Յակոբ Պարոնեան. Հայու Երգիծական Հանճարը

Յու­նիսի 8-ին լրա­ցաւ 125-րդ տա­րե­լի­ցը հա­յու եր­գի­ծա­կան հան­ճա­րը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րող ան­մահն ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեա­նի վախ­ճա­նու­մին։

8 ­Յու­նիս 1891-ին, ծայր աս­տի­ճան չքա­ւո­րու­թեան մատ­նո­ւած եւ հիւ­ծախ­տի հե­տե­ւան­քով ու­ժա­քամ ե­ղած՝ ­Պոլ­սոյ մէջ առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը մեծ ­Մար­դուն եւ նոյն­քան մեծ ­Հա­յուն։

48 տա­րե­կա­նին ա­պա­ժամ եւ դժբախտ մահ ու­նե­ցաւ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան, բայց միայն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն, ո­րով­հե­տեւ կար­ճա­տեւ իր կեան­քով իսկ հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի հիմ­նա­դի­րը կրցաւ նո­ւա­ճել ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նի գրա­կան հարս­տու­թիւն մը եւ մնա­յուն տեղ գրա­ւել մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին մէջ։

Իր եր­գի­ծան­քով՝ ­Պա­րո­նեան ժա­մա­նակ­նե­րէն վեր կանգ­նե­ցաւ եւ, ա­նանց ճշմար­տու­թիւն­ներ վեր­ծա­նող իր գրա­կա­նու­թեամբ, նաեւ հայ մտքի Հս­­կայ մը դար­ձաւ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան զար­թօն­քին մէջ մե­ծակ­շիռ ներդ­րում կա­տա­րե­լով։

Որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի, այն­քան կեն­սա­յորդ եւ գու­նա­գեղ կը դառ­նան ­Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծան­քով յա­ւեր­ժա­ցած կեր­պար­ներն ու բար­քե­րը հայ կեան­քի, ինչ­պէս որ ի­րենց այժ­մէա­կան ի­մաստն ու թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը շեշ­տեն ­Պա­րո­նեա­նի պաշտ­պա­նած գա­ղա­փար­ներն ու սկզբունք­նե­րը։

Հա­մո­զու­մի, սկզբուն­քայ­նու­թեան, ինք-­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան եւ ան­հաշտ պայ­քա­րի մար­դը ե­ղաւ ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան։

Անխ­նայ ձաղ­կեց եւ սուր քննա­դա­տու­թեամբ մեր­կա­ցուց 19-րդ ­դա­րու երկ­րորդ կէ­սի հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­րատ­նե­րը՝ հա­ւա­սա­րա­պէս ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան, ան­հա­տա­կան եւ ըն­տա­նե­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ընդգր­կու­մով։ Դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, հա­լա­ծո­ւե­ցաւ եւ ծան­րա­գոյն թշո­ւա­ռու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ, բայց եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին սնա­փա­ռու­թեան եւ օ­տա­րա­մո­լու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն հետ, քա­ղա­քա­ցիա­կան ստրկամտու­թեան եւ կեղծ ազ­գա­սի­րու­թեան հետ, խա­ւա­րամ­տու­թեան, քաղ­քե­նիու­թեան եւ դրա­մա­պաշ­տու­թեան, ան­հա­տա­կան թէ ըն­տա­նե­կան՝ հա­սա­րա­կա­կան բա­րո­յա­կա­նի խա­թա­րում­նե­րուն հետ։

Ա­ւե­լի՛ն. թէեւ իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շեշ­տա­կի եւ ի­րա­պաշտ կնի­քը կրե­ցին ­Պա­րո­նեա­նի յա­ւեր­ժա­ցու­ցած «­Պաղ­տա­սար աղ­բար»ն­ ու «Ա­բի­սո­ղոմ ա­ղա»ն, «Ազ­գա­յին ­ջո­ջեր»ն­ ու «­Մե­ծա­պա­տիւ ­մու­րաց­կան­ներ»ը, կամ «­Հոս­հո­սի ­ձե­ռա­տետր»ի եւ «­Քա­ղա­քա­վա­րու­թեան վնաս­ներ»ու հե­րոս­ներն ու բար­քե­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ այդ ա­մէ­նուն մէջ, իր սրա­տե­սու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փան­ցու­թեամբ, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան գտաւ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր գան­ձա­րա­նին կտա­կեց բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ի­րա՛ւ ու մնա­յո՛ւն ճշմար­տու­թիւն­ներ, մա­նա­ւանդ՝ մեր թե­րու­թիւն­ներն ու վէր­քե­րը լա­ցի փո­խա­րէն ծի­ծա­ղով դի­մագ­րա­ւե­լու եւ յաղ­թա­հա­րե­լու մե­ծա­գոյն ճշմար­տու­թիւ­նը։

2 ­Նո­յեմ­բեր 1843-ին Ադ­րիա­նու­պո­լիս (Է­տիր­նէ) ծնած, ­Յա­կոբ ­Պա­րո­նեան յա­տուկ ու­սում չու­նե­ցաւ։ Ա­ւար­տեց իր ծննդա­վայ­րի Ար­շա­կու­նեան վար­ժա­րա­նը, ուր ա­շա­կեր­տեց «­Պօ­ղոս վար­ժա­պե­տին»՝ հե­տա­գա­յի ­Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան ­Պատ­րիար­քին։ 1857-ին ըն­դու­նուե­ցաւ տեղ­ւոյն յու­նա­կան դպրո­ցը, բայց տա­րի մը ետք՝ իր իսկ խոս­տո­վա­նու­թեամբ հա­զիւ «յու­նա­րէ­նի դժո­ւա­րու­թիւ­նը սոր­ված», վերջ տո­ւաւ ու­սում­նա­կան կեան­քին ու նե­տո­ւե­ցաւ աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ։ 1863-ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս եւ ապ­րուս­տը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բախ­տը փոր­ձեց տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ինք­նա­զար­գաց­ման կա­րե­ւոր տեղ տա­լով եւ ժա­մա­նակ յատ­կաց­նե­լով։

Ե­ղաւ հե­ռագ­րա­տան պաշ­տօ­նեայ, զբա­ղե­ցաւ հա­շո­ւա­պա­հու­թեամբ ու գրագ­րու­թեամբ, կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի պաշ­տօ­նեայ դար­ձաւ, նաեւ ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ ­Բայց ոչ մէկ գոր­ծի փա­րե­ցաւ այն բա­ւա­րա­րու­թեամբ, որ գտաւ մա­մու­լին ու հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ։

1872-ին սկսաւ ­Պա­րո­նեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նը, երբ եր­գի­ծա­կան «­Մե­ղու» թեր­թի ար­տօ­նա­տէր Յ. Ս­­վա­ճեան իր եր­բեմ­նի աշ­խա­տա­կի­ցին՝ Պա­րո­նեա­նի վստա­հե­ցաւ թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։

1874-ին, օս­մա­նեան գրաքն­նու­թեան հետ իր ա­ռա­ջին դժո­ւա­րու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լով, ­Պա­րո­նեան իր խմբագ­րու­թեան յանձ­նո­ւած թեր­թին «­Մե­ղու» ա­նու­նը փո­խա­րի­նեց «Թատ­րոն»ով, ո­րուն հրա­տա­րա­կու­թեան ե­րեք տա­րի­նե­րը (մին­չեւ 1877-ը) զու­գա­դի­պե­ցան ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մին եւ նո­ւի­րա­գոր­ծե­ցին ­Պա­րո­նեա­նի տա­ղան­դը քա­ղա­քա­կան եր­գի­ծան­քի մար­զին մէջ։

Հայ­կա­կան ­հար­ցին նկատ­մամբ եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­բե­րած դի­ւա­նա­գի­տա­կան նեն­գամ­տու­թիւ­նը, ­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծադ­րած բռնու­թիւն­ները, ինչ­պէս նաեւ՝ հայ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ղե­կին կանգ­նած կղե­րա­կան թէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը, ժո­ղո­վուր­դէն կտրո­ւած եւ ե­սա­պաշտ վար­քու­բար­քը, բո­լո­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյն սրու­թեամբ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան Պա­րո­նեա­նի եր­գի­ծա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ գոր­ծե­րուն մէջ, ո­րոնք լոյս տե­սան «Թատրոն»ի յա­ջոր­դա­կան թի­ւե­րով՝ «Կս­­միթ­ներ», «Ազ­գա­յին ­ջո­ջեր» եւ այլ ա­նուն­նե­րով։

շար. 1

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016