ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ՝ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ

Երեւանը այս տարի կը վխտայ զբօսաշրջիկներով։ Անցեալ տարիներու համեմատ աճած է անոնց թիւը կարծես: Ուրախալի երեւոյթ մըն է հարկաւ: Երեկոները, Երեւանի կեդրոնը, բազմապիսի մարդոց կարելի է հանդիպիլ, այլազան լեզուներ կարելի է լսել, հայերէնը տարբեր երանգներով կը թափառի հոն, Հանրապետութեան հրապարակի ցայտաղբիւրներուն մեղեդային ու գունեղ ժայթքումներուն նման, ուր բազմութեան մէջ սէրը գոյ է, կը պարուրէ զոյգեր, որոնք կը պարեն զիրար գրկած ու ջուրին զովութեամբ, մեղեդիներուն մեղմութեամբ կը զովացնեն ներքին սիրոյ հուրը:

Հրապարակէն Հիւսիսային պողոտայ քալած միջոցիդ անպայման ծանօթի մը կը հանդիպիս, ժպիտներով բարեւներ կը փոխանակուին աջէն-ձախէն, ուրախ զրոյցներ կը թեւածեն օդին մէջ. զովութիւն մը կը հպի դէմքիդ, երբ կ՚անցնիս ճաշարաններուն քովէն, ուր ջուր սրսկող զովացուցիչ ձողեր տեղա-դըրւած են դուրսը նստիլ փափաքող յաճախորդներուն համար: Կը ժպտի մայրաքաղաքը:

-Hello. Nice to meet you again…

Հիւսիսային պողոտայի վրայ կը հանդիպին հայ ու օտար զբօսաշրջիկներ, արդէն ծանօթներ, քանի որ մի քանի օր առաջ, պտոյտի մը ընթացքին տեսնուած են: Ու հեռաձայնի թիւեր կը փոխանակուին, պտոյտին նկարները՝ նոյնպէս, կը յիշեն այն պահերը, զորս մօտ անցեալին ապրած են եւ վայելած հայրենի բնութեան գիրկը:

Օփերայի տարածութեան մէջ շատ աւելի խճողուած երեւոյթ մը կայ, լի են ճաշարանները, ուր սեղաններուն շուրջ հաւաքուածներուն բարձրաձայն զրոյցները, քահքահները կը մատնեն երջանկութիւն մը ապրուած, որ ահա կը վերապրի քաղցրութեամբ մը բարի:

Հոս խումբ մը ընկերուհիներ կը պատմեն օտարութեան մէջ իրենց առօրեային մասին.

-Ամերիկայի մէջ make-up կ՚ընեմ, ամէն օր կը խորհիմ, թէ եթէ սեւամորթ մը գայ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ շպարել անոր դէմքը. հոս չունէի այդ մտահոգութիւնը:

-Հահահա,- կը ծիծաղի ընկերուհիներէն մին, ու,- գոնէ շա՞տ են make-up ընողները:

-Ո՛չ, միայն երբ առիթ ունենան. այստեղի պէս չէ, որ աղջիկները ամէն օր շպարուած գործի կ՚երթան:

Զրոյցին ընդմէջէն առօրեայ մըն է, որ կը պարզուի, պատկեր մը՝ ապրուած վայրէն, փոխանցում՝ միջավայրի մը մասին:

Քիչ անդին Մեղեդին է, որ սփիւռքահայ, մասնաւորապէս սուրիահայ կը բուրէ: Երեք ճաշարաններու տարածութիւն զբաղեցնող ճաշարանը այս շրջանին բազմամարդ է. հազիւ թէ երեկոները կարենաս ազատ սեղան մը որսալ: Ֆութպոլասէրները կը զբաղեցնեն հեռատեսիլներով խաղերը ցուցադրող բաժինը: Ֆութպոլ... աս ալ ուրիշ երեւոյթ մըն է, դժուար թէ կարողանաս ճաշարան մը գտնել հոս առանց հեռատեսիլի, ու վայ թէ ժամադրութիւնդ խաղերու սփռումի ժամուն համընկնի, յաճախ բարձրաձայն «կօօօօլլլլլ»ը կ՚ընդհատէ զրոյցդ ու դուն հաճոյքով կը հետեւիս չորս կողմի ֆութպոլասէրներուն.

-Մեսսին ու Ռոնալտօն հեռանալէն վերջ խաղերը դիտելը հաճելի չէ,- կ՚ըսէ երիտասարդ մը:

-Ես հիմա է որ հաճոյքով կը դիտեմ, անոնց հեռանալէն ետք,- կը պատասխանէ ուրիշ մը:

-Տեսա՞ք ինչպէս պրազիլցի խաղացողներուն հանրակառքը լոլիկի ու հաւկիթի հարուածներով դիմաւորեցին Պրազիլի մէջ, երբ վերադարձան պարտուած Պելժիոյ դէմ: Խայտառակութիւն է, իսկապէս,- կ՚ընդմիջէ ուրիշ մը:

Այսպէս կտոր մը կաշին իր ետեւէն կը քաշէ ամբողջ աշխարհ մը, կը միացնէ բոլորը:

-Դէմքդ ծանօթ է,- կ՚ըսէ սուրիահայ կին մը Մեղեդիին դէմէն անցած միջոցին մէկը նշամարելով, ու անոնց միջեւ կը սկսի մտերիմ զրոյց մը, ուր կը յիշուին Հալէպի թաղերը, դպրոցները, ակումբները, ապա կը համեմատուին անոնք ներկայ բնակավայրերուն հետ, միշտ նմանութիւն մը որոնելով, միշտ բան մը պահելով հինէն, ու՝

-Կը յիշե՞ս, ես Աբիկին պարախումբէն կը պարէի, հիմա Յորդանան կը բնակիմ եւ անցեալ ամիս հոն հայկական հարսնիք մը կազմակերպեցի, տեսնե՛ս, լաւաշներով, չիրերով, նուռերով, հայկական պարերով ու տարազներով. արաբները խենթ եղան, ներկաներէն շատեր հիացան ի տես մեր տարազներուն ու պարերուն...:

Հոն,  խումբ մը միջին տարիքի տղամարդիկ քաղաքական հարցերու մասին կը խորհրդակցին, անոնց արտաքին լուրջ գոհունակութիւնը ակնյայտ է դէմքերէն.

-Նիկոլը շատ բան ըրաւ, պռաւօ իրեն,- կ՚ըսէ մէկը:

-Այո, այս ձեւով եթէ շարունակուի, մի քանի տարիէն շատ լաւ կ՚ըլլայ հայրենիքը,- կը մասնակցի լաւատես մը:

-Բայց խեղճը մինակը ինկեր է այս ցեխին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հարցերը լուծել,- մտահոգուած կ՚ընդմիջէ ուրիշ մը:

-Ո՞վ ըսաւ որ մինակ է, ինչ աղուոր երիտասրդ խումբ մը ունի, որ վստահաբար պիտի աճի աս գալիք ամիսներուն, մաքրագործումի հետեւանքով,- պայծառ գալիքի տեսլականը կը յայտնէ խօսակից մը:

-Յուսանք, որ ամէն ինչ լաւ ըլլայ, միայն խեղճին գլուխը չուտեն,- հին օրինակներու սարսափով լեցուած այս խօսակիցը կ՚արտայայտէ իր միտքը:

Կարելի չէ այս բոլորը դիտել առանց փայլուն աչքերու, առանց ժպիտի, որ նոյնպէս նկատելի է բոլորին դէմքերուն վրայ, աչքերուն մէջ:

Մեղեդիին կեդրոնը տեղակայուած շատրուանին կաթիլներուն կը հպի զեփիւռը, որ կամաց-կամաց, գիշերուան ժամանումով, մեղմ հովի կը վերածուի ու կը տարածէ ջուրին զովութիւնը յաճախորդներուն ջերմ յուշերն ու զրոյցները զովացնելով:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018