ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ ըսածը. «Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ» (Առ 16.7):

Պատասխան. մարդ երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրի եւ իր կեանքը անուշաբոյր պատարագ ըլլայ մատուցուած Տէր Աստուծոյ, ապա Աստուած այդ մարդուն հետ կ՚ընթանայ քայլ առ քայլ, եւ երբ կարիք ըլլայ միջամտելու կամ օգնելու, ապա Իր օգնութիւնը կամ միջամտութիւնը կը ցուցաբերէ տուեալ մարդուն:

Այս նախադասութիւնը լաւապէս հասկնալու համար, անգամ մը վերյիշենք Յակոբ նահապետին ու Լաբանին պատմութիւնը, երբ Յակոբ նահապետ երկար տարիներ ծառայելէ ետք Լաբանին կը հեռանայ անկէ՝ վերջինիս բացակայութեան, Լաբան երբ լուր կ՚առնէ Յակոբի փախչելուն մասին, զայրացած անոր ետեւէն կ՚իյնայ: Երբ արդէն կը մօտենար Յակոբին, Տէր Աստուած երազի մը մէջ կ՚երեւի Լաբանին ու կ՚ըսէ. «Զգո՛յշ կեցիր որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս» (Ծն 31.24): Յակոբ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած մարդ մըն էր, որ Իր կամքը կը գործադրէր, եւ որպէսզի Աստուած պաշտպանէ Իր ընտրեալը, ապա կը զգուշացնէ Լաբանը, որպէսզի յանկարծ ո՛չ աղէկ եւ ո՛չ ալ գէշ խօսք ըսէ Յակոբին: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը գրէ այս մասին. «Զարմանալի՜ է Տիրոջ արդարութիւնը: Երբ Աստուած տեսաւ թէ Լաբան մտադրութիւն ունեցաւ արդար մարդուն [Յակոբի] դէմ պատերազմելու ու անոր հետ վէճի բռնուելու, անոր ըսաւ այնպէս, ինչպէս մէկը կը վերանայի իր խօսքը.

-Ուշադի՛ր եղիր, որպէսզի յանկարծ Յակոբին գէշ խօսքեր ըսելով չմեղանչես: Չփորձես նոյնիսկ մէկ բառով նեղութիւն պատճառես Յակոբին: Վերանայէ՛ այդ չար մտադրութիւնդ, բարկութիւնդ զսպէ՛, բորբոքած միտքերդ զսպէ՛, զգուաշցիր զինք նեղացնելէ նոյնիսկ մէկ բառով: Խնդրեմ, տեսէ՛ք Աստուծոյ գորովագթութիւնը, որ փոխանակ Լաբանին հրամայէր իր տեղը վերադառնալ, թելադրեց անոր որպէսզի գէշ ու խիստ խօսքեր չխօսի արդար մարդուն դէմ: Ինչո՞ւ համար ասիկա երկրի վրայ պատահեցաւ: Որպէսզի արդար մարդը իրականութեամբ ու փորձառութեամբ սորվի Աստուծոյ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը իր նկատմամբ»:

Երկրորդ օրինակ մըն ալ կայ, դարձեալ Յակոբ նահապետին հետ կապուած, երբ այս անգամ պիտի հանդիպէր իր աւագ եղբօր՝ Եսաւին: Եսաւը, արդարեւ, կ՚ուզէր սպաննել իր եղբայրը՝ Յակոբը, որովհետեւ ան իրմէ գողցած էր անդրանիկութիւնը, սակայն Ծննդոցին մէջ այսպէս կը կարդանք երկու եղբայրներու հանդիպումի մասին. «Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա Եսաւ կու գար ու անոր հետ չորս հարիւր մարդ, ուստի իր զաւակները Լիային, Ռաքելին ու երկու աղախիններուն բաժնեց: Աղախինները իրենց զաւակներովը առջեւը դրաւ եւ Լիան իր զաւակներովը ետեւը եւ Ռաքելը ու Յովսէփը ամենէն ետեւը: Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ ու մինչեւ իր եղբօր մօտենալը, գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ: Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա ու լացին» (Ծն 33.1-4):

Հ. Այսօր ակներեւ երեւոյթ է, որ մարդիկ ուղղակի կամ անուղղակի, մաքուր կամ անմաքուր, արդար կամ անարդար կերպերով ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի դրամ շահին, պատճառաբանելով, թէ իրենց ընտանիքները պէտք է պահեն, իրենց զաւակներն ալ իրաւունք ունին հանգիստ ու բարօր կեանք ապրին, եւ այլն:

Պ. Անուղղակիութեամբ, անմաքրութեամբ եւ անարդարութեամբ շահուած մէկ ղրուշն իսկ մեղքի արդիւնք է, եւ բնականաբար անընդունելի, եւ այդ արարքը արդարացնելու համար տրուած պատճառաբանութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ այսպէս ըսած խիղճին «հանգստութիւն» տալ: Ահաւոր է պատկերացնել, որ ոեւէ մէկ հայր իր ճակտին քրտինքը չեղող արդիւնքով՝ իր երեխաները կերակրէ: Ահաւոր է պատկերացնել, որ ոեւէ մէկ զաւակ, ապօրինի կերպով ձեռք ձգած դրամով իր ծնողները հոգայ:

Ծննդոցին մէջ կը կարդանք. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19): Աստուածային պատգամը յստակ ու պարզ է, որու ամբողջացումը ձեւով մը կը գտնենք Առակագիրին հետեւեալ նախադասութեան մէջ. «Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ» (Առ 16.8):

Վերը մէջբերուած երկու համարները, արդարեւ, յստակ պատասխաններ են բոլոր անոնց, որոնք անարդարութեամբ ու ապօրինի կերպերով դրամ կը շահին ու իրենց այդ արարքը արդարացնելու համար հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ կը բերեն: Մարդը կոչուած է իր ճակտի քրտինքով իր հացը ուտելու, այդ ընթացքը կրնայ շատերուն մօտ քիչ եկամուտ բերել, ուրիշներու՝ շատ, նայած աշխատանքը եւ նայած տուեալ մարդուն ունակութիւնները եւ աշխատանքի մէջ ունեցած հմտութիւնները: Այստեղ քիչ վաստակողը պէտք չէ նախանձի շատ վաստակողէն, եւ պէտք չէ ինքն իրեն ենթադրութիւններ կատարէ, այլ՝ կարդալով Առակագիրին վերը մէջբերուած տողը, գիտակցի, որ աւելի լաւ է իրեն եւ իր ընտանիքի անդամներուն համար քիչով բաւարարուիլը, որ իր ճակատի քրտինքին արդիւնքն է, քան նախանձով լեցուելով անիրաւութեան ու ապօրինութեան դիմէ, որպէսզի աւելի շահի: Միւս կողմէ, մարդ միշտ պէտք է գիտակցի, որ քիչով բաւարարուելով ու Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով ամէն ինչի համար, իր դիմաց կրնան այնպիսի դռներ բանալ, որ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի վայելէ, այն ինչ, չգոհանալով ու ապօրինութեան դիմելով, ինքն իր ձեռքով այդ դռները յաւիտեանս կը փակէ իր դիմաց, անոնց տեղ տանջանքի, չարչարանքի ու տառապանքի դռները բանալով:

Այստեղ երեւոյթ մըն ալ կայ, որ պէտք է ուշադրութեամբ սերտենք, այն է, գործատէրերուն անիրաւ պահուածքն ու իրենց աշխատողներուն արդարութեամբն ու իրաւացիութեամբ չվարձատրելն է: Նայինք մեր ապրած ընկերութիւններուն ու պիտի տեսնենք եւ նկատենք, թէ անոնք որոնք բարձր պաշտօններու հասած են եւ իրենց ձեռքն է քաղաքացիներուն կեանքը կարելի եղածին չափ դիւրացնել, ճիշդ հակառակ գործընթացի մէջ են, ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի շարքային քաղաքացիներուն կեանքը դժուարանայ, օր օրի հարկերը բարձրացնելով, ապրանքներուն գիները բարձրացնելով, քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն վճարները բարձրացնելով, եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել, դիմացը սակայն աշխատավարձերը պահել նոյնութեամբ եւ կամ աննուազ կերպով բարձրացնել: Այս բոլոր երեւոյթները, բնականաբար, թոյլ կամք ունեցող մարդիկը կրնան մղել սխալի, այսինքն՝ ապօրինութեամբ ու անարդարութեամբ դրամ շահելու փորձութեան: Այս բոլորը երեւոյթներ են, որոնց ճիշդ լուծում տալու պարագային մեր ապրած ընկերութիւններէն բազմաթիւ անօրէնութիւններ ու յանցագործութիւններ ի սպառ կը վերանան: Աւելին, եւ ամենէն կարեւորը, այս երեւոյթները տեղ չէին գտներ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եթէ մարդիկ, յատկապէս պատասխանատու մարդիկ Աստուածավախ ըլլային ու Աստուածավախութեամբ կատարէին իրենց վստահուած գործը, որով բարի օրինակ հանդիսանալով իրենց քաղաքացիներուն, շատերը հրաւիրէին ու բերէին Աստուածավախութեան, այդպիսիով տարածելով սէր ու համերաշխութիւն եւ արդարութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 46

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023