ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼԸ…
Այս տարօրինակ պատմութիւնը մեզի կու գայ Վըրճինիա նահանգի Ռիչմընտ քաղաքէն։ Պատմութեան երկու հերոսներն են անօթային վիրաբոյժ (vascular surgeon) Մարք Ուորնըր ու ծաղկավաճառ Արթ Չետուիք։ Հիմա թոյլ տուէք քակեմ՝ հետաքրքրական այդ պատմութեան մթին ծալքերը։
Վիրաբոյժ Մարքն ու իր կինը Մարնին ընտանի կենդանիներու սիրահար են։ Համլէթ անունով խոզին եւ Կրէկ անունով իշուկին կողքին՝ անոնք ունին քառասուն այլ անասուններ, որոնց հոգ կը տանին որպէս խնամակալներ։ Անոնք դիտել կու տան, թէ կամայ-ակամայ կը կապուիս քու ընտանի կենդանիներուդ, որոնց հոգատարութիւնը սիրով ստանձնած ես…
Անասուններու կողքին՝ հիմա ալ վերոյիշեալ զոյգը սիրահարուած է ծաղիկներու, յատկապէս խոլորձներու (orchids), որոնք աւելցան իրենց «ընտանիք»ին մէջ եւ անոնց թիւը շուտով բազմացաւ։ Ես կը կարծեմ որ այդ զոյգը զբաղումի միջոց կ՚որոնէ, որովհետեւ կամ անոնք զաւակ չունին եւ կամ ալ անոնց զաւակները արդէն տունէն շատոնց հեռացած են։
Մեր պատմութեան երկրորդ հերոսն է ծաղկավաճառ Արթ Չետուիքը։ Արթի գործը մինչեւ վերջերս խոլորձ ծախելն էր։ Սակայն հիմա ակամայ անոր գործը ճիւղաւորուելով՝ սկսաւ խնամել իր յաճախորդներու հիւանդ խոլորձները։
Ծառերուն եւ ծաղիկներուն հիւանդանալը նորութիւն մը չէ, սակայն անոնց դարմանումը յատուկ ծաղկաստաններու մէջ նորութիւն էր՝ գէթ ինծի համար…
Արթ դիտել կու տայ, թէ երբեմն իրեն բերուած խոլորձները կ՚առողջանան իր արհեստավարժ հոգատարութեան արդիւնքով, ան առողջացած ծաղիկները կը վերադարձնէ իրենց տէրերուն, բայց երբեմն ալ անոնք կը խամրին եւ չեն առողջանար։ Այս վերջին պարագային, տիրոջ արտօնութեամբ՝ ան կը թափէ զանոնք։ Արթ Չետուիք կը հաւաստիացնէ, որ խղճի խայթ կ՚ունենայ՝ երբ առողջ եւ ապրող բոյս մը թափէ!
ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻ ԱՆՍՈՎՈՐ ՃԱՄԲՈՐԴԸ…
Այս անզուգական պատմութիւնը մեզի կու գայ Անգլիոյ Նիւքէսըլ քաղաքէն, որ կը գտնուի Լոնտոնէն 300 մղոն դէպի հիւսիս։
Մենք գիտէինք, որ շուները կը գործածուին որպէս ուղեցոյց (guide dogs), կոյրերը առաջնորդելու համար։ Սակայն այս պատմութեան մէջ՝ շուներու փոխարէն ձիեր կը գործածուին որպէս ուղեցոյց (guide horses)…
Տիկպի քսան ամսուան փոքրակազմ ձի (pony) մըն է, որ կը մարզուի որպէս ուղեցոյց, կոյրերը առաջնորդելու համար։ Ան նշանակուած էր առաջնորդելու Մենչըսթըր քաղաքին մէջ ապրող լրագրող մը, սակայն չկրցաւ յարմարիլ նստելու անոր գրասեղանին տակ։
Ուստի որոշուեցաւ որ Տիկպին օգնէ Լոնտոն ապրող 51 տարեկան Հելէնա Հըրտին, որ մասնակի կերպով կոյր է։ Հելէնան շատ կը սիրէ շուները, սակայն խորհեցաւ որ փոքրակազմ ձիերը աւելի նպաստաւոր են իրեն համար՝ քանի որ անոնց կեանքը աւելի երկար է քան շուներունը։
Ըստ վիճակագրական տուեալներու, ուղեցոյց շուները կրնան օգտակար հանդիսանալ կոյրերը առաջնորդելու՝ հինգէն ութը տարի։ Մինչդեռ ուղեցոյց փոքրակազմ ձիերը կըր-նան նոյն գործը կատարել՝ 35-40 տարի։ Ուրեմն հիմա կը հասկնաք, թէ ինչո՞ւ Հելէնան նախընտրեց Տիկպին։
Այսքանը լաւ, բայց Տիկպին՝ ըստ իր մարզիչ Քեթի Սմիթհին, պատրաստ չէ Լոնտոն բնակելու՝ որովհետեւ Անգլիոյ մայրաքաղաքը բազմամարդ է եւ աւելի աղմկարար քան Մենչըսթըրը։ Ուստի Տիկպին պէտք է վերապատրաստուի Լոնտոնի համար։
Եւ ահա Տիկպին կը տեսնենք՝ իր մարզիչին հետ, Լոնտոնի հանրային փոխադրամիջոցներէն փապուղիի մը կառքին մէջ (տես նկարը)։ Ինչո՞ւ, որպէսզի ան վարժուի այնտեղի ինքնաշարժներու աղմուկին եւ մարդոց անդադար երթեւեկութեան՝ կանգառէ-կանգառ…
Վերյիշելով Հալէպ քաղաքը՝ որմէ հեռացած եմ աւելի քան քառասուն տարի առաջ, աչքիս առջեւ կը տողանցեն խեղճ կոյրերը՝ որոնք ձգուած էին ինքզինքնին կառավարելու։ Անոնց միակ յենարանը փայտի կտոր մըն էր՝ զիրենք առաջնորդելու համար!
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ