ՖՐԱՆՍԱ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ… (2)
Ֆրանսա այս տարի իր Ազգային տօնը կը նշէ ներքին քաղաքական մեծ անորոշութեան մը մէջ։ 14 յուլիսի վաղուան տօնակատարութիւններէն վերջ, Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի ընդունի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի հրաժարականը։ Այսպէս, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ պիտի սկսին նոր որոնումներ։ Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ Ֆրանսայի քաղաքական-հասարակական կեանքը՝ տակաւին պարզ չէ։ Միայն յայտնի է, որ Մաքրոնի քաղաքական յետագիծը կամ ուղղութիւնը ուժեղ հարուածներ ստացած է։ Հասարակութեան կողմէ իր դէմ նետուած ձեռնոցը ունի նաեւ արտաքին որոշիչ դրդապատճառներ։
Մինչ այդ, Մաքրոն եւ իր կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն հազիւ փրկուեցան ընդհանուր ընկղմումէ մը։ Այլապէս, ան պիտի պարտաւորուէր արագօրէն հրաժարական ներկայացնելու։ Հաւանական հրաժարականին մասին յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Էլիզէի պալատի դիւանը՝ հանրութեան յիշեցնելով, որ եթէ ընտրութիւններու արդիւնքը նախագահի սրտով չըլլայ, ապա ան պիտի հրաժարի։ Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր, որ Մաքրոն միշտ յարգած է նախագահական հաստատութեան անգիր կանոնները ու ան նախ կ՚ուսումնասիրէ ընտրութեան արդիւնքները, յետոյ կը վճռէ մնալ իր աթոռին կամ ոչ։ Այս հաղորդագրութիւնը, արդէն յուշեց, որ Ֆրանսա կ՚ապրի ներքին ճգնաժամ մը։ Այստեղ ուղենշային կէտ է, որեւէ յաղթած ուժ չկայ, չկայ նաեւ կեդրոնաձիգ առաջնորդ մը, որուն շուրջ պիտի բոլորուին երկրին քաղաքական ուժերը։
Ներքին պայքարները մէկ կողմ, սակայն, ո՞վ չի գիտեր, որ զանազան առումներով թէ՛ Եւրոպան եւ թէ յատկապէս Ֆրանսան կ՚ապրին մեծ հարցումներով առլցուն ժամանակաշրջան մը։ Հակառակ այս բոլորին, աւելի քան յստակ կը դառնայ, որ ներքին ճակատի հիմնական դերակատարներէն ոեւէ մէկը կը մտածէ կամ կը շարժի հաշուի առնելով երկրի շահերը։
Թէ ի՞նչ դրոյթներով եւ որո՞ւ ներուժով Ֆրանսա կարողացաւ յաղթահարել այս փուլը ու կերպով մըն ալ հեռու պահել Մարին լը Փէնի ծայրայեղական շարժում-հոսանքը։ Սա պէտք է վերագրել այն ներքին բնազդին, որ տակաւին ամրագրուած կը մնայ ֆրանսացի ժողովուրդի հոգիին ու հաւաքական խղճին մէջ։ Ամէն պարագայի ու այս բոլորի հետ հաշուի նստելէ անդին եւ տեղ մըն ալ հասկնալով, որ յառաջիկայ շրջանը երկունքի փուլ մը պիտի ըլլայ Մաքրոնին համար, ապա պէտք է արձանագրել, որ տեսանելի ապագան մեծ հարցումներով լեցուն է Մաքրոնին համար, որ բարենորոգչական ոգիով իշխանութեան հասած է։
Արդեօք սա սկի՞զբն է Մաքրոնի քաղաքական կեանքի վախճանին կամ իրադարձութիւնները, ընտրութիւններու արդիւնքները յաւելեալ առիթ մը կրնան տալ նախագահին, որպէսզի ան կարողանայ դարձեալ ոտքի կանգնիլ, զօրացնել իր թիկունքը, ձեռք երկարել խորհրդարանի ձախակողմեաններուն, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ համախոհական կառավարութիւն մը հիմնել։ Ներկայիս հարցումներու փուլն է եւ ամենաուշագրաւ հանգամանքն է, որ հարցումները լսելի կը դառնան Ֆրանսայի մեծ անորոշութիւններու շրջափուլին մէջ։
Ի դէպ, հայ քաղաքական վերլուծաբաններ ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Անոնցմէ Սուրէն Սուրէնեանց եւ Յակոբ Պատալեան արտայայտած են ուշագրաւ կարծիքներ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՍՈՒՐԷՆ ՍՈՒՐԷՆԵԱՆՑ
«Ըստ իս, Մաքրոն լուծեց իր վարուելագիտական խնդիրը՝ խուսափեցաւ քաղաքական ձախողումէ, դեռ աւելին՝ ջարդեց աջակողմեան ալիքը, որ յառաջ եկած էր Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք՝ Մարին լը Փէնի ղեկավարած ուժի յաղթանակով։ Ֆրանսայի արտահերթ ընտրութիւններէն վերջ այդ ուժը առայժմ երրորդն է: Միեւնոյն ժամանակ, Մաքրոն չկարողացաւ լուծել հիմնական խնդիրը։ Ազգային ժողովին մէջ տկարացուց իր քաղաքական յենարանը եւ ամենակարեւորը՝ վարչական ճգնաժամը չկարողացաւ յաղթահարել, չկարողացաւ լուծումներ առաջարկել, համօրէն ճգնաժամը պահեց՝ լաւագոյնս մինչեւ 2027 թուականը։ Մնաց որ, եթէ նորընտիր խորհրդարանին մէջ քաղաքական համաձայնութիւն մը չգոյանայ, ապա այդ լաւագոյնը կրնայ վերածուիլ մի քանի ամսուան: Ամփոփում. Ֆրանսայի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով ամրագրուեցաւ երկրի տագնապալի իրավիճակը եւ իսկական յաղթողներու փոխարէն՝ ի յայտ եկան համակարգային մարտահրաւէրները։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՅԱԿՈԲ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան երկրորդ փուլը առաւել բարդացուց՝ առաջին փուլի արդիւնքը։ Եթէ առաջին փուլին Մարին լը Փէնի առաջնորդած աջակողմեանները յաղթանակ տարած էին, ապա երկրորդ փուլին անոնք դարձան երրորդ: Երկրորդ փուլի արդիւնքով՝ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը պիտի կազմեն կա՛մ Մելանշոնի գլխաւորած ձախակողմեան ուժերու դաշինքը եւ կամ Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը։ Հակառակ յաղթանակին, ձախակողմեան դաշինքը ի վիճակի չէ ինքնուրոյն ձեւաւորել կառավարութիւն մը: Ձախակողմեանները կրնան համախոհական կառավարութին ձեւաւորել Մաքրոնի կամ Լը Փէնի հետ: Ի հարկէ, գրեթէ անհաւանական է, որ ձախակողմեանները համախոհութիւն կազմեն աջակողմեաններուն հետ։ Անհաւանական է նաեւ Մաքրոնի եւ Լը Փէնի համախոհութիւն կազմելը: Հետեւաբար, Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութեան ամենահաւանական տարբերակը կ՚ըլլայ Մաքրոն-Մելանշոն համախոհութիւնը, այսինքն՝ ձախակողմեաններու եւ որոշ իմաստով կեդրոնի միջեւ: Ակնյայտ է, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնը ի յայտ բերած է Ֆրանսայի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ բաւական բարդ խճանկարը:
Ֆրանսա նախագահական ուժեղ իշխանութեամբ պետութիւն մըն է։ Այնուամենայնիւ, խորհրդարանին ուժերու յարաբերակցութիւնը չի կրնար չազդել նաեւ նախագահի գործունէութեան եւ կենսունակութեան վրայ: Պատասխանը թերեւս այն է, ըստ երեւոյթին, Մաքրոն լաւ պատկերացուց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն առաջ իր կուսակցութեան Ազգային ժողովին մէջ ունեցած մեծամասնութիւնը լրիւ չէր ցոլացներ երկրի առկայ հասարակական տրամադրութիւնները։
Միեւնոյն ժամանակ, ի հարկէ, Հայաստանի համար ալ շատ կարեւոր է հասկնալ Ֆրանսայի ընթացքը՝ մանաւանդ Փարիզի արտաքին քաղաքականութեան հաւանական փոփոխութիւնները կամ երանգաւորումները։ Հայաստանի եւ Կովկասի վերաբերեալ առկայ բարդ իրողութիւններու վիճակին մէջ Ֆրանսայի նոր իրադրութիւնը կը ստեղծէ անորոշութեան օճախներ, որոնց վրայ պէտք է աշխատիլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024