ՀՐԱՇՔԸ
Արագածոտնի մարզ: Կ՚ուղղուինք դէպի Աշտարակ, ուր ամրան ճոխութիւն կը տիրէ, ինչպէս Հայաստանի բոլոր շրջաններն ու մարզերը հոս եւս աշխոյժ է երթեւեկութիւնը: Ուրախալի երեւոյթ մըն է, ահա թէ ինչո՞ւ հայաստանցիք ամրան կը սպասեն: Փողոցը քալած միջոցիդ դատարկ թաքսիներու չես հանդիպիր այս եղանակին, անոնք լի են զբօսաշրջիկներով, որոնք տարբեր պատճառներով եւ առիթներով ներկայ են, սակայն այս մարզին, այս գողտրիկ շրջանին մէջ տիրող աշխուժութիւնը կարելի է վերագրել նաեւ վերջին տարիներուն հողաշերտեր ու առանձնատուներ գնող սփիւռքահայերուն, ի մասնաւորի՝ Միացեալ Նահանգներէն ժամանող, անոնք ոչ միայն կու գան իրենց ամառնային արձակուրդը ըմբոշխնելու, այլեւ ապագայի հեռանկարով մը թերեւս հոս կայք հաստատելու միտում մը կ՚իրականացնեն:
Վարորդը ասֆալթին վրայ նկատելով փորուած տեղ մը կը թեքէ ղեկը, որպէսզի չվնասուի մեքենան: Կ՚երեւի այս շրջանները չեն հասած վերջերս ընտրութիւններուն ժամանակ տեղի ունեցող ասֆալթապատումները:
Աջէն՝ Թզուկի (Արայի լեռ), ձախէն՝ Արագածի հովանիով կը յառաջանանք լեռնանցքի մը մէջէն անցնողի մը տպաւորութեամբ: Թզուկը առանձին կանգնած բարձրութիւն մըն է, դիւրին արշաւելի, ուր լեռնագնացներ յաճախ կը բարձրանան ու անոնց պատկերները դիմատետրի էջերը կը զարդարեն, հայրենի այս պատառիկի բոլոր եղանակներուն յարմարող գեղեցկութիւնը սփռելով:
Պատմութեան ընդմէջէն է որ կ՚անցնինք կարծես, առասպելներու ու աւանդութիւններու բոյրով հարուստ այս շրջանէն: Ու ահա գլուխ կը ցցէ աւանդապատում մը, իր զօրութիւնը կը փաստէ: Ծաղիկն է, որ անձնասպանութեան դիմած է իշխանի մը ենթարկումէն խոյս տալու: Ժայռափոր այս թաքստոցին մէջ իսկ զինք գտած իշխանը յուսահատ կը վերադառնայ, երբ Ծաղիկի դին կը տեսնէ փռուած լերան ստորոտը: Մտածելու տեղիք կու տայ այս լեռը, որուն հետ առընչուող աւանդապատումները մահուան հետ կ՚աղերսուին նաեւ: Արա Գեղեցիկը, որուն անունով կոչուած է լեռը, Ծաղիկը՝ գեղուհի գիւղացին, որուն անունով կոչուած է նաեւ լերան փէշի ժայռափոր այս վանքը: Երկու միակողմանի սիրոյ զոհեր, երկու չենթարկուողներ են անոնք:
Հիմա Արան ու Ծաղիկը հանգիստ թող ննջեն, սակայն վերջինիս անունը կրող վանքէն՝ Ծաղկեվանքէն կը բխի բուժիչ յատկութեամբ օժտուած աղբիւր մը, որ կարծես բնութեան արցունքն է ի տես Ծաղիկի ինքնասպանութեան ու ծաղկահասակ դիին: Արտասուքը վերածուած է հաւատքի, որուն ջուրը հաւատքով կ՚ըմպեն ու կը բժշկուին հիւանդները, հաւատացեալները: Սակայն մինչեւ լեռը հասցնող հարթ ճանապարհ մը կա՞յ արդեօք, կը հարցնեմ վարորդին, որ այս մարզին ծնունդը ըլլալով, քայլ-քայլ կը ճանչնայ զայն, կը բացատրէ մեզի այս տարածութեան մէջ տակաւին զբօսաշրջիկներուն կողմէն չյայտնաբերուած բազմաթիւ հնադարեան կառոյցներու մասին, որոնց այցելութիւնը կրնայ երեք օրեր երկարիլ:
Վարորոդը հարցումիս ի պատասխան կը յայտնէ հարթ ու նոր ճանապարհի մը գոյութեան մասին, որ կառուցուած է ամերիկահայ երիտասարդուհիի մը տեսած մէկ երազին որպէս հետեւանք: Երիտասարդուհին հիւանդ եղբօրմով մտահոգուած գիշեր մը, աչքը թարթած մէկ պահուն տեսիլքի մը յայտնութեամբ կը սթափի, այլեւ հրաշքի մը, որ կ՚աւետէ, թէ իր եղբայրը միայն Ծաղկեվանքի աղբիւրին ջուրը խմելով է որ կ՚ապաքինի: Հաւատացեալ երիտասարդները՝ քոյր ու եղբայր կը ժամանեն ու դժուարութեամբ կը հասնին Ծաղկեվանք, հիւանդը կը խմէ բուժիչ աղբիւրին ջուրը ու կ՚առողջանայ, քոյրը կ'որոշէ գումար մը նուիրել ու հոգալ դէպի լեռը տանող ճամբուն կառուցման ծախսը:
Հիացումով մտիկ կ՚ընեմ վարորդին հաղորդած տեղեկութիւնները, կը հիանամ երիտասարդուհիին հաւատքին ի լուր, հաւատքը, որ մանկութենէն կաթիլ առ կաթիլ դաստիարակութեան հետ հոսած է իր մէջ ու ահա ինք եւս իր հերթին կը հոսեցնէ զայն, այլեւ անոր կանչն է որ զինք կը բերէ այս գողտրիկ վանքը, ուրկէ կը ստանայ պատասխանը երկնային, փրկութիւնը:
Ու չեմ գիտեր ինչո՞ւ մտքիս մէջ պատկերները կը դառնան ներկայ երեւանեան պողոտաները շրջելով, ուր յաճախ կը հանդիպինք տասնեակներով աղանդաւորական խմբակներու, որոնք սրբապատկերներ, Աստուածաշնչեան մէջբերումներով գեղեցկացած բացիկներով կը գովեն իրենց աղանդները ու մարդորսի ելած կարթ կը նետեն աջ ու ձախ: Աղանդներու միջոցով նիւթին է որ կը հաւատան անոնք, մոռցած իսկական հաւատքը, թերեւս տեղեակ ալ են անոնք այս հրաշքին մասին, որ ո՛չ առաջինն է, եւ ոչ ալ վերջինը հայրենիքի արմատներուն մէջ, որոնց շարունակութեամբ թերեւս ոչ միայն ճամբաներ կառուցուին, այլեւ աղանդները մի առ մի վերանան մեր երկրէն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ