ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՅ ՀԵՏԴ Ո՜Վ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հարեմ մը ունէի,
Որու մէջ աշխարհի գեղեցկուհիներն էին,
Արաբուհին,
Հռոմէուհին,
Թրքուհին,
Քրտուհին:
Պալատիս մէջ Փարիզի մէջ շինուած խաղալիքներ կային
Եւ դամասկոսեան կատուներու բանակ մը…
Պատմութեան միակ տղամարդն էի…
Ո՛չ զաւակներ…, ո՛չ թոռնիկներ…,
ո՛չ սերունդ:

Սիրահարութեան իշխանն էի…,
Օր մը կանաչ պարտէզներէն մէկուն մէջ
կը ճամբորդէի…,
Օր մըն ալ մեղրի պարտէզներուն մէջ…,
Այնտեղ սեւ անուշահոտ կար…,
Եւ առաջին անձրեւները,
Ու վայրի ծաղիկները…:
Այնտեղ աչքեր կային,
Որոնք արեան շրջաններուն մէջ արամ թռչուններու նման կը լողայ:
Այնտեղ վայրենի շրթներ կային ծովի խեցիներու նման…
Այնտեղ ձուկեր կային նոյնիսկ անութներուն տակ,
Եւ ծովի բոյր կար…:
Այնտեղ շուրջս հեծկլտոցներ կը լսուէին՝ ափրիկեան թմբուկներու նման:
Ես բառերուն սուրբն եմ…
Եւ սուֆական ճանապարհներու մոլլան…
Ես երաժշտութեամբ քարէ քաղաքներուն երեսը կը լուամ:
Ես տեսանողն ու յայտնաբերողն եմ…
Որ ոտանաւորի յաւիտենական կրակով բնակուած եմ…
Մովսէսին նման էի,
Կարմիր ծովուն վրայ կարմիր վարդ կը տնկէի,
Քրիստոնէութեան գալուստէն առաջ մեսիա մըն էի,
Իւրաքանչիւր կին, որու ձեռքը կը բռնէի՝ կրակէ իրիս կը դառնար:
Հազար կին կար պատմութեանս մէջ,
Սակայն, աշխարհի բոլոր կիներուն մէջէն՝
Միայն ազատութեան հետ ամուսնացայ:
Ան էր, որ սորվեցուց ինծի սիրտս կեղուել խնձորի մը պէս,
Որպէսզի աշխարհի բոլոր կիները անկէ ուտեն:
Անոր գերին էի,
Ով սորվեցուց ինծի ինչպէս հայրենիք հիմնել,
Որ կը նմանի՝ սիրտի,
Եւ խուրաձեւ շնչերակի,
Եւ Խայտիտի,
Եւ դամասկոսեան խնձորի:
Անոր գերի էի նաեւ,
Ով սորվեցուց ինծի ինչպէս սիրել կինը,
Ցնորութեան աստիճան:
Ան, որ սորվեցուց ինծի ինչպէս տեղաւորել կինը՝
Այո՛, կինը,
Որ կարմիր ձուկի նման
Շնչերակիս մէջ խաղայ:
Ան, որ սորվեցուց ինծի ինչպէս տեղաւորել կինը,
Այո՛ կինը,
Որ ոտանաւոր հնարէ,
Եւ ժամանակներուն ձեւը գծէ:
Եւ ան, որ սորվեցուց ինծի թէ ինչպէս կինը,
Այո՛ կինը,
Ամենէն զօրաւոր կախուածութիւններէն մէկը կ՚ըլլայ:
Ան, որ սորվեցուց ինծի ինչ որ չեմ գիտեր,
Ես անոր միշտ գերի եմ:

Ան, որ սորվեցուց ինծի ըսել խօսքեր,
Որոնք ցորենի կը նմանին,
Կամ փռապանին քովէն ելած տաք հացին կը նմանին:
Ան, որ սորվեցուց ինծի՝
Այս ժողովուրդին հետ ամուսնանալ,
Եւ մերժել ամուսնանալ իշխանութեան հետ,
Ու մերժել մարգարտեայ եւ բուստեայ մանեակները:
Որ սորվեցուց ինծի,
Ինչպէս ծաղիկներով եւ ոտանաւորներով դիմակայել
Զինուորներուն մականները:
Որ սորվեցուց ինծի,
Նահանգապետին մօտ ձի վառող չաշխատիմ,
Կամ աղախին՝ որ (Բարձր Դռան) հանդիսութիւններուն կը պարէ:
Որ սորվեցուց ինծի,
Չխոնարհեցնել ոտանաւորիս գագաթը:
Ես անոր միշտ գերի եմ:

Որ սորվեցուց ինծի
Ինչպէս փոխեմ,
Ինչպէս կործանեմ,
Եւ ինչպէս աւլեմ այս տգեղութիւնը,
Եւ հողին մէջ ռահան տնկեմ:
Որ սորվեցուց ինծի,
Ինչպէս պիտի ազատեմ այս նաւակը,
Ծովու քարանոցներէն եւ առնէտներու ատամներէն:
Որ լուցկի մը տուաւ ինծի,
Որպէսզի պատմութեան բոլոր սուտերը այրեմ:
Ես անոր միշտ գերի եմ:

Որ սորվեցուց ինծի՝
Ինչպէս թուղթերուս վրայ մեռնիմ,
Որպէսզի մարդը յաղթէ:
Որ սորվեցուց ինծի՝
Ինչպէս ուռեցնեմ սիրտս հացի բաղարջի նման,
Որպէսզի զայն մարդուն կերցնեմ:
Որ սորվեցուց ինծի՝
Ինչպէս վերցնեմ տարբերութիւնը ոտանաւորներու հատորի մը
Աղքատներու բերաններէն:
Որ սորվեցուց ինծի՝
Ինչպէս պարզ ըլլամ՝
Խոտի նման,
Ջուրի նման…
Որ սրովեցուց ինծի՝ գործածել այն լեզուն,
Որու մէջ երեխաներու երեւակայութիւնը
Եւ պարզերուն զգացումները կան…:
Որ սորվեցուց ինծի՝
Թէ ոտանաւորը,
Սիրով նամակ մըն է,
Զորս մարդոց կը գրենք,
Եւ չկայ ոտանաւոր մը,
Որ մարդուն ուղղուած չըլլայ:
Որ սորվեցուց ինծի՝
Այս իմաստութիւնը՝ ոտանաւորը սահմանելուն…
 Ես անոր միշտ գերի եմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019