զուգադիպէր 7 ապրիլին: Ինչպէս շատերուն յայտնի է, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ամէն տարի 7 ապրիլին կը նշէ Սուրբ Աստուածածինի աւետման տօնը, վեր առնելով մայրութեան եւ գեղեցկութեան գաղափարները: Մեր գրութեան մէջ նշած էինք, որ Հայաստանի մէջ կարծէք Աւագ ուրբաթ օր ոմանց համար իմաստ չունէր, որովհետեւ մարդիկ համերագային ծրագիրներ կազմակերպած էին, հանդիսութիւններ՝ տօնելու եւ նշելու համար մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնը, կարծէք Տէր Յիսուս իրենց համար խաչ բարձրացած ու զոհուած, եւ ապա թաղուած չըլլար… Մեր ըդնվզումը արտայայտելէ ետք այս իրողութիւններուն դիմաց, տուած էինք հետեւեալ ամփոփումը. «Մեր մայրերը եւ մեր քոյրերը իրենց իւրայատուկ տեղը ունին վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, սակայն Տէր Յիսուս է Թագաւորը մեր կեանքին, առանց Որուն մեր մայրերուն ու քոյրերուն ներկայութիւնը անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքերէն ներս… Առաջնայինը չզոհենք երկրորդականին ու երրորդականին…»:

Մեր այդ գրութիւնը գրած էինք 2 ապրիլ 2023-ին:

7 ապրիլ 2023-ին սակայն, զարմանալի եւ միաժամանակ զայրացնող էր տեսնել եւ կամ լսել կարգ մը հոգեւորականներու շնորհաւորական ուղերձներն ու գրութիւնները՝ կապուած մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին: Ի տես հոգեւորականներու կողմէ կատարուած այդ շնորհաւորանքներուն, պահ մը մտածեցի «Արժէքներէ դատարկուած» խորագիրը կրող գրութեանս մասին, եւ եկայ այն եզրակացութեան, որ անոնք որոնք աշխարհիկ են եւ այդ օր՝ Աւագ ուրբաթ օր համերգներ ու հանդիսութիւններ կազմակերպած էին, այդքան ալ մեղաւոր չեն, որովհետեւ աշակերտը կը սորվի իր ուսուցիչէն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ: Այս առումով հոգեւորականները աշխարհականներուն համար ուսուցիչներ են, եւ երբ աշակերտը կը տեսնէ, թէ հոգեւորականները (ընդ որում բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւս) կը շնորհաւորեն, կարծէք այդ օրը արտասովոր չըլլար միւս օրերէն, բանական է, որ աշխարհականները իրենք զիրենք հանգիստ պիտի զգան եւ առանց խղճահարութեան Աւագ ուրբաթ օրով համերգներ ու հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպեն:

Այսօր, յաճախ կը խօսինք, որ մեր ժողովուրդին զաւակները եկեղեցի չեն յաճախեր, եկեղեցիէն ու հաւատքի կեանքէն հեռացած են, եւ նման բազմաթիւ պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերուին: Բնական երեւոյթ է, երբ Եկեղեցիէն ներս գոյութիւն ունին վերեւ նշուած հոգեւորականներուն նման հոգեւորականներ, որոնք մի քանի տասնեակ like-եր հաւաքելու կամ մարդոց կողմէ փառաբանութիւն ստանալու համար, կ՚անտեսեն Աւագ ուրբաթն ու անոր կրած խորհուրդը, կ՚անարգեն մեր՝ մարդկութեան համար գերեզման դրուած Տէր Յիսուսը, Ով մեր մեղքերու քաւութեան համար Ինքզինք որպէս զոհ մատուցեց Հօր Աստուծոյ… Այդ հոգեւորականներուն համար կարծէք այս բոլորը ո՛չ մէկ արժէք կամ իմաստ ունին, իրենց համար կարեւորը իրենց անձերուն, իրենց եսերուն հաճութիւնն է, եւ ո՛չ աւելին:

Զարմանալին, չըսելու համար նողկալին այն է, սակայն, որ նոյն այդ «հոգեւորականները» երեկոյեան եկեղեցիներէն ներս ժողովուրդին Քրիստոսի թաղումին մասին պիտի խօսէին…

Ինչքան ալ ծանր ըլլան Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքերը, բայց կարծէք այդօրինակ հոգեւորականներու մասին ըսած ըլլայ՝ զգուշացնելով մարդիկը նման «հոգեւորական»ի հագուստով մարդահաճոյ գայլերէ. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2):

Դարձեալ եւ դարձեալ կը կրկնեմ, պէտք է զգաստանանք, եւ մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին սորվինք ու գիտակցինք առաջնայինը՝ երկրորդականի, երրորդականի, եւ այլնի համար չզոհել, եւ ա՛յս, բոլոր ոլորտներուն մէջ, սկսած եկեղեցիէն, վերջացած մեր տուներով: Իսկ երբ սորվինք ամէն ինչի մէջ առաջնայինը իր տեղը եւ բարձրութեան վրայ պահել, ապա այդ ժամանակ է, որ կը սկսի մեր կեանքը բնականոն ընթացք ստանալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

10 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023