«ՊՏՂԱՏՈՒ ԾԱՌԸ ԿԸ ՔԱՐԿՈԾՈՒԻ»

Ծառ տնկո­ղին կեան­քը միշտ եր­կար ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ հո­ղա­գոր­ծին հա­մար հո­ղին հետ աշ­խա­տի­լը կեան­քի ժա­մա­ցոյ­ցի զսպա­նակ է ե­ղած։ Հո­ղա­գոր­ծը տի­ւու­ցայգ կը փո­րէ հո­ղը՝ զայն բա­րե­բեր դարձ­նե­լու հա­մար, ծա­ռե­րը կը պա­տուաս­տէ՝ զա­նոնք ա­ւե­լի ար­գա­սա­բեր դարձ­նե­լու հա­մար, կ՚է­տէ՝ ա­ւե­լի եւս փար­թա­մաց­նե­լու հա­մար, կը ջրէ՝ կեանք եւ սնունդ տա­լու իր աչ­քի բի­բին՝ այ­գիին։

Հո­ղին հետ աշ­խա­տան­քը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ բնու­թեան եւ մար­դու մի­ջեւ կա­տա­րուող ան­պա­րագ­րե­լի ըն­թացք է, ո­րուն մէջ մարդ էա­կը իր իսկ աշ­խա­տան­քով ու գոր­ծու­նէու­թեամբ կը միջ­նոր­դա­ւո­րէ ու կը կար­գա­ւո­րէ իր նիւ­թա­փո­խա­նա­կու­թիւ­նը իր եւ բնու­թեան մի­ջեւ։ Այս գոր­ծըն­թա­ցին իր­բեւ ար­դիւնք՝ «իր ցա­նա­ծը՝ կը հնձէ», բեր­րի հո­ղի պտու­ղը՝ կը ճա­շա­կէ եւ իր օ­րուան հա­ցը կը հա­նէ։

Հո­ղէն ստեղ­ծուած գի­տա­կից մար­դը հո­ղին վրայ կը բա­նի, կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ, հիմք կը դնէ, կը մա­քա­ռի, կ’ա­րա­րէ, բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ կը գոր­ծէ՝ իր գո­յու­թե­նա­կան կեան­քը ճար­տա­րա­պե­տե­լու, ի­մաս­տա­ւո­րե­լու եւ «հա­մե­մել»ու հա­մար։ Սա­կայն այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր,  կայ ան­գի­տա­կից եւ ծոյլ մար­դուն ե­րե­սա­կը։ Ծոյլ մար­դը մշտա­պէս ու­րի­շին ջրա­ղա­ցէն ջուր խմե­լու եւ գող­նա­լու ձգտու­մը ու­նի։ Կեան­քը կ՚ապ­րի ան­հիմն սկզբուն­քե­րով եւ անն­պա­տակ ա­րարք­նե­րով։ Չ՚ու­զեր իր կող­քին տես­նել պա­տաս­խա­նա­տու եւ լըր-ջա­խոհ ըն­կեր։ Կ՚ու­զէ ա­զա­տօ­րէն ապ­րիլ, վա­յե­լել իր ծու­լու­թիւ­նը, ան­գործ պտտիլ եւ դէ­սու­դէն շրջա­գա­յիլ՝ իր մէջ սպան­նե­լով ըն­դո­ծին դրուած շնորհք­ներն ու ձիր­քե­րը, ի­մա­ցա­կան հարս­տու­թիւն­ներն ու ի­մաս­տու­թիւ­նը…։

Նմա­նա­տիպ դա­տար­կա­կեաց մար­դիկ ան­գի­տա­նա­լով ի­րենց կեան­քի նպա­տակն ու ար­ժէ­քը, ծու­լու­թեան վե­րամ­բարձ մշու­շով պա­րու­րուած՝ ի­րենց տրուածն ու յանձ­նա­րա­րուա­ծը շա­հար­կու­թեան դնե­լու եւ կրկնա­պատ­կե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թի՛ւն չու­նին, աշ­խա­տե­լու ա­խոր­ժա­կը եւ ե­ռան­դը վա­ղուց վե­րա­ցած է ի­րենց մէ­ջէն, նա­խան­ձա-խընդ­րու­թեան եւ պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թե­նէն գի­տակ­ցա­բար զուրկ են, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան զգա­ցու­մէն ամ­բող­ջա­պէս դա­տար­կուած են։ Ան­գի­տակ­ցու­թեա՛ն մարմ­նա­ցում…։

Պտղա­տու ծա­ռին՝ ժրա­ջան մար­դու քրտին­քը իր աշ­խա­տան­քի ար­ցունքն է, մինչ­դեռ ծոյլ ու գոր­ծա­տեաց մար­դուն ար­ցուն­քը ու­րի­շին յա­ջո­ղու­թիւնն է։ Ա­տե­լա­վառ հա­յե­ցա­կէ­տը նա­խան­ձի ծնունդ կու տայ, իսկ նա­խան­ձը՝ կը տա­նի մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու փա­կու­ղի։ Իր նմա­նա­կիցն ու ըն­կե­րը ՔԱՐ­ԿՈ­ԾԵ­ԼԸ եւ Ա­ՆՈ­ՒԱ­ՆԱՐ­ԿԵ­ԼԸ ձա­խորդ եւ ան­յա­ջող մար­դուն իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծե­լաոճ են։ Խօս­քի քա­րե­րով լու­տանք­ներ ար­ձա­կե­լով՝ կը մթագ­նեն յա­ջո­ղակ գնացքդ եւ յա­ջո­ղու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող ձգտում­ներդ։ Ժպիրհ բար­բա­ջան­քե­րով եւ քա­րա­տա­րափ­նե­րով՝ կը ստուե­րեն սերմ­նա­ցան ո­գիդ եւ պտղա­բեր ճա­նա­պարհդ։ Անպ­տուղ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րով՝ կ՚ոտ­նա­կո­խեն տքնա­ջա­նիդ պտղա­լի կութ­քը։ Ամպ­րոպ ցե­խար­ձա­կում­նե­րով եւ օ­ձալ­լուկ վե­րա­բեր­մուն­քով՝ կը պա­րու­նա­կազր­կեն լու­սա­շող գոր­ծու­նէու­թիւնդ եւ ա­պա­գադ։ Թու­նա­լի նա­յուած­քով՝ կը վա­րա­գու­րեն դէ­պի ա­պա­գայ նա­յող սե­ւե­ռա­կէտդ։ Սե­ւա­մաղձ թոյ­նով՝ կը սրսկեն կա­նա­չա­զարդ եւ գե­ղա­տե­սիլ այ­գիդ։ Ագ­ռաւ­նե­րու կռկռոց­նե­րով՝ կը փոր­ձեն չարչր­կել, տան­ջել եւ գի­շա­տել քու անձդ։ Սթիւ Ճոպս իր աշ­խա­տան­քին մա­սին խօ­սե­լով՝ կը վկա­յա­բա­նէ. «Իմ աշ­խա­տանքս՝ մար­դոց կեան­քը դիւ­րին դարձ­նել չէ։ Իմ աշ­խա­տան­քը մար­դոց կեան­քը ա­ւե­լի լաւ դարձ­նել է»։ Իսկ խոր­հուրդ կու տայ՝ ը­սե­լով. «Ձեր ժա­մա­նա­կը սահ­մա­նա­փակ է։ Մի՛ ծախ­սէք զայն՝ ապ­րե­լով ու­րի­շի կեան­քով։ Մի՛ իյ­նաք այլ մար­դոց մտքե­րու հա­ւա­տամ­քի թա­կար­դին մէջ։ Մի՛ թոյ­լատ­րէք, որ ու­րիշ­նե­րու հա­յեացք­նե­րը խլաց­նեն ձեր ներ­քին ձայ­նը։ Այդ­պի­սիք գի­տեն, թէ դուք ի՛նչ կ՚ու­զէք։ Մնա­ցած ա­մէն ինչ երկ­րոր­դա­կան է»։

Նպա­տա­կաս­լաց եւ բազ­մաշ­խատ մար­դը իր կեն­սըն­թա­ցին ան­պատ­ճառ կը հան­դի­պի զինք խեղ­դել ու­զող փու­շե­րու, ցաւց­նող տա­տասկ­նե­րու, վի­րա­ւո­րող քա­րե­րու եւ ժայ­ռե­րու, բայց ե­թէ ան իր ո­րո­շու­մին եւ նպա­տա­կին մէջ ան­յող­դողդ է, ձա­խէն ու ա­ջէն ե­կող հա­րուած­նե­րէն ու հո­վէն չ՚ընկ­ճուիր, տե­ղի չի տար, նա­հանջ չ՚ար­ձա­նագ­րեր, այլ իր ա­նե­րեր կամ­քով, ան­սայ­թաք քայ­լուած­քով, յստակ կշռա­դա­տում­նե­րով ա­ռիւծ կ՚ըլ­լայ՝ ան­յաղ­թա­հա­րե­լի կար­ծուած­նե­րուն դի­մաց, խա­ղա­ղա­սէր՝ բո­ցա­վառ լե­զու­նե­րուն դի­մաց, ու­րախ՝ տխրահռ­չակ­նե­րուն դի­մաց, նե­րո­ղա­միտ՝ քար­կո­ծող­նե­րուն դի­մաց…։ Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը եւ նպա­տա­կաս­լա­ցու­թիւ­նը քեզ հե­ռու կը պա­հեն ե­րեք մեծ չա­րիք­նե­րէ. բամ­բա­սան­քէն, ա­րա­տէն եւ կա­րի­քէն։ Զուր տեղ չէ ը­սուած, թէ «Աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու մայրն է, ինչ­պէս ծու­լու­թիւ­նը՝ բո­լոր մո­լու­թեանց»:

Մատ­թէոս ա­ւե­տա­րա­նին մէջ կը կար­դանք, թէ Քրիս­տոս քա­ղաք վե­րա­դառ­նա­լու մի­ջո­ցին կ՚ա­նօ­թե­նայ։ Ճամ­բուն վրայ թզե­նի մը տես­նե­լով՝ կը մօ­տե­նայ, բայց տե­րե­ւէ զատ ո­չինչ կը գտնէ։ Աս­տուա­ծոր­դին այս տես­նե­լով՝ կ’ը­սէ. «Աս­կէ ետք յա­ւի­տեան պտուղ չու­նե­նաս»: Տեղ­ւոյն վրայ թզե­նին կը չոր­նայ: Ա­շա­կերտ­նե­րը երբ կա­տա­րուա­ծը կը տես­նեն՝ կը զար­մա­նան ու կը հարց­նեն, թէ ինչ­պէ՛ս թզե­նին վայր­կեա­նին չոր­ցաւ։ Յի­սուս ա­նոնց կը պա­տաս­խա­նէ. «Վստահ ե­ղէք, որ ե­թէ հա­ւատք ու­նե­նաք եւ չկաս­կա­ծիք, ո՛չ միայն պի­տի կա­րե­նաք կա­տա­րել թզե­նիին պա­տա­հա­ծը, այլ նոյ­նիսկ ե­թէ այս լե­րան ը­սէք՝ «Ել եւ ծով ին­կիր», պի­տի կա­տա­րուի։ Եւ ա­ղօ­թած ա­տեն ինչ որ հա­ւա­տա­լով խնդրէք՝ պի­տի ստա­նաք» (Հմմտ. Մտ 21. 18-22)։­

Ա­ռա­կին մէջ յի­շուած թզե­նին կը խորհր­դան­շէ մարդ ա­րա­րա­ծը։ Թզե­նին չոր­ցած չէր, տե­րեւ­նե­րը թա­փած չէին, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կեն­դա­նի, գե­ղե­ցիկ, կա­նա­չա­ւուն տե­րեւ­նե­րով լե­ցուն ու պտղա­տու կ՚ե­րե­ւէր, բայց եւ այն­պէս անպ­տուղ էր: Այ­սօր մեր կեան­քի թա­տե­րա­բե­մը լի է նման թզե­նի-մար­դուկ­նե­րով, ո­րոնք ան­մե­ղու­թեան շա­պիկ հա­գած են, բայց ան­մե­ղու­թեան պտուղ­ներ չու­նին: Ցո­րե­նի ա­տոք հաս­կե­րու ե­րե­ւոյթ ու­նին, բայց խոր­քին մէջ մէ­կա­կան ո­րոմ­ներ են: Ան­կեղծ կը ձե­ւա­նան, բայց կեղ­ծա­ւոր փա­րի­սե­ցի­ներ են:

Թզե­նին իւ­րա­յա­տուկ է ո՛չ միայն իր հա­մե­ղա­ճա­շակ պտու­ղով, այ­լեւ՝ իր մեծ տե­րեւ­նե­րով։ Պտուղ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն մար­դոց բա­րի գոր­ծե­րը, իսկ թզե­նիի տե­րեւ­նե­րը՝ մար­դու մար­մի­նը։ Մեկ­նիչ հայ­րեր կը բա­ցատ­րեն, թէ Քրիս­տոս այս ա­ռա­կին ընդ­մէ­ջէն կ՚ու­զէ մե­զի ցոյց տալ, որ իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ քրիս­տո­նեայ իր պտղա­տու բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պէտք է ծա­ծուկ կեր­պով կա­տա­րէ: Ե­թէ եր­բեք դա­տա­պար­տե­լի է տե­րեւ ու­նե­նա­լը ա­ռանց պտուղ ու­նե­նա­լու, նոյն­պէս ալ դա­տա­պար­տե­լի է պտուղ ու­նե­նա­լը ա­ռանց տե­րեւ ու­նե­նա­լու: Այ­սինքն, ինչ­պէս դա­տա­պար­տե­լի է հա­ւա­տա­ցեալ կո­չուիլ եւ սա­կայն բա­րի գոր­ծեր չկա­տա­րել, նոյն­պէս ալ դա­տա­պար­տե­լի է բա­րի գոր­ծեր կա­տա­րել, մար­դոց կող­մէ տես­նուե­լու ու փա­ռա­ւո­րուե­լու նպա­տա­կով: Ինչ­պէս թու­զին տե­րե­ւը իր ե­տին կը պա­հէ թու­զը, այն­պէս ալ մեր բա­րի գոր­ծե­րը պէտք է մեր հա­ւատ­քի տե­րե­ւին ե­տին պա­հուը­տած ըլ­լան:

Կը պատ­մուի, թէ օր մը Յու­նաս­տա­նի իշ­խա­նը կ՚ո­րո­շէ իր որ­դի­նե­րէն մին ի­րեն ժա­ռան­գորդ ընտ­րել։ Ուս­տի, զա­նոնք կը կան­չէ եւ կ՚ը­սէ.

-Իմ քաջ որ­դի­ներս, ար­դէն հա­սուն տղա­ներ դար­ձած էք եւ ժա­ռան­գորդ ընտ­րե­լու ժա­մա­նա­կը ե­կած է ու ձեզ­մէ մէ­կը պէտք է ընտ­րեմ։ Ա­տոր հա­մար վա­ղը միա­սին բեր­քա­հա­ւա­քի պի­տի եր­թանք, ուր յայտ­նի պի­տի դառ­նայ, թէ ձեզ­մէ ո՛վ իմ ժա­ռան­գորդս պի­տի ըլ­լայ։

Յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ իշ­խա­նը իր որ­դի­նե­րուն հետ կը մեկ­նի այ­գի եւ ա­նոնց կը պա­տուի­րէ բեր­քա­հա­ւա­քի սկսիլ, բայց մէկ պայ­մա­նով, որ բո­լո­րը պէտք է քա­ղեն նոյն ծա­ռի պտուղ­նե­րը, իսկ ինք կը սկսի ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւիլ ա­նոնց աշ­խա­տան­քին: Բեր­քա­հա­ւա­քէն ետք իշ­խա­նը իր ո­րո­շու­մը կը կա­յաց­նէ եւ ի­րօք՝ որ­դի­նե­րէն ա­մե­նաաշ­խա­տա­սէրն ու նպա­տա­կաս­լա­ցը կը ժա­ռան­գէ ա­նոր ողջ կա­րո­ղու­թիւ­նը: Սա­կայն ա­նոր ո­րո­շու­մը միւս որ­դի­նե­րուն դժգո­հու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ: Ա­նոնց հա­մար հասկ­նա­լի չէր, թէ ո՛րն էր իշ­խա­նի ընտ­րու­թեան պատ­ճա­ռը: Տես­նե­լով որ­դի­նե­րու դժգո­հու­թիւ­նը՝ իշ­խա­նը կ՚ը­սէ.

-Որ­դի­ներս, երբ դուք բեր­քա­հա­ւա­քի սկսաք, ես ու­շա­դիր ձե­զի կը հե­տե­ւէի եւ նկա­տե­ցի, որ դուք միայն ծա­ռի ներ­քե­ւը գտնուող պտուղ­նե­րը քա­ղե­ցիք եւ դիւ­րու­թեամբ ձեր ա­ռա­ջադ­րան­քը կա­տա­րե­ցիք: Ձեզ­մէ միայն մէ­կը, դժուա­րու­թեամբ ու վտան­գի դի­մե­լով, բարձ­րա­ցաւ ծա­ռին վրայ եւ քա­ղեց վե­րե­ւի պտուղ­նե­րը։ Ես զինք ընտ­րե­ցի, ո­րով­հե­տեւ կեան­քը բեր­քա­հա­ւա­քի պէս է, ծա­ռի ներ­քե­ւը ա­ճող պտուղ­ներն ա­ւե­լի հա­սա­նե­լի են, բայց ա­նոնք չու­նին այն համն ու տես­քը, ինչ­պէս ծա­ռի վե­րե­ւը ա­ճող պտուղ­նե­րը, ո­րոնք ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթն ու ու­ժը ա­ւե­լի շատ կը ստա­նան եւ ա­ւե­լի պաշտ­պա­նուած են, քան միւս պտուղ­նե­րը:

Սո­վո­րա­կան մար­դիկ առ­հա­սա­րակ ներ­քե­ւի պտուղ­նե­րով կը բա­ւա­րա­րուին, գու­ցէ այն պատ­ճա­ռով, որ ա­ւե­լի դիւ­րա­հա­սա­նե­լի են եւ ոչ դժուա­րա­տանջ։ Իսկ նպա­տա­կաս­լաց մար­դի­կը ջանք կը թա­փեն, ի­րենց կեան­քը կը վտան­գեն. կը բարձ­րա­նան ծա­ռի կա­տա­րը եւ քա­ղե­լու մի­ջո­ցին կը համ­տե­սեն քաղց­րա­համ պտուղ­նե­րը: Մեր կեան­քի ըն­թաց­քին նոյն­պէս ա­մե­նա­լաւ դիր­քե­րուն, նպա­տակ­նե­րուն, բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կան­նե­րու  հաս­նե­լու հա­մար, դժուա­րու­թիւն­ներն ու խո­չըն­դոտ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար, պէտք է նպա­տա­կաս­լա­ցու­թիւն, աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն, ա­մուր կամք, ջա­նադ­րու­թիւն եւ հե­ռա­տե­սու­թիւն ու­նե­նալ։ Ե­թէ այդ­պէս չըլ­լար, բո­լորն ալ հեշ­տու­թեամբ կը հաս­նէին կա­տա­րին եւ այդ մէ­կը կը դադ­րէր «լա­ւա­գոյն»ը կո­չուե­լէ։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, պտղա­տու ծա­ռը կամ պտղա­բեր մար­դը իր բեր­քի, պտուղ­նե­րու, թար­մու­թեան եւ հե­զու­թեան հա­մար քար­կո­ծուե­լու են­թա­կայ է, իսկ անպ­տուղ ծա­ռը եւ պտուղ չու­նե­ցող մար­դը դա­տարկ տա­կառ է, ձայ­նը բարձր է, բո­լո­րին լսե­լի, բայց ին­քը դա­տարկ եւ նան­րա­խօս է։ Նմա­նա­տիպ մար­դիկ կեան­քի որ­դեր են, ո­րոնք կը փոր­ձեն կեան­քի ա­ւիշդ պղտո­րել եւ քեզ ի ներ­քուստ կազ­մա­լու­ծել։ Յու­սա­հա­տու­թեան պատ­մու­ճա­նը հա­նէ՛ վրա­յէդ, հա­գի՛ր նպա­տա­կաս­լա­ցու­թեան եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան զրահդ եւ շա­րու­նա­կէ նպա­տակ­ներդ ի­րա­գոր­ծել։

Նմա­նէ այն ամ­պին, որ իր անձ­րե­ւը կը թա­փէ ե՛ւ բա­րե­գործ ե՛ւ չա­րա­գործ մար­դոց վրայ։ Նմա­նէ այն պտղա­տու ծա­ռին, որ իր պտու­ղը կու տայ զինք փայ­փա­յո­ղին եւ զինք քար­կո­ծո­ղին հա­ւա­սա­րա­պէս։ Ե­թէ մար­դիկ ան­նե­րո­ղամ­տու­թեան քա­րե­րով քեզ կը քար­կո­ծեն, դուն պէտք է նե­րո­ղամ­տու­թեան պտուղ­ներդ թա­փես ա­նոնց վրայ՝ քաջ գիտ­նա­լով, որ Աս­տուած այդ պտուղ­նե­րուն փո­խա­րէն հա­րիւ­րա­պա­տի­կը եւ հա­զա­րա­պա­տի­կը պի­տի շնոր­հէ քե­զի։ Մեզ սի­րող­նե­րը սի­րե­լը մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է, իսկ մեզ չսի­րող­նե­րը սի­րե­լը՝ մեր կո­չումն է: Բա­րե­կամ­նե­րը սի­րե­լը մարդ­կա­յին է, իսկ օ­տար­նե­րը սի­րե­լը՝ աս­տուա­ծա­յին եւ աս­տուա­ծայ­նաց­նող: Կի­կե­րոն կ՚ը­սէ. «Աշ­խա­տա­սէր հո­ղա­գոր­ծը ծա­ռեր կը տնկէ, ո­րոնց պտու­ղը ին­քը եր­բեք պի­տի չտես­նէ»։ Պ­տուղ­ներդ ան­պայ­ման վաղ թէ ուշ պի­տի քա­ղես։ Մի՛ յու­սալ­քուիր։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017