ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԱՍԻՆ. ՉՎԱԽՆԱՆՔ, ԲԱՅՑ ՀԱՇՈՒԻ ԱՌՆԵՆՔ
Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ հայ մամուլին նուիրուած հանդիպում-ժողովը կարեւոր առիթ մը կը դառնար զննող հայեացք մը նետել այսօրուան, մանաւանդ, գրաւոր մամուլի պարզած ընդհանուր իրավիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ վաղուան մարտահրաւէրներուն մասին։ Մամուլի խնդիրները բաւական բարդ են, եթէ հաշուի առնենք նիւթական դժուարութիւնները, որոնք իրենց ծանր ազդեցութիւնը կը գործեն ո՛չ միայն հայկական մամուլի պարագային, այլեւ շեշտակիօրէն «կը պարտադրեն», որ գրաւոր մամուլը նահանջէ ու շատ մը պարագաներու իր վերջնական «հանգիստը» գտնէ։ Եւ այս առումով ալ աւելի քան բացորոշ սկսած է դառնալ, որ մամուլի «առաքելութեան» խնդիրը տպագիր տարածքէն պիտի փոխադրուի համացանցի աշխարհ, իր ետին թողլով թուղթ ու մելանով տպուած թերթերուն պատճառած գերագոյն հաճոյքն ու տպագրուած նիւթերը «շօշափելի» դարձնելու երանութիւնը։
Ի դէպ, եթէ համացանցային մամուլին մասին խօսինք, ապա պիտի նշմարենք, որ նաեւ այդ ոլորտին մէջ յառաջատարը կը շարունակէ մնալ Հայաստանը։ Այսինքն հակառակ անոր, որ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին բաւական լայն հնարաւորութիւններ, սփիւռքի համացանցային մամուլը տեղ մը որակով եւ նոյնիսկ քանակով կը զիջին հայաստանեանին առջեւ։
Հայաստանի մէջ մարդիկ ո՛չ տպագիր մամուլէն, ոչ ալ առցանց մամուլէն կը վախնան, քաջ գիտնալով նաեւ, որ շատ մը պարագաներու համացանցային մամուլը կը վերածուի «դեղին մամուլի», տակնուվրայ փորձել ընելով ամէն արժէք եւ հիմնաւորում...
Պարագան նոյնը չէ սփիւռքի համար, ուր որեւէ տպագիր խօսք, համացանցի սարդին վրայ երեւցած գրութիւն կամ տիպ, պիտի դառնայ ուշադրութիւն-առանցք մը՝ սփիւռքի հասարակական-հաւաքական կեանքը տնօրինող կողմերուն։ Պատճառները ցարդ յայտնի չեն այդ մտավախութիւններուն, սակայն ակներեւ է, որ սփիւռքի լայն հատուածները դէմ են նորարար մօտեցումներու։
Սովորական ծանուցագրերէն, մինչեւ գաղութի մը կամ համայնքի մը կրօնական առաջնորդին հերթական այցն ու քարոզը՝ սփիւռքը կը շարունակէ կրել աւանդական շպարներով առաջնորդուելու գաղափարը, առանց սակայն մտածելու, որ «մոնոթոնիզմ»ը, կրկնութիւնն ու միօրինակ մօտեցումները կրնան ճահճացնել եւ նոյնիսկ սպաննել մեր հաւաքական կեանքը, կամ այդ կեանքի կարեւոր բաղկացուցիչներէն համարուող՝ մամուլը։
Ամէն պարագայի տակ, մամուլի մասին մտահոգութիւններ ներկայացնելը, այդ մամուլին խնդիրները ջուրի երես հանելու մօտեցումները եւ առհասարակ վաղուան խնդիրները այսօր քննարկելու ունակութիւնները միով բանիւ ողջունելի են։
Այս բոլորէն անդին եւս կարեւոր է լսել այն մարդոց տեսակէտը, որ հակառակ հաստատութենական կառոյցներէ հեռու ըլլալնուն, կը փորձեն հայ մամուլի խնդիրներուն մասին մտածել, այդ խնդիրները քննարկել եւ ի վերջոյ այդ խնդիրներէն դուրս գալու ճանապարհներ մատնացոյց ընել։
Այդ անձնաւորութիւններէն է բնիկ հալէպցի եւ ներկայիս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ հաստատուած Հրաչ Քալսահակեանը, որ հիմնադիրն ու տնօրինողն է «Ազատ-հայ փորթալ»ին։ Լսենք, թէ ինչ կը խորհի մեր հայրենակիցը հայ մամուլի խնդիրներուն մասին։
-Վերջին շրջանին, ականատես եղանք հայ մամուլին վերաբերող խնդիրներու արծարծման։ Այս առումով ալ ամենակենսական հարցը, որ բարձրաձայնուեցաւ, այն հարցադրումն էր, թէ արդեօք մամուլը աշխատանք է՞, թէ՞ առաքելութիւն։ Ի վերջոյ որպէս մամուլի աշխարհին մէջ ներդրում ունեցող անհատ, ձեր տեսանկիւնէն ի՞նչ ըսել է հայ մամուլ։ Ի՞նչ ըսել է մամուլի ճամբով առաքելութիւն իրականացնել եւ ի վերջոյ ի՞նչ առաքելութեան մասին է խօսքը։
-Սփիւռքի մէջ կան որոշ պաշտօններ, որոնք համազգային կշիռ կը ներկայացնեն. օրինակ՝ կրթութիւն, լրագրութիւն, քահանայութիւն եւ այլն: Այս պաշտօնները նկարագրելու ատեն սովորութիւն դարձած է «առաքելութիւն» բառը օգտագործել, մեկնելով այդ հինաւուրց հասկացողութենէն, ըստ որուն՝ այդ գործերը ստանձնող մարդիկ ընդհանրապէս ազգին ծառայութիւն մը կը մատուցեն:
Դժբախտաբար այս մօտեցումը ունի զուտ զգացական իմաստ եւ հեռու է ներկայ ժամանակներու պահանջներէն: Կարելի չէ այլեւս մարդիկը գնահատել սոսկ «վարձքդ կատար» ըսելով: Անոնք պէտք ունին նիւթական վարձատրութեան: Իմ կարծիքով, մամուլը առաքելութիւն մը չէ, այլ միւս գործերուն նման կարիքի մը արդիւնքն է: Մենք կարիք ունինք տեղեկութիւն ստանալու, իսկ լրագրողները այդ կարիքը կը հոգան, հետեւեաբար անոնք պէտք է վարձատրուին իրենց կատարած աշխատանքին համար:
Քանի որ չունինք ազատ մամուլ, մեր լրագրողները զրկուած են ընթերցողին հետաքրքրութիւն գրաւող նիւթեր հետապնդելէ: Անոնք կը բաւականան արտատպումներ կատարելով եւ այս կամ այն պաշտօնական կեցուածքները մեկնաբանելով: Արդիւնքը կ՚ըլլայ, որ անոնք կը լճանան ու իրենց հետ կը լճացնեն հասարակութիւնը: Երբեք ուրեմն զարմանալի չէ, որ տպագիր մամուլին ընթերցողներուն թիւը հետզհետէ պիտի պակսի։ Ամբողջ սփիւռքի հայ տպագիր մամուլին տպաքանակը այժմ թերեւս չ՚անցնիր երեք հազարի սահմանը, որուն կէսը հաւանաբար «քաղաքավարութեան վնասներ» կրող բաժանորդներն են:
Ամփոփելով ըսեմ, թէ այսպիսի պայմաններու տակ գտնուող լրագրական ասպարէզը «առաքելութիւն» կը սեպուի միայն անոր հարցերով զբաղիլ չուզողներու աչքին: Մինչդեռ տրամաբանական մօտեցում ունեցողներուն համար անիկա բնական գործ մըն է, որ կարիք ունի բնական պայմաններու եւ պէտք է առաջնորդուի նիւթական հատուցումի բնական օրէնքներով:
-Մանաւանդ սփիւռքեան մակարդակի վրայ լուրջ մտավախութիւններ կան համացանցի միջոցաւ տարածուող էջերու մասին։ Ան որքանո՞վ մտահոգիչ է, կամ արդեօք իրապէս պէտք է՞ վախնալ համացանցէն։
-Համացանցային մամուլը տպագիր թերթի մը արդիական ձեւն է: Անոնք որոնք անցեալին կը վախնային տպագիր մամուլէն, ինքնաբերաբար այժմ պիտի վախնան համացանցային տեղեկատուական միջոցներէն, նոյնիսկ պիտի սոսկան, քանի որ դժուար պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ:
Մենք վարժ ենք տպագիր մամուլին, քանի որ լաւապէս սորված ենք այդ մամուլը հակակշռելու եւ անոր վրայ իշխանութիւն բանեցնելու միջոցները: Առցանց մամուլը սակայն դժուար հակակշռելի է: Այդ պատճառով հայ մամուլին վրայ գերակայութիւն կիրառող մարմինները պիտի նախընտրէին, որ առցանց մամուլը երբեք գոյութիւն չունենար: Մեր բախտը բերած է սակայն, որ այսօր համացանցը կայ, որպէսզի մեզի նման փոքր ու ցիրուցան ազգեր կարողանան լաւապէս օգտուիլ ընձեռուած հնարաւորութիւններէն: Կրնամ վստահեցնել, թէ հոսանքը այդ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ: Հաւանաբար քանի մը տարիէն, առաւելագոյնը 10-15 տարիէն, սփիւռքահայ տպագիր մամուլը լրիւ պիտի անհետանայ ու փոխարինուի առցանց տարբերակով, որ բոլորովին տարբեր որակ մը պիտի ստեղծէ սփիւռքահայ տպագիր մամուլին հետ բաղդատմամբ: Սփիւռքահայ տպագիր մամուլը պիտի կարենար աւելի երկար ու իմաստաւոր կեանք մը ունենալ, եթէ այլ կանոններով գործէր ու ենթակայ չըլլար անգրագէտ պատասխանատուներու քմահաճոյքին, բայց դասական այս մամուլը դասական յուղարկաւորութենէ զատ այլ բանի արժանի չէ:
-Խօսքի ազատութիւնը մամուլին անկեղծ ու յաճախ տուժող ընկերն է, սփիւռքեան կտրուածքով «խօսքի ազատութիւն» սահմանումը գոյութիւն ունի՞, կամ ձգուած է պատահականութեան եւ մենաշնո՞րհն է կարգ մը «խենթեր»ու։ Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։
-Հազուագիւտ պարագաներու կարելի է խօսքի ազատութեան դրսեւորումներու հանդիպիլ սփիւռքահայ մամուլի այն հատուածին մօտ, որ կը տիրապետէ տպագրական եւ տեղեկատուական միջոցներուն: Այդ բնագաւառին մէջ աշխատողները պաշտօնական տեղեկատուութեան խօսափողներ են, այսինքն պալատական լրագրողներ (պալատ չկայ բայց պալատական բարքերը կը շարունակուին):
Բարեբախտաբար, վերոնշեալ շրջագիծէն դուրս կը գտնուին որոշ մարդիկ, որոնք նոր հորիզոններ որոնելու ճանապարհին վրայ են: Անցեալին այդպիսի մարդոց նախաձեռնածը խենթութիւն կամ արկածախնդրութիւն կը սեպուէր, բայց հիմա կամաց-կամաց անոնք կը դառնան նշաձողը սահմանողները: Այդպիսիներուն թիւը պիտի աճի եւ անոնց ներկայութեամբ հայ մամուլը նոր փուլ պիտի թեւակոխէ:
-Գրաւոր մամուլի ապագային մասին ի՞նչ կը մտածէք. արդեօք ան իրապէս վտանգուա՞ծ է, կամ այդ մասին հնչող վարկածները քիչ մը չափազանցուա՞ծ են։
-Եթէ խօսքը տպագիր մամուլի մասին է, այո՛, ան դատապարտուած է անհետացումի: Մեր քով աւելի շուտ պիտի անհետանայ, որովհետեւ փոքր եւ ցիրուցան ազգ ենք եւ հնարաւոր չէ տպագիր միջոցներով տեղեկատուութիւն հասցնել աշխարհագրական լայն տարածում ունեցող մեր զանգուածներուն, մանաւանդ եթէ այդ տեղեկատուութիւնը, վերը նշուած պատճառներով, անբովանդակ է: Գրաւոր մամուլը պիտի շարունակուի, ի հարկէ առցանց ձեւով: Ան որ կը փափաքի տպագրել որեւէ էջ, կրնայ իր տպագրական մեքենայով ելեկտրոնային էջը թուղթի վերածել ու իր ձեռքերով զայն շօշափել: Եթէ անհատը անցեալը վերապրելու տենչով համակուած է, կրնայ դալուկ ու յատուկ բոյր ունեցող թուղթի վրայ տպել թերթը:
-Այս բոլորէն անդին, ինչի՞ պէտք ունի սփիւռքի հայկական մամուլը, մրցելու համար միջազգային արժեչափեր պահպանող լրատուամիջոցներու հետ։ Ի՞նչ կ՚առաջարկէք։
-Հայ մամուլը ի բնէ ունի կարեւոր առաւելութիւն մը՝ հայ իրականութիւնը ներկայացնելու «մենաշնորհը»: Միջազգային արժեչափերուն որդեգրումը պիտի նպաստէ, որ սոյն գործը լաւ ձեւով կատարուի ու հայ ընթերցողը զգայ, թէ օգուտ կը քաղէ մամուլէն: Դժբախտաբար, հիմա այդպէս չէ վիճակը, քանի որ մակաբոյծներուն թիւը կենարար տարրերէն շատ աւելի է: Ապաքինումի բաղադրատոմսը պարզ է՝ մամուլը ազատել ամէն տեսակի մակաբոյծներէն (մանաւանդ անգրագէտ պատասխանատուներէն), ըլլայ ատիկա տպագիր կամ առցանց մամուլի բնագաւառներուն մէջ: Վերջինը, այսինքն առցանց մամուլը, դէպի վեր տանողը մեր ճանապարհն է, ուր պիտի չկարենան մակաբոյծները հասնիլ: Այդ է մեր ապագայի հանգանակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան