ՄԱ­ՄԱ­ՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՅ­ՐԵ­ՐԸ…

21-րդ դա­րու կեն­ցա­ղա­յին ու ար­ժե­չա­փա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հետ՝ ան­փո­փոխ, բնա­կան, ու ան­վի­ճե­լի կար­ծուած ե­րե­ւոյթ­նե­րը ան­գամ սկսած են լուրջ կեր­պա­րա­նա­փո­խում­նե­րու եւ վե­րա­սահ­ման­նե­րու են­թար­կուիլ։ Օ­րէ օր ու անզ­գա­լա­բար, մայ­րու­թեան կեր­պա­րը ար­ժէ­քա­յին ան­կում կ՚ար­ձա­նագ­րէ։ Կը նա­հան­ջեն մայ­րու­թեան ա­ւան­դա­կան ըմբռ­նում­ներն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­նե­րը ու ա­նոնց տեղ մա­կե­րե­սա­յին, սպա­ռո­ղա­կան, անձ­նա­կեդ­րոն, ըն­տա­նիք հաս­կա­ցու­թիւնն ու մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը վտան­գող ե­րե­ւոյթ­նե­րը ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թեան կը վե­րա­ծուին։ Կարճ ա­սաց՝ «Մայ­րեր»ը կը նուա­զին ու ա­նոնց տեղ «մա­մա­ներ»ը կ՚ա­ճին ու կը բազ­մա­նան։ «Մա­մա»նե­րը շա՜տ են, «մայ­րեր»ը քիչ…, շա՜տ քիչ։ Ո­րո՞նք եմ մեր օ­րե­րու «մա­մա»ներն ու «մայ­րե­րը»։

­Մա­ման զա­ւակ­ներ ծնիլ ու մեծց­նել գի­տէ, մայ­րը՝ խը-նա­մել, կեր­տել ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան ա­ռաջ­նոր­դել։

Մա­ման թափթ­փած, ա­նու­շա­դիր ու եր­բեմն ան­հոգ է, մայ­րը՝ կար­գա­պահ ու բծախն­դիր։

Մա­ման շնոր­հա­զուրկ ու ան­ձիրք է, մայ­րը շնոր­հա­բաշխ է ու տա­ղան­դա­շատ։

Մա­ման ու­սեալ է թե­րեւս, բայց ո՛չ քա­ղա­քակր­թուած, մայ­րը ազ­նուա­կան է ու բա­րե­համ­բոյր։

Մա­ման ժա­մա­նակ չի տրա­մադ­րեր իր զա­ւակ­նե­րուն, մայ­րը ան­սահ­ման ժա­մեր կը նուի­րէ։

­Մա­ման սիրտ չու­նի զա­ւակ­նե­րը լսե­լու ու ա­նոնց ցա­ւերն ու հո­գե­րը հասկ­նա­լու, մայ­րը սիրտ կու տայ ա­նոնց լսե­լու, մխի­թա­րե­լու եւ լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կե­լու։

Մա­ման իր զա­ւակ­նե­րը խնա­մե­լու գոր­ծին մէջ եր­բե՜մն նա­նի­յին կամ մեծ մա­մա­յին օգ­տա­կար կը դառ­նայ, մայ­րը եր­բերմն ա­նոնց օգ­նու­թեան կը դի­մէ…։

Մա­ման օգ­տա­կարն ու վնա­սա­կա­րը կը կե­րակ­րէ, մայ­րը միայն սննդա­րա­րը կը սնու­ցա­նէ։

Մա­ման միայն կը հագց­նէ ու կը զար­դա­րէ, մայ­րը կ՚ազ­նուաց­նէ։

­Մա­ման ա­նուշ հո­տեր կը ցա­նէ, մայ­րը՝ ա­նուշ խօս­քեր ու գոր­ծեր։

Մա­ման միայն քա­րոզ կը կար­դայ, իսկ մայ­րը օ­րի­նակ կը դառ­նայ։

Մա­ման սահ­ման­ներ կը ճշդէ, մայ­րը՝ սկզբունք­ներ։
­Մա­ման թե­ւեր կը կտրէ, մայ­րը թե­ւեր կու տայ։

Մա­ման ինք շփա­ցած է ու իր զա­ւակ­նե­րը կը շփաց­նէ, մայ­րը լուրջ է ու իր զա­ւակ­նե­րը լրջա­խո­հու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ։

Մա­մա­յին հա­մար միա՛յն իր զա­ւակ­նե­րը աշ­խա­տա­սէր, անն­ման ու անկրկ­նե­լի են, մօր հա­մար բո­լո­րին զա­ւակ­նե­րը ար­ժէք են։

­Մա­ման հան­րու­թեան մէջ միա՛յն իր զա­ւակ­նե­րը գո­վա­բա­նե­լով ու մե­ծա­րե­լով կը զբա­ղի, մայ­րը լուռ ու մունջ զա­ւակ­նե­րուն ձեռք­բե­րում­նե­րուն կը հե­տե­ւի ու կը քա­ջա­լե­րէ զա­նոնք։

­Մա­ման ու­րիշ­նե­րու հետ ի­մաս­տա­զուրկ մրցում­նե­րու մէջ է, մայ­րը ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ ու ինք­նա­զար­գաց­մամբ կլա­նուած է։

Մա­ման միշտ դժգոհ ու պա­հանջ­կոտ է, մայ­րը ինք­նա­բաւ է ու գո­հու­նակ։

­Մա­ման յար­գանք ու մե­ծա­րանք կը պա­հան­ջէ եւ չի ստա­նար, մայ­րը ո­չինչ կ՚ակն­կա­լէ, բայց զա­ւակ­նե­րը ե­րախ­տա­գէտ կը մեծ­նան։

Մա­ման ո՛չ ը­սել չի գի­տեր, մայ­րը գի­տէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կ՚ը­սէ։

Մա­ման Ipad-Iphone ու այլ ար­դիա­կան գոր­ծիք­ներ կը նուի­րէ, մայ­րը ա­նոնց մի­ջո­ցաւ գիր գրա­կա­նու­թիւն, պատ­մու­թիւն, մշա­կոյթ ու ա­րուեստ սի­րել կու տայ։

Մա­ման անձ­նա­սէր ու անձ­նա­կեդ­րոն է, մայ­րը՝ անձ­նա­զոհ ու նուի­րեալ։

­Մա­մա­յին հա­ճոյ­քին ու շա­հին հա­մար կար­միր գի­ծեր չկան, մայ­րը այդ գի­ծե­րուն իսկ չի մօ­տե­նար։

Մա­մա­յին հա­մար դրա­մը, նիւ­թը, դիրքն ու համ­բա­ւը նպա­տակ­ներ են, մօր հա­մար՝ ա­նոնք միայն մի­ջոց­ներ։

­Մա­ման դրա­մա­սէր է ու դրա­մա­տէր դառ­նալ կը սոր­վեց­նէ, մայ­րը՝ գոր­ծու­նեայ, ստեղ­ծա­գործ եւ ար­հե­սա­տա­վարժ։

Մա­մա­յին հա­մար ազգ, հայ­րե­նիք, լե­զու փոր չեն կշտաց­ներ, մօր հա­մար լե­զուն սրբու­թիւն սրբոց է, իսկ ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու հայ­րեն­սի­րու­թիւ­նը՝ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։

Վեր­ջա­պէս, մա­մա ըլ­լա­լը ցան­կու­թիւն է, մայր ըլ­լա­լը՝ կո­չում ու ա­ռա­քե­լու­թիւն։

Հե­տե­ւա­բար, միայն ՄԱՅ­ՐԵ­ՐՈՒՆ տօ­նը շնոր­հա­ւոր­…։

ԳԷՈՐԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017