ՍԽԱԼ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ…
Առաջին անգամը չէ, որ ՀՏՓ կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան կը փորձէ «աստղ» դառնալ մասնաւորապէս սփիւռքի հայութեան լայն հասարակութեան համար: Ասկէ առաջ ալ նոյնանման խօսքերով եւ քարոզչութեամբ ան փորձած է շահիլ «սիրտ»ը սփիւռքի այն հատուածներուն, որոնց համար կարեւորը ոչ թէ խօսքին խորութիւնն է, այլ՝ Թուրքիոյ դէմ սուր խօսքերուն արձագանգը:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին երեւելի է նաեւ, որ Պարոն Փայլան փորձեց դառնալ դարձալ ոչ միայն պոլսահայութեան ձայնը, այլ նաեւ ինքզինք ներկայացուց որպէս արեւմտահայութեան դատին առաջին եւ վերջին պաշտպանը Թուրքիոյ մէջ:
Պահ մը եթէ ընդունինք, որ Փայլան նախ եւ առաջ իր կուսակցութեան «հայկական թեւ»ի բանբերն է, ապա աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հասկնալ անոր խօսքին ընդհանուր բովանդակութիւնն ու իմաստը: Իր ելոյթներով ան հատեց մինչ այդ ընդգծուած բոլոր կարմիր գիծերը եւ շատ յաճախ պապէն աւելի պապական ըլլալ փորձելով՝ իր վրայ կեդրոնացուց բոլոր լոյսերը:
Պէտք է նաեւ նշել, որ սփիւռքի հայութեան մեծ տոկոսին համար ալ հաճելի է լսել Փայլանի ամպագոռգոռ ելոյթները ու սփիւռքի անհեռանկար տեսադաշտը լեցնել շատ յաճախ զգացական, բայց հաստատապէս անօգուտ խօսքերով:
Սփիւռքի խնդիրը մէկ կողմ, բայց այսօր կարեւորը Փայլանի բերնով հնչած պոլսահայութեան մասին անհիմն «հաստատում»ներու հարցն է:
Հասկնալու համար պոլսահայութեան ընդհանուր վիճակը, պէտք է ճիշդ դիտարկել Պոլիս ապրող մեր արենակիցներու մեծամասնութեան կարծիքը:
Սխալ ալ չէ, որ այսօր Պոլսոյ մէջ կան, կ՚ապրին եւ կը գործեն ներկայ իշխանութիւններուն դէմ հակակրանք ունեցող հատուածներ: Խնդիրը այդ չէ: Խնդիրը այն է, որ ԱՔ կուսակցութեան կամ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ ՐէՃէպ Թայյիպ Էրտողանի ընդդիմախօսները համայնքին քանի տոկոսը կը կազմեն: Ու եթէ այդ առումով նոյն պարոն երեսփոխանը գիտէ թիւերու իրական պատկերը, ապա անոր կատարածը ոչ միայն աժան ամբոխավարութիւն է, այլ աւելի՛ն, վտանգաւոր հրահրում:
Այս միտքերը ուրուագծուեցան յատկապէս Փայլանի Tert.am կայքին տուած այն հարցազրոյցէն ետք, ուր ան մտահոգութեամբ մը հանդէս գալով կը յայտարարէր, թէ պոլսահայերը մասնաւորապէս 15 Յուլիսի դէպքերէն ետք յայտնուած են վախի մթնոլորտի մը մէջ: Նման խօսք մը, շատ արագ կերպով տարածուելէ բացի, պիտի ընկալուէր որպէս իրական ահազանգ:
Բայց գետնի վրայ իրօք այդպէ՞ս էր:
Պոլիս չապրելուս համար, ինքզինքիս իրաւունք պիտի չտամ այս հարցադրումին պատասխանելու եւ վստահելով կարգ մը ինծի հարազատ ընկերներու դիտարկումներուն՝ պիտի ըսեմ, որ ո՛չ, այդպէս չէ:
Եթէ 15 Յուլիսի յաջորդող օրերուն Թուրքիոյ ու մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ որոշ լարուած մթնոլորտ մը կար, ապա այդ մէկը բնական էր ու եղած պրկումը, երբեք թիրախ չունէր տեղւոյն բնիկ կամ տարբեր պայմաններու բերումով Թուրքիա հաստատուած հայերն ու հայաստանցիները:
Այս բոլորէն զատ ըսել, որ պոլսահայութիւնը կ՚ապրի վախի մթնոլորտ մը, անհեռատես գործիչի մը ըրած յայտարարութիւնն է:
Նման խօսքեր, առաջին անգամը չէ, որ կը հնչեն ու այս խօսքերը կրնան ծառայել միայն մթնոլորտի յաւելեալ շիկացման:
Ճիշդ է, որ կրնան մի քանի հայ պաշտօնեաներ, իրենց պաշտօնէն տարբեր պատճառաբանութիւններով աշխատանքէ հեռացուիլ, կամ ընդդիմադիր լրագրողի մը անցագիրը կրնայ ի պահ դրուիլ ու յետոյ վերադարձուիլ: Կան այս բոլորը (յիշեցման համար այստեղ պէտք է յիշատակել Երեւանի մէջ կատարուած տխուր իրադարձութիւնները, երբ Երեւանի ոստիկանութիւնը կարգը պահպանելու համար անտեսեց բոլոր ընդունելի չափանիշները եւ լախտի հարուած իջեցուց «հասարակութեան» գլխուն), ու չի բացառուիր, որ այսպիտի մօտեցումներ եւ դէպքեր ապագային ալ պատահին, բայց այս եղածները, որպէս հայութեան ուղղուած սպառնալիք ներկայացնելը առնուազն արդարանալի չէ:
Մտահոգիչ է նաեւ, որ Պոլսոյ մէջ համայնքի առօրեայէն ներսեղած դէպքերը յաճախ սխալ ձեւով կը ներկայացուին: Այս առումով կարեւորագոյն օրինակը Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ի տարածքը համայնքին վերադարձուելու հարցն էր: Ու այդ հարցն էր, որ սխալ ներկայաց-ւեցաւ ու մինչեւ օրս խնդրի լուծման հիմնական կողմ կը ներկայացուի «Նոր զարթօնք» խումբը. բան մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Ճիշդ է, որ այդ երիտասարդները բողոքի ձայն բարձրացուցին, սակայն խնդրին կարգաւորումը եւ պետական մարմիններուն ճիշդ միջամտութիւնը ապահովողը այդ տղաքը չէին: Վստահ եմ, որ կան այսպիսի տասնեակ օրինակներ, որոնց ներկայացումն ու ճիշդ լուսաբանումը օգտակար կը դառնան հասկնալու համար, թէ Պոլսոյ մէջ այսօր, ո՛վ, ի՛նչ կ՚ընէ: Ո՛վ տրուած է յայտարարութիւններ ընելու մոլութեան եւ ո՛վ է նաեւ, որ լոյսերէ հեռու գործելով կ՚ապահովէ համայնքի շահերն ու կը փորձէ պահպանել անոր անվտանգութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ եղածները կատակ չէին:
Հազարաւոր զինուորներ, տարբեր ջոկատներու եւ զօրամասներու ղեկավար սպաներ, լրագրողներ, պետական գործիչներ այսօր բանտարկուած են: Պետական մարմինները կարեւոր ճիգ կը գործադրեն անցնցում կերպով ապահովելու համար երկրի կայունութիւնը:
Անկախ անկէ, որ հայկական սփիւռքը ի՛նչ կը մտածէ եղած ձախող յեղաշրջման մասին՝ պէտք է շեշտակիօրէն ըսել, որ արիւնով, բռնութեամբ եւ իշխանութիւնը զաւթելու ցանկացած փորձ վտանգաւոր պիտի ըլլար հայութեան համար:
Այս մասին է, որ պէտք է դիտարկէ Կարօ Փայլանը ու փոխանակ ներկայ նուրբ հանգրուանին փորձէ, ինչ որ բանով նպաստել պոլսահայ զանգուածներուն մօտ յաւելեալ վստահութիւն ներշնչելու։ Ան նոյն իր հին-նոր հրահրումներով կը փորձէ վնասակար աղմկարարութեամբ միաւոր վաստակիլ:
Նահատակ Հրանդ Տինքն էր ըսողը, որ ժողովրդավար հիմնունքներով գործող եւ յառաջդիմող Թուրքիա մը շատ աւելի նպաստաւոր է հայութեան եւ Հայաստանի համար, քան Թուրքիա մը, որ կ՚ապրի քաոսի մէջ:
Տարբեր երանգներ, տարբեր խնդիրներ եւ տարբեր առաջնահերթութիւններ ունեցող Թուրքիոյ մէջ մանաւանդ այս պահուն պահանջուածը՝ սթափութիւնն է:
Ասկէ առաջ ալ գրած ենք, որ պոլսահայութեան համար ամենէն էականը անոր անվտանգութեան պահպանումն է: Ու փոխանակ սփիւռքի նուրբ թելերուն վրայ խաղալու ու Պոլսոյ ընդհանուր պատկերը սարսափի ֆիլմի վերածելու՝ լաւ պիտի ըլլար, որ պարոն Կարոն ինք առաջին հերթին ըսէր, որ պոլսահայերը այսօր թիրախ չեն: Ճիշդ է, որ իր երկիրը տագնապի մէջ է, բայց յստակ է նաեւ, որ հայութեան ընդհանուր վիճակը մտահոգիչ չէ: Գաղտնիք ալ չէ, որ պոլսահայութիւնը այսօր բնականոն հունով մը կը շարունակէ իր կեանքն ու առօրեան:
Վերջին շրջանին ամէնօրեայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ եղած դէպքերը քննարկող լրատուամիջոցներն ու վերլուծաբանները (ես նկատի ունիմ արաբական աշխարհի մամուլի ջախջախիչ տոկոսը) այսօր կը յայտարարեն, որ այս ծանր քննութենէն եւ Ռուսաստանի հետ նոր էջ մը բանալէ վերջ՝ Թուրքիան յաղթահարած է իր գոյութեան սպառնալիք բաւական աղօտ փուլը, մտած է նոր շրջան մը:
Այս ամբողջին մէջ է նաեւ, որ թրքահայութիւնը պէտք է շատ զգուշաւոր եւ հաւասակշռուած կեցուածքով հանդէս գայ:
Պէտք եղածը խնկարկումներ չեն: Կարեւորը «կեցցէ՛ թագաւորը ըսելը չէ», այլ հասկնալ՝ որ ի՛նչ տեսակ իշխանութեամբ Թուրքիա մը նպաստաւոր է թրքահայոց համար:
Տարբեր ալիքներէ անցած, տարբեր տաք ու պաղ ջուրեր տեսած, երկնասլաց գմբէթներէն առ Աստուած մաղթանքներ բարձրացնող պոլսահայերը ունին տեսանելի ու յաճախ թաքուն ներքին դիմադրականութիւն մը, ինչ որ զիրենք պահած է բոլոր օրհասներուն եւ վտանգէն տարած՝ խաղաղ ու ապահով ափ: Իսկ մնացած բոլոր ամբոխավարական ելոյթները, մամուլին տրուած խօսքերը կամ ձեւական արարքները ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը օգտակար են հայութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024