ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:

Տէրունական աղօթքի աստուածային խնդրանքներուն վերջինն է այս խնդրանքը, որով մեր Փրկիչը կը սորվեցնէ մեզի խնդրել, որպէսզի մեր Հօր Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ ալ, ինչպէս որ կը կատարուի երկինքի մէջ: Աստուծոյ կամքին կատարուելու այս խնդրանքը կը յաջորդէ Անոր արքայութեան գալու խնդրանքին, որովհետեւ եթէ Աստուծոյ արքայութիւնը՝ թագաւորութիւնը չի՛ տիրեր մարդոց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, բնականաբար Անոր կամքը չի կատարուիր, որով հասկնալի կը դառնայ աղօթքի կառուցուածքին տրամաբանական կառոյցը, նախ կը խնդրենք, որ մեր Հայրը Իր թագաւորութիւնը հաստատէ մեր մէջ, այսինքն՝ մեր ենթակայութիւնը կը յայտնենք Անոր, նոր կը խնդրենք Անկէ, որպէսզի Իր կամքը կատարէ մեր մէջ:

Այս խնդրանքին մէջ կան հիմնական երեք կէտեր, որոնց մասին պէտք է անդրադառնանք, լաւապէս հասկնալու համար իմաստը այս խնդրանքին: Այդ կէտերը հետեւեալներն են.

ա) Հօր Աստուծոյ կամքին կատարումը:

բ) Երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները:

գ) Երկրի վրայ որո՞նք պէտք է Հօր Աստուծոյ կամքը կատարեն:

ա) Հօր Աստուծոյ կամքին կատարումը. նախ եւ առաջ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ կամք: Գնէլ Արք. Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան իրենց կազմած բառարանին մէջ քանի մը կերպերով կը բացատրեն կամք բառը. այստեղ կը մէջբերեմ այն բացատրութիւնները, որոնք առընչութիւն ունին աստուածային կամքին: Այսպէս. «... 3. Ուզելը՝ ուզուածը, ցանկութիւն, փափաք, բաղձանք: 4. Հաճութիւն, հաւանութիւն, յօժարութիւն, համաձայնութիւն, կամեցողութիւն՝ ընդառաջելու բանի մը: ... 8. Հրաման, պատգամ, պատուէր, թելադրութիւն, թելադրանք, առաջարկ, խրատ, ցուցմունք»1: Տրուած բացատրութիւններէն կը հասկնանք, որ աստուածային կամքը կրնանք հասկնալ ու ըմբռնել, թէ՛ որպէս կամեցողութիւն, փափաք կամ ցանկութիւն եւ թէ ալ միաժամանակ՝ պատգամ, հրաման, պատուէր, ինչպէս նաեւ երբեմն ալ՝ առաջարկ կամ խրատ:

Հիմա տեսնենք Աստուածաշունչը ի՞նչ կ՚ըսէ Աստուծոյ կամքի մասին: Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ կամքին մասին յաճախակի կերպով անդրադարձած է մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս նաեւ Պօղոս առաքեալն ու միւս առաքեալները՝ իրենց Ընդհանրական թուղթերուն մէջ: Այսպէս, մեր Տիրոջ խօսքերէն կը մէջբերենք հետեւեալները. «Ես Ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն Իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ Իմ կամքս, այլ կամքը Անոր՝ որ զԻս ղրկեց» (Յհ 5.30). Յովհաննէսի աւետարանին մէջ տեղ գտած այս տողերէն կը հասկնանք, որ նախ եւ առաջ մեր Տէրը ո՛չ թէ Իր կամքը կը գործադրէր աշխարհի վրայ, այլ՝ կամքը Անոր, այսինքն՝ Հօր Աստուծոյ, որ զԻնք ղրկած էր աշխարհ: Այս տողերը կարդալով ոմանք կը մոլորուին եւ կը տարուին մտածելու, թէ մեր Տէրը՝ Քրիստոս, Աստուծմէ աւելի փոքր է եւ կամ հաւասար չէ Աստուծոյ, այն ինչ ո՛չ մէկ բան կայ այդպէս, ընդհակառակը, Քրիստոս Ս. Երրորդութեան երկրորդ դէմքն է, իսկ Երրորդութիւնը մէ՛կ Աստուածութիւն, մէ՛կ իշխանութիւն, մէ՛կ կամք, մէ՛կ թագաւորութիւն, եւ այլն: Արդարեւ, այստեղ, այս համարը կարդացած ժամանակ պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ միշտ մեր միտքերուն մէջ ունենանք այն ճշմարտութիւնը, որ Իր ուսուցումներուն մէջ մեր Տէրը յաճախակի կերպով Ինքզինք՝ մեզի՝ մարդոցս կը նմանցնէր, որպէսզի մենք կարենանք ճիշդ կերպով հասկնալ ու ըմբռնել Իր խօսքերն ու ուսուցումները: Այս լոյսին տակ երբ կարդանք վերոնշեալ համարը, պիտի հասկնանք, որ երբ մեր Տէրը կ՚ըսէ զԻս ղրկողին կամքն է, որ կը գործադրեմ, ատով մեզմէ իւրաքանչիւրիս սորվեցնել կու տայ, մեր երկրաւոր կեանքի ընթացքին Աստուծոյ կամքը գործադրելու եւ առաջնորդուելու Անոր կամքով, որովհետեւ երբ այդպէս կը վարուինք, արդարութեան ճամբաներէն կը քայլենք, որովհետեւ Աստուծոյ կամքին գլխաւոր երեսներէն մէկն է արդարութիւնը, արդարութեան հաստատումը մարդոց մէջ:

Վերը տրուած բացատրութիւնը կը վերաբերի նաեւ հետեւեալ համարին. «Որովհետեւ Ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ Իմ կամքս կատարելու, այլ՝ կամքը Անոր, որ զԻս ղրկեց» (Յհ 6.38): Վերը տրուած բացատրութեան վրայ աւելցնենք նաեւ այս, որ մեր Տէրը այս կերպով խօսելով, կը սորվեցնէ մեզի, թէ այնքան ատեն որ մենք այս երկրի վրայ կ՚ապրինք եւ մենք մեզ կը զգանք որպէս Աստուծոյ զաւակներ, արդարեւ մեր պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ կատարել Աստուծոյ կամքը: Այս կատարումին օրինակն է, որ մեր Տէրը Իր իսկ անձին ընդմէջէն կու տայ մեզի. Ինք Աստուած ըլլալով, այս ամբողջ ստեղծագործութիւնը Իր ձեռագործը ըլլալով, պարզ կերպով կը սորվեցնէ մեզի, որ ի՜նչ բարձրութեան կամ պատուի ալ հասնինք այս աշխարհին մէջ, մի՛շտ համեստութիւնը պէտք է ունենանք, առաւել եւս գիտակցումը՝ Աստուծոյ կամքը գերիվեր համարելու բոլոր միւս բաներէն, որոնք կը շրջապատեն մեզ եւ մաս կը կազմեն մեր բարոյա-հոգեբանական կերտուածքին:

Աստուծոյ կամքի ինչութեան մասին այլ վկայութիւն մըն է նաեւ մեր Տիրոջ հետեւեալ խօսքերը. «Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ Ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ Անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ Ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (Յհ 6.39-40). այս խօսքերուն համաձայն, բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած կոչումին՝ Աստուծոյ զաւակ ըլլալուն, այդպէսով բռնած կ՚ըլլան Աստուծոյ կամքը կատարելու ճանապարհի սկիզբը եւ միաժամանակ ընդունած կ՚ըլլան Յիսուս Քրիստոսին, որպէս՝ Տէր եւ Փրկիչ: Աստուծոյ զաւակ ըլլալը կոչում է մարդուն համար, որովհետեւ այդ ալ Աստուծոյ կամքին մաս կը կազմէ, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս առաքեալը. «Եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը» (Եփ 1.5): Իսկ անոնք՝ որոնք կ՚ընդունին զՔրիստոս, այդպէսով կը տեսնեն ու կը հաւատան Անոր, որով մեր Տիրոջ վերը նշուած խօսքերուն համաձայն յաւիտենական կեանքին եւ յարութիւն առնելու խոստումին կ՚արժանանան: Այս բոլորէն կը հասկնանք, որ Հօր Աստուծոյ կամքին երեսներէն մէկն ալ այն է. Քրիստոսի աշակերտ ըլլալ, այսինքն՝ պատկանիլ Քրիստոսի Եկեղեցիին: Իսկ Քրիստոսի Եկեղեցիին պատկանիլ կը նշանակէ՝ կորուստի չմատնուիլ, այլ՝ յաւիտենական կեանքին արժանանալ, որովհետեւ ա՛յդ է Հօր Աստուծոյ կամքը, համաձայն մեր Տիրոջ անսուտ խօսքին՝ «Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ Ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը»:

Գործք Առաքելոցին մէջ կը կտարդանք հետեւեալ համարը, որ ըսուած է դամասկոսցի Ս. Անանիային կողմէ, որ իր տան մէջ հիւրընկալեց Պօղոս առաքեալը՝ մինչեւ առաքեալ դառնալը: Անանիան այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալին. «Մեր հայրերուն Աստուածը սկիզբէն քեզ ընտրեց՝ ուզելով որ Իր կամքը ճանչնաս, Արդարը տեսնես եւ Անոր ձայնը լսես՝ Իր իսկ բերանէն» (Գրծ 22.14)։ Այս տողերէն կը հասկնանք, որ Աստուծոյ կամքին մէկ այլ երեսն է՝ Արդարը, այսինքն՝ զԱստուած տեսնել եւ Անոր ձայնը լսել՝ Իր իսկ բերանէն: Մարդ արարածը իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին մի՛շտ պէտք է ջանայ հասնիլ այս երանութեան՝ տեսնելու զԱստուած եւ լսելու Անոր ձայնը՝ Իր իսկ բերանէն: Արդարին այդ տեսութիւնը Ս. Եղիշէ Վարդապետ այսպէս կը բացատրէ. «Աստուած նիւթական ձեւով չի՛ պատկերանար եւ աչքին չի տեսնուիր: ... Բայց եթէ Ինքը կամենայ՝ Իր արժանաւորներուն միտքին իմանալի կ՚ըլլայ, թէեւ աչքին չ՚երեւիր: Կ՚երեւի ա՛յն միտքերուն, որոնք ոչ թէ երկրաւոր ճշմարտութեանց, այլ՝ Աստուծոյ հաւատացած են ճշմարիտ կերպով»: Այս բառերէն ալ կը հասկնանք, որ Աստուծոյ տեսութիւնը կ՚իրականանայ, երբ մարդ ճշմարիտ կերպով կը հաւատայ Անոր, կը հաւատայ Անոր ողորմութեան ու բարերարութեան, կը հաւատայ Անոր մարդասիրութեան:

Պօղոս առաքեալի հռոմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ երկու համարներուն. «Դուն որ գիտես Անոր կամքը եւ Օրէնքէն սորված ըլլալով՝ կրնաս զանազանել լաւն ու վատը» (Հռ 2.18). եւ «այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ» (Հռ 12.2). այս երկու համարներէն կը սորվինք, որ Աստուծոյ կամքին մէկ այլ երեսը՝ լաւն ու վատը զանազանելն է: Իսկ թէ ինչպէս մարդ կրնայ լաւն ու վատը զանազանել, ատոր պատասխանն ալ Առաքեալը տուած է, երբ կ՚ըսէ՝ «Օրէնքէն սորված ըլլալով», այսինքն՝ Աստուածաշունչ մատեանէն: Աստուծոյ կամքը ճանչնալու եւ Անոր կամքը կատարելու համար պէտք չունինք հեռուները երթալու եւ կամ թաղուելու փիլիսոփայական մացառուտներու մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ կամքը այդ մացառուտներուն մէջ չէ որ կը գտնուի, այլ՝ Աստուածաշունչի բուրումնաւէտ անդաստաններուն մէջ, ուրկէ մեղր եւ կարագ կը հոսին՝ քացրացնելով բոլոր անոնց քիմքերն ու աչքերը, որոնք կը փափաքին համտեսել այդ քաղցրութիւնը՝ Աստուծոյ կամքին իմացումը: Իսկ մարդ երբ սկսի լաւն ու վատը կարենալ զանազանել, ատով կը հետեւի Առաքեալի խորհուրդին՝ նորոգուելու, նորոգուած միտքերով նոր մարդ դառնալու: Իսկ նորոգութիւնը հոգեւոր իմաստով կարելի է հասկնալ՝ կամաւոր ենթակայութիւն Աստուծոյ սուրբ կամքին:

Նոյն Առաքեալին գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք. «..., որ Իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ՝ մեր Հօրը կամքով մեզ ազատէ ներկայ չար աշխարհէն» (Գղ 1.4). այս համարէն ալ կ՚իմանանք, որ Աստուծոյ կամքին մէկ այլ երեսը՝ մարդու փրկութիւնն է, այսինքն՝ ազատումը ներկայ չար աշխարհէն եւ արժանանալ գալիք՝ յաւիտենական երանաւէտ կեանքին ու հանգիստին: Արդարեւ, «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16). այս համարն ալ կու գայ վկայելու այս երեսին ճշմարտացիութիւնը, որովհետեւ Աստուած Իր սէրէն մղուած Իր Որդին զոհեց՝ մարդու փրկութեան համար, որովհետեւ ա՛յդ էր Իր կամքը, մարդուն փրկութիւնը:

Կողոսացիներուն ուղղած Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ այսպէս կը կարդանք. «Ահա թէ ինչու՝ մենք, այն օրէն որ լսեցինք, անդադար կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ Իր կամքին կատարեալ գիտութիւնը տայ ձեզի, եւ լեցուիք ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ, որպէսզի ապրիք Տիրոջ վայել ձեւով, ամբողջութեամբ Իր կամքին համաձայն, ամէն տեսակի բարի գործերով պտղաբեր դառնաք եւ Աստուծոյ գիտութեամբը աճիք։ Այդպիսով՝ դուք աւելի զօրացած կ՚ըլլաք Անոր աստուածային փառքին բովանդակ զօրութեամբ, որ ձեզ կարող կը դարձնէ մեծ համբերատարութեամբ եւ ուրախութեամբ տանելու ամէն նեղութիւն» (Կղ 1.9-11)։ Այս տողերէն կը հասկնանք, որ Աստուծոյ կամքը մարդուն «ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ» լեցուիլն է, որով մարդ կրնայ Աստուծոյ վայել կեանքով ապրիլ, այսինքն՝ Աստուածահաճոյ կեանքով ապրիլ: Աւելի՛ն, Աստուծոյ կամք կը նշանակէ՝ ամէն տեսակի բարի գործերով պտղաբերիլ եւ Աստուծոյ գիտութեամբ աճիլ, այսինքն՝ բարեգործութիւն եւ ողորմութիւն կատարել, երբ հնարաւորութիւնը կայ եւ միշտ ջանալ Աստուծոյ գիտութեամբ աճիլ, այսինքն՝ անդամակցիլ Ս. Եկեղեցւոյ եւ միշտ հաղորդակից դառնալ աստուածային ճշմարտութիւններուն, որոնք Ս. Եկեղեցւոյ կողմէ կը տրուին մարդոց՝ անոնց հոգիի փրկութեան ի խնդիր: Տակաւին, երբ մարդ ճանչնայ ու հասկնայ Աստուծոյ կամքը, այդպէսով, ըստ Առաքեալին խօսքերուն՝ աստուածային փառքին բովանդակ զօրութեամբը կը զօրանայ, ինչ որ մարդուն կարողութիւնն ու հմտութիւնը կու տայ «համբերատարութեամբ եւ ուրախութեամբ տանելու ամէն նեղութիւն», այլ խօսքով, երբ մարդ Աստուծոյ կամքին մէջ եւ իր կեանքը Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի, ատով իսկ ինքզինք զրահապատած կ՚ըլլայ ամէն տեսակի նեղութիւններու դէմ եւ որեւէ դժուարութեան պարագային, Տէր Յիսուսի օրինակով կը դիմէ Ամենակալ Հօր Աստուծոյ՝ ըսելով. «Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ, ապա թէ ոչ՝ պիտի խմեմ զայն. քու կամքդ թող ըլլայ» (Մտ 26.42: Ղկ 22.42). որովհետեւ, Աստուծոյ կամքին ենթակայութիւնը մարդուն կատարեալ վստահութիւն կու տայ Աստուծոյ նկատմամբ, այն գիտակցութեամբ, որ Աստուած մարդուն համար միայն բարին կը կամենայ:

Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ անոնց կը յայտնէ, թէ «Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ» (Ա.Թս 4.3)։ Այս ալ մէկ այլ ուրիշ երեսն է Աստուծոյ կամքին, սրբուիլ, այսինքն՝ մաքրուիլ եւ հեռու մնալ պոռնկութենէ, այսինքն՝ ամէն տեսակի պղծութենէ, մեղքէ, որ մեր մէջ կը մթագնէ Աստուծոյ պատկերը:

Ըստ Պետրոս առաքեալին՝ «Աստուծոյ կամքն է՝ որ բարի գործերով պապանձեցնէք անխելք մարդոց տգէտ լեզուները» (Ա.Պտ 2.15), այլ խօսքով, Աստուծոյ կամքին մէջ եղողները, Աստուծմէ իրենց տրուած իրաւունք ունին՝ պապանձեցնելու անխելք մարդոց տգէտ լեզուները, այսինքն՝ լեզուները այնպիսիներուն, որոնք կ՚անարգեն Աստուծոյ սուրբ անունը, կը հայհոյեն Անոր սուրբ անունը, կ՚այլափոխեն Անոր խօսքերը, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ:

Տակաւին, «արդ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն մտածումով զինուեցէք, որովհետեւ մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ, եւ այլեւս չ՚ապրիր մարդկային ցանկութիւններով, այլ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի իր կեանքին մնացեալ ժամանակը» (Ա.Պտ 4.1-2)։ Այստեղ, Պետրոս Առաքեալ Հօր Աստուծոյ կամքին մէկ այլ կարեւոր երեսը ցոյց կու տայ մեզի, որն է մարմինով չարչարուիլը: Առաքեալը մարմինով չարչարուիլը կը բացատրէ անով, թէ ան որ ֆիզիքական չարչարանքի մէջ ըլլայ, հեռու կը մնայ մեղքէն եւ իր նպատակը մի միայն կ՚ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարել, Անոր հաճելի կեանքով ապրիլ: Արդարեւ, երբ մարդ հետեւի մեր Տիրոջ հրաւէրին, թէ՝ «եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ Ինծի եւ Աւետարանին համար իր կեանքը կորսնցնէ՝ պիտի փրկէ զայն» (Մր 8.34-35), այդպիսիին վախճանը յաւիտենական երանութեան յարկերը կ՚ըլլան, որովհետեւ այս աշխարհի վրայ չարչարանք կրելուն վարձատրութիւնը յաւիտենական երջանկութիւնն ու հոգիին փրկութիւնն է, եւ երանի՜ անոր, որ այս կեանքին մէջ չարչարուիլը կը նախընտրէ, ձեռք ձգելու համար յաւիտենական երջանկութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

Վաղարշապատ, 10 սեպտեմբեր 2018

1 «Հայոց լեզուի նոր բառարան», Գնէլ Արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեան։ Կ. Տօնիկեան եւ Որդիք հրատարակչատուն, Պէյրութ, 1992, Ա. Հատոր, էջ 944։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018